Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Շերտաւոր Երիզներու Խորհուրդները

$
0
0

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Նմոյշ մը Վազգէն Մաթեանի Ստեղծագործութիւններէն

Անցնող դարու երկրորդ կիսուն, երբ կերպարուեստագէտները (թէ նիւթեղէն, թէ՛ ոճային) նոր միջոցներ կ՛որոնէին, անոնցմէ ոմանք (Տէյվիտ Աննեսլեւ, Մաքս Պիլ, Արման Պուզպուզեան…) նկարեցին ժապաւէններու ձեւութային բազմատեսակ հնարաւորութիւնները եւ օգտագործեցին զանոնք ստեղծագործական հնարքներու մէջ` համաձայն իրենց ներքին թելադրանքին:

Թէեւ Վազգէն Փասկալ Մաթեանը եւս կը պատկերէ ժապաւէններ, սակայն անոր արուեստը կը տարբերի յիշեալներէն` թէ՛ արտայայտչաձեւի եւ թէ՛ բովանդակութեան առումներով: Ան լուսաստուերի յաջող կիրարկութեամբ եւ գոյներու ժլատութեամբ կ՛երփնագրէ շերտաւոր երիզներ, կամ` կուտակուած բարակ շերտեր, որոնք անդրաշխարհային բնոյթի միջավայրի մէջ տարօրինակ համադրումներ կը կազմեն ու անշքացած մշակոյթի մը պատրանքը կը ստեղծեն: Հոս է, որ Մաթեան ի յայտ կու գայ իբրեւ ինքնատիպ ու զօրաւոր երեւակայութեան տէր անհատակութիւն:

Նմոյշ մը Վազգէն Մաթեանի Գեղանկարներէն

Արտակեդրոն ու արտասովոր խառնուածքի տէր այս արուեստագէտը կառուցած է խորհրդաւոր եւ ուրոյն աշխարհ մը, որուն անմարդաբնակ ամայքներուն մէջ «կ՛ապաստանի» կարծէք` խուսափելով ժամանակի խժդժութիւններէ ու առօրեայ տաղտուկներէ: Ժապաւէններու եւ երիզներու շերտաւոր կուտակումներով երփնագրուած անոր յղացքները մէկ կողմէ կը տարբերին իրարմէ, միւս կողմէ` կը դրսեւորուին նոյն ներաշխարհի տարբեր երեսները: Անոնք կորիզի եւ կամ ենթաշերտերու մեծ խորհուրդներ անթեղուած կը թուին ըլլալ: «Խորհուրդներ», որոնք իրն են ու մարդեղութեանը` միաժամանակ: Արուեստագէտը կը խախտէ ժամանակի եւ տարածութեան սահմանները, կը մտնէ գերիրապաշտական ու անհեթեթի ոլորտներու մէջ, ուր մարդ արարածի իրաւութեան տագնապներն ու տագնապալից իրաւասութիւնները կը բախին կեանքի իրականութեան, որ լի է անտրամաբանական եռեւեփումներով: Այս բոլորով հանդերձ, սակայն,  Մաթեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ արտաքնապէս պատերազմի եւ կամ բնական աղէտներու հետքեր չկան: Կան ամպամած շերտաւոր տարածքներ` «մաքրուած» պայծառ ու խաբուսիկ գունաւորումներէն ու առօրեայ մանրուքներէն, դրսեւորելու համար տարբեր ու անդրաշխարհային միջավայր մը (գուցէ` տարբեր մոլորակի մը վրայ), ուր «կառուցուած» են շերտաւոր մտայղացումներ, որոնք երբեմն բոյսերու եւ երբեմն ալ ոլորներու տպաւորութիւն կը ձգեն: Անոնցմէ շատեր պարոյրաձեւ են: «Պարոյր»-ը խորհրդանշաններու աշխարհին մէջ իմաստաւորուած է սկսեալ հին աշխարհի շարք մը մշակոյթներէն, ինչպէս` եգիպտական, չինական, հնդկական, եւրոպական, հայկական, սկանտինաւեան եւ այլն: Ձեւութային առումով, պարոյրը գոյութիւն ունի բնութեան մէջ (ինչպէս` խեցիներ, շարք մը բոյսեր եւ ծառեր եւ այլն) տարբեր դրսեւորումներ, թէեւ հնդեւրոպական նախալեզուով (սանսգրիտ) կը նշանակէ «ծածկել», սակայն ան ժամանակի եւ միջավայրի համեմատ կը խորհրդանշէ տարբեր բաներ, ինչպէս` կեանք, անմահութիւն, վերածնունդ, ուժ, կենսունակութիւն, ինչպէս նաեւ` արեւ, պտղաբերութիւն, վիշապ եւ այլն: Սկսեալ նախադարէն մինչեւ մեր օրերը` պարոյկաձեւ նշաններ օգտագործուած են բազմիցս եւ դրսեւորուած` արուեստի մէջ:

Հոս` Մաթեանի ստեղծագործութիւններու պարագային, թէեւ ի յայտ կու գան ենթագիտակցաբար, սակայն առաւել եւս կ՛իմաստաւորեն ու կ՛արժեւորեն անոր ստեղծագործութիւնները:

Նմոյշ մը Վազգէն Մաթեանի Ստեղծագործութիւններէն

Մեր օրերուն, երբ մարդկային արժեչափերը կորսնցուցած են իրենց ղեկը, երբ բռնութեան ձեւերն ու վայրագութեան կերպերը կը շարունակեն ահագնանալ ու տարածուիլ ամբողջ աշխարհի մէջ, երբ բնական աղէտները որեւէ ատեն, որեւէ տեղ կրնան հարուածել մարդու կեանքն ու խանգարել անոր հանգիստը, իրաւ արուեստագէտները բնազդաբար ու ենթագիտակցաբար կը հակազդեն այս բոլորին, ու արուեստի մէջ աւելի թափ կ՛առնէ ու կը տարածուի անհեթեթի զգացողութիւնը, ինչպէս` Մաթեանի պարագային:

Ի վերուստ արուեստագէտի խառնուածքով օժտուած այս գեղանկարիչը ծնած է Պէյրութ, 1969-ին: Աւարտելէ ետք Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանը երկու տարի կը յաճախէ «Թորոս Ռոսլին»-ի անուան Համազգայինի կերպարուեստի ակադեմիան` աշակերտելով գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանին: 1992-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր Լոս Անճելըսի  մէջ մնայուն բնակութիւն կը հաստատէ: Ցարդ մասնակցած է շուրջ երեսուն խմբային եւ շարք մը անհատական ցուցահանդէսներու` Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ:

Բնականութենէ եւ բանականութենէ «շեղած» Մաթեանի իւրօրինակ եւ առեղծուածային ստեղծագործութիւնները սկիզբ մըն են միայն` լայն տեսադաշտի կարօտ յղացքներու, որոնք զարգանալու եւ բիւրեղանալու կարողականութիւնը կը պարունակեն իրենց մէջ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>