1916 մայիս 15, Ռեւանտուզ:
«Վա՜յ, բալաներս, ես զարկուեցի»:
Ասիկա եղաւ վերջին խօսքը Դ. գունդի հրամանատար Քեռիի:
Հեռագիրը գուժեց մահը` «Քեռին ինկաւ հերոսաբար»:
Սոխակները լռեցին եւ չճլուըլացին ա՛լ, սակայն կռունկները սլացան դէպի Հայաստան եւ համայն հայութեան տարածեցին սրտաճմլիկ լուրը, թէ հայոց պաշտպան Քեռին զարնուեցաւ ճակատէն: Այն մարդուն, որ ամէն տեղ կը վազէր օգնութեան, եւ անոր չէր ազդեր ո՛չ սուրը, ո՛չ թուրը եւ ո՛չ գնդակը: Անոր մահը մեծ ցաւ պատճառեց Դաշնակցութեան, խռովեցաւ սիրտը անոր ընտանիքին, ոչ միայն Կովկասը, այլեւ ամբողջ հայութիւնը ցնցուեցաւ, ու շատ մարդիկ լացին ու ողբացին:
Գրեթէ մեր բոլորիս համար Քեռին ծանօթ է իր երգով, որ հրաշալի եւ յուզիչ է իբրեւ խօսք եւ յօրինում: Այս ուսումնասիրութեան մէջ մենք կը ներկայացնենք անոր կեանքի զանազան փուլերը, ինչպէս նաեւ արժեւորում մը կը կատարենք անոր յեղափոխական գործունէութեան:
Մուտք
Յարաբերաբար այլ խմբապետներու եւ գործիչներու` քիչ տեղեկութիւն ունինք Քեռիի մասին: Քեռին անձնական յուշեր գրի չէ առած, ոչ ալ գրել տուած է իր յեղափոխական կեանքին մասին, ինչպէս որ ըրած են այլ խմբապետներ: Թեհրանի մէջ հրատարակուած «Րաֆֆի» տարեգիրքի խմբագիր Տաճատ Պօղոսեան, 1970-ին կը տեղեկացնէ, թէ Քեռիին կինը գրած է կարգ մը յուշեր, որոնք կը մնան անտիպ:
Քեռիի յեղափոխական կեանքի փուլերն են «Պաշտպան հայրենեաց» կազմակերպութեան գործունէութիւնը, Յունոյի եւ Կուկունեանի արշաւանքները, Սասունի ապստամբութիւնը, հայ-թաթարական կռիւները, Պարսկաստանի յեղափոխութիւնը, կամաւորական գունդերը եւ Ռեւանտուզ:
Արշակ Գաւաֆեան ծնած է Կարին, 1863-ին: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Արծնեան դպրոցին մէջ, որուն ընթացքը կէս ձգելէ ետք սկսած է աշխատիլ հօրը հետ` իբրեւ թամբագործ: Կը պատրաստէր նաեւ բազմաթիւ առարկաներ, որոնք կապ չունէին թամբերու հետ: Ատեն մը կօշիկ կարած է, զբաղած է սրճեփութեամբ, եղած է նաեւ երկաթագործ:
«Պաշտպան Հայրենեաց»-ի Մէջ
Քեռի մաս կազմած է «Պաշտպան հայրենեաց» գաղտնի կազմակերպութեան, որ մեր մարտական առաջին կազմակերպութիւնն է: Անոր նպատակն էր ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը: Էրզրումի մէջ ան եղած է Կերեկցեան Խաչատուրի, Հակատեանի, Գէորգ Չիլինգարեանի եւ Աստուրեանի տրամադրութեան տակ: Երբ «Պաշտպան հայրենեաց»-ը երեւան հանուած է օսմանեան կառավարութեան կողմէ, բազմաթիւ երիտասարդներ ձերբակալուած են, իսկ ուրիշներ փախած են Կարս: Այս վերջինները մէկն էր նաեւ Արշակ Գաւաֆեանը:
Յունոյի Եւ Կուկունեանի Արշաւանքները
1889-ին էրզրումցի Արշակը Կաղզուանի մէջ կը բանայ սրճարան մը: Այնտեղ կ՛այցելէին յեղափոխականներ: Անոնցմէ մէկն էր Յարութիւն Մարտիրոսեանը կամ Յարութիւն աղան` Յունօ, որ կը վայելէր յեղափոխական գործիչի համբաւ: Ան կը պատմէ յեղափոխական շարժման մասին: Շուրջը կը հաւաքուէին մարդիկ, հաճոյքով մտիկ կ՛ընէին իրեն եւ կը խանդավառուէին: Այդ խանդավառուողներէն մէկն էր Քեռին: Եւ երբ յայտնի կ՛ըլլայ, որ Յունօ խումբ կը պատրաստէ Երկիր անցնելու համար, Քեռին կը ձգէ սրճարանը եւ այլ ընկերներու հետ կ՛երթայ Յունոյի ետեւէն:
Յունոյի կեդրոնը Մատռաբերդ էր, որ կը գտնուի ռուս-թրքական սահմանագլուխին: Յունոն կազմած էր ասպատակային խումբ մը եւ Ալաշկերտ-Կաղզուան ճանապարհին վրայ թուրքերուն եւ քիւրտերուն պատուհասն էր: Յունոն, նախքան ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնուիլը, կը հանդիսանայ Քեռիին առաջին յեղափոխական ուսուցիչը: Յունոն չէր պատկաներ որեւէ կազմակերպութեան: Արկածալից կեանք մը ունէր, վրէժխնդրութեամբ լեցուն` քիւրտերու եւ թուրքերու դէմ:
Յունօ կը կատարէ ալաշկերտեան արշաւանք մը, որ կը ձախողի: Խումբի քայքայումէն ետք Քեռին կը սկսի թափառիլ շրջանէ շրջան` ոստիկանական հետապնդումներէ խուսափելու համար: Այս թափառումներու ընթացքին կ՛իմանայ, որ Սարգիս Կուկունեան յեղափոխականներէ մեծ խումբ մը կը պատրաստէ Երկիր անցնելու համար: Քեռին երկու-երեք ընկերներու հետ կը շտապէ մաս կազմելու Կուկունեանի խումբին: Կուկունեան զիրենք կ՛ընդունի հետեւակներու բաժինին մէջ: Քեռիի ընկերները կը տրտնջան եւ կ՛ուզեն հեծեալներու մէջ ըլլալ, սակայն Քեռին չի բողոքեր, այլ կ՛ընդունի իրեն ինկած բաժինը:
Կուկունեանի արշաւանքն ալ ձախող կ՛անցնի: Այդ խումբին մաս կազմողներէն ոմանք կը ձերբակալուին, իսկ ուրիշներ, որոնց կարգին` Քեռին, կը յաջողին փախուստ տալ: Իր երկու ընկերներուն հետ` Արամայիս Ազնաւուրեան եւ Ղարաբաղցի Արշակ, կը հաստատուի Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ, Արաքս գետի ափին:
ՀՅԴ Երեւանի մարմինի կարգադրութեամբ կ՛անցնի Կարս:
Կարինի Մէջ
Այդ օրերուն Կարինի մէջ ստեղծուած էր փափուկ կացութիւն մը, որ կրնար մեծապէս վնաս հասցնել յեղափոխական գործին: 1891 օգոստոսին Արամ Արամեան ահաբեկած էր Խաչատուր Կերեկցեանը, որ գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկն էր «Պաշտպան հայրենեաց» գաղտնի ընկերութեան: Խաչատուր Կերեկցեանի եղբայրը, իր կարգին, իբրեւ փոխվրէժ, սպաննած էր Տիգրան Օքոնեանը, որ Կարնոյ կոմիտէի անդամ էր եւ` Արամ Արամեանի մօտիկ ընկերը: Անհրաժեշտ էր վերահաստատել խաղաղութիւն Կարինի մէջ: Այդ խաղաղութիւնը վերահաստատողներէն մէկը պիտի ըլլար Քեռին, որ բնիկ կարնեցի էր: Քեռին իբրեւ կուսակցական գործիչ` Կարին կը մնայ մինչեւ 1895:
Նոյն տարին տեղի կ՛ունենայ Կարինի ջարդը: Այդ օրերուն Քեռին ղեկավարած է Կարինի առաջնորդարանը պաշտպանող զինեալ խումբը: Աւելի՛ն. Կարինի եւ Բասէնի մէջ կազմակերպած է հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը: Տեղեկութիւնները կը յայտնեն, թէ Քեռի ո՛ւր որ գտնուեցաւ, հայութիւնը ընդհանրապէս զերծ մնաց ջարդէ:
1895-էն ետք Քեռին անցած է Կարս եւ եղած է դատական մարմինի անդամ` Ճալլաթի հարցը քննող: Այդ դատավարութենէն ետք Քեռի շատ հաւանական է, որ մնացած ըլլայ Կարս` մինչեւ 1902-ի ամառը: Թրծուած է Կարսի հնոցին մէջ իբրեւ յեղափոխական: Առաւել նաեւ մնացած է Ռոստոմի շունչին տակ, որուն հետ նկարագիրի գիծերու բազմաթիւ նմանութիւններ ունի:
Սասնոյ Ապստամբութիւնը
1902-էն ի վեր Սասունը կը գտնուէր խռովալից վիճակի մէջ: Թուրք կառավարութիւնը կ՛աշխատէր ամէն ձեւով խեղդել ապստամբական ամէն փորձ: Կացութիւնը կը ծանրանայ 1902-1903 ձմրան: Սասունը անհրաժեշտ զէնքը եւ զինամթերքը չունէր ապստամբութեան համար. դուրսէն օգնութիւն պէտք էր, որ հասնէին իրեն: Ուստի, Կովկասի եւ Ատրպատականի մէջ սկսան պատրաստուիլ ֆետայական խումբեր: Անոնցմէ մէկն էր Թորգոմի կամ Թուման-Թումեանցի «Մրրիկ» խումբը: Քեռին մաս կազմեց այդ խումբին` իբրեւ հրամանատարի օգնական: Խումբին մաս կը կազմէին անուանի ֆետայիներ` Տուրպախ, Զուլումաթ, Կայծակ Առաքել, Սեպուհ, Կիւմիշխանիցի Աւօ, Սեբաստացի Մուրատ եւ ուրիշներ:
«Մրրիկ» խումբը ճամբայ ելաւ 17-18 մայիս 1903-ին եւ Բասէնի ու Խնուսի վրայով տեղ հասաւ (Սասուն) 25 մայիսին` առանց որեւէ վնասի:
Քեռին Սասուն կը մնայ շուրջ մէկ տարի: Սասնոյ ապստամբութեան մէջ ան թէ՛ կռուող էր եւ թէ՛ պահեստապետ-մատակարարապետի պաշտօնը կը վարէր:
Սասնոյ վիճակը շատ ծանր էր. դուրսէն օգնութեան գալու բոլոր փորձերը ձախողած էին: Սուր տագնապ կար ռազմամթերքի: Ղեկավարութիւնը կ՛որոշէ մարդ ղրկել Վան` այնտեղի կազմակերպութեան ունեցած հրացաններէն եւ փամփուշտներէն բաժին հանելու սասունցիներուն: Կ՛երթան Սեբաստացի Մուրատը, Քեռին, Մոկացի Գրիգորը եւ Զուլումաթը: Քեռին, ինչպէս կը գրէ Կոմս, վիրաւորուած էր Անդրանիկէն եւ Սասնոյ մէջ տիրող իշխանութեան եւ ղեկավարութեան պայքարէն: Քեռին մահէն վախցողը Սասունէն առաջ եւ Սասունէն ետք ան միշտ դիմագրաւած էր մահը: Սասնոյ մէջ իր ներկայութիւնը կը գտնէր աւելորդ:
Քեռին տարի մը կը մնայ Վան: Ան Վանի ընկերներուն հետ կ՛աշխատի Պարսկաստան փոխադրել տալ Սասնոյ մէջ կռուող ֆետայիները: Աւելի՛ն. իր ներկայութիւնը Վանի մէջ օգտակար կ՛ըլլայ թէ՛ տեղական կազմակերպութեան եւ թէ՛ ժողովուրդին:
1905-ին Քեռին կ՛երթայ Ալեքսանդրապոլ եւ Կարս: Կը վերսկսի հին կեանքը` ամէնօրեայ ներկայութիւն սրճարան, զրոյց, ռախի եւ թաւլի: Նաեւ` սպասողական վիճակ, որ սակայն երկար չի տեւեր, որովհետեւ փետրուար 1905-ին Պաքուի մէջ կը սկսին հայ-թաթարական կռիւները, որոնց պիտի բերէր իր մասնակցութիւնը:
(Շար. 1)