2016 տարին չբոլորած, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի աշակերտութիւնը գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` Կաղանդի ու Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առթիւ:
Ներկայ էին գիւղին հոգեւոր պետերն ու ազգային երեսփոխանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» ու «Արամ» կոմիտէներու, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ու տիկնանց միութեան, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարանին խնամակալութիւնը, տնօրէնը, ծնողներ ու հարազատներ:
Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանէն Ալիք Սթամպուլեան, որ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց բեմին վրայ մատուցուելիք աշակերտական գեղարուեստական յայտագիրին վրայ, որուն ընդմէջէն «գունագեղ երանգներու միաձուլումով պիտի հնչեն հայ երգն ու երաժշտութիւնը` հասնելով մինչեւ հայրենիք, մանաւանդ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ապրող հայրենակիցին, որ իր յամառ պայքարով կը գոյատեւէ ու կը յաղթահարէ թշնամիին անխնայ ու անտեղի յարձակումներուն»:
Ա. Սթամպուլեան, շնորհաւորելով Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, կարեւոր նկատեց գիւղին ճակատը գտնուող այս ամրակուռ կառոյցը, որ կը հանդիսանայ վարժարանին յենարաններէն մէկը: Ապա Նոր տարուան բարեմաղթութիւններ ուղղեց ներկաներուն ու յատկապէս վարժարանի բարերարներուն, որոնց նիւթական ներդրումով վարժարանը իր յաղթական երթը կը շարունակէ կրթական իր առաքելութեան ընդմէջէն. «Տայ Աստուած, որ վարժարանս մնայուն հպարտանք ու ներշնչարան դառնայ ո՛չ միայն իր 75-ամեայ երթով, այլ նաեւ` գալիք բոլոր տարիներուն»:
Օրուան հաղորդավարներ` ԺԱ. դասարանէն Բալիկ Գաբրիէլեան եւ Շանթ Փալազեան մերթ ընդ մերթ կատարած ելոյթներով յատուկ փայլք տուին գեղարուեստական մատուցումին` ներկաներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած պահելով բեմին վրայ:
Յայտագիրը ընթացք առաւ նախակրթարանի Դ.-Զ. երգչախումբի` ամանորեան երգերու մատուցմամբ, խմբավարութեամբ` վարժարանի երգի դասատու Նայիրի Հապէշեանի: Ապա, Ա.-Բ. դասարաններու պարախումբը (պարուսոյց Ժիրայր Քէչէճեան) հանդէս եկաւ «Թամուր աղա» պարով, Գ.-Դ. պարախումբը` հայկական ժողովրդական պարով, իսկ Ե.-Զ.` արաբական «Տալունա» պարով:
Օրուան պատգամաբերն էր Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան, որ այդ պահը նկատեց «հարազատ, քանզի դպրոց ու եկեղեցի իրարու թիկունք կանգնած` Յիսուսի ծննդեան աւետիսը կը փոխանցեն հանրութեան, մեր իրականութեան մէջ կրկնուած իբրեւ երեւոյթ»:
Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ, տէր Միւռոն յոյս յայտնեց, որ Պօղոս առաքեալին նման հայ ժողովուրդը ուժեղ անհատականութեամբ ու հաստատ կամքով պայքարի ու գոյատեւէ` իր եկեղեցիով ու վարժարանով:
Ան իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ բարեմաղթութեամբ. «Կաղանդի ու Սուրբ Ծննդեան ճոխ տօներուն` ճոխ սեղաններու կողքին չմոռնալ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի յոյսէն ու Բեթղեհէմէն սփռուած յաւիտենական լոյսէն աւիշ առնելու»:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Ա.-Գ. երգչախումբի տօնական երգերու մատուցմամբ, որմէ ետք աշակերտական նուագախումբը ներկայացուց երեք երգ` «Սանթա Քլոզ իզ քամինկ թու թաուն», «Մէրի Քրիսմըս էրիուան», «Հալէլուիա»:
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Թ.-ԺԱ. եւ Է.-Ը. պարախումբերու յաջորդաբար ներկայացուցած «Սալսա» եւ հայկական ժողովրդական պարերով:
Ներկաները իրենց ծափողջոյններով բարձր գնահատեցին աշակերտական տաղանդներն ու քուլիսային աշխատանքները եւ սրահէն մեկնեցան տօնական խորհուրդը տանելով իրենց հետ: