Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

«Ամէն Ինչ Լաւ Է»…

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Մեր քոյրերն ու եղբայրները այլեւս առանց պահ մը իսկ տատամսելու օտարներուն կը յանձնուին, մեր ծնողները այսուհետեւ առանց նոյնիսկ վայրկեան մը մտածելու իրենց զաւակները կ’առաջնորդեն օտար վարժարաններ, մեր միութիւններու անդամներուն թիւը կ’արձանագրէ նահանջ եւ հետզհետէ աշխատանքները կը սահմանափակուին միայն ցուցադրական ձեռնարկներով, մեր տուներուն մէջ ազգային արժէքները եւ աւանդոյթները գրեթէ կը կորսուին, մեր մշակութային ժառանգութիւնը մոռացութեան սեմին է, երբ մեր մշակութային միութիւններն անգամ կը զբաղին «ճաշարանային երգիչներ»-ով, մեր Դատին նկատմամբ մակերեսային վերաբերմունքը հետզհետէ կը տարածուի եւ ընդհանրապէս միայն մէկ օրով կը սահմանափակուի:

Տակաւին, հայրենիքի սահմանները կը վտանգուին, բայց մեր երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը «կեղծ» աշխարհին մէջ իրենց «լայք»-երով եւ երբեմն ալ լալագին դիմակներով միայն կ’արտայայտեն իրենց զօրակցութիւնը եւ կը ստանան այսպէս կոչուած աշխատանք տանելու համապատասխան գոհունակութիւն: Մեր լեզուն կ’աղաւաղուի, եւ այլեւս մեր դպրոցներուն մէջ ընդհանրապէս հայերէնի դասապահերը կը վերածուին երկրորդական պահերու կամ նոյնիսկ ժամանցի առիթներու, մեր մամուլը տակաւ առ տակաւ կը հրաժարի առաջնորդողի դերէն եւ կը բաւարարուի տեղեկատուական հանգամանքով:

Այո՛, այս բոլորը անցեալին գոյութիւն ունէին, այսօր բազմապատկուած են եւ պարզապէս օրինակներ են, բայց մենք կը շարունակենք ըսել, թէ` «ամէն ինչ լաւ է»: Այս մակերեսայնացած եւ լճացած աշխարհին մէջ չենք ուզեր տեսնել իրականութիւնը, չենք ուզեր հաւատալ, որ երէկը այսօրուան նման չէ, չենք կրնար երէկուան իրագործումներով գոյատեւել, վաղն արդէն այսօր չէ, եւ շատ բան կը փոխուի: Չենք ուզեր հաշտուիլ փոփոխութիւններուն հետ եւ չենք ալ մտածեր դրական փոփոխութիւններու մասին:

«Օրը օրին ապրելու» մօտեցումը, չհիմնաւորուած եւ անորոշ գերլաւատեսութիւնը, բոլոր հարցերուն առարկայական ախտաճանաչումներու բացակայութիւնը, բոլոր մարզերուն մէջ մօտակայ եւ հեռակայ որոշակի եւ գործնական ծրագիրներու բացակայութիւնը, համընդհանուր անտարբերութիւնը եւ կրաւորականութիւնը առաւել եւս վտանգաւոր են: Պահանջուածը իրատեսութիւնն է, թափանցիկութիւնն ու խորքային մօտեցումը:

Շոգեկառքը արտաքին հոսանքին ուղղութեամբ կը սուրայ, երբեմն անպաշտպան վակոններէն մարդիկ կը գլորուին ու կ’իյնան: Կայարանը շատ հեռու է եւ արդէն վակոնները մասամբ դատարկ են, բայց դեռ` «ամէն ինչ լաւ է»:

– Չէ՜, ամէն ինչ լաւ չէ…

Ե՛ւ շոգեկառքը իր ուղղութիւնը պէտք է ճշդէ, ե՛ւ սայլերը պէտք է ունենան ամուր կառուցուածք, ե՛ւ մարդիկ պինդ ու խիզախօրէն պէտք չէ շեղին միակ ուղիէն, որպէսզի միասնաբար կարենանք հասնիլ վերջնական կայարան…

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>