Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ազերիական Սաստկացող Յարձակումներ Արցախի Վրայ

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Վարձկաններու Հաւաքագրում
Ազրպէյճանական Բանակին Համար

karabakh-war-4_11817

Արցախի արեւելեան, հիւսիսային եւ հարաւային ճակատներուն վրայ շղթայազերծուած ազերիական յարձակումները զսպուած էին հայկական ուժերուն կողմէ եւ ազերիներ 1994-ի յունուարի կիսուն դադրեցուցին լայնածիր յարձակումները:

Սակայն «Արցախը ամէն գնով գրաւելու» Ազրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւի յայտարարութիւնը կը մնար Ազրպէյճանի բանակին տրուած հրահանգ եւ հակառակ իրենց կրած հսկայական կորուստներուն եւ վնասներուն, ազերիական ուժերը յաջորդող օրերուն վերսկսան ամէնօրեայ հերթականութեամբ յարձակումներ գործել արցախեան դիրքերու վրայ եւ կրել նորանոր կորուստներ:

Ազերի բանակը ճակատի ամբողջ երկայնքին յարձակումներ գործեց, փորձելով թափանցել հայկական գիծերէն ներս, բայց բոլոր փորձերն ալ մատնուեցան նախընթաց օրերու քայլերու ճակատագիրին: Ազերիական հրետանին նաեւ ռմբակոծեց Մարտունիի եւ Ֆիզուլիի շրջաններու հայկական այն դիրքերը, որոնք վերջին օրերուն անցած էին Արցախի պաշտպան ուժերու հսկողութեան տակ: Մինչ այդ, Աղտամ-Ասկերան գօտիին հայկական դիրքերուն դիմաց, ազերիական նոր ուժեր կեդրոնացուեցան:

Մեծ յարձակում մը տեղի ունեցաւ Մարտակերտի Մատաղիս եւ Յակոբ Կամարի գիւղերուն ուղղութեամբ: 250 ազերիներ, երեք հրասայլերով եւ երեք զինուորական փոխադրակառքերով յառաջացան դէպի հայկական դիրքերը, սակայն յետոյ Արցախի ուժերուն կողմէ կէս պաշարումի ենթարկուելով, 76 սպանեալ ձգեցին եւ փախուստ տուին: Հայկական ուժերը տուին 11 վիրաւոր:

Արցախի վրայ ազերիական յարձակումները հետզհետէ նոր սաստկացում արձանագրեցին յատկապէս օդուժի յաճախակի գործածութեամբ, սակայն Արցախի պաշտպան ազատամարտիկները յաջողեցան ետ մղել օդանաւային եւ ցամաքային բոլոր յարձակումները, վճարելով արեան գին:

Ազերիական օդանաւեր 1994 յունուար 17-ին հինգ անգամ փորձեցին ռմբակոծել Ստեփանակերտի շրջանը, սակայն հայկական հակ-օդային պաշտպանութեան միջոցները ետ մղեցին այդ փորձերը:

Գետնի վրայ, ազերիական բանակը կրկին անգամ փորձեց յառաջխաղացք արձանագրել Աղտամ-Ասկերան ճակատին վրայ: Թշնամիին յարձակումները ետ մղուեցան եւ ազերիական ուժերը վերադարձան իրենց նախկին դիրքերուն, իրենց ետին ձգելով շուրջ 60 դիակ:

* * *

«Ազդակ»-ի 19 յունուար 1994-ի թիւով եւ «Ազրպէյճան ինչո՛ւ կը համարձակի օդանաւ ուզել» խորագիրով ակնարկելով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Թուրքիայէն ամերիկեան ռմբաձիգ օդանաւեր պահանջելու Ազրպէյճանի քայլը կը քողազերծէ Անգարա-Պաքու գործակցութեան ծալքերը, որոնք իրենց մղումն ու ներշնչումը կ՛առնեն շրջանին մէջ ծաւալումի փորձեր կատարող Արեւմուտքէն:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ ըստ ՕԹԱՆ-ի ճշդած օրէնքներուն, Թուրքիոյ տրամադրուած զէնքերը ոչ թէ միայն չեն կրնար երրորդ կողմի մը տրուիլ, այլ անոնց գործածութեան բնոյթն անգամ սահմանուած է ի սկզբանէ: Այս սահմանափակումը միայն ՕԹԱՆեան երեւոյթ չէ, այլ ընդհանրապէս որեւէ երկրի զէնք ծախող երկիր ի սկզբանէ կը ճշդէ զէնքին գործածութեան եղանակը եւ առհասարակ կ՛ըսուի, թէ ատիկա ներքին ապահովութեան կամ ինքնապաշտպանութեան համար է:

Մահսէրէճեան կը նշէր, որ Ազրպէյճան ամենայն ինքնավստահութեամբ Թուրքիայէն կը պահանջէ ամերիկեան «Էֆ. 104»եր, զանոնք գործածելու համար Արցախի դէմ. պատճառներէն մէկը այն էր, որ խորհրդային օրերէն Ազրպէյճանի մնացած օդանաւերու տորմիղը արդէն մաշելու վրայ էր Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերուն կողմէ: Ազրպէյճանի պահանջը ոչ մէկ արձագանգ գտաւ «Էֆ. 104»-երը տրամադրողին մօտ…:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ պատճառը պարզ է: Թուրքիա եւս Իսրայէլի պէս, Միջին Արեւելքի մէջ արեւմտեան զէնքի մթերանոց է ու անոր պահեստանոցները կրնան օգտագործուիլ, դաշնակիցներու ու բարեկամներու զէնք հասցնելու համար: Լռելեայն կարելի էր հասկնալ թէ այդ զէնքերը նաեւ նոր դաշնակիցներ գտնելու կրնային ծառայել: Քարիւղի ընկերութեան մը անուան տակ, Ազրպէյճանի բանակին մարզումին համար, ամերիկացի նախկին զինուորականներու Պաքուի «հրամանատարական կեդրոն»-ին պարագան մէկ այլ երեսն էր մետալին: Յետոյ, Ազրպէյճան ի՞նչ պատճառ ունէր մտահոգուելու, երբ նման պահանջ մը կը դնէր, որովհետեւ արդէն փորձառութեամբ գիտէր, թէ Թուրքիա «կանաչ լոյս» ունի վաղուց, որովհետեւ ամերիկեան օդանաւերով յաճախ կը ռմբակոծէր Իրաքի հիւսիսային շրջանի բնակիչ քիւրտերը, անկախ` իր սահմաններէն ներս կատարուած յարձակումներէն, որոնց մասին աշխարհը հազուադէպօրէն կ՛իմանայ եւ… կը մնայ անտարբեր:

* * *

Ազրպէյճանի բանակը յունուար 19-ին ընդհանուր յարձակումի սկսաւ Արցախի դէմ, ճակատի ամբողջ երկայնքին, այսինքն` Քելբաջարի հիւսիսը գտնուող Օմարի անցքէն մինչեւ Իրանի սահմանին վրայ գտնուող Հորատիզ աւանը, անցնելով Մարտակերտի գօտիէն: Ամէնէն ուժեղ յարձակումները գործուեցան Մարտակերտի ուղղութեամբ, ուր ազերի բանակը դաշտ նետեց քսան հրասայլ եւ զրահապատ: Բոլոր ճակատներուն վրայ յարձակումները զսպուեցան:

Ճակատի հարաւային շրջանին մէջ, ազերիական երկու գումարտակներու միջեւ բախումներ արձանագրուեցան: Բախումը իրարու հակադրեց Ազրպէյճանի բանակին աֆղան եւ ռուս ու ուքրանացի վարձկանները: Աֆղան մուճահետները սկսան վրիժառական գործողութիւններ կատարել ռուսերու եւ ուքրանացիներու դէմ, Աֆղանիստան անոնց տասնամեայ միջամտութեան առ ի հակադարձութիւն (Խորհրդային Միութեան օրերուն):

Յաջորդող օրերուն յաճախակի դարձան ազերիական բանակին ծառայող ուքրանացի եւ ռուս վարձկաններու արցախեան ուժերուն անձնատուութեան դէպքերը: Այդ զինուորները կը գանգատէին, որ իրենց խոստացուած վարձքերը չեն վճարուիր, իսկ սպանեալներու հատուցումները կը բաժնուին ազերի զինուորականներու:

Ազերիական հրետանին գործի լծուեցաւ նաեւ Նախիջեւանէն եւ ռմբակոծեց Երասխի եւ Սեւակաւանի շրջանները:

* * *

Հայաստանի դպրոցները անմխիթար վիճակի մէջ էին. մութ ու ցուրտ դասարաններ եւ ցուրտէն դողդղացող ուսուցիչներ եւ աշակերտներ: Դպրոցներուն յատկացուող քարիւղի կողոպուտը յաճախակի երեւոյթ էր: Դասերը 10-էն 15 վայրկեան կը տեւէին: Ուսուցիչները օրուան հացի դրամը չկորսնցնելու յուսահատ ջղաձգումով կ՛ապրէին:

Խանութներուն առջեւ անհրաժեշտ կենսամթերք ձեռք ձգելու համար երկար շարքեր կը կազմուէին: Փողոցներուն վրայ կարելի էր հանդիպիլ աղբակոյտներ փորփրող եւ ուտելիքի մնացորդ հաւաքող թոշակառու ծերունիներու:

Ազգային դրամի շրջանառութենէն ետք աւելի սրեցան տնտեսական եւ ընկերային հարցերը: Դրամը ենթարկուեցաւ արհեստական վերիվայրումներու: Անհրաժեշտ սպառման ապրանքներու գիները արագօրէն բարձրացան: Ներքին շուկայի վրայ արգիլուեցաւ ռուսական ռուբլիով առեւտուրը, կասեցուեցան դրամատնային շարք մը գործառնութիւններ եւ խստութիւններ ու պատժամիջոցներ սահմանուեցան տոլարի սեւ շուկայի վրայ:

***

Ազերիական յարձակումի նորանոր փորձեր կատարուեցան Օմարի լեռնանցքէն մինչեւ Մարտակերտ, Աղտամ, Մարտունի եւ Ֆիզուլի երկարող ճակատներուն վրայ: Ազերիական օդանաւեր փորձեցին թափանցել արցախեան օդային տարածքէն ներս: Անոնք ռումբեր արձակեցին նաեւ Գորիսի մօտակայ շրջաններու մէջ:

Ազերիական ուժերը յունուար 23-ին փորձեցին յառաջխաղացք արձանագրել Մատաղիսի եւ Մարտակերտի, ինչպէս նաեւ` Հորատիզի եւ Ֆիզուլիի ճակատներուն վրայ, սակայն անոնց փորձերը ձախողութեան մատնուեցան: Հայկական պաշտպանութեան ուժերը յաջողեցան փճացնել ազերիական քանի մը հրասայլ:

***

Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ Քարոլայն Քոքս տեղեկագիրով մը ահազանգ հնչեցուց Արցախի դէմ ազերիական յարձակումներուն սաստկացման եւ մանաւանդ աֆղան վարձկաններու օգտագործման իրողութեան դէմ:

Տեղեկագիրը կ՛ընդգծէր, որ պէտք է հարց դրուի, թէ Ազրպէյճան իրաւունք ունի՞ օտար վարձկաններ գործածելու հայերու դէմ: Ան կը նշէր, որ հայերը թէեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ քանիցս ամբաստանուած են իբրեւ «նախայարձակ», սակայն կացութեան իրազեկները լաւ գիտեն, որ հայերը ինքնապաշտպանութեան համար գործած են եւ գրաւած հայ քաղաքացիներու ռմբակոծման համար օգտագործուող շրջանները:

Տեղեկագիրը կը յայտարարէր, որ ազերիները բազմիցս ոտնակոխած են զինադուլը, իսկ վարձկաններու օգտագործումը կրնայ ոչ միայն մարդկային մեծ կորուստներու պատճառ դառնալ, այլ նաեւ` Հայաստանը ներգրաւել կռիւներուն մէջ եւ պատճառ դառնալ տագնապի գօտիի տարածման:

***

karabakh-war-_11817

«Ազդակ», 26 յունուար 1994-ի թիւով եւ «Վարձկանները անզօր պիտի մնան Արցախի դիմաց» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Ազրպէյճան վարձկաններ կը բերէ Աֆղանիստէն եւ զանոնք կը նետէ Արցախի դէմ պատերազմի դաշտ: Թուրքիա բազմահազար «զինուորական մասնագէտներ» կը ղրկէ Ազրպէյճան, անոր զինուորները մարզելու պատրուակով: 5-էն 6 հազար «մասնագէտները» վստահաբար միայն զօրանոցներու կամ մարզումի կեդրոններուն մէջ մնալու համար չէին ղրկուած Ազրպէյճան: «Մեկա-օյլ» անունով ընկերութեան մը ծածկին տակ, ամերիկացի նախկին զինուորականներ եւ պատերազմի վեթերաններ Ազրպէյճան կը հասնէին եւ գաղտնօրէն կը մարզէին Արցախի դէմ ճակատ ղրկուելիք ազերի զինուորները:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ ազերիներէ գրաւուած զէնքերու շարքին, կը գտնուէին չինական նոր զէնքեր: Ազերի գերիներ կը խոստովանէին, որ հարիւր-հազարաւոր կտոր չինական զէնք ստացած էին: Թուրք եւ բրիտանացի «առեւտրականներ» (բառը «Տի Ինտիփենտընթ» թերթինն էր) բանակցութիւն կը վարէին Ազրպէյճանի հետ, Բրիտանիայէն վարձկաններ ղրկելու համար Ազրպէյճան, մի՛շտ կռուելու համար Արցախի արիներուն դէմ:

«Ազդակ» կը նշէր, որ վերոյիշեալ հաստատումներու ցանկը յերիւրանք չէր, «հայկական քարոզչական մեքենայի արտադրութիւն» չէր, այլ թրքական, բրիտանական եւ միջազգային մամլոյ աղբիւրներու կողմէ տրուած տխուր վիճակագրութիւն: Եթէ գրաւոր մամուլին կողմէ հաղորդուած այդ տեղեկութեանց վրայ աւելցնէինք նաեւ պատկերասփիւռի միջազգային կայաններու այն ժապաւէնները, ուր կ՛երեւէին Ֆիզուլիի կամ այլ ճակատներու վրայ կարգով շարուած հեռահաս թնդանօթներ, որոնք ամենա՜յն պարտաճանաչութեամբ կ՛օգտագործուէին ազերի զինուորներու` պաշտօնական բանակին կողմէ, ռմբակոծելու համար հայկական դիրքերն ու խաղաղ բնակչութիւնը:

«Ազդակ» կ՛ընդգծէր, որ այս բոլորը տեղի կ՛ունենային աշխարհի աչքերուն առջեւ, ամէն օր, եւ ընդդէմ այն տրամաբանութեան, թէ Արցախի տագնապը` հայ-ազերի հակամարտութիւնը պէտք է հեռու պահել միջազգայնացումէ:

«Ազդակ» հարց կու տար. Արցախի բուռ մը քաջերը ընկճելու համար, թնդանօթներով, օդանաւերով եւ բազմահազար վարձկաններով գրոհի անցած ազերիներու եւ անոնց դաւադիր-ընկերակիցներուն հանդէպ ինչո՞ւ այս քար լռութիւնը, երբ նոյն այդ դաւադրութեան մասնակցող կողմեր պատրաստ են հսկայական փոթորիկներ ստեղծելու տագնապահար այլ շրջաններու մէջ, շատ աւելի սահմանափակ տարողութեամբ զարգացումներու պարագային: Ինչո՞ւ դատապարտանքի բանաձեւեր կը յաջորդէին իրարու, երբ Արցախի ազատամարտիկները ինքնապաշտպանութեան կը դիմէին եւ կը փորձէին ապահովել հայ բնակչութեան խաղաղ գոյատեւումը:

«Ազդակ» կը հաստատէր ըսելով, որ առաջին անգամը չէ, որ մեր հայրենիքը կը գտնուի միջազգային ճակատումներու կռուախնձոր գօտիի մէջ: Հայաստան մի՛շտ ալ եղած է «միջցամաքամասային ուղիներու վրայ»: Հայաստանի դաշնակիցներու նաւերը անցեալին ալ մերժած են Արարատ բարձրանալ, սակայն նաեւ` Նուարսակէն մինչեւ Սարդարապատ, հայ ժողովուրդը իր հայրենիքին եւ իրաւունքներուն տէրը մնացած է մի՛շտ աննկուն կամքով եւ գերագոյն զոհաբերութեան ոգիով:

«Ազդակ» համոզում կը յայտնէր ըսելով, որ Արցախի մէջ մարտնչող հայ ազատամարտիկը կռիւի դաշտ նետուած է նոր Սարդարապատ կերտելու եւ նոր Նուարսակ նուաճելու վճռականութեամբ: Հայրենիքի բազուկին մէկական զարկը եղող մեր նահատակները ամէն օր հայրենի մամուլին էջերէն կը նային մեզի, լուռ ու անպատմելի պատգամներ կը փոխանցեն բոլորիս, արձագանգ կ՛ըլլան Չարենցեան պատգամներուն, կը կիրարկեն «ազատութիւն կամ մահ» սկզբունքը, քաջ գիտնալով որ հայրենիքին ու հողին պաշտպանութիւնը միայն ու միայն հայուն մենաշնորհն է ու նուիրական պարտականութիւնը, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ մեզ փոխարինել այդ առաքելութեան մէջ: Որովհետեւ` հայրենիքի եւ իրաւունքի պաշտպանութիւնը վարձկաններով չ՛ըլլար…

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ հայրենիքն ու արտերկրի մեր օճախները համահաւասար գօտեպնդումով կը կանգնին Արցախի քաջերու կողքին: Պայքարին մէջ, իւրաքանչիւրս ունինք մեզի բաժին ինկած պարտականութիւնները. Արցախի զէնքին կողքին պիտի կանգնին նիւթական, գրիչի եւ տեղեկատուութեան հզօրանքները, որպէսզի վարձկաններն ու դաւադիրները անզօր մնան Արցախի քաջերուն դիմաց:

***

Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» թերթը կը գրէր, որ կառավարութիւնը լռելեայն զօրակցութիւն յայտնած էր ապօրինի ծրագիրի մը` Հայաստանի դէմ իր պատերազմին համար Ազրպէյճանի զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու:

«Տի Ինտիփենտընթ» տեղեկացած էր, որ բրիտանացի եւ թուրք գործատէրեր ազերի իշխանութիւններուն հետ կը բանակցէին Բրիտանիայէն մեծաքանակ զինամթերք եւ վարձկաններ ղրկելու համար Ազրպէյճան:

Պատասխանատու անձնաւորութիւն մը` լորտ Էրսքին հաւաստեց, որ բրիտանական օրինաւոր ընկերութեան մը` Սամիթ Լիմիթըտի մէկ խմբակը կը դասաւորէր գործառնութեան հետ առնչուած հարցերը:

Բանակցութիւնները վարող անձնաւորութիւնները հաստատուած էին թրքական Կիպրոս, ուր Ազրպէյճանի հետ զէնքի վաճառականութիւնը ապօրինի արարք չէր նկատուեր: Բանակցութիւններուն կարեւոր մէկ մասը կը կատարուէր բրիտանացի գործատիրոջ մը կողմէ:

Ռուսական չարթըր օդանաւ մը տրամադրուած էր վարձկանները Ազրպէյճան փոխադրելու համար:

Միւս կողմէ, քարիւղի ամերիկեան ընկերութիւն մը, կառավարութեան հաստատած ամպարկոն խախտելով, ազերի զինուորներ մարզած էր` ամերիկացի նախկին զինուորականներու միջոցով:

Լորտ Էրսքին նաեւ օրին բրիտանական արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնակիցներուն առաջարկած էր ծրագիր մը` զինամթերք եւ զինուորներ տրամադրելու Ազրպէյճանի:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>