Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայ Ապրելու Ճանապարհին «Ազդակ» Խթան Է Բոլորիս Համար Հայօրէն Ապրելու, Հայօրէն Մտածելու», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սուրէն Դանիէլեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Souren-Tanielian_2017

Արեւմտահայ գրականութեան եւ արեւմտահայերէնի կարգաւորման եւ պահպանման հիմնախնդիրները վերջերս յաճախակիօրէն կը հոլովուին լեզուաբաններու, գրականագէտներու, մասնագէտներու գրաւոր կամ բանաւոր խօսքերուն մէջ: Բոլորը կ՛ահազանգեն արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգին մասին եւ իրենց  տեսակէտները կ՛արտայայտեն եւ առաջարկները կը կատարեն, բայց գործնական գետնի վրայ խնդիրը կը յամենայ մնալ ցաւոտ ու կնճռոտ: Այս ծիրին մէջ արեւմտահայերէն գրամշակութային հիմնախնդիրները շօշափելու` միաժամանակ մօտէն  ծանօթանալու «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի գործունէութեան մասին` «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Խ. Աբովեան»-ի անուան մանկավարժական համալսարանի հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. դոկտոր Սուրէն Դանիէլեանին հետ, որ անցնող երկու շաբաթներուն յատուկ առաքելութեամբ Լիբանան կը գտնուէր: 

«ԱԶԴԱԿ».- Նախ անդրադառնանք լիբանանահայ գաղութ այցելելով ձեր առաքելութեան մասին, ապա խօսինք «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի աշխատանքներուն եւ առաքելութեան մասին` իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր:

ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին անմիջական հրաւէրով միացայ կաթողիկոսարանին կից գործող հայրենագիտական խտացեալ դասընթացքին, որ կը ղեկավարուի դոկտ. Ժիրայր Դանիէլեանին կողմէ: Երկու շաբթուան ընթացքին խտացեալ կերպով դասաւանդեցի պոլսահայ գրականութիւն` Պետրոս Դուրեան, Վահան Թէքէեան, Լեւոն Շանթ, Զարեհ Խրախունի, Զահրատ,  Զաւէն Պիպեռեան, Ռոպեր Հատտէճեան եւ ուրիշներ: Այս առիթով իմ սրտաբուխ շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ վեհափառ հայրապետին` հրաւէրին համար:

«Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը իր աշխատանքներուն սկսաւ դեկտեմբեր 1995-ին, փաստօրէն 21-րդ տարին արդէն հատեցինք: Արդիւնքները հրապարակի վրայ են, բայց զիս աւելի մտահոգողը վաղն է: Երբ կ՛ըսեմ` արդիւնքները սեղանի վրայ են, կը նշանակէ մենք մեր անցած ճանապարհը կը փորձենք վերիմաստաւորել, որպէսզի սխալներ թոյլ չտրուին եւ գայթակղութիւններ չըլլան: Հայաստանի նախագահին յատուկ յորդորով ստեղծուեցաւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը, որ 1995 թուականին կեանքի կոչուեցաւ: Կեդրոնը ունէր շարք մը գերակայ ուղղութիւններ: Առաջին հերթին ես նկատի ունիմ կրթական ուսումնական դասընթացքներուն ոլորտը. մենք մշակեցինք յատուկ ծրագիր, ընդ որում, արեւմտահայ ուսուցումը շատ աւելի հիմնարար դեր պիտի խաղար եւ չըլլար այնպիսին, ինչպիսին էին 1962-ին սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքները, որոնք աւելի տօնական, ճանաչողական բնոյթ ունէին: Այն ատեն դռները կիսով չափ բացուած էին սփիւռքի ուսուցիչներուն առջեւ, որոնք կու գային հայրենիք` խանդավառուած եւ սիրով: Ասիկա ինքնին մեծ երեւոյթ էր, բայց կար ընդհանուր թերութիւն մը. ուսումնառութեան խնդիրները  երկրորդական դարձած էին եւ մնացած էին ճամբու եզրին, ինչպէս հրապուրիչ ծաղիկներ. ի՞նչ պիտի կարենային սորվիլ մէկ ամսուան ընթացքին: Մեր կեդրոնի գլխաւոր խնդիրը այս տօնախմբութիւնը վերահաստատելու ջանքը չէր, այլ կարենանք ցոյց տալ, տեսնել ու մենք ալ փորձենք ճանչնալ արեւմտահայ մշակոյթին առջեւ բացուած այն մեծ հիմնախնդիրները, որոնք թեթեւ գրիչով եւ դեռ Շահնուրեան ժամանակաշրջանէն կ՛ահազանգեն «նահանջ»: Ի վերջոյ Շահան Շահնուր երեք անգամ շեշտած էր. «Կը նահանջէ լեզուն»:

2000 թուականին կազմակերպուեցաւ առաջին դասընթացքը: Մենք ունեցանք 14 դասընթացք սփիւռքահայ ուսուցիչներուն համար: Մեծ տեղ յատկացուցինք երգին, պարին, կերպարուեստին, Արեւմտեան Հայաստանի պատմութեան, լեզուին,  գրականութեան եւ նիւթերու բովանդակային հարցերուն: 160 հրաշալի մասնագէտներ համախմբուեցան այս գաղափարին շուրջ: Յետոյ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն խնդրեցինք, որ մեզի իրաւունք տան կազմակերպելու դասընթացքներ նաեւ հայրենի ուսուցիչներուն համար: Այս ալ նոյնքան կարեւոր էր եւ շատ օգտակար հանդիսացաւ: Այս նախաձեռնութեան մէջ վիթխարի էր Հիլտա Գալֆայեանի` Սորպոնի համալսարանի փրոֆեսէօրին դերակատարութիւնը: Ան եկաւ, նախաձեռնեց եւ յաջողեցաւ. ուսուցիչներուն միջեւ մրցակցութեան դրական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ: Յաջողութիւնը մեծ էր, որովհետեւ Հիլտան իրեն հետ կը բերէր նաեւ դրամական միջոցներ, հետեւաբար` կազմակերպական առումով պետութեան բեռ չեղաւ: Այս դասընթացքները 2010-էն ետք կանգ առին: Սփիւռքի նախարարութիւնը նկատեց, որ ինք ի զօրու է Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ վերակազմակերպելու այս դասընթացքները. բաւական գումարներ տրուեցան, եւ իրաւունք էր, որ իրենք տնօրինեն դասընթացքի կառոյցին զոր մենք կեանքի կոչեր էինք: Ի վերջոյ նոյնն էին մեր աշխատանքնային յարաբերութիւնները:  Հայաստանը ուսուցանող է ինքնինք. սփիւռքահայ ուսուցիչը Հայաստան գայ եւ չտեսնէ՞ Խոր Վիրապը, չտեսնէ՞ Գառնին, Գեղարդը, յանդգնութիւն չունենա՞յ Տաթեւ երթալու, չյիշած շատ անգամ չթմբկահարուող դէպի Ղարաբաղ մեր ճամբորդութիւնները: Այս ճանապարհով շատ աւելի առարկայական կը դառնար Հայաստանի ճանաչողականութիւնը սփիւռքահայ ուսուցիչին աչքին: Եւ այսպէս 2012-էն սկսեալ մենք փոխեցինք մեր ուղղութիւնը եւ անցանք գիտական հետազօտական աշխատանքներուն: Ի դէպ 2010-էն առաջ ալ մենք գիտական խնդիրներու շուրջ աշխատանք կը ծաւալէինք: Շուրջ 40 ծրագրային, մասնագիտական, գեղարուեստական, պատմական, լեզուական գիրքեր հրատարակած ենք:

Մենք աւելի կարեւոր յանձնառութիւն մը ունեցանք` խօսքը կը վերաբերի արեւմտահայ կենսագրական բառարան ստեղծելու յանդգնութեան, որուն կարիքը մեծապէս կը զգացուի: Այսօր ունինք չորս հատորի ծաւալով նիւթ` 8 հազար բառայօդուած, նկատի ունիմ արեւմտահայ գրամշակութային, քաղաքական, հոգեւոր, երաժշտական, կերպարուեստի, պարի, դպրոցի եւ արուեստի վերաբերող ոլորտներուն մէջ վիթխարի դեր ունեցած նուիրեալներ: Ընդգրկեցինք նաեւ այն մարդիկը, որոնք 1850-էն ի վեր թէկուզ մէկ գիրք հրատարակած են աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ: Կը կարծեմ այդ 8 հազար հոգին այսօրուան մօտեցումներով ալ շատ են: Լաւ է, որ շատ է, որովհետւ մենք ալ չէինք գիտեր, թէ ի՜նչ հսկայական ժառանգութիւն կը փորձենք համադրել, ի մի բերել եւ ժողովուրդին ներկայացնել: Ժողովուրդին մէջ լաւագոյն մեծ նախաձեռնութիւններու հեղինակները այլեւս փոշիացած թերթերէն կամ գիրքերէն դուրս բերուած եւ որոշակիօրէն մէկտեղուած կ՛ըլլան` որպէս հսկայական ժառանգութիւն: Գիտէք, տագնապը մինչեւ հիմա ալ ինծի կ’ուղեկցի. արեւմտահայ հսկայական ժառանգութիւնը, որ ստեղծուած է, մենք հեշտութեամբ քամիին կու տանք: Ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ սփիւռքի մէջ մենք տէր չենք կանգնիր արեւմտահայերէնին: Արեւելահայերէնը, որ յղկուած եւ պետական հոգածութեան տակ է, թէեւ ժողովուրդին վատ իմացութեան եւ առկայ հարցերուն մէջ է, բայց մթնոլորտը լեզուական առումով շատ աւելի մշակուած է Հայաստանի մէջ: Իսկ արեւմտահայերէնը դժբախտաբար չէ կանոնակարգուած: Մենք ունինք արեւմտահայ լեզուի եւ գրականութեան հրաշալի գիտնականներ, բայց չունինք այն ուղղութիւնը, որ այս մարդիկը պիտի միաւորէր: Երբ կանոնակարգուեցաւ արեւելահայերէնը, ստեղծուեցաւ լեզուի ուսումնարան, իսկ հիմա նոր կը փորձեն ստեղծել լեզուի ուսումնարանին առընթեր արեւմտահայերէնի ենթաբաժին: Համալսարանական մակարդակի օրինակով եթէ խօսինք,  ԵՊՀ եւ Խ. Աբովեանի մանկավարժական համալսարանը ունին լեզուի ամպիոններ: Մենք այսօր կը պատրաստենք մասնագէտներ, համալսարանական կրթութեան վկայագիր կու տանք մարդոց, որոնք կ՛ուսումնասիրեն գերմաներէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, պարսկերէն, թրքերէն, անգլերէն, սպաներէն, չեխերէն, չինարէն, եւ շատ ուրիշ լեզուներ, որոնց շարքին չկայ արեւմտահայերէնի մասնագիտացումը իբրեւ մասնագիտական քայլ: Այս մէկը իրօք ողբերգութիւն է:

Ինչո՞ւ արեւմտահայը երբ Հայաստան գայ, ինքզինք ընտանի չզգայ լեզուական ճանաչողական մակարդակով եւ չկարենայ բախել դուռ մը, ուր կրթական հոգերը կարելի ըլլայ բաւարարել: Ինչո՞ւ այս ժամանակներուն մարդ աւելի ապահով Հայաստանը` մայր հայրենիքը չընտրէ իր ուսումը շարունակելու համար: Փառք, որ Պէյրութի մէջ կը գործէ Հայկազեան համալսարանը, ուր օտարները աւելի, թիւ կը կազմեն, քան հայերը: Իսկ ամէնէն ողբերգականը, թէ ինչպէ՛ս փակուեցան Մելքոնեան վարժարանը եւ մեր այլ վարժարանները: Ո՞ւր կերթանք մենք այսպէս յախուռն ճանապարհով: Հոն կը փակուին դպրոցներ, իսկ Հայաստանի մէջ չեն բացուիր: Ասոնք մտահոգիչ խնդիրներ են:

«Ա.».- Ուրեմն, ինչպէ՞ս կը գնահատէք արեւմտահայ գրամշակութային եւ անցած ճանապարհի իւրացումը Հայաստանի մէջ:

Ս.Դ.- Կան երկու տարբեր սահմաններ, որոնք ինծի համար կենսական են` արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ: Արեւմտահայ ըսելով ես նկատի ունիմ դասական շրջանի գրականութիւնը, որուն իմացութիւնը վատ է Հայաստանի մէջ: Ես աւելի քան 40 տարիէ կը դասաւանդեմ մանկավարժական համալսարանի մէջ: Նկատած եմ, որ մեր ուսանողները վախ ունին արեւմտահայ գրականութեան նկատմամբ. օրինակ` Դանիէլ Վարուժանը իբրեւ գրական ճանաչողութիւն, գեղագիտական, հոգեբանական, իբրեւ արեւմտահայ աշխարհին ամենատարբեր ոլորտները թափանցած, իբրեւ գրական շարժման առաջնորդ, հանրածանօթ չէ, մինչդեռ արեւմտահայ գրականութեան մէջ Դանիէլ Վարուժան առաջին կարգի մեծութիւն է: Ընկալման առումով կայ խորթացում, զոր պիտի յաղթահարէ դասախօսը, ուսուցիչը, բայց դժբախտաբար անոնք պատրաստ չեն յաղթահարելու խորթացումը, որովհետեւ համապատասխան պատրաստուածութիւն չունին: Շատ լաւ ուսուցիչներ ունինք, փառք անոնց կատարած գործին, բայց անոնք պատրաստուած չեն: Այստեղ կայ պետական տխուր աւանդոյթը, որուն մասին պէտք է արձագանգել. համալսարանական դասընթացքներուն համար հեղինակներուն յատկացուող դասերու ժամը. Յովհաննէս Թումանեանին կը յատկացուի 18 ժամ, Աւետիք Իսահակեանին` 14 ժամ, իսկ Դանիէլ Վարուժանին` 4  ժամ, Պետրոս Դուրեանին` 5 ժամ, ուսանողը ի՞նչ պիտի հասցնէ սորվելու: Գիտական իւրացման ճանապարհը արդէն բեկուած է ուսանողին առջեւ, այն ուսանողին, որ վաղը պիտի դառնայ  ուսուցիչ, եւ որ պիտի ձգտի իրմէ հեռու վանել արեւմտահայ հեղինակները,  որովհետեւ լաւապէս չէ իւրացուցած զանոնք: Իսկ դասախօսները չեն կրնայ ուսանողները ոգեւորել Շահան Շահնուրի պատմուածքներուն մէջ գերիրապաշտութեան ընկալումներու համակարգով, Մուշեղ Իշխանը Վահան Թէքէեանի հետ յարաբերութեան լոյսին տակ,  լիբանանեան հայ գրական աւանդոյթով, որ ծնունդ տուած է անմիջական գրական շարժումին, որովհետեւ ժամանակը չի ներեր: Վահան Թէքէեանը պէտք է դիտել տալ Յովհաննէս Թումանեանի զուգահեռներուն մէջ, դասախօսը պէտք է ցոյց տայ մարդու, Աստուծոյ, հայրենիքի որոնման խնդիրները: Պիտի բացատրես հայ ազգին բանաստեղծութեան հիմնարար խնդիրները եւ դեռ Թէքէեանի ներքին բանավէճը Յովհաննէս Թումանեանին հետ, որ ի վերջոյ համադրական հետաքրքրական ընկալումներու կը բերէ մարդը: Պատահակա՞ն է, որ Թումանեանը եւ Թէքէեանը Տէրը, Աստուածը, Ամենակալը ընդունեցին իրենց գեղագիտական ծիրէն ներս իբրեւ երեւոյթ, իբրեւ ինքնաճանաչողական փորձ, անշուշտ ո՛չ: Ես իբրեւ գրականութեան դասախօս պարտաւոր եմ այս ամէնը սորվեցնելու, բայց ժամանակ չունիմ: Հազիւ պիտի հասցնեմ ըսելու, որ Թէքէեան գրած է «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութիւնը: Պարտաւոր ես անոր ծանօթացնելու Զահրատի եւ Զարեհ Խրախունիի ստեղծագործութիւնները` իբրեւ բանաստեղծական նորագոյն սահման էփիքական մտածողութեան մէջ, իբրեւ առարկայական խորհրդապաշտութեան մէկական զօրեղ վկայութիւններ: Ժամանակդ կը մսխուի, բայց արեւմահայ գեղարուեստական հզօր մեծաշխարհը ներկայացնելու խնդիր կ՛ունենաս: Ահա այսպիսին է մեր ժառանգութեան ընթացիկ իւրացումը: Մէկ ալ երեւոյթի անդրադառնամ. վերոյիշեալ համալսարաններուն մէջ արեւմտահայերէն լեզուին կը տրուի շատ ողորմելի ժամանակ 34-36 ժամ: 36 ժամով ես արեւմտահայերէն ե՛ւ քերականութիւն, ե՛ւ լեզուի ճանաչողական, գործնական, գեղարուեստական հիմնաւորումները պիտի սորվեցնեմ, ինչ որ անկարելի է:

Հետեւաբար, մենք ինքներս ճանապարհ կը հարթե՞նք դէպի արեւմտահայերէնի իւրացումը կրթական ասպարէզին մէջ, ո՛չ, ընդհակառակը, կը փակենք եւ արգելապատնէշներ կը դնենք:

Եթէ դուն վաղուան ուսուցիչին ուսուցիչն ես, պարտաւոր ես ուսանողը կարելի եղածին չափ առաջնորդել ոչ թէ սփիւռքահայ գրականութեան նեղլիկ արահետով, այլ լայն պողոտայով, որովհետեւ սփիւռքահայ գրականութիւնը Հայաստանի մէջ արժանի է լայն պողոտայի ընկալման:

«Ա.».- Ձեր վերջի աշխատութիւնը, որ լոյս տեսած է 2014-ին, կը կոչուի «Արեւմտահայ գրականութիւն. Թիթանի՞կ, թէ՞ շարունակականութիւն»: Ի՞նչ հարցեր ներկայացուած են այս աշխատութեամբ:

Ս. Դ.-Այս աշխատութիւնը նուիրուած է արեւմտահայ գրապատմական երեք հանգրուաններու, որոնք կը կապուին այդ գրականութեան երեք հսկաներու` Պ. Դուրեանի, Դ. Վարուժանի եւ Յ. Օշական անուններուն հետ: Գիրքի կողքը նաւաբերկութիւնն է, 9-րդ ալիքը, ուր բանաստեղծը կը փորձէ նիզակին ծայրը ուղղել ամպերուն մէջ խրուած երկինքին, ուր լոյսի ծուէն մը կայ, կապոյտ մը, յոյսի շող մը: Կը նետեմ այն յոյսի շողը  Պ. Դուրեանին, Յ. Օշականին եւ Դ. Վարուժանին: Առաջին ուսումնասիրութիւնը Դուրեան-Թումանեան հակադրութեան եւ հակասութիւններու մասին է, երկրորդը` «Հեթանոսական» գրական շարժման, որուն առաջնորդը Դանիէլ Վարուժանն է, իսկ երրորդը` Յակոբ Օշականի «Մաթիկ Մելիքխանեան» վէպը, ուր կը ներկայացուի արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութիւններու համադրութեան փորձը:

Հիմա մենք բոլորս այդ արեւմտահայ հսկայական գրականութիւնը ձգած ենք այնքան բարձի թողի, որ կարծես կը նմանի Թիթանիկ նաւուն 1912-ի յայտնի կործանումին: Արեւմտահայ գրականութեան պատասխանատուները մենք ենք: Մենք ձգե՞նք, որ այս արեւմտահայ գրականութիւնը երթայ զարնուի խութերուն, ցաւ չէ՞: Ե՞րբ մարդու գիտակցութեան մէջ պիտի արթննայ այն պատասխանատուութեան չափը, որ հայ արեւմտահայերէնի պաշտպանն է եւ գործունէութեան լայն դաշտը: Ո՞ւր է մեր աշխարհի ճանաչողութիւնը, որ արեւմտահայ գրականութիւնը պիտի շարունակականութիւն ըլլայ մեր մէջ` արեւելահայերուն եւ արեւմտահայերուն` հայերուս մէջ: Լաւատեսութիւնը կը յուշէ շարունականութիւն, այո՛, բայց մեր ջանքերը մեզի ծուլութեան կը տանին: Մենք կռիւ պէտք է ընենք ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ սփիւռքի տարածքին` արեւմտահայ ժառանգութիւնը պահելու:

Ի՞նչ պէտք է ընենք մենք բոլորս, որ այս միասնութիւնը ջանք ու արդիւնք տայ:  Նախ արեւմտահայերէնը պէտք է պետական ըլլայ Հայաստանի մէջ: Ի՞նչ կ՛ընեն Սփիւռքի ու Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները այս ուղղութեամբ: Ինչո՞ւ մենք արեւմտահայ մարդը չդիտենք իբրեւ մեր եսին երկրորդ արտացոլումը: Ինչո՞ւ չդնենք արեւմտահայերէնը մայրուղիին վրայ. ի՞նչը կը խանգարէ մեզ. մասնագէտնե՞ր` կը գտնուին, միջոցնե՞ր` բարերարներ կան:

Ո՞վ չի կրնար տեսնել, թէ ի՛նչ կը կատարուի արտասահմանի մէջ: Ես Արժանթին եղած եմ, Ֆրանսա ալ, Ամերիկա, եւ այլուր, ուր հայ աշակերտները իրարու հետ կը խօսին անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ այլ լեզուներով: Այս երեւոյթը Լիբանանին ալ խորթ չէ: Միայն Մոսկուայի եւ Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ կ՛ապրին այսօրուան Հայաստանի բնակչութենէն առաւել քան  բնակչութիւն ունեցող զանգուած, որոնք մէկ հատ հայկական վարժարան չունին: Կ՛ապաւինին երկրորդական թուացող, ածանցեալ կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցներուն: Տխուր բան է: Իսկ Թուրքիոյ մէջ մենք ունինք 17 հայկական վարժարաններ: Այսօր Թուրքիան որպէս թշնամի երկիր, իմ լեզուական ինքնութեան խնդիրը կը համարէ իր կրթական օրինական պահանջներէն մէկը: Արգելք չի հանդիսանար, մինչ Ռուսիոյ մէջ հայ մարդը կը փոխէ ոչ միայն իր ազգանունը, այլ նաեւ իր ապրելակերպը, իր ընկալման պատուհանը: Ան այլեւս ռուս է իր հոգեբանութեամբ:

Մարդիկ իսկապէս անհանգստացած են: Ես շարունակականութեան ճանապարհն է, որ կ՛ուզեմ ցոյց տալ, այլապէս մենք կ՛երթանք կը բախինք խութերուն: Թիթանիկի վիճակները հեռու չեն մեզմէ: Մեր նաւը դեռ չէ հասած փրկարար հանգրուանին, կը տատանի ծովուն բացերը:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք «Ազդակ»-ի 90-ամեայ գործունէութեան ուղին:

Ս.Դ.- Լիբանանեան ասպնջական աշխարհին մէջ 90-ամեակը առաջին հերթին կը նշանակէ մեր ժողովուրդին հանգրուանային ուղիներուն ամէնէն խորը,  հաւատալու, վստահելու ու այդ ուղիով ընթանալու ո՛չ միայն իրաւունքը, այլ  նաեւ կենսափորձէն ծնած լուսաւոր հաւատաւորը, զոր այսօր մեզի կ՛ուղեկցի: «Ազդակ»-ը ազդակ հանդիսացաւ մեր ժողովուրդի ազգային հոգածութեան: Ի՞նչը մեզ կը փրկէ: Դուք կը կարծէք կը փրկէ միայն դպրո՞ցը, դպրոցը անհրաժեշտ է, բայց ինչո՞վ դպրոց չէ «Ազդակ»-ը` 90 տարի ամէն օճախի մէջ հիւրաբար եւ տիրաբար մտնող գլխաւոր թերթը սփիւռքահայուն համար: «Ազդակ»-ը ծնաւ օրուան հրամայականէն, ժողովուրդը հայ պահելու կենսական պահանջէն:

Իսկ թերթին խմբագիրը` Շահան Գանտահարեանը, թերթը դարձուցած է հայութեան հոգեւոր կերպարանքը վառ պահող  ուժ, փառք ու պատիւ իրեն: Կը հաւատամ, որ «Ազդակ»-ը միայն լուրեր կարդալու համար չէ, այլեւ փաստօրէն դպրոց է, որ հին ու նոր իրադարձութիւնները կը նշէ անպայման: Նոր սերունդի ներկայացուցիչները, աշխարհի որ անկիւնն ալ ըլլան, «Ազդակ» թերթին միջոցով կրնան սորվիլ հայօրէն ապրելու դժուար դասը: Հայ ապրելու ճամբուն վրայ «Ազդակ» խթան է բոլորիս համար` հայօրէն ապրելու, հայօրէն մտածելու, հայ գոյատեւելու: Կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել այն հերոսական ջանքը, զոր կատարած է խմբագրութիւնը, ի դէմս գլխաւոր խմբագիրին, թուայնացուցած է «Ազդակ»-ը` պատմութեան համար: Ասիկա հերոսական աշխատանք է:

Ահա այսպէ՛ս կը ծառայեն Հայաստանին, այսպէ՛ս կը ծառայեն սփիւռքին, այսպէս կ՛ապրին հայերը ողջ աշխարհին մէջ:

«Ազդակ»-ը  դարձած է յառաջատար ուժ, «Ազդակ» աւելի հեռուները երթալու, աւելին ընելու վճռակամութիւնը միշտ ունեցած է եւ ունի: Փառք ու պատիւ իրեն:

Խոնարհումս ձեզ, սիրելի՛ «Ազդակ»-ցիներ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>