29 յունուարէն 5 փետրուարին «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին կազմակերպութեամբ երկրորդ տարին ըլլալով տեղի պիտի ունենայ «Երգեհոնի լիբանանեան շաբաթ»` նախորդ տարի արձանագրած յաջողութենէն ետք:
Նման շաբթուան մը կազմակերպման նախաձեռնած է վերոյիշեալ համալսարանի երաժշտական դպրոցը` «Թերրա Սանքթա օրկըն ֆեսթիվըլ»-ին եւ փառատօնը հիւրընկալող եկեղեցիներուն հետ համագործակցաբար, մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ:
«Երգեհոնի լիբանանեան շաբթուան» վերաբերող մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ 12 յունուարին, Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան մէջ:
Այս առիթով խօսք առաւ «Երգեհոնի լիբանանեան շաբթուան» նախագահն ու համահեղինակը հայր Խալիլ Ռահմէ, որ ըսաւ, թէ նախորդ տարի արձանագրուած արդիւնքը խթան հանդիսացած է, որ այս մշակութային նախաձեռնութիւնները աւելի աշխուժացուին տարբեր մշակութային կեդրոններու մէջ, որոնք համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին: Անոր համաձայն, այս տարուան փառատօնը աւելի համապարփակ է, որովհետեւ կը ներառէ 4 մշակութային միջազգային կեդրոններ` տարբեր մշակոյթներու երաժիշտներու մասնակցութեամբ:
Հայր Խալիլ Ռահմէ նշեց, որ ձեռնարկը աննախընթաց եւ իւրայատուկ է Լիբանանի մէջ, անիկա կ’ընդգրկէ միջազգային երաժշտական կտորներ, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով հնչող ստեղծագործութիւններ: Ան աւելցուց, որ այս տարի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ հինգ օրերու ընթացքին, հինգ տարբեր եկեղեցիներու մէջ եւ հինգ երաժշտական գործիքներու վրայ:
Ան յայտնեց, որ «Երգեհոնի լիբանանեան շաբթուան» նպատակը երաժշտական կրթութեան տարածումն ու Լիբանանի մէջ երգեհոնի մշակոյթի քաջալերանքն է, մանաւանդ որ այս գործիքը սկսաւ շատ աննշան ներկայութիւն դառնալ Լիբանանի մէջ:
Աւարտին ան յոյս յայտնեց, որ այս տարի եւս ընդառաջումը կ’ըլլայ նախորդ տարուան նման, որուն արգասիքը բացումն էր «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի երաժշտական դպրոցին, որ այսօր ունի 12 աշակերտ:
Ապա փառատօնին մասին խօսեցաւ նաեւ «Երգեհոնի լիբանանեան շաբթուան» փոխնախագահն ու համահեղինակը Ֆրա Ռիքարտօ Շիրյանին, որ «Թերրա Սանքթա օրկըն ֆեսթիվըլ»-ի պատասխանատուներէն է նաեւ: Ան դիտել տուաւ, թէ 2015-ին որոշուեցաւ վերոնշեալ փառատօնը, որ երգեհոնի երաժշտութեան մեծագոյն փառատօններէն է Միջին Արեւելքի մէջ, բերել Լիբանան` անդրադառնալով այս նպատակով կատարուած աշխատանքներուն եւ ձեռք բերուած արդիւնքներուն: Ֆրա Ռիքարտօ Շիրյանին շեշտեց, թէ իրենց կազմակերպած այս փառատօնին հիմնական նպատակն է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ ներկայութիւնը լուսարձակի տակ առնել` իբրեւ կիզակէտ ունենալով երաժշտութիւնն ու մշակոյթը: Ան նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին հետ գործակցաբար իրականութիւն դարձող «Երգեհոնի լիբանանեան շաբաթ»-ը կը շրջանցէ լիբանանեան սահմանները` ստանալով միջազգային դրոշմ:
Իր խօսքի աւարտին Ֆրա Ռիքարտօ Շիրյանին յայտնեց, որ այս փառատօնը հիմք հանդիսացաւ, որ երգեհոնի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը թափ առնէ Լիբանանի մէջ, աշխատանք տարուի հին եւ արժէքաւոր երգեհոններու վերանորոգութեան, երգեհոնը աւելի տիրական դարձնելու ուղղութեամբ: