Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Յայտագիրներ

$
0
0

IMG_8728

2016-ին Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը (ՃՅՁ) արժանավայել կերպով նշեց Լիբանանի մէջ իր գործունէութեան 50-ամեակը: 50 տարուան ծառայութիւնը իր անջնջելի դրոշմը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ: Այդ գործունէութեան մէջ իրենց օժանդակ ներդրումը ունեցած են նաեւ նուիրատու անհատներ, որոնք հաւատացած են կառոյցին դերակատարութեան կարեւորութեան:

Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներէն Լիւսի Ճանճիկեան`գիտակցելով Ճինիշեան հաստատութեան նիւթական դժուարութիւններուն, նաեւ կարիքաւորներուն անսահման պէտքերուն, յատկացուց գումար մը, որ ծառայեց յատուկ կարիքներու յայտագիրներու գործադրութեան` մեծ գոհունակութիւն պատճառելով աւելի քան 96 անհատներու, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքներուն եւ շրջապատին:

Քաղցկեղէ տառապող կիներու Նոր տարուան
եւ Ս. Ծննդեան հաւաք

SAM_3508-r

Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին Ճինիշեան հաստատութեան «Քիւրքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր մը` ներկայութեամբ քաղցկեղէ տառապող 15 կիներու, որոնք կը պայքարին յաղթահարելու այս հիւանդութիւնը`  իրենց բժշկական ծախսերու օժանդակող Ճինիշեան հաստատութեան նեցուկով:

Ընկերային ծառայող Անի Ազնաւուրեան բարի գալուստի խօսքով անդրադարձաւ Ճինիշեանի 50-ամեայ գործունէութեան եւ շեշտեց, որ հաստատութիւնը պատրաստ է նեցուկ կանգնելու եւ օժանդակելու կարիքաւոր հիւանդներուն, ներառեալ քաղցկեղէ տառապողներուն` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով  բոլորին մաղթելով ուրախութիւն եւ առողջութիւն:

Հիւանդապահ Անժել Մելքոնեան ներկաներուն փոխանցեց օգտակար գիտելիքներ քաղցկեղ հիւանդութեան յառաջացման պատճառ դարձող ուտելիքներուն եւ ապրելակերպին մասին ու զգուշացուց ներկաները աղի, շաքարի եւ ճարպերու չափազանց գործածութենէն եւ թելադրեց մարզանք ընել: Ան նաեւ խօսեցաւ կանուխ ախտաճանաչման եւ դարմանումի միջոցներուն մասին ու խրախուսեց ներկաները` անոնց յոյս ներշնչելով եւ հաստատելով, որ աղօթքով եւ Աստուծոյ զօրութեան վստահելով կրնանք յաղթել այս հիւանդութիւնը:

Յայտագիրի աւարտին Կարինէ  Անդրանիկեան մթնոլորտը ճոխացուց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգերով. կարկանդակի հիւրասիրութեան զուգահեռ ներկաներուն բաժնուեցան նուէրներ եւ գումար մը` տրամադրուած նուիրատուին կողմէ:

Ֆիզիքական եւ հոգեկան պարագաներ ունեցողներու
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յայտագիր

Երեքշաբթի, 20դեկտեմբեր 2016-ին«Արարատ փալաս»-ի մեջ տեղի ունեցաւ յատուկ տօնակատարութիւն` ֆիզիքական եւ հոգեկան յատուկ պարագայ եղող 36 անձերու, որոնք հաւաքուեցան միասնաբար տօնելու Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը:

Այս տօնակատարութեան օժանդակեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանները, որոնք ընկերային ծառայողին հետ միասնաբար այցելեցին տուները եւ օգնեցին, որ յատուկ պարագաները կարենան տեղափոխուիլ իրենց համար տրամադրուած փոխադրակառքերու միջոցով:

Ընկերային ծառայող  Սեւան Իշխան բարի գալուստի խօսքով շնորհաւորեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուին, որ պատճառ դարձաւ տուեալ անձերու ուրախութեան: Ան հրաւիրեց Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը, որպէսզի փոխանցէ իր սրտի խօսքը: Տէր Ղեւոնդ ըսաւ, որ Քրիստոսի Ծնունդը լուսաւորեց մեր կեանքը, եւ Անոր Ծնունդով ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւեց աշխարհին:

Գեղարուեստական յայտագիրին կամաւորաբար  մասնակցեցան սիրուած երգիչ Արարատ Ահարոնեան` երգեհոնի վրայ Շանթ Տիշչեքենեանի ընկերակցութեամբ, անոնք ճոխացուցին մթնոլորտը հայկական սիրուած երգերով, իսկ խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ գալուստով Կաղանդ պապուկին, որ նուէրներ բաժնեց բոլորին:

Արեան ճնշումը չափող սարքերու բաշխում

IMG_9177

Չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2016-ին «Քիւրքճեան» սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ ընկերային ծանր կացութիւն դիմագրաւող եւ արեան գերճնշումէ տառապող 30 անհատներու արեան ճնշումը չափող սարքերու բաշխման ձեռնարկ մը:

Նուէրներու բաշխումին նախորդեց տեսասահիկներու ընկերակցութեամբ դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց տոքթ. Էլի Թաշճեան: Ան համառօտ կերպով բացատրութիւն տուաւ արեան գերճնշման պատճառներուն, ախտանշաններուն,բուժման եւ արտակարգ իրավիճակներու պարագային որդեգրուելիք ձեւերուն մասին:

Նուէրներու բաշխումին զուգընթաց իւրաքանչիւրին բացատրութիւն տրուեցաւ սարքի գործածման ձեւի մասին: Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով կարկանդակի հատումէն ետք բաժնին դեղագործ պատասխանատու Նանոր Թաշճեանի հոգեւոր ընթերցումով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:

Օժանդակութիւն` ընկերային դժուար
պայմաններ ունեցող ընտանիքներու

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով  ընտրուեցան նիւթական եւ ընկերային դժուար պայմաններու մէջ գտնուող 15 ընտանիքներ, որոնց կատարուած նուիրատուութեամբ մը կարելի եղաւ օժանդակել յաղթահարելու թէ՛ նիւթական, եւ թէ ընկերային արգելքները, ունենալով Նոր տարուան կամ Ծննդեան յատուկ ճաշասեղան, որուն շուրջ ընտանեկան կապերը զօրացնող մթնոլորտը աւելի քան գոհացուցիչ եւ կարեւոր է: Մինչ շատեր զրկուած եւ լքուած կը զգան, այս ընտանիքները կարողացան ճաշասեղանի շուրջ հաւաքուիլ որպէս ընտանիք, միասնաբար դիմաւորելու Տէր Յիսուսի Ծնունդը:

Այս ընտանիքները խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին Ճինիշեան հաստատութեան եւ նուիրատուին ու ընկերային ծառայող Լիւսի Խաչատուրեանին, որ սերտօրէն կը հետեւի իրենց եւ կը փոխանցէ պէտք եղած ցուցմունքներ ու խորհրդատուութիւն` դիմագրաւելու իրենց դժուար պայմանները:

Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը իր տարբեր ծրագիրներով կը փորձէ դառնալ խրախուսիչ ուժ եւ նեցուկ, որպէսզի ընկերային եւ տնտեսական անցուկ պայմաններու մէջ ապրողները կարենան աւելի մեծ յոյսով եւ ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան շունչով յաղթահարել իրենց դժուարութիւնները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>