Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Եւ Չայքովսկիի Անուան Երաժշտական Դպրոցին
Այս օրերուն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, արժանթինահայ բարերար Յովսէփ Թահթայի ֆինանսաւորումով սըրվըր եւ 5 համակարգիչ նուիրած է Հայաստանի Ազգային գրադարանին: Ձեռք բերուած սարքաւորումները պիտի համալրուին գրադարանի թեքնիք համակարգը, պիտի աւելնան գրադարանին մէջ տպագիր տեղեկատուութեան թուայնացման ու պահպանման կարելիութիւնները:
«Անցեալ տարի, երբ պարոն Թահթան այցելեց գրադարան, մեծ յուզմունք ապրեցաւ` տեսնելով, որ հրապարակուող պարբերականներէն մէկը Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող այն թերթն էր, որ իր մանկութեան տարիներուն հայրը կը կարդար տան մէջ: Մեր հայրենակիցը որոշեց շարունակել 2013-ի իր գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը, որուն շրջանակներուն մէջ գրադարանին նուիրած էր անհրաժեշտ` սըրվըր, լայնաֆորմաթ սքենըր եւ «15 համակարգիչ», յայտնած է Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան` տեղեկացնելով, որ նուիրուած սարքաւորման շնորհիւ այսօր 2 միլիոն մամուլի էջ, 6650 վերնագիր գիրք, 1,7 միլիոն էջ առցանց հասանելի է հասարակութեան լայն շերտերուն:
Ներկայիս բարերարին հովանաւորութեամբ հիմնադրամը մանկապարտէզ կը կառուցէ Արցախի Նորագիւղ համայնքին մէջ, Ասկերանի շրջան:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի իր տեղական մարմիններու ֆինանսաւորմամբ, մէկ «Էսթոնիա ռոյալ» եւ ինը «Փեթրոֆ» դաշնակ նուիրած է Երեւանի Չայքովսկիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցին:
«Դաշնակի դասերը մեր սաներու երաժշտական գիտելիքներու հիմքն են, անկախ, թէ ի՛նչ գործիքի վրայ կը մասնագիտանան անոնք, եւ բարերարներու այս նուէրը վստահաբար որակական փոփոխութիւն պիտի բերէ ուսման գործընթացին մէջ: Յիշեցնենք, որ 25 դաշնակի կարիքը ունինք», ըսած է դպրոցի տնօրէն Մարտուն Կոստանդեանը:
Դպրոցը, որ այսօր նորովի կը ներկայանայ մեր քաղաքին, վերանորոգուած եւ արդիականացուած է հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի տեղական մարմինին ջանքերով (2015-2016 թուականներուն): Լայնածաւալ աշխատանքներուն շնորհիւ` կրթօճախի մօտաւորապէս 600 աշակերտներ ձեռք բերած են յարմարաւէտ պայմաններ` թէ՛ երաժշտական եւ թէ՛ հանրակրթական կրթութեան համար:
«Տաշիր» Հիմնադրամը 4000 Տոլար Պիտի Յատկացնէ 2016-ին Ծնած` Արցախի Ընտանիքներու Չորրորդ Փոքրիկներուն
«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 2016-ին Արցախի ընտանիքներուն մէջ ծնած չորրորդ փոքրիկներուն պիտի յատկացնէ 4000-ական տոլար: Այս մասին, ըստ «Արցախփրես»-ին, Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ յայտարարած է վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան:
Գործադիր իշխանութեան ղեկավարը շարք մը գիւղերու մէջ շնորհաւորած է 2016-ին ծնած փոքրիկներուն ընտանիքները, իսկ Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ յայտարարած է, որ յունուար 20-ին «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 4000-ական տոլար պիտի յատկացնէ 2016-ի ընթացքին Արցախի ընտանիքներուն մէջ ծնած չորրորդ փոքրիկներուն:
Վարչապետը աւելցուցած է, որ Սամուէլ Կարապետեանի այս ծրագիրը ուժի մէջ պիտի ըլլայ 3 տարի շարունակ: Այսինքն այն ընտանիքները, որոնք 2016-2018 տարիներուն ընթացքին ունենան իրենց չորրորդ բալիկները, «Տաշիր» հիմնադրամին կողմէ պիտի ստանան նշեալ գումարը:
2016-ին «Զուարթնոց»-ի Ուղեւորահոսքը Աւելցած Է 12 Տոկոս
2016 թուականին, 2015 թուականին հետ բաղդատելով, Հայաստանի օդակայաններուն մէջ արձանագրուած է ուղեւորահոսքի 10,4 տոկոսի աճ կամ ուղեւորահոսքի տարբերութիւնը կազմած է շուրջ 200 հազար հոգի:
2016 թուականի յունուար-դեկտեմբեր ամիսներուն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 2 միլիոն 105 հազար 540 հոգի` նախորդ տարուան ուղեւորահոսքը գերազանցելով 12 տոկոսով:
Ինչպէս կը նախատեսուէր, 2016 թուականին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը հատած է 2 միլիոնի շեմը` 1992 թուականէն ի վեր արձանագրելով բարձրագոյն ցուցանիշը:
2016 թուականին Երեւանէն մեկնած է 1միլիոն 48 հազար 153 ուղեւոր եւ եկած է 1 միլիոն 57 հազար 387, իսկ 2015 թուականին մեկնածներուն թիւը կազմած է 944 հազար 373 ուղեւոր, եկածներունը` 935 հազար 294:
2016 թուականին Հայաստան եկող ուղեւորներուն թիւը մօտաւորապէս 8500-ով աւելի է մեկնողներուն թիւէն:
Դեկտեմբերին այս թիւը եղած է 189 հազար 18 հոգի` արձանագրելով 23,4 տոկոսի աճ` նախորդ տարուան հետ բաղդատելով:
«Զուարթնոց»-ի մէջ 2016-ին բեռնափոխադրումը կազմած է 18 հազար 269 թոն ապրանք, որ 80,4 տոկոս աւելի է, քան` 2015 թուականին:
Նախորդ տարի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ կատարուած է 9266 թռիչք-վայրէջք` արձանագրելով 2,8 տոկոս աճ, նախորդ տարուան ցուցանիշներուն համեմատ:
Ութ ամսուան դադարէ ետք վերստին գործելու սկսած Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ 2016 թուականի ուղեւորահոսքը կազմած է 12 հազար 421 ուղեւոր, բեռնափոխադրումը` 4,2 թոն ապրանք: 2016 թուականի դեկտեմբերին ճամբորդներու հոսքը կազմած է 2557 հոգի:
Յունիսին Տեղի Պիտի Ունենայ «Քեզ Համար, Ղարաբա՛ղ» Մեծ Փառատօնը
Այս տարուան յունիսին նախատեսուած է իրականացնել «Քեզ համար, Ղարաբա՛ղ» մեծ փառատօնը: 13 յունուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին ըսած է սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան:
Անոր համաձայն, «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար» շարժման ծիրին մէջ Գերմանիոյ Պատեն-Վիւրթեմպերկ քաղաքի հայ համայնքը, հոգեւոր առաջնորդ Տիրատուր Սարդարեանի գլխաւորութեամբ, 25 թոն մարդասիրական բեռ հաւաքած է` մթերք, հագուստ, գրասենեակային ապրանքներ, որոնք պիտի հասցուին Լեռնային Ղարաբաղ:
«Շարժման տարածումը մեզի հիմք տուած է 2017 թուականը Ղարաբաղի տարի յայտարարելու: Ընթացիկ տարուան յունիսին մենք կը նախատեսենք իրականացնել «Քեզ համար, Ղարաբաղ» մեծ փառատօն մը, որուն ծիրին մէջ ելոյթ պիտի ունենան սփիւռքէն եկած խումբեր», նշած է Սրապիոնեան:
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»-ի Ցուցակով` Երեւանը Աշխարհի Ամէնէն Համեղ Ուտելիք Առաջարկող Քաղաքներէն
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք» ամսագիրը ներկայացուցած է աշխարհի վեց քաղաքները, ուր անսպասելիօրէն կարելի է համեղ ուտելիք գտնել: Ասիական երկիրներէն այդ ցանկին մէջ ներառուած է Երեւանը:
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»-ի լրագրող Նենսի Քափթոն Երեւանի մէջ այցելած է շարք մը ճաշարաններ եւ սրճարաններ: Ան Հայաստանի մայրաքաղաքը կը ներկայացնէ որպէս ծաղկող քաղաք` մատնանշելով բնական գեղեցկութիւնը, մշակոյթը եւ արագ զարգացող զբօսաշրջութիւնը: Օրը համեղ ուտելիքով սկսելու համար հեղինակը խորհուրդ կու տայ ընտրել Շարլ Ազնաւուրի հրապարակը` որպէս կեդրոնական կէտ եւ ամէն ինչի սկսիլ ճիշդ այդ վայրէն:
«Նախաճաշը կարելի է սկսիլ երեւանեան գեղեցիկ սրճարաններէն մէկուն մէջ: Ձեզի հետ կրնաք ունենալ Երեւանի ուղեցոյց կամ որոշ գրքոյկներ` ճամբաներու ճիշդ կողմնորոշման համար», յայտնած է «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»: Առաւօտեան նախաճաշէն եւ զբօսանքէն ետք հեղինակը խորհուրդ կու տայ ուտել խինկալի, հակառակ անոր որ անիկա վրացական ազգային կերակրատեսակ է:
«Օրը կարելի է եզրափակել երեւանեան ճաշարաններէն մէկուն մէջ` համեղ ընթրիքով մը: Այստեղ կան հայկական աւանդական ուտեստեղէն մատուցող գեղեցիկ ճաշարաններ, ուր կարելի է շատ համով ճաշեր համտեսել», նշած է հեղինակը:
Երեւանէն բացի, ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ այլ քաղաքներ` Պուտափեշտ (Հունգարիա), Տիթրոյիթ (Միացեալ Նահանգներ), Սանթիակօ (Չիլի), Տաքար (Սենեկալ) եւ Ուելինկթըն (Նիւ Զելանտա):
Տի Քափրիոյի Նուիրած Գումարով Լոռիի Մէջ Պիտի Կառուցուի Աշխարհի Եզակի Սմարթ Կեդրոն
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամ»-ի (COAF) տարեկան դրամահաւաք-երեկոյթին նշանաւոր դերասան, օսքարակիր Լիոնարտօ Տի- Քափրիոյի կողմէ նուիրուած 65 հազար տոլարը պիտի ծառայէ Լոռիի մարզին մէջ նոր եւ աշխարհի մէջ եզակի Սմարթ կեդրոնի ստեղծման:
«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի քարոզչութեան գծով համակարգող Յասմիկ Սարգսեան ըսած է, որ կեդրոնը կրթական հանգոյց պիտի ըլլայ, ուր ո՛չ պաշտօնական արտադասարանային եւ մասնագիտական վերապատրաստման ծրագիրներու միջոցով մարդիկ կարելիութիւն պիտի ունենան ինքնադրսեւորուելու իրենց համայնքին մէջ եւ զարգացնելու զայն: «Կեդրոնի բացումը տեղի կ՛ունենայ 2017 թուականի աշնան: Անիկա պիտի ծառայէ շրջակայ 25-էն 30 համայնքներուն», ըսած է ան` աւելցնելով, որ դեկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած դրամահաւաք-երեկոյթին հանգանակուած ամբողջ հասոյթը` 3,1 միլիոն տոլարը, պիտի ծառայէ հիմնադրամի տարբեր ծրագիրներու իրականացման:
«Տի Քափրիոյի հանգանակած գումարը, որ աւելի կանուխ հանգանակուած է աճուրդի ժամանակ, երբ ան գնած է նկար մը, պիտի շարունակէ ծառայել նոյն նպատակին: Մենք պիտի փորձենք տարբեր մարզերու մէջ իրագործուող մեր ծրագիրները հարստացնել եւ ապահովել անոնց շարունակականութիւնը», աւելցուցած է Յասմիկ Սարգսեան: Ան յիշարժան նկատած է յատկապէս այն հանգամանքը, որ Լիոնարտօ Տի Քափրիոն մասնակցած է աճուրդին, լսած քանի մը ելոյթ, ապա մեկնեց` դարձեալ ուշադրութիւն չհրաւիրելով իր անձին վրայ:
Տուպայի Մէջ` Հայաստանի Հիւպատոսարան
Կառավարութեան պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մտադիր են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ բանալ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարան: Ըստ կայքին` արդէն պատրաստ են նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի համապատասխան որոշումներու նախագիծերը: Հարցը պիտի քննարկուի գործադիրի յառաջիկայ նիստին:
Տուպայը աշխարհի առեւտրատնտեսական կարեւորագոյն կեդրոններէն է: Ըստ կառավարութեան ունեցած տուեալներուն` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, մասնաւորապէս Տուպայի մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիներուն թիւը կը տատանի 2500-3000-ի միջեւ: Շաբաթական դրութեամբ կը կատարուի 4-5 կանոնաւոր թռիչք, աւելցած է Տուպայի ճամբով տարանցիկ այլ երկիրներ մեկնող Հայաստանի քաղաքացիներուն թիւը, ինչպէս նաեւ` բեռնափոխադրումները:
Տուպայի մէջ կը գործէ շուրջ 70 հիւպատոսութիւն: Նկատի ունենալով վերոյիշեալները, աշխարհագրական առումով Հայաստանին մօտ ըլլալու հանգամանքը, Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ հայկական գործարար շրջանակներու ներկայացուածութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներուն Էմիրութիւններու գործարար շրջանակներուն հետաքրքրուածութիւնը Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու` իշխանութիւնները նպատակայարմար կը գտնեն Տուպայ քաղաքին մէջ հիմնել Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւն` որպէս հիւպատոսական տարածք ներառելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հիւսիսային էմիրութիւնները:
Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած տեղեկութիւններուն, մարտ 2016-ի դրութեամբ Հայաստան դեսպանութիւններ ունի աշխարհի 93 երկիրներու մէջ, հիւպատոսական հիմնարկներ` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ 9 քաղաքներու մէջ: Այսպիսով Տուպայը պիտի ըլլայ 10-րդ քաղաքը, ուր Հայաստան հիւպատոսարան պիտի ունենայ:
Իսկ 33 քաղաքներու մէջ Հայաստան ունի պատուաւոր հիւպատոսներ: