Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Սուրիոյ Պատերազմ. Ասթանա` Աւարտին Սկի՞զբը, Թէ՞ Չաւարտող Սկիզբ Մը

$
0
0

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

12 յունուարին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարութեան խօսնակը յայտարարեց, որ սուրիական տագնապի լուծման նպատակով բանակցութիւններու նոր փուլը տեղի պիտի ունենայ 23 Յունուարին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ: Նախաձեռնութիւնը արդիւնք էր Հալէպի ճակատամարտին պետական ուժերու յաղթանակին` քաղաքի արեւելեան թաղամասերէն հակապետական ուժերու հեռացումով եւ 22 դեկտեմբեր 2016-ին յայտարարուած զինադուլով:

Բանակցութիւններու փուլը Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան եռակողմանի նախաձեռնութիւն է: Երեք մրցակից ուժեր, որոնց շահերը Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր յաճախ իրարու բախած էին` ի վերջոյ յանգելու համար համագործակցութեան անհրաժեշտութեան: Եթէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հըզպալլայի ռազմավարական զինակցութիւնը Ասատի վարչակարգին հետ ունէր կրօնագաղափարախօսական եւ աշխարհաքաղաքական ենթահող, որուն արմատները կ՛երկարին մինչեւ 1980-ական թուականներու սկիզբ` Իսլամական յեղափոխութեան շնորհիւ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ուժերու հաւասարակշռութեան նոր իրավիճակ, ռուսական հաշուարկումները շատ աւելի խառն ու բարդ էին: Մոսկուայի զօրակցութիւնը Ասատի վարչակազմին կասկածի տակ չէր դրուեր: Միջին Արեւելքի մէջ Սուրիա կը մնար միակ երկիրը, որ կ՛երաշխաւորէր ռուսական նաւատորմին ներկայութիւնը Միջերկրականի մէջ: Բայց առնուազն 2008-ի Կովկասի մէջ ռուս-վրացական հնգօրեայ պատերազմէն ի վեր միջազգային բեմին վրայ ինքզինք որպէս գերպետութիւն վերահաստատելու որոշում տուած փութինեան Ռուսիան պէտք ունէր հմուտ կերպով ե՛ւ անհրաժեշտ պարագային զինուորական ուժ ցուցադրելու, ե՛ւ, միաժամանակ, չանտեսելու դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը ռազմականօրէն դեռեւս միաբեւեռ աշխարհակարգի մէջ Միացեալ Նահանգներու հզօրութիւնը զսպելու խաղին մէջ: Այսպէս, թէկուզ եւ զօրակից Ասատի եւ անոր կողքին ուղղակիօրէն մասնակից պատերազմին` Փութին իր կապերը չխզեց Ասատի անկումին վրայ գրաւ դրած Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի միւս երկիրներուն հետ, ոչ ալ Իսրայէլի, հակառակ Նեթանիահույի կառավարութեան ուղղակի միջամտութեանց Սուրիոյ մէջ ընդդէմ Ասատի վարչակարգին:

Ամէնէն խնդրայարոյցը, անշուշտ, Թուրքիոյ դիրքորոշումն էր: 2009-ի յունուարին Տաւոսի մէջ Իսրայէլի օրուան նախագահ Շիմոն Փերեսի հետ հրապարակային բախումէն ետք, ի պաշտպանութիւն Կազայի պաղեստինցիներուն, Էրտողան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱՔՓ) նէօ-օթոմանիզմի «խաղաղասիրական» դիմակը վար առաւ եւ գրաւը դրաւ մարտնչող իսլամի յարձակողական քաղաքականութեան վրայ: Յաջորդ երկու տարիներուն Թուրքիան արդէն փոխարինած էր մինչ այդ իսլամի պաշտպանութեան դերը իր վրայ առած Իրանը: Էրտողան, սակայն, սխալ գործեց` մտածելով, որ սուրիական պատերազմին Ասատի վարչակարգին դէմ դիրքորոշուելով եւ աշխուժօրէն աջակցելով անոր դէմ ըմբոստացած ուժերուն, ներառեալ` իսլամականներուն, պիտի ունենար Արեւմուտքի զօրակցութիւնը` ի մասնաւորի չէզոքացնելու համար քրտական գործօնը: ՏԱՀԵՇ-ի նման խմբակցութիւններուն վրայ վերահսկողութիւն բանեցնելու իր ինքնախաբկանքին զուգահեռ, Անգարա կարծեց, որ Ռուսիոյ հետ բախումէ չխուսափելու իր պատգամը 2015-ի աւարտին ազդեցութիւն պիտի ունենար կասեցնելու համար Մոսկուայի զօրակցութիւնը Ասատին: Ռուսական ռազմական օդանաւի վար առնելու գրգռութենէն մէկ տարի անց, ի դիմաց թրքական ներքաղաքական ոլորտի կտրուկ վատթարացումին եւ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական արարքներուն, Անգարա ընդառաջեց ռուսական նախաձեռնութեան եւ ձեռնպահ մնաց Հալէպի ճակատամարտի վերջին փուլին հակապետական ուժերուն որեւէ զօրակցութիւն ցուցաբերելէ:

Ասթանայի բանակցութիւններուն հրաւէրը սկզբնական շրջանին թերահաւատութիւն յառաջացուց: Բայց սուրիական հակապետական ուժերու համաձայնութիւնը մասնակցելու բանակցութիւններուն` կտրականապէս աւելցուց անոնց իրականացման հաւանականութիւնը: Ժամանակամիջոցը լաւ ընտրուած է. յունուար 20-ին Տոնըլտ Թրամփ Սպիտակ տուն մտնելով` նախագահական երդում պիտի տայ եւ Ասթանայի բանակցութիւններուն ընդդիմանալու ոչ մէկ տրամադրութիւն ցոյց տուած է, եւ եռեակի երկու անդամները` Թուրքիա եւ Ռուսիա, առանձնապէս հրաւիրեցին Միացեալ Նահանգներու նոր վարչամեքենան` իր մասնակցութիւնը բերելու: Յստակ չէ տակաւին, թէ Թրամփ ի՛նչ դիրքորոշում պիտի ունենայ Սուրիոյ տագնապին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան ճշդորոշման մէջ: Մինչեւ հիմա ան միայն նշաններ տուած է Օպամայի ուղեգիծին հակադրուելու: Օպամա դէմ էր իսրայէլեան բնակեցման քաղաքականութեան, Թրամփի նշանակած Միացեալ Նահանգներու դեսպանը  բացայայտօրէն թեր է դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը Թէլ Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու: Օպամայի մեծ յաջողութիւնն էր Իրանի հետ կորիզային համաձայնութիւնը, Թրամփ կրնայ յեղաշրջել զայն: Օպամա դէմ էր Ասատի վարչակարգին, Թրամփ կարծես համաձայն է, որ Ռուսիա գլխաւոր դերակատար ըլլայ տագնապի լուծման մէջ:

Եթէ Ասթանայի մէջ բանակցութիւնները սկսին, Միացեալ Նահանգներ մասնակից ըլլայ կամ ոչ, Միջին Արեւելքի մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան նոր իրավիճակի մը նախանշանը պիտի տրուի: Ոչ ոքի ուշադրութենէն պիտի վրիպի այն, որ անցնող երկու տարիներուն Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի ոլորտին մէջ եւ արեւմտեան ուժերու աշխուժ մասնակցութեամբ բանակցութիւններ սկսելու նախաձեռնութիւնները երկու առիթով ձախողեցան: Ասատի վարչակարգը չէր փափաքեր առանց ռազմական կարեւոր յաղթանակի մը, ինչպէս` Հալէպը իր վերահսկողութեան տակ առնելէ առաջ, բանակցութիւններու նստիլ: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, ընդդիմութիւնը չյաջողեցաւ ներքին համաձայնութիւն գոյացնել պատուիրակութեան կազմին շուրջ: Ո՛չ արեւմտեան պետութիւնները, որոնք կը հովանաւորէին այսպէս կոչուած աշխարհական ընդդիմութիւնն ու անոր զինեալ կազմապերպութիւնը` Սուրիական Ազատ Բանակը, կրցան համոզել զիրենք, ո՛չ ալ իսլամական խմբաւորումներուն աջակցող Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան թէ Քաթարը կրցան իրականացնել միացեալ պատուիրակութիւն մը: Հիմնականին մէջ բոլորն ալ կը պնդէին Ասատի հրաժարելուն նախապայման ըլլալը: Ի տարբերութիւն արեւմտեան ձախողութեան, Ռուսիա կարծես կրցած է պետութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ միջնորդի դերակատարութիւնը ստանձնել: Ընդդիմութիւնը, ներառեալ` իսլամական խմբաւորումները, Ասատի հրաժարականի անհեթեթ նախապայմանէն հրաժարած կը թուին ըլլալ, մինչ քրտական մասնակցութիւնը բացառուած է, ի բաւարարութիւն Թուրքիոյ, բայց նաեւ Ասատի վարչակարգի պահանջին:

Մոսկուա, ըստ երեւոյթին, կը փորձէ խաղաղասիրական նախաձեռնութիւններու կեդրոնը Արեւմուտքէն փոխադրել Եւրասիա, այսինքն` իր ազդեցութեան գօտիէն ներս: Եթէ Մինսքը նախկին խորհրդային տարածաշրջանի տագնապներու լուծման նախաձեռնութիւններու կեդրոնատեղիի վերածուած է արդէն, Ասթանային համար կը նախատեսուի նմանօրինակ սթաթուս մը` Միջին Արեւելքի տագնապին առնչութեամբ: Թէ որքանո՞վ այդ բանակցութիւնները, եթէ սկսին, պիտի կարենան արդիւնքի հասնիլ, անշուշտ խիստ հարցական է: Անոնք կրնան տագնապի աւարտին սկիզբը ըլլալ, կամ պարզապէս խաղաղասիրական գործընթացի սկիզբ մը, որ կրնայ նաեւ աւարտ չունենալ: Բայց եթէ սկսին, յստակօրէն նախանշան պիտի ըլլան միաբեւեռ աշխարհակարգի փոփոխութեան սկզբնաւորութեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>