Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նամակ Երկրէն. Ընդամէն Կամք Է Պէտք (2)

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Եւ այսպէս, Նոր տարուան արձակուրդներուն յաջորդած աշխատանքային առաջին օրը, իմ նախկին աշխատակից Վլադին ընկերակցութեամբ, քշեցինք դէպի ինքնաշարժներու գրանցման կեդրոն: Ճանապարհին Վլադին բացատրեցի անհանգստութեանս պատճառը: Տարիներ առաջ, երբ առաջին ինքնաշարժս գրանցելու գացեր էի, խայտառակ կացութեան մատնուած էի: Զիս ուղարկած էին մէկ սենեակէն միւսը, յետոյ դիմումնագրեր, «տեխնիկական զննումներ»` այլ թաղամասի մը մէջ, պետական մուծումներ` մէկ այլ թաղամասի մէջ: Յետոյ հրմշտուք` հերթերու մէջ առաջին դիրքը գրաւելու համար, անտեղի աղմուկ, բողոքներ, կանխիկ գումարներու անհասկնալի վճարումներ, փոշի, կեղտ… Ամբողջ օր մը կորսնցուցած էի մէկ տեսուչէն միւսին մօտ վազելով եւ տուն վերադարձած` ուժասպառ,  յոգնած ու տանջուած:

Վլադ բացատրեց, որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի օրերուն պետական նմանօրինակ ծառայութիւնները հեշտացնելու որոշում տրուած էր եւ ինքնաշարժներու գրանցումը շատ դիւրացած էր: «Էդ ձեր ասած ժամանակների նման չի, էսա` կը հասնենք ու տեսնէք», ըսաւ Վլադ ինքնավստահ եւ հանդարտ:

Արդէն մօտեցեր էինք նոր շէնքին եւ դեռ կանգառ չէինք հասած, երբ նշմարեցի, որ մուտքին առջեւ ինքնաշարժներու հսակայական հերթ կայ, որուն պոչը հազիւ թէ երեւէր: «Վլա՛դ, երանի մեզի հետ գիշերանոց ու ծածկոց ալ բերէինք: Ըստ երեւոյթին այս գիշեր հոս պիտի մնանք, հերթը չե՞ս տեսներ», յուսահատ ըսի ես:

«Շե՛ֆ ջան, էս հէչ, էլի՛… մի շաբաթ արձակուրդ էր, սաղ գրասենեակները փակ էին, աշխատանքային առաջի օրն ա, բոլորն էլ եկել են գործարք անելու, դրա համար ա էս հերթը: Սրանք նոր գրանցուող մեքենաներն են, նրանց տեխհամարն են ստուգում», բացատրեց Վլադ նոյն ինքնավստահ ու հանդարտ ոճով:

Մեր ինքնաշարժը հանդիպակաց վճարովի կանգառին մէջ կայանելէ ետք մտանք շէնք: Հսկայ սրահին մէջ մեծ էր թիւը գործարք կատարող քաղաքացիներուն, եւ ձախին` երիտասարդ տեսուչներ, կոկիկ համազգեստներով, նստած էին համակարգիչներու ետին եւ կը սպասարկէին հերթի կանգնածներուն: Փորձառու Վլադին հետ գացինք եւ հերթի կանգնեցանք տեսուչներէն մէկուն առջեւ: Մօտ 5 վայրկեան սպասելէ ետք մօտեցանք տեսուչին ու բացատրեցինք ինքնաշարժիս սեփականութեան քարտի` տեխպասպորտի կորուստին մասին: Տեսուչը անձնագիրս ուզեց, համակարգիչին մէջ բաներ մը նայելէ ետք ըսաւ. «Գնացէք էդ տերմինալի մօտ, 6000 դրամ մուծում կատարէք եւ վճարման կտրօնը բերէք ինձ»: Երկու վայրկեան անց, վճարումը կատարած էինք արդէն եւ վերադարձած` տեսուչին մօտ: Դարձեալ համակարգիչով աշխատելէ ետք ըսաւ. «Ստորագրէք էդ ելեկտրոնային սարքով եւ գնացէք շէնքի մուտքի մօտի գրասենակը: Ձեր տեխպասպորտը պատրաստ կը լինի 10 րոպէից»…

Այդպէս ալ եղաւ: Մօտ 15 վայրկեան սպասելէ ետք անունս կանչեցին եւ անձնագիրս ստուգելէ ետք, տեխպասպորտը տուին եւ… վե՛րջ: Աչքերուս չէի հաւատար, լեզուս կապուած էր:

Երեկոյեան, ընկերներուս հետ սուրճի հերթական հանդիպման ընթացքին հաճոյքով պատմեցի դրական այս փոփոխութեան մասին: Ընկերներս անմիջապէս սկսան պատմելու դրական այլ փոխութիւններու մասին, ինչպէս, օրինակ, անձնագրերու բարելաւուած ծառայութիւնը, նոր օդակայանը, անշարժ գոյքի արագացուած գրանցումները եւ այլն… դրական երեւոյթներ, որոնց ընդհանրապէս չենք անդրադառնար:

«Ախպե՛ր»,- ըսաւ ընկերներէս Արշակը,- «եթէ ուզենան փոխել, շատ լաւ էլ կը փոխեն: Ընդամէնը կամք ա պէտք: Վերեւներից դէպի ներքեւ ճնշում են, որպէսզի մանր կաշառքը վերացնեն եւ պետական սպասակութիւնները մի քիչ բարելաւեն: Մնաց որ, ներքեւից էլ վերեւների վրայ ճնշեն, որպէսզի բուրգի գագաթի ղեկավարները դադարեցնեն խոշոր կողոպուտն ու պետպիւտճէի թալանը: Կարո՞ղ ենք դա անել: Էդ կազմակերպուած ուժն ու կամքը ունե՞նք», շարունակեց Արշակ:

15 տարի առաջ Քաթարէն Հայաստան տեղափոխուած եւ շինարարական աշխատանքներով զբաղող Զոհրապ պատասխանեց «Օր մը կ՛ունենանք, վստա՛հ եղէք, օր մը անպայման վերեւներն ալ կը փոխուին»:

«Կամ էլ նրանք մեզ կը փոխեն: Փոխե՞լ, թէ՞ փոխուել: Էս ա մեր գոյութեան մեծագոյն հարցը, ա՜յ ախպէր… Շէյքսփիրը սենց պէտք ա գրէր», աւելցուց կատակասէր Վաչիկը:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>