Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հանդիպումներ Եւ Սփիւռքահայու Մտորումներ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Ստորեւ տեղ կու տանք մեր աշխատակիցներէն` Յակոբ Եափուճեանի յօդուածին, որ հետաքրքրական-պատումնային ոճով եւ դիպուկ մատնանշումնային հարցադրումներով կ’արծարծէ շատ այժէական եւ հրատապ համազգային խնդիրներ: Միաժամանակ մեր կողմէ ընդգծելով, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէութեան Շրջանային ժողովին որոշումը` արտագաղթող կուսակցականները հեռացնելու, օրուան պայմաններուն իբրեւ հրամայական արդարացուած ու հիմնաւորուած էր իբրեւ Միջին Արեւելքի հայաթափման գործընթացին դէմ գաղափարական-կազմակերպչական կեցուածք: ՀՅԴ 100-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Բիւրոն առիթ տուաւ Դաշնակցութեան շարքերուն վերանդամակցելու, ի շարս այլ պատճառներով, արտագաղթի պատճառով հեռացուածներուն:

«Ա.»

Յուլիս ամիսէն սկսեալ Մոնրէալ կը գտնուիմ: Եկած եմ անդրանիկ թոռնիկիս մկրտութեան ներկայ գտնուելու:

Մկրտութեան օրը ազգականներու եւ բարեկամներու լայն եւ հարազատ շրջանակ մը ներկայ է եկեղեցին:

Քահանան, Հայաստանեաց եկեղեցւոյ մկրտութեան խորհուրդին համաձայն, երեխան դրոշմելէ առաջ կնքահօր կը հարցնէ մանուկին անունը.

֊ Արմէն,- կ՛ըլլայ պատասխանը:

Քահանան ուրախ է, որ հեռաւոր Մոնրէալի մէջ մանուկին ծնողները կառչած կը մնան հայկական աւանդութիւններուն` նորածինին տալով հայկական անուն:

Եկեղեցիէն դուրս գալուս` հին ընկերներ կ՛ողջագուրեն զիս եւ հանդիպելու առաջարկներ կ՛ընեն:

Յաջորդ շաբաթ Վրէժ֊Արմէնին հրաւէրով հայ կեդրոնին մէջ ներկայ կ՛ըլլամ ՀՕՄ-ի Մոնրէալի մասնաճիւղին կազմակերպած` «Իրերը կը խօսին» երեկոյթին: Մշակութասէր հասարակութիւն մը, զգալիօրէն երիտասարդներէ բաղկացած, ներկայ է երեկոյթին` ծանօթանալու մեր պապերէն աւանդ մնացած եւ հայու ստեղծագործ ոգիին արտայայտիչը հանդիսացող առարկաներուն ու լիանալու հայ ձեռարուեստով:

Յառաջիկայ օրերուն Սուրբ Յակոբ դպրոցի քերմես, ՀՕՄ-ի պազար, Համազգայինի ցուցահանդէս, դպրոցի խնամակալութեան ընտրութիւն եւ ժողովներ իրար կը յաջորդեն: Տակաւին, յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենան Արամ Ա. վեհափառի գահակալութեան 20-ամեակի առթիւ բազմաթիւ հանդիսութիւններ: Հեւքոտ եւ լեցուն շաբաթ մը` հաւանաբար:

Հեռաձայնը կը հնչէ: Տոքթ. Հարպոյեանն է: Մեզ ընթրիքի կը հրաւիրէ: Ներկայ են Վրէժ֊Արմէնը, տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանը, Յակոբ Մանճիկեանը` իրենց կիներով: Կը բացակայէին Ժան եւ Արտեմիս Մկրտիչեանները, որոնք Հայաստան մեկնած են անկախութեան 25-ամեակին ներկայ ըլլալու:

Սեղանին կեդրոնը, խոշոր կարկանդակի մը վրայ եռագոյն դրօշակ մը կը նկատեմ: Հետաքրքրութենէ մղուած` երբ տոքթորին հարց կու տամ եռագոյնի ներկայութեան պատճառը, տոքթորը հարցումէս զարմացած` կը պատասխանէ.

֊ Լուր չունի՞ս, որ այսօր սեպտեմբեր 21 է: Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը պիտի տօնենք:

Ընթրիքի ընթացքին մեր խօսակցութեան ծիրը ազգային կառոյցներն ու Հայաստանի անցուդարձերն են: Արցախի քառօրեայ պատերազմը եւ անոր հետեւանքները: «Սասնայ Ծռեր»-ու գործողութեան ոչ ժողովրդավար բնոյթը: Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներու լեզուական թերիները: Ճեմարանի նոր տնօրէնուհիի նշանակումը ու ակնկալութիւնները: Պուրճ Համուտի մէջ կառուցուած ազգային նոր վարժարանի առաքելութիւնն ու յաջողելու կարելիութիւնները:

Կարկանդակը կտրելէ առաջ տոքթ. Հարպոյեան կ՛առաջարկէ յոտնկայս «Մեր հայրենիք»-ը երգել: Վրէժ֊Արմէնը իր լուսանկարչական գործիքով կ՛անմահացնէ այդ պահը:

Գաւաթ կը բարձրացնենք Հայաստանի յաւիտենականութեան համար` մաղթելով մօտիկ ապագային գերազանցապէս ժողովրդավար, տնտեսապէս զարգացող, յառաջադէմ երկիր մը ունենալ, ուր ընկերային հաւասարութիւն կը տիրէ, չկան կեղեքողներ եւ կեղեքուողներ, ուր կայ արդարութիւն եւ օրէնքն է, որ կ՛իշխէ, Հայաստան, որ ազատ ու անկախ է` Արցախով եւ Արեւմտահայաստանով:

Պահի լրջութիւնը զիս 50 տարի ետ կը տանի, ու կը մտաբերեմ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան մեր խրախճանքները, քաղաքի մեր հին Ժողովրդային տան մէջ, երբ խրախճանքներու աւարտին` յոտնկայս «Մշակ բանուոր»-ը կ՛երգէինք` վերանորոգելով հայրենիքին ծառայելու մեր ուխտը:

Այս օրերուս արդեօք կարելի՞ է գաղափարական նոյն համոզումները ունեցող, ակադեմական եւ դաստիարակչական նոյնանման ուղիներէ անցած, կուսակցական եւ միութենական լայն գործունէութիւն եւ փորձառութիւն ունեցող, հայկականութեամբ ապրող տասը զոյգ սեղանի մը շուրջ համախմբել, այն ալ` հեռաւոր Մոնրէալի մէջ:

Ի՞նչը մղեց տոքթորը, որ Հայաստանի անկախութեան տօնին առթիւ մեզ սեղանի մը շուրջ համախմբէ: Անկախութեան բերկրա՞նքը, հաւանաբա՛ր: Արցախի ազատագրո՞ւմը, անկասկա՛ծ: Զգացումներ, որոնց համազգային կերպով ըմբոշխնումը դանդաղ կերպով տեղ կը գտնէ մեր ենթագիտակցութեան մէջ:

Յաջորդ առաւօտ Յովհաննէս Մինոյեանին եւ Յարութիւն Պէրպէրեանին հետ սուրճ մը կ՛առնենք: Ներկայ է նաեւ տոքթ. Թասլաքեանը, որ նոյնպէս Մոնրէալ կը գտնուի:

Յովհաննէսը` իրեն յատուկ հիւմուրով, Անթիլիասի «Աղբալեան» կոմիտէութեան շրջանին իր ունեցած գործունէութենէն դրուագներ կը պատմէ, մանաւանդ` լիբանանեան կուսակցութիւններու տեղական պատասխանատուներու մասին:

1975-1976  տարիներուն Յովհաննէսին հետ Անթիլիասի «Աղբալեան» կոմիտէի մաս կազմած ենք, եւ իր ունեցած լայն շրջանակին բերումով իրեն վստահուած էր փաղանգաւորներու եւ ազատականներու հետ յարաբերական աշխատանքը, զոր վարած էր մեծ ձեռնհասութեամբ:

Մեր խօսակցութիւնը կը զարգանայ` հասնելով ազգային կեանքը յուզող ներկայի խնդիրներուն: Յովհաննէսին արտայայտութեան մէջ կը զգացուի կսկիծ մը, որ շուտով դառնութեան կը վերածուի:

Յովհաննէսը եւ Յարութը արտագաղթի պատճառով ՀՅԴ շարքերէն հեռացուած են, եւ այդ մէկը ծանր ազդած է իրենց հոգեվիճակին վրայ, որովհետեւ նման որոշում մը անարդար կը գտնեն:

Այսօր կը մտածեմ, թէ որքանո՛վ իրատես էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի այդ դժուար օրերուն նման որոշում մը կայացնելը, մանաւանդ որ ընկերներէն շատեր ոչ միայն անգործ էին, այլ նաեւ լիբանանահպատակ չըլլալով` առեւանգումի ու ձերբակալման ենթակայ:

Այդ որոշումին վրայէն անցած են աւելի քան 35 տարիներ, ինչ որ պատճառ հանդիսացած է իրենց ազգային կեանքէն լուսանցքայնացման: Սակայն Յովհաննէսն ու Յարութը միշտ հոգիով դաշնակցական կը մնան :

Սուրիահայութիւնը այսօր կը գտնուի նոյն վիճակին մէջ, որուն մէջ էր լիբանանահայութիւնը 35 տարիներ առաջ: Ազգային կազմակերպութիւններ եւ հայրենի իշխանութիւններ ինչո՞ւ կը խարխափեն եւ սուրիահայութիւնը Հայաստան փոխադրելու վճռական որոշում չեն կայացներ, համապատասխան ծրագիր չեն մշակեր` ձգելով,  որ մեր հայրենակիցները ցիրուցան ըլլան Հայաստան, Լիբանան եւ գլխաւորաբար` արեւմտեան երկիրներ, ինչպէս որ եղան Եգիպտոսի, Իրանի ու Իրաքի հայերը:

Ուրբաթ գիշեր վեհափառ հօր գահակալութեան 20-ամեակին առթիւ տրուած ընթրիքի ընթացքին, երբ պահ մը վեհափառ հօր հետ խօսելու առիթ ստեղծուեցաւ, վեհափառը փափաք յայտնեց, որ Մոնրէալ կեցութիւնս չերկարեմ: «Պէյրութ գործ կայ ընելիք», ըսաւ:

Վեհափառին խօսքը պատճառ կ՛ըլլայ, որ խառն մտածումներ սկսին ուղեղիս մէջ տողանցել:

Ինչո՞ւ Պէյրութ: Մոնրէալի մէջ ալ ազգային բեղուն կեանք գոյութիւն ունի: Համալսարանաւարտ երիտասարդութիւնը ներգրաւուած է միութենական կեանքին մէջ: Ժողովուրդը համախմբուած է եկեղեցւոյ եւ դպրոցին շուրջ: Այստեղ մարդիկ համեստ են ու պարզ: Դասակարգեր կարծէք չկան: Ազգայիններ մնայուն կերպով Հայ կեդրոն կ՛այցելեն ու սիրայօժար կը ծառայեն ակումբին, դպրոցին ու եկեղեցւոյ:

Սակայն այս կացութիւնը որքան կրնա՞յ գոյատեւել միջավայրի մը մէջ, ուր խառն ամուսնութիւններու համեմատութիւնը մեծ է, ուր միայն հայկականութեամբ ապրիլը ցեղապաշտութիւն կը նկատուի, ուր կենցաղային տարօրինակութիւնները ազատամտութիւն կը համարուին:

Միթէ Պէյրութը տարբե՞ր է: Հոն ալ երիտասադրութիւնը, մանաւանդ ուսանող տարրը կ՛արտագաղթէ: Ինքնաբաւ ընտանիքներ իրենց զաւակները տեղական դպրոցներ կ՛ուղարկեն: Նորաբաց ազգային վարժարանը պիտի կարենա՞յ ցարդ փակուած տասնեակ մը դպրոցները փոխարինել: Խառն ամուսնութիւններու համեմատութիւնը նկատառելի տոկոս մը կը կազմէ: Ըստ պետական վիճակագրական գրասենեակի տուեալներուն, հայ համայնքը Լիբանանի քրիստոնեայ միւս համայնքներու նման` ծերացող փոքրամասնութիւններու շարքին դասուած է: Հայ համայնքի Լիբանանի սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւունքները արդեօք հայապահպանման բաւարար երաշխիքնե՞ր են:

Եթէ տակաւին լիբանանահայ գաղութը իր եկեղեցական, կրթական, միութենական եւ կուսակցական կառոյցներով ցարդ կը համարուի սփիւռքահայութեան կեդրոնը, որ պիտի բաւարարէ նաեւ սփիւռքի մեր միւս գաղութներուն պահանջներն ալ, կանխատեսելով մեր առջեւ ծառացող համազգային յառաջիկայ մարտահրաւէրները, արդեօք ժամանա՞կը չէ վերաբիւրեղացնելու մեր քաղաքական աշխարհահայեացքը, արդիականացնելու մեր հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կազմակերպական կառոյցն ու գործընթացը` հիմք ունենալով ժողովրդավարութեան աւելի լայն հասկացողութիւն:

Վերաթարմացնել երիտասարդական շարքերը` ներգրաւելով ակադեմական, իմացական, կազմակերպական պատրաստութեամբ տարրեր, կարենալ արհեստավարժ անձնակազմերով օժտելու մեր կառոյցները:

Վեհափառը ճի՛շդ կ՛ըսէ: Պէյրութ գործ կայ կատարելիք:

Ժանը եւ Արտեմիսը վերադարձած են Հայաստանէն եւ ուրախութեամբ ու մանրամասնօրէն կը պատմեն իրենց այցելած վայրերուն մասին, մանաւանդ` մշակութային եւ գեղարուեստական ձեռնարկներուն մասին, հարց տալով, որ ինչո՞ւ չենք երթար Հայաստան հաստատուելու: Մտածում, որ երկու տարի առաջ ես ալ ունեցած էի, երբ 2014 մայիսին Երեւան կը գտնուէի Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովին առիթով: Օրին այդ մտածումը համարած էի արդիւնք` Երեւանի մշակութաբոյր եւ գերազանցապէս հայկականութեամբ լեցուն մթնոլորտին առթած խանդավառութեան:

Այժմ կը մտածեմ, որ ինչո՞ւ պէյրութաբնակ եւ ամերիկաբնակ ընկերներս, որոնք անձնական յարկաբաժիններ ալ ունին Երեւանի մէջ, չեն երթար հոն հաստատուելու: Ինչո՞ւ Հայաստան հաստատուած ընկերներ մի քանի մը տարի հոն ապրելէ ետք կը վերադառնան սփիւռքեան իրենց երկիրները: Ինչո՞ւ Հայաստանէն արտագաղթը այսքան մեծ ծաւալներ ստացած է, որուն առաջքը ազգովին չենք կրնար առնել: Վերադարձողներու պարագային, արդեօ՞ք պատճառը լեզուական է, մանաւանդ` ռուսերէն եւ լատիներէն բառերու սանձարձակ գործածութիւնը առօրեայ խօսակցական լեզուին մէջ, մամուլի էջերէն, նոյնիսկ ցուցատախտակներու ծանուցումներու վրայ, որ սփիւռքէն գացողին մօտ յարաբերութեան դժուարութիւն կը ստեղծէ, թէ՞ մարդկային արժէքներու գծով սփիւռքահայու մեր ըմբռնումները կը բախին 70 տարի խորհրդային ընկերութեան մէջ հասակ առած ու կեանքի նկատմամբ առարկայական այլ արժէքներով առաջնորդուող քաղաքացիի ըմբռնումներուն: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» հասկացողութիւնը իրականութիւն պիտի դառնայ եւ կարելի պիտի ըլլայ կերտել ազգային արժէքներով տոգորուած նորօրեայ հայը:

Յաջորդ չորեքշաբթի երեկոյ, Մոնրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Ուինիփեկի Մարդկային իրաւանց թանգարանի կազմակերպութեամբ ցուցադրուեցաւ Արմին Վակների` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնը:

Ցուցադրութենէն ետք Ցեղասպանութեան մասին խօսեցան թանգարանի մասնագէտներ, իսկ ժապաւէնին մասին` դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը: Արսինէն, որ յուլիսին, երբ Հայաստան էր, հրապարակաւ անյարմար խօսքեր ըսաւ Դաշնակցութեան հասցէին:

– «Սասնայ Ծռեր»-ը ոճիր կը գործէ, մեղաւոր է Դաշնակցութիւն:

Այդ օրէն սկսեալ ընկերային ցանցերու եւ Դիմատետրի էջերուն վրայ Դաշնակցութեան մասին շատ բան կը գրուի: Ոմանք կը դատապարտեն Դաշնակցութեան ներհայաստանեան այժմու քաղաքականութիւնը, իսկ ուրիշներ կ՛ակնկալեն հայ քաղաքական ղեկավարի տիպարը տեսնել ընկ. Հրայր Մարուխեանի օրինակով` նշելով անոր արժանիքներն ու կարողութիւնները:

Դիմատետրի էջերէն մէկը կը ներկայացնէ ընկ.  Մարուխեանի ճառերէն մէկուն կարճ տեսերիզը, որ ցոյց կու տայ ընկ. Մարուխեանի սա խօսքին կենդանի կատարումը. «Ելլելով այն մտահոգութենէն, որ հայրենիքը ճգնաժամի մէջ է եւ շատ վտանգաւոր ճգնաժամի մէջ է: Ելլելով այն իրողութենէն, որ ներկայ պայմաններու մէջ իշխանութիւնները իրենք իրենց մէջ կծկուած ու իրենց աթոռները ձեռքէ չտալու տագնապի մէջ չեն տեսներ, որ այս ընթացքով եւ իրենք պիտի մխրճուին, ե՛ւ մեր ժողովուրդը պիտի մխրճեն ծանր վիճակի…, այս բոլորով հանդերձ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յայտարարած է, նաեւ յայտարարում է այսօր, որ իր ամբողջ կարելիութիւններով ինքն իրեն դնում է Հայաստանի իշխանութիւնների տրամադրութեան տակ, բայց ոչ թէ` իշխանութիւնների գրպանի մէջ»:

Վերանկախացած Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները միշտ ալ փորձած են Դաշնակցութիւնը տեսնել եւ ունենալ իրենց հետեւորդի վիճակին մէջ:

Նորանշանակ վարչապետին դաշնակցական նախարարներու հետ յարաբերելու եղանակն ու ոճը, ինչպէս նաեւ Արծուիկ Մինասեանին նման մասնագէտի մը տնտեսական նախարարի պաշտօնէն հեռացնելու քայլը այդ միտումով պէտք չէ դիտե՞լ արդեօք:

Սակայն մեկնելով հայ ազգի գերագոյն շահերէն` Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ունեցած է քաղաքական ի՛ր ուրոյն ռազմավարութիւնը եւ տնտեսական նախարարութեան գծով կատարած զիջումը պէտք չէ երբեք տեղատուութիւն կամ տկարութիւն նկատել, այլ լայնախոհութիւն եւ բարի կամեցողութիւն` երկիրը ներքաղաքական եւ ապահովական ճգնաժամէ դուրս բերելու ու քաղաքական խլրտումներէ զերծ կացուցելու, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի դիմագիծը յաչս ազատ աշխարհին բարձր պահելու:

Կարէն Կարապետեանի Հայաստանի տնտեսական վերականգնումը միայն օտար ներդրումներու մէջ տեսնելը տնտեսական ճի՞շդ քաղաքականութիւն է: Արդեօք Հայաստանի տագնապը միայն տնտեսակա՞ն է, ընկերային, կազմակերպական, վարչական, իրաւական եւ այլ հարցեր չկա՞ն: Օտար դրամագլուխներու ներգրաւումը տնտեսական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ այլ տեսակի զիջումներ եւ ենթակայութիւններ չ՛ե՞նթադրեր արդեօք, դէպի այն երկիրները, ուրկէ կու գան անոնք: Ներդրումներու գծով յատուկ օրէնքներ կամ նախագահական հրամանագրեր կա՞ն, որոնք կ՛ապահովեն Հայաստանի ելեւմտական համակարգը եւ տարածքային հաւասարակշռութիւնը: Ներդրումները արդեօք նոր մենաշնորհներ պիտի չստեղծե՞ն: Վարչապետը Հայաստանի վերականգնման համար ինչո՞ւ համապարփակ ծրագիր չմշակեց, ինչպէս 1929-ի Միացեալ Նահանգների տնտեսական տագնապի օրերուն նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթը ըրաւ` մշակելով  Նիու Տիլ-ը:

Կառավարութեան ծրագրի գծով, բացի խորհրդարանական ընդդիմութենէն, քաղաքացիական հասարակութիւնը ինչո՞ւ լուռ մնաց ու չարձագանգեց:

Այդ առաւօտ Մոնրէալի երկինքը շատ պայծառ ըլլալուն` արթնցայ ուրախ տրամադրութեամբ շրթներուս «Մեր Հայրենիք»-ը, վերապրելով տոքթ. Հարպոյեանի տան յիշատակելի երեկոն եւ ներկայութիւնը այն ընկերներուն, որոնք բարձր տրամադրութեամբ ու Հայաստանի փայլուն ապագայով յուսադրուած բաժնուեցան:

Սակայն չեմ գիտեր` ներքին ի՞նչ մղումով քայլերգին երրորդ եւ չորրորդ բառերը արտասանեցի «թշուառ, անտէր»` «ազատ, անկախ» ըսելու փոխարէն: Սարսուռ մը անցաւ մէջէս եւ մղեց զիս մտքով յետադարձ ակնարկ մը նետել Հայաստանի անցեալ 25 տարիներու ներքաղաքական կեանքին եւ արժեւորելու հայրենիքին անցած ուղին: Հետեւեալ պատկերներն են, որ տողանցեցին մտքիս մէջ:

– Լեւոն Տէր Պետրոսեանի տխրահռչակ ելոյթը, Երեւանի պետական հեռատեսիլէն` արգիլելով Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի կայացումը հայրենիքի մէջ եւ ընկ. Հրայրին արտաքսումը Հայաստանէն:

– Դաշնակցութեան գործունէութեան արգիլումը Հայաստանի մէջ եւ ընկ. Վահան Յովհաննէսեանին ու իր ընկերներուն ձերբակալումը եւ անոնց երկարատեւ դատավարութիւնը ճաղերուն ետեւ նստած:

– Պետական գոյքի, հանքավայրերու, ճարտարապետական հաստատութիւններու, զբօսաշրջային կեդրոններու, պետական շէնքերու եւ այլ կառոյցներու սեփականաշնորհումը, չըսելու համար` կողոպուտը:

– Արցախի ազատագրական մարտերը:

– Թուրքիոյ հետ սահմաններ բանալու միտումով հողային եւ քաղաքական զիջումներ կատարելու պատրաստակամութիւնը:

– 1997-ի յեղաշրջումը եւ զրահապատ կառքերու ներկայութիւնը Երեւանի հրապարակներուն վրայ:

– 1999 հոկտեմբեր 27-ի սպանդը խորհրդարանէն ներս:

– Արցախի կարգավիճակի շուրջ երկարատեւ բանակցութիւնները, Քի Ուէսթ եւ յաջորդող փուլեր:

– Մարտ 1-ի դէպքեր եւ սպանութիւններ:

– Ֆութպոլային քաղաքականութիւնը եւ տխրահռչակ փրոթոգոլներու ստորագրումը Ցիւրիխի մէջ:

– Սփիւռքեան զանգուածներու բողոքի ցոյցերը հայահոծ գաղութներէն ներս եւ նախագահի հանդիպումները:

– Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին:

– Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւնները եւ յանկարծ ԵՏՄ-ի երկիրներու անդամակցութեան դաշինքի ստորագրումը:

– Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէն:

– Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը:

– «Սասնայ Ծռեր» խումբին գործողութիւնները:

– Քաղաքական սպանութիւններու եւ մահափորձերու երկար շարք մը` սկսեալ Արթուր Մկրտիչեանէն, անցնելով Տիգրան Նաղդալեանէն եւ հասնելով Արկադի Ղուկասեանին:

– Արտագաղթի վարակիչ եւ մտահոգիչ ծաւալները:

– Անհակակշռելի եւ թոյլատրուած «կոռուպցիա»-ն:

– Խարխափող արտաքին քաղաքականութիւնը:

– Խայտաբղէտ կուսակցութիւններու խճանկար մը: (ՀՀԿ վերջին համագումարը լաւագոյն ցուցանիշ):

– Կրաւորական մտաւորականութիւն եւ արուեստի գործիչներ:

Սոյն դիպաշարը, բացի Արցախի ազատագրումէն եւ ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումէն, ցաւալի եւ ծանրակշիռ դէպքերու շարան մըն է, որ փապուղիի մը մուտքի վաղորդայնին գտնուելու զգացումը կը թողու վրաս, հեռու` յուսադրիչ ու պայծառ ապագայի մը հեռանկարը յուշելէ, որ ներաշխարհս կը դարձնէ ամպամած:

Մտքով կը թեւածեմ յունական ծովափի ՀՅԴ 24֊րդ Ընդհանուր ժողովի ժողովասրահը, ու կը տեսնեմ պայծառ դէմքերը Հրայր Մարուխեանին, Հրաչ Տասնապետեանին, Բաբգէն Փափազեանին եւ նուիրեալ այլ ընկերներու, որոնց մղումով  «Դէպի Երկիր» կարգախօսը որոշման կարգ անցաւ:

Որոշում, որ ոչ միայն ոգեւորեց սփիւռքահայ զանգուածները, այլեւ մղեց շատերը` Հայաստան հաստատուիլ:

Եթէ Հայաստանի առաջին նախագահը չխոչընդոտեր Դաշնակցութեան վերընձիւղումը Հայաստանի մէջ ու Դաշնակցութեան ու անոր ղեկավար տարրին մօտ փոխանակ մրցակիցը տեսնելու` պատկերակցնէր գործակիցը ու ազգային քաղաքականութեան յստակ ռազմավարութեան տէր կազմակերպութիւնը, վստահաբար այսօր պիտի ունենայինք աւելի ապահով, ընկերատնտեսականօրէն աւելի բարգաւաճ ու տարածաշրջանէն ներս իր աշխարհաքաղաքական տեղն ու դերը ունեցող Հայաստան:

Մեղաւո՞ր է Դաշնակցութիւն:

Դաշնակցութիւնը ընելիք ունի:

Դեկտեմբեր 2016, Մոնրէալ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>