Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Անդրադարձ. Հայաստանի Կառավարութեան 100 Օրերը

$
0
0

Վարչապետին «100-րդ օրուան» մամլոյ ասուլիսը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Կառավարութեան առաջին հեռասփռուած նիստերուն իսկ ականատես եղանք շարք մը վարչական աշխատանքներու աշխուժացման համար դրական մտադրութիւններու, որոնց կատարումը պիտի բարելաւէ կառավարման մեքենան ու բարձրացնէ պետութեան ընդհանուր արդիւնաբերութիւնը` հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելու իր առաքելութեան մէջ, ապահովելով նաեւ նախահաշիւային (պիւտճէական) պատկառելի խնայողութիւն:

Արդէն առաջին նիստին իսկ Արծուիկ Մինասեան բացայայտեց մէկէ աւելի նախարարութիւններու կրկնակի պատասխանատուութիւններուն մասին, ինչ որ կը դժուարացնէ թէ՛ քաղաքացիին եւ թէ՛ նախարարութեան աշխատանքը` կորուստի մատնելով պատասխանատուութեան շղթան ու հարցերու եւ ծրագիրներու հետապնդումի մեքենականութիւնը, առիթ տալով միջնախարարական շփոթի: Վարչապետը բոլոր նախարարներուն յանձնարարեց բացայայտել այսպիսի պարագաները` յստակացնելու համար իւրաքանչիւր նախարարութեան աշխատանքի ու պատասխանատուութեան ծիրը, ճշդելով պայմանաժամ եւ թելադրելով բոլոր նախարարութիւններուն կրճատել ոչ էական բաժանմունքները` աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու եւ ելեւմտական խնայողութեան համար:

«Հետագայում կը կիրարկուի նախարարութիւններու, գերատեսչութիւններու գործունէութեան արդիւնաւէտութեան գնահատման համակարգ, որի գլխաւոր յայտանիշը կը լինի ներդրումների ներգրաւումը»,  ըսաւ վարչապետ Կարէն Կարապետեան (1):

Իր նշանակումէն չորս ամիս ետք, 13 յունուար 2017-ին տուած մամլոյ ասուլիսին (2), վարչապետը հետեւելով այս առիթով պատրաստուած 35 էջնոց հակիրճ տեղեկագիրին` օրինակներ բերաւ 6 բնագաւառներու մէջ կատարուած աշխատանքէն: Մնալով հաստատ ու ներդաշնակ վերեւ նշուածին` յայտնեց, թէ 100 օրուան ընթացքին պետական կառավարման համակարգէն մօտաւորապէս 3000 պաշտօն կարելի եղած է կրճատել… խնայելով 3 միլիառ 932 միլիոն դրամ: Քանի մը տասնեակ պաշտօններու կրճատում հաւանաբար հասկնալի կ՛ըլլար, սակայն այս թիւը անհասկնալի է: Արդեօք նշուած քանակը «քուէակաշառքի՞» պաշտօններ էին, թէ՞ խորհրդային օրերէն մնացած «աւանդ»: Իսկ ի՛նչ կը պատահի այս երեք հազար մարդոց. վարչապետը յայտնեց, թէ նկատի առնելով անգործութեան հարցը, այսպիսի դժուարին որոշում քայլ առ քայլ պիտի գործադրուի: Իր այցելած 5 մարզերուն մէջ 5 միլիառ 390 միլիոն դրամի խնայողութիւն պիտի կատարուի, յատկապէս, օրինակ, դպրոցներ եւ փոքր համայնքներ միացնելով:

Այս առիթով պատրաստուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն 100 օր» 99 էջ հաշուող տեղեկագիրը` հետեւեալ 11 գլուխներով. 1. Պետական կառավարման համակարգ, 2. Փտածութեան դէմ պայքար, 3. Արդարադատութեան ոլորտ, 4. Տնտեսական զարգացում, 5. Ենթակառուցուածքներ, 6. Գիւղատնտեսութիւն եւ սնունդի ոլորտ, 7. Բնապահպանական ոլորտ, 8. Առողջապահութեան ոլորտ, 9. Կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտ, 10. Մշակութային ոլորտ եւ 11. Աշխատանքի եւ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտ (3): Իւրաքանչիւր գլուխ բաժնուած է չորս մասի` ախտորոշում, հետեւանք, երկարաժամկէտ լուծումներ եւ կատարուած աշխատանք: Արեւմտահայերէնի վերածելով, պիտի անդրադառնամ հիմնական նախաքայլ` առաջին գլուխին:

«Պետական Կառավարման Համակարգ

Ախտորոշում

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման համակարգը թէեւ մեծածաւալ չէ, սակայն ունի`

1.  Դիւանակալական կեդրոնացումի բարձր աստիճան,

2. Յաճախ մասնակի, ոչ համարժէք կարգաւորումներ` տարբեր բնագաւառներու մէջ,

3. Նոր գործառոյթները առանձնացնելու եւ անոնց համար այս կամ այն մակարդակի մարմիններ (կոմիտէներ, ՊՈԱԿ-ներ (պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններ), գործակալութիւններ) ստեղծելու եւ ուռճացնելու միտում,

4. Որոշումներու արագ կայացմանը խոչընդոտող իրաւասութիւններու եւ պարտականութիւններու անհաւասար բաշխումի դրսեւորումներ,

5. Հաշուետուութեան եւ պատասխանատուութեան հաւաքական տարրալուծումի միտում:

Որոնց պատճառով`

ա. Հայաստանի քաղաքացին բաւարար չափով չ՛օգտուիր Հայաստանի պետական մարմիններուն կողմէ ժամանակակից արուեստագիտութեան միջոցով մատուցուող ծառայութիւններէն, թէեւ յաճախ այդպիսի ծառայութիւններ կան:

բ. Հայաստանի քաղաքացին պետական ծառայութիւններու օգտագործումը կը համարէ դժուար եւ բարդացած:

գ. Հայաստանի գործարարները յաճախ յուսախաբ կ՛ըլլան պետական մարմիններուն հետ յարաբերելէն` պետական պաշտօնեաներուն դիւանակալական, սպասողական եւ նախաձեռնութիւններէ զուրկ մշակոյթին պատճառով:

Երկարաժամկէտ Լուծումներ

ՏԵՍԼԱԿԱՆ. Դասական դիւանակալութեան

յետխորհրդային տարբերակէն անցում դէպի ճկուն, արդիւնաւէտ եւ նախաձեռնող պետական կառավարման համակարգ:

Ըստ արդէն սահմանուած մօտեցումներուն,  յառաջիկայ 5-10 տարիներու ընթացքին հետեւողականօրէն պէտք է վերանայուի ՀՀ ամբողջ օրէնսդրութիւնը` ՀՀ կառավարութեան ծրագրով արդէն իսկ նախանշուած խնդիրներու շրջանակին համար, որոնց կարգին`

1.  ՀՀ կառավարութեան անդամներուն պաշտօնական լիազօրութիւնները աւելցնելու եւ անոր համարժէք պատասխանատուութեան սահմանումին,

2. Պետութեան կողմէ մատուցուող ծառայութիւններու աւելորդ եւ կրկնուող գործառոյթներու, ընթացակարգերու եւ օղակներու վերացման, առօրեայ կեանքին մէջ պետական կառավարման մարմիններու հետ անհարկի յարաբերութիւնները նուազագոյնի հասցնելու,

3. Պետական կառավարման մարմիններու հաշուետուութեան ու թափանցիկութեան աւելացման, ինչպէս նաեւ անոնց եւ քաղաքացիներու ու տնտեսվարող ենթականերու միջեւ արդիւնաւէտ յետադարձ կապի ստեղծման:

Այդ բոլորը պէտք է կատարուին ինչպէս առանձին կարեւոր բնագաւառներու համար պարբերաբար իրականացուող զեկոյցներով, նոյնպէս ալ` Հայաստանի կառավարութեան մէջ քննարկուող իւրաքանչիւր կանոն սահմանող նախագիծի հետ մէկտեղ նշուած հարցադրումներու քննարկումով եւ անոնց վերաբերեալ որոշումներ ընդունելով:

Մասնաւորապէս օրէնքի կամ Հայաստանի կառավարութեան որոշումի իւրաքանչիւր նախագիծի հետ միասին պէտք է քննարկուի`

ա. Արդեօ՞ք նախարարի լիազօրութիւնները բաւարար են այդ խնդիրի որոշումին համար, արդեօ՞ք տրամաբանական է, առանց հոլովոյթին անաչառութիւնը եւ թափանցիկութիւնը կասկածի ենթարկելու, տուեալ քաղաքականութեան իրականացման համար ապակեդրոնացնել կառավարութեան կամ օրէնքով տրուող լիազօրութիւնները:

բ. Արդեօ՞ք հոլովոյթին բոլոր օղակները պատշաճօրէն մշակուած են եւ բոլորն ալ անհրաժեշտ են, արդեօ՞ք տրուած են դրամական նպատակայարմար լաւագոյն արհեստագիտական լուծումները, որքանո՞վ անոնք կը նուազեցնեն քաղաքացիին անհարկի յարաբերութիւնը պաշտօնեաներուն հետ:

գ. Արդեօ՞ք կան բացայայտումի եւ հաշուետուութեան, յետադարձ կապի գործող մեքենայութիւններ:

Արդէն 2017-ի սկիզբին հանրապետութեան բոլոր գործադիր մարմիններուն համար կը սահմանուին կատարողականի առանցքային չափանիշները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան չափելու եւ խթանելու գերատեսչութիւններուն ու պաշտօնեաներուն նախաձեռնելու կարողութիւնը, գործնական դիրքորոշումը եւ եռանդը:

Հանրային ոչ զինուորական ծառայութիւններու համակարգին մէջ տեղի կ՛ունենան սկզբունքներու միասնականացում եւ իրականացման ապակեդրոնացում` հնարաւորինս կրճատելով ոչ արդիւնաւէտ մեքենականութիւններն ու եղանակները: Հայաստան նախագահին ներկայացուած մօտեցումներէն բխող օրէնսդրական փաթեթը կը ներկայացուի 2017-ի առաջին եռամսեակին:

Ի՛նչ կատարուած է

1.  Քաղաքացիներուն մատուցուող ծառայութիւններու մատչելիութեան ապահովում.

Մէկ միասնական (դիմումներու) պատուհանի տեղադրում` պետութեան կողմէ ծառայութիւններու մատուցման գործունէութիւնը մասնաւոր գործառուներու պատուիրակելու միջոցով: Նշուած աշխատանքներուն իրականացման համար Հայաստանի կառավարութեան նիստերուն ընդունուած են շարք մը որոշումներ, որոնցմով նախատեսուած են պետութեան կողմէ ծառայութիւններու մատուցման գործունէութիւններու պատուիրակումը մասնաւոր գործառուներուն:

Ներկայիս կը գործեն 4 գործառուներ («Հայփոստ», «Արդշինբանկ», «Ամերիաբանկ» եւ «Կոնվերս բանկ»), որոնց միջոցով քաղաքացիները եւ իրաւաբանական անձեր կրնան քաղաքացիական կացութեան գործողութիւններու գրանցումը` իրաւաբանական անձերու պետական տոմարին, անշարժ գոյքի պետական միասնական կալուածագիրին առնչուող, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեանն առընթեր Հայաստանի ոստիկանութեան եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ մատուցուող շարք մը ծառայութիւններու, արտօնագրերու տրամադրման համար դիմումները ներկայացնել, ինչպէս նաեւ այդ դիմումներուն հիման վրայ համապատասխան փաստաթուղթեր (ծառայութիւններ) ստանալ` առանց համապատասխան պետական մարմիններ այցելելու: Արհեստագիտական խնդիրներու լուծումին զուգահեռ մատուցուող ծառայութիւններուն շարքը կ՛ընդլայնուի:

2. Արտօնութիւններ տրամադրելու արդիականացում.

Ներկայիս շրջանառութեան մէջ է «Արտօնութիւններու մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծը. ընդունելով զայն` կը կրճատուի գործող արտօնութիւններուն թիւը, կը յստակեցնեն եւ առաւել արդիւնաւէտ կը դառնան արտօնութիւններու տրամադրման կարգը եւ ժամկէտները: Պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կողմէ քննարկումներու առաջին փուլին ներկայացուած եւ այժմ գործող 132 արտօնութիւնները արդէն նուազած են 40-ով: Շուրջ 30 օրէնքներու մէջ դադրած են արտօնութիւններու վերաբերեալ դրոյթները, որոնք չեն տրամադրուիր որեւէ մարմինի կողմէ, կամ իրենց բովանդակութեամբ արտօնութիւններ չեն: Ցարդ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն կողմէ արտօնութիւններու տրամադրման ընթացակարգը սահմանուած չէր, մարմինին համար սահմանուած չէր պայմանաժամ կամ պահանջուող փաստաթուղթերու քանակի սահմանափակում:

3. Հայաստանի կառավարութեան կողմէ գերատեսչութիւններու աշխատակազմերու եւ ՊՈԱԿ-ներու բարեկարգում

Գերատեսչութիւններու աշխատակազմերուն եւ ՊՈԱԿ-ներուն բարեկարգումին շնորհիւ` 2017-ին կ՛ակնկալուի խնայել շուրջ 3,9 միլիառ դրամ, իսկ ընդհանուր հաստատութիւններուն քանակը կը նուազի շուրջ 12 տոկոս` այժմու 22961-էն դառնալով 20059:

4. Հայաստանի մարզային նախահաշիւային համակարգերու բարեկարգում

Հայաստանի վարչապետի մարզային այցելութիւններուն ընթացքին համակարգի բարեկարգումի ուղղութեամբ տուած յանձնարարականներուն շնորհիւ Հայաստանի Տավուշի, Արագածոտնի, Շիրակի, Վայոց Ձորի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ 2017-ին,  ընդհանուր առմամբ, կը խնայուի շուրջ 904 միլիոն դրամ:

5. Ոռոգման բնագաւառի ջուր օգտագործողներու ընկերութիւններու (ՋՕԸ) մեծացում

Ոռոգման բնագաւառի ջուր օգտագործողներու ընկերութիւններու մեծացման շնորհիւ 37 ՋՕԸ-ներէն կը կազմուի 14 ընկերութիւն: Հոլովոյթը կ՛աւարտի 2017-ի մարտ 1-ին: Իրականացման հանգրուանին է գնումներու եւ հաշուապահական հաշուառումի կեդրոնացումի հոլովոյթը, որուն շնորհիւ` Հայաստանի պետական նախահաշիւէն իւրաքանչիւր տարի տրամադրուող խմելու ջուրի նպաստի մասով` կը խնայուի շուրջ 1,8 միլիառ դրամ (վարկի սպասարկում` 3,7 միլիառ դրամ) (Տես` «Ենթակառուցուածքներ» նիւթը):

6. Հայաստանի կառավարութեան կողմէ համացանցի եւ տուեալներու փոխանցման ծառայութիւններու ձեռքբերման նպատակով միասնական գնումներու բարեկարգում.

Հայաստանի կառավարութեան, նախարարութիւններու, առանձին գերատեսչութիւններու, մարզպետարաններու եւ այլ պետական մարմիններու 2017-ի կարիքներուն համար համացանցի եւ տուեալներու փոխանցման ծառայութիւններու ձեռքբերման գնումները կեդրոնացեալ եղանակով կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ գնման գիտական առաջադրանքները առաւելագոյնս մրցակցային կազմելու շնորհիւ` Հայաստանի պետական նախահաշիւը կը խնայէ 523 միլիոն դրամ:

7. Կառավարութեան կողմէ նախահաշիւային միջոցներու վերաբաշխումներու երեւոյթի ապակեդրոնացում

Ներկայիս իւրաքանչիւր տարուան Հայաստանի պետական նախահաշիւով ծրագրուած միջոցներուն վերաբաշխումներու մէկ մասը կ՛իրականացուի Հայաստանի կառավարութեան որոշումներով: Այժմ շրջանառութեան մէջ է օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, որով

կը նախատեսուի կրճատել Հայաստանի կառավարութեան իրաւասութիւնները` պետական նախահաշիւի վերաբաշխումներ կատարելու հարցով, մասնաւորապէս կը նախատեսուի Հայաստանի կառավարութեան որոշումներով իրականացնել միայն պահեստային ֆոնտէն յատկացումները, արդիւնաբերութեան-բնակարանային շինարարութեան կառոյցներու եւ ծրագրային հիմնական ցուցանիշներու փոփոխութիւնները ու մէկ անձէ գնումները:

8. ՊՈԱԿ-ներու տնտեսումի մեքենականութեան պարզեցում

Գործող կարգով, պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններուն ձրի օգտագործման իրաւունքով ամրացուած անշարժ գոյքը մէկ տարիէ աւելի ժամկէտով վարձակալութեան յանձնելու վարձակալութեան գանձումները կ՛ուղղուէին Հայաստանի պետական նախահաշիւ: Ընդ որում, այդ միջոցներուն 20 տոկոսը տուեալ նախահաշիւի տարուան վերջաւորութեան, Հայաստանի կառավարութեան առանձին որոշումներով իբրեւ դրամաշնորհ կը փոխանցուէր համապատասխան կազմակերպութեան: Ներկայացուած ընթացակարգը փոխուած է, եւ նշուած միջոցները ասկէ ետք Հայաստանի ֆինանսների նախարարութեան կողմէ կ՛ուղղուին ՊՈԱԿ-ներուն` առանց լրացուցիչ որոշումներու ընդունման:

9. Համայնքներու 5-ամեայ զարգացման ծրագիրներու դրութեան վերանայում

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւնը մշակած է համայնքներու զարգացման ծրագիրներու մշակման եւ կառավարման դրութիւնը, զարգացման ծրագրի օրինակելի ձեւը` իր համապատասխան յաւելուածներով: Փաստաթուղթի մշակման նպատակը համայնքներուն կարողականութեան,

զարգացման հնարաւորութիւններու եւ ուղղութիւններու առաւելագոյն բացայայտումն է: Համայնքներու զարգացման նոր ծրագրերը պէտք է ուղենշային փաստաթուղթեր ըլլան հնարաւոր ներդրողներու համար: Փաստաթուղթերը տեղադրուած են նաեւ նախարարութեան կայքին մէջ ( http://mtad.am/hy/methodologicalguides/): Ներկայիս համայնքներուն մէջ կ՛ընթանայ ծրագիրներու մշակման հոլովոյթը:

10. ՏԻՄ (Տեղական Ինքնակառավարման Մարմին) գործունէութեան հրապարակայնութեան ապահովում

Համայնքներուն որոշումներու կայացմանը, համայնքին բնակիչներուն մասնակից դարձնելու եւ թափանցիկութիւն ապահովելու նպատակով 25 մեծ համայնքներու աւագանիներու նիստերը կը հեռարձակուին առցանց եղանակով: Համայնքային կառավարման տեղեկատուական համակարգեր ներդրուած են 559 համայնքներու մէջ:

Աշխատանքները կը շարունակուին 2017-ի ընթացքին` համայնքներու մեծացմանը զուգընթաց»:

Ընդհանուր առմամբ, պետական կառավարման համակարգի այս գործնական ու հեռատես բարեփոխումները դրական զարգացումներ են, որոնք տասնեակէ աւելի միլիառ դրամ խնայելու կողքին, պիտի դիւրացնեն քաղաքացիին ու ձեռնարկութիւններուն տաղտուկներէ զուրկ գործառնութիւնները: Յատկապէս տարածքային կառավարման աշխուժ գործունէութիւնը, որ համայնքներու զարգացման ծառայող պատկառելի գործունէութիւն կը կատարէ: Այս բոլորին զուգահեռ, անհրաժեշտ է նաեւ քաղաքացիական պարտաւորութիւններու եւ պարտականութիւններու համապատասխան դաստիարակութիւն կազմակերպել գործող պաշտօնէութեան համար եւ ներառել զայն կրթական ուսումնական ծրագիրներուն մէջ:

Բարի՛ երթ այս բարեկարգող ու խոստմնալից կառավարութեան:

2 Փետրուար 2017

(1) ( http://www.gov.am/am/news/item/12610/ )
(2) (http://www.gov.am/am/videos/item/803/ )
(3) ( http://www.gov.am/u_files/file/documents/100days.pdf )

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>