Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նշմար. Տխուր Զուգահեռներ

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ       

– Երկրի մը բարձրագոյն պաշտօնին հասնողը իրեն տրուած լիազօրութիւններով գործելէ ետք, ընդհանրապէս կը նկատուի իր ժամանակին մէջ առաքելութիւնը կատարած ու աւարտած քաղաքական գործիչ ե՛ւ ինքն իրեն, ե՛ւ հասարակութեան համար: Այս տեսակէտէն բարացուցական է  պարագան Ու. Չըրչիլի, որ իբրեւ Անգլիոյ ատենի վարչապետը`  Բ. Աշխարհամարտի մեծ յաղթականը, իր երկրին ու ամբողջ Եւրոպայի փրկիչը համարուելէ ետքն իսկ, պատերազմէն յետոյ չկրցաւ վերընտրուիլ, որովհետեւ հասարակութեան կողմէ անոր առաքելութիւնը աւարտած նկատուեցաւ, ու` վե՛րջ:

Զարմանալի է, որ քսանհինգ տարիներ ետք առաջին նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան տակաւին տիրապետող ներկայութիւն կը շարունակէ մնալ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ եւ իր միջամտութիւններով մերթ ալիքներ կ՛առաջացնէ:

Նոյնպէս զարմանալի է, որ երկիրը կը շարունակէ աքցանուած մնալ յաջորդական երեք նախագահներու կազմած եռանկիւնին մէջ: Մինչդեռ անոնցմէ ամէն մէկը գէշ-աղէկ իր առաքելութիւնը աւարտած պէտք էր համարէր, ու` վե՛րջ:

Այս հաստատումը ենթադրել կու տայ , որ գործող նախագահները իրենց միահեծան տիրակալութեամբ կամ, արգելակած են սերունդին ազատ զարգացումը,  քաղաքականօրէն անոր կազմաւորման կարելիութիւնը, եւ կամ, պիտի ընդունինք աներեւակայելին, անհաւատալին,  թէ` սերուցքը ինքնըստինքեան, ծնունդովն իւր եղած է ամուլ:

Կացութիւնը տխուր է ու չափազանց մտահոգիչ` որեւէ պարագայի:

Այս նախաբանէն ետք, մեր բուն ըսելիքը` զուգահեռով.

Տարիներ առաջ Աթէնք եկած էին ազերի ընդդիմադիր կուսակցութեան մը (կարծեմ` Ազգային անկախութիւն) նախագահն ու փոխնախագահը, որոնք յոյն լրագրողի մը  տրուած հարցազրոյցի ընթացքին կ՛արտայայտուէին չափաւորութեան այնպիսի շեշտով,  որմէ զգալի կը դառնար ենթականերուն  զգուշաւորութիւնը, որ իրենց խօսքերէն անպայման դրական տպաւորութիւն ստանայ ընթերցողը Ազրպէյճանի մասին` ընդհանուր առումով: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի հարցին, ազերի երկու քաղաքական գործիչները փոխանակ ձաղկելու երկրի իշխանութիւնները, առանց դարձդարձիկ ու մանուածապատ վերլուծումներու, որոշակի կը յայտարարէին, թէ իրենց կեցուածքն ու տեսակէտը կը նոյնանան իշխանութեանց կեցուածքին ու տեսակէտին հետ: … Թէ` իրենց երկիրը անարգ գրաւումի ենթարկուած է, թէ` հարցը կը լուծուի, եթէ  հայերը ընդունին, որ Ղարաբաղը անբաժան մասն է Ազրպէյճանին, թէ` Ղարաբաղ անունը (թրքերէն` սեւ այգի) փաստ է անոր պատկանելիութեան, թէ` Պաքուի մէջ միայն երկու թուրքեր կան` զինուորական կցորդն ու անոր օգնականը, թէ` եւ այլն, եւ այլն:

Ատենին, հարցազրոյցի ընթերցման ընթացքին, ինչպէս եւ հիմա՛ փորձութիւնն ունեցայ զուգահեռ մը քաշելու մէկ կողմէ հայ եւ միւս կողմէ ազերի քաղաքական գործիչներու ցուցաբերած կեցուածքներուն միջեւ` ազգային հիմնական խնդիրներու նկատմամբ եւ եզրակացուցի, թէ մեր թշնամին մեզի նախանձելու պատճառ չունի: Ընդհակառա՛կն:

Ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութիւնը` ընդդիմութիւն թէ իշխանութիւն,  համախոհութեամբ մըն է, որ կը ներկայանայ յաչս աշխարհին: Յայտնօրէն մէկ ճակատ կազմած` ամէն գնով Ղարաբաղը (եւ ոչ միայն) վերագրաւելու իր  յարձակապաշտութիւնը վերածած է ազգային մեծ նպատակի, որուն շուրջ համախմբուած են բոլորը…

Մինչ մենք, ազատագրական արդար պայքարի արիւնի գինը աւելիով տալէ եւ յաղթանակ ունենալէ ետքն իսկ, մանուածապատ վերլուծումներու յանձնուած` քաղաքական շուար դեգերումներով խայտաբղէտ ուղղութիւններ կ՛առաջադրենք, զիրար կ՛ամբաստանենք, անյաջողութիւններուն ու արձանագրուած սխալներուն համար քաւութեան նոխազներ կը փնտռենք:

Անպատուաբեր է գիտակից ոեւէ հայ մարդու համար, որ քաղաքական մեր ղեկավարութիւնը մինչեւ հիմա ի վիճակի չէ եղած ազգային մեր հիմնական խնդրին` Ղարաբաղին համար մշակել քաղաքական յստակ ուղեգիծ, որուն շուրջ համախմբուէին բոլորը եւ կազմէին մէկ ճակատ:

Այնքան դժուա՞ր է համոզուիլ եւ այդ համոզումին  շուրջ համակամութիւն ու ազգային ճակատ կազմել, որ Ղարաբաղի խնդիրը ազգային իքնորոշման իրաւունքի հարց չէ միայն, այլ նաեւ անառարկելի պայման է անիկա` Հայաստանի  գոյատեւումին համար:

Բարդ հարցի մը պարզացուած բացատրութիւնը չէ սա, այլ բուն էութիւնն իսկ է:

Եթէ նոյնիսկ պահ մը ընդունինք ղարաբաղեան խնդրին մէջ մեր պատկերացուցած լուծումը անկարելի համարող «ծանրախոհ» քաղաքագէտներու այն վարկածը, թէ քաղաքականութիւնը կարելիին ապահովման արուեստն է ու անկարելիին մերժումը, ապա ուրեմն հոն եւս փաստած կ՛ըլլանք մեր անճարակութիւնը:

Քանի որ մեզի համար անկարելի մնացած է այն, ինչ որ կարելի եղած է ազերիին համար.

Միաճակատ ու անզիջող կեցուածք` Ղարաբաղի պատկանելիութեան  հիմնական խնդրին ու ազգային իրաւունքի տիրացման պայքարին մէջ:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles