Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

«Գանձասար»Ի Խմբագրական – Յունուար Բ.- Պատմական Այցելութիւն Ճակատագրական Կոչ

$
0
0

32165756795_de17d0ece9_o

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը Սուրիա ու մանաւանդ Հալէպ անկիւնադարձային եւ պատմական նշանակութիւն ունեցաւ աւելի քան հինգ տարի պատերազմի ճիրաններուն մէջ տուայտող սուրիահայութեան կեանքին մէջ:

Քաղաքական առումով յատկանշական էր նորին սրբութեան հանդիպումը Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Այս հանդիպումին վերահաստատուեցաւ սուրիահայութեան գոյերթի շարունակականութիւնը, անոր` սուրիական հայրենիքին կառչած մնալու կամքը եւ Սուրիոյ վերականգնումի ու վերաշինութեան համընդհանուր աշխատանքներուն մասնակցելու պատրաստակամութիւնը:

Սուրիոյ նախագահին այն հաստատումը, թէ սուրիահայ համայնքը կարեւոր ներդրում ունեցած է Սուրիոյ մէջ ու տագնապի օրերուն իր զաւակներուն արեան գնով, նուիրումով ու հաւատարմութեամբ մասնակցած Սուրիոյ պաշտպանութեան, պետութեան առաջին դէմքին իսկ կողմէ արտասանուած պատուաբեր վկայութիւն մըն էր:

Կրօնական առումով վեհափառ հայրապետին հանդիպումները քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնապետներուն հետ եկան վերահաստատելու այն իրողութիւնը, որ Սուրիան կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ մնալ խորհրդանիշը քրիստոնեայիսլամ խաղաղ գոյակցութեան, իսկ հայութիւնը` երկրին ընկերային հիւսուածքին անքակտելի մասնիկներէն մէկը: Աւելի՛ն. այս հանդիպումներուն ընդմէջէն հաստատուեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղականութիւնը տեղ չունի, այս երկրէն ներս տիրողը փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի վրայ հիմնուած համերաշխ գոյակցութիւնն է:

32127579746_97242792fd_o

Համայնքային առումով Արամ Ա. վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը, յատկապէս Հալէպ, առիթ հանդիսացաւ գետնի վրայ իրազեկ դառնալու սուրիահայութեան ընդհանրապէս ու հալէպահայութեան մասնաւորապէս կրած մարդկային, նիւթական կորուստներու տարողութեան, միաժամանակ սակայն գաղութին կանգուն մնալու հաստատակամութեան: Ահա ա՛յս ճշմարտութենէն մեկնած նորին սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը շեշտէր. «Եկայ, տեսայ ու համայն հայութեան կը վկայեմ, որ սուրիահայութիւնը կանգո՛ւն է, հալէպահայութիւնը կանգո՛ւն է ու պիտի շարունակէ իր առանցքային դերատակարութիւնը ունենալ համահայկական մեր իրականութեան մէջ»:

Օրհնաբաշխ այս այցելութիւնը խթան հանդիսացաւ մեր ժողովուրդին` թօթափելու պատերազմի տարիներուն կրած բացասական ազդեցութիւնները եւ միասնականութեամբ  լծուելու համայնքի վերակազմակերպման աշխատանքին:

Միասնականութեան այս ոգին գնահատուեցաւ, միաժամանակ ամրագրուեցաւ նորին սրբութեան հայ առաքելական համայնքին կողքին, հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եւ հայ աւետարանական համայնքի Բեթէլ եկեղեցի այցելութեամբ  ու զոյգ համայնքներու հովուապետներուն ու ժողովուրդին հետ հանդիպումներով, ուր Արամ Ա.  շեշտեց միասնականութեան այս գործելաձեւի պահպանման կարեւորութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը  յորդորներով ու խրախուսական խօսքերով չսահմանափակեց իր այցելութիւնը, այլ հայրապետական կոչ ուղղեց համայն հայութեան` գործնականապէս նեցուկ կանգնելու սուրիահայութեան վերականգնումի ամբողջական ծրագիրին:

Տագնապահար Հալէպէն համայն հայութեան ուղղուած «Դէպի վերականգնում» խորագիրը կրող կոչը սուրիահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման գիտակցելու ու մասնակցելու  պարտաւորութեան տակ դրաւ մեր ժողովուրդը:

Կը մնայ յուսալ, որ վեհափառ հօր կոչէն ետք առաւել մեծ թափով ընթացք առնեն սուրիահայութեան վերականգնումի անյետաձգելի ու ճակատագրական  աշխատանքները:

«Գ.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>