ՄԱԿԱՐ, ի Գաղիա
Բեւեռային ցուրտ է: Քաջերն անգամ հացի համար տունէն դուրս չեն գար:
Աստ եւ անդ քաղաքական թատրոն կայ: Նախագահ ըլլալու ծարաւիներ: Ամերիկան նախագահ ընտրեց, մէկուն յոյս ներշնչող, միւսին` զայրոյթ:
Ահաբեկչութեան սարսափ կայ: Եւ ինչե՜ր:
Կայ տագնապող Կեդրոնականցին: Եթէ հեռատեսիլի կայան ունենար, նորոյթ բառով «փիփըլ» առաքեալ կ՛ըլլար եւ հայոց հոգիները կը փրկէր: Եթէ լսող գտնէր:
Եկաւ: Ձեռքերը դրաւ ջեռուցման սարքին, ապա կռնակը փակցուց: Քոնեաք հրամցուցի: Կուլ տուաւ: Հանեց վերարկուն եւ բացաւ բերանը:
– Որոշեցի հայ չփնտռել: Այդ մարդատեսակը այլեւս չկայ:
Զայրացած էր: Ըսի.
– Սիրելի՛ս, մի՛ յուզուիր: Ամէն տեսակ մարդ կայ, ամէն տեսակ հայ:
– Սրահներ կը լեցնենք, ապրիլ 24-ին տողանցք կ՛ընենք, ցոյցը բառարանէն հանած ենք, Հայաստան կ՛երթանք-կու գանք, խելք կու տանք: Տարիներէ ի վեր չէի տեսած հին օրերու ընկերս` Մարտիրոսը, Մարտիրոսեան, Մարտիկը, որ այս ափերը գալէ ետք դարձած էր Մարիուս: Տան մէջ հայերէն կը խօսէին ինք, կինը, զաւակները: Հայաստան գացած է ամիս մը` եզրակացութիւններու յանգած:
– Արմենա՛կ, Մարիուսդ շնորհքով մարդ ըլլալու է:
– Այդպէս կը հաւատայի: Իրեն ըսի, որ ժամանակն է Հայաստան երթալու եւ հոն ապրելու, ինք որ թութակաբար կրկնած էր «մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք, մէկ մշակոյթ», «դէպի երկիր», պատասխանեց, որ հայաստանցիին եւ «մեր» մտածելու կերպերը տարբեր են, լեզուն տարբեր, ուղղագրութիւնը տարբեր, «մեր հայրենիքը տարբեր»: Կին մը պէտք է սիրել հետը ապրելու համար, Հայաստանը չսիրեցի, հասարակաց ոչինչ ունինք:
– Մարիուսդ տեսաբան է, նոր ազգ ստեղծելու մասին կը մտածէ: Մտածա՞ծ է, որ հայրենիքի սէրը գօտկատակի հարց չէ, յանձնառութիւն է:
– Չեմ գիտեր: Կ՛ըսէ, որ հայրենադարձութիւնը իր «աժանտա»-ին մէջ չէ: Թոռը մկրտելու համար Հայաստան պիտի երթան: Ափսո՜ս, որ մկրտութեան վայրը այցաքարտին վրայ արձանագրելու սովորութիւն չկայ: Ուրիշներ մկրտութենէ հաժարած են: Մկրտուածներն ալ այնքան շպարուած կ՛ըլլան Նաթալիով, Քրիստինով, Ճեսիքայով, Քեւըինով, Պոպով: Անոնց համար ինչ տարբերութիւն ունի վայրը` Հոնոլուլու, Մոնթէ Քարլօ, Քամչաթքա:
– Արմենա՛կ, Մարիուսդ բացատրե՞ց, թէ մէկ ժողովուրդ կ՛ըլլա՞յ տարբեր հայրենիքներով:
– Հայրենատիրութիւնը փոխարինեցինք բարեսիրութեամբ, այդ ալ համարեցինք հայրենասիրութիւն: Ինչո՞ւ չենք ըսեր, որ սոսկ ծագումով, զգացումով, օտարաբարբառ եւ օտարանուն մարդոցմով ո՛չ «մէկ ժողովուրդ» կ՛ըլլանք, ո՛չ ալ «մէկ հայրենիք» կ՛ունենանք: Կ՛ունենա՞նք «յաւերժական սփիւռք-ազգ», ո՞ւր պէտք է ըլլայ անոր մայրաքաղաքը, ո՞վ պէտք է ըլլայ նախագահ, ի՞նչ պիտի ըլլայ պետական լեզուն:
Արմենակը չյուզելու համար չըսի, որ լեզուն առանց թնդանօթի պարտադրուած համացանցի հացապաշտ գերարդիական լեզուն է, չյիշեցուցի աւետեաց երկիր գաղթող մօր խօսքը իր զաւակին, որ զայն կը տանէր իր «նոր հայրենիք»-ը: Պիտի ըսէր. «Սրիկանե՛ր, հայրենիքը կը շփոթեն հինցած եւ աղտոտ շորի հետ»:
Ուրեմն պէտք է սիրել «յաւերժական սփիւռք-ազգ»-ը, Պիզէի Առլեզիէնը:
24 յունուար 2017