Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Գիշե՛ր Բարի, Մարիա՛մ… (Ներշնչուած` «Լոսթ պըրտզ» ժապաւէնէն)

$
0
0

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

Արեւը իր հրեղէն շունչը փչեց դէպ՛ երկինք,
Ու կարմիր շղարշը նետեց լեռներու ետին:
Դաշտերուն մէջ, զեփիւռը քնքուշ`
Ցորեանները մեղմ օրօրելով,
Թռչնակի չուերթին հետ օրուան հրաժեշտը տուաւ:

Գիշե՛ր բարի, Մարիա՛մ.
Գոցէ աչքերդ փայլուն. թող մանուկ հոգիդ ճախրէ՜ անկաշկանդ
Դէպի երազդ ծաղկաւէտ, ուր իշխան-իշխանուհի,
Ձեռք ձեռքի տուած` արեւի պայծառ շողերուն ներքեւ,
Թիթեռներուն հետ կ՛երգեն գարունքը մեր աշխարհի:

Քուն եղիր, Մարիա՛մ.
Սիրասուն գլուխդ հանգչեցուր քարեղէն բարձին,
Թող հոգւոյդ մէջ իջնէ շողը աստղերուն
Ու գրկէ տանի քեզ այս քար աշխարհէն,
Դէպի մանկութեան ծոցը լուսեղէն:

Տանի այն դղեակը գունագեղ,
Ուր չկա՜ն չար հողմեր, չկա՜ն ագռաւներ…
Կայ միայն օրհնա՜նք.
Կան աստուածային բոյրը տաք հացին,
Մօր քնքշանքն ու կենսուրախ այտեր ջերմագին:

Տանի հո՜ն` ուր կը լսուին խինդ ու ծիծաղ,
Ուր կապոյտ թռչնակի թաւիշը կը շոյէ դէմքդ գողտրիկ.
Ձեռքդ տուր, Մարիա՛մ,
Ձեռքդ տուր, վազենք դէպի ծիածանը մեր հոգւոյն,
Վազենք դէպի տո՜ւն:

Թորոնթօ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>