ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Շաբաթ , 10 դեկտեմբերին, մեր սովորական զուարճախառն հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին ժամադրուեցանք երկուշաբթի առաւօտ, իր աշխատավայրին մէջ: Ապահովագրական հարցերու կողքին, Տիգրան, այդպէս էր իր գործածական անունը, երկրորդական վարժարանէն մինչեւ համալսարան դասընկերս եղած էր եւ թաղեցի: Ամիսը մէկ կամ երկու անգամ կը հանդիպէինք, յատկապէս` յօդուածներուս մասին իր գնահատականը ու թանկարժէք ցուցմունքները ստանալու համար:
Երկուշաբթի առաւօտ հասայ գրասենեակը, տարօրինակօրէն ան չէր եկած տակաւին, ըսին, թէ հիմա կու գայ: Սուրճ բաշխող կինը բերաւ սուրճը ու գաւաթ մըն ալ Տիգրանին համար դրաւ սեղանին վրայ` ըսելով, որ եթէ ուշանայ, նորը կը բերէ: Կէս ժամ սպասելէ ետք, մտահոգուած, քանի մը անգամ հեռաձայնեցի բջիջայինին, սակայն չպատասխանեց: Օրուան ընթացքին կրկին փորձեցի հեռաձայնել նաեւ տան թիւին, սակայն պատասխանող չեղաւ, ան առանձին կը բնակէր:
Երեկոյեան, խիստ մտահոգ, հեռաձայնեցի իր ազգականներէն մէկուն, որ իր մասին որեւէ տեղեկութիւն չունէր: Վայրկեաններ ետք ան տուաւ Տիգրանին մահուան գոյժը: Ան մահացած էր վայրկեաններ առաջ, հիւանդանոցին մէջ:
Ո՛վ չի ճանչնար Տիգրանը. կատակասէր ու զուարճախօս, սակայն խստապահանջ ու բծախնդիր` ապահովագրական գործին բերմամբ, ունէր շատ լայն շրջանակ, առաւել եւս, լիբանանահայ մամուլին մէջ իր բծախնդրութեամբ պատրաստած խաչբառները ու խաղերը հանրայայտ դարձուցած էին զինք:
Հայոց լեզուն, արեւմտահայերէնը, իր «պաշտամունքի» առարկան դարձուցած էր եւ ունէր լեզուական ախտաճանաչումի բացառիկ տաղանդ: Լեզուական նրբութիւններուն տիրապետած ըլլալով, գրեթէ բոլոր տեսակի գրութիւններու մէջ` գրականութիւն, հրատարակութիւններ, մամուլ, պարբերաթերթեր ու նոյնիսկ բացիկներ, կը գտնէր լեզուական, քերականական, լեզուամտածողական ու տրամաբանութեան յատուկ խախտումներ: Սովորական աչքին «կատարեալ» թուող գրութիւններուն մէջ, երբեմն կը գտնէր տասնեակներով լեզուական սխալներ. ականատես եղած եմ կարմիր մելանով սրբագրած կասկարմիր դարձած հրատարակութիւններէն օրինակներու:
Քանի մը անգամ խոստացած էի գրութիւններուս վերաբերեալ իր քաջալերանքին ու նպաստին մասին յիշատակութիւն կատարել, որ սակայն կտրականապէս կը մերժէր:
Սիրելի՛ Տիգրան, ահա այս տխուր պահուն խոստումս կը կատարեմ:
Լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իւրայատուկ տաղանդով, խստապահանջ ու անփոխարինելի ազգային մը եւս:
12 դեկտեմբեր 2016