ՀՈՒՐԻ ԱԶԵԶԵԱՆ
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ թեմի Ազգային իշխանութեան հրաւէրով, Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան խորախորհուրդ տօնին առիթով, հովուապետական պատմական այցելութիւն մը շնորհեց սուրիահայութեան կեդրոն` թեմի նստավայր Հալէպի հայ համայնքին (6-8/01/2017):
Այցելութիւն մը`
Վաստակաբեռն հովուապետին հայրական նայուածքով սկիզբ առած,
Սիրոյ, հաւատքի ու յոյսի ճամբով շարունակուած,
Վերանորոգութեան կամքով զսպանակուած,
Եւ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ հրամայականով յաղթանակած…
Արդարեւ, հովուապետական պատմական այցելութիւն մը` բառին բովանդակ իմաստով, երբ Արամ Ա. կաթողիկոս առաջին անգամ ըլլալով Ս. Ծնունդը կը տօնէր Անթիլիասի մայրավանքէն հեռու, բայց սուրիական անօրինակ պատերազմի արհաւիրքներէն նորօք ազատագրեալ Հալէպի մէջ, տառապեալ, սակայն հաստատակամ գոյերթը շարունակելու ուխտած իր ժողովուրդին հետ:
Երկրորդ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ` որպէս Աստուծոյ եւ ժողովուրդի քահանայ, վաւերական ծառայութեան խորունկ ըմբռնումին կամարումով, իր աշխատանքային եւ ժողովրդային բազմակողմանի հանդիպումներով, պատգամաշեշտ այցելութիւններովն ու թելադրաձայն պատգամներով, հոգեշէն խօսքերովն ու անվերապահ քաջալերանքի գործնական արտայայտութիւններով եւ, տակաւին, իր ներգործող անհատականութեամբ` ջրդեղեց Հալէպի հայ համայնքի զաւակները, որոնք յանձնառութեամբ կառչած մնացած էին սուրիական ասպնջական հայրենիքին, կռանելով անոնց գոյատեւելու կամքը եւ զօրացնելով ներքին դիմադրողականութիւնը:
Երրորդ, պատահականութիւն չէր կրնար ըլլալ, որ Արամ Ա. կաթողիկոս Սուրիոյ հայ համայնքի ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի հայրապետական կոչը հանուր հայութեան` ի մայր Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի ուղղեց Հալէպէն, վերընդգծելով Հալէպի եւ տեղւոյն հայ համայնքին գրաւած անփոխարինելի տեղն ու դերը հայութեան համայնական կեանքէն ներս:
Բացի այդ, տեղին է յիշել, թէ վեհափառ հայրապետը 01/01/2017 թուակիր իր հայրապետական գիրով 2017 թուականը հռչակած է «Վերանորոգումի տարի»` ընդգծելով «Վերանորոգումի առանցքային կարեւորութիւնը մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ…» եւ խորաթափանց մօտեցումով մը լուսարձակի տակ առնելով հետեւեալ վերնագրումները.
Վերանորոգումը` Աստուածաշունչին նպատակը,
Վերանորոգումը` Եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը,
Վերանորոգման հրամայականը` քրիստոնէական հայեցակէտով,
Վերանորոգման հրամայականը` ազգային հայեցակէտով:
Ի վերջոյ շեշտելով նոյնինքն հայ մարդուն վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը` որպէս նախապայման եւ երաշխիք մեր ամբողջ ազգին վերանորոգման:
Այսօր այս պատմական այցելութիւնը թէեւ ժամանակագրական առումով անցեալին կը պատկանի, սակայն անոր շքեղ ճառագայթումները կը շարունակեն լուսաւորել սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան կեանքը` միաժամանակ մեր մտածումներուն սլաքը ուղղելով կարգ մը խորհրդածութիւններու.
Հոգեւոր եւ Ազգային Փոխակերպում
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան յուսարծարծ օրերու շրջագիծէն ներս, Արամ Ա. կաթողիկոս արեւելեան ուղղափառ ուշագրաւ աստուածաբանի իր կոչումին հաւատարիմ, Աստուծոյ մարդեղացումը նկատեց իւրօրինակ հրաւէր մը` մարդուն աստուածացման, մարդուն մարդացման, երբ տիեզերքի ու մարդու ստեղծագործութեամբ սկսած Աստուծոյ յայտնութիւնը իր լրումին հասած էր Աստուածորդւոյն մարդեղացումով, իսկ մենք Քրիստոսի միջոցով դարձած էինք աստուածացման ճանապարհին ճանապարհորդները:
Այս գծով յիշարժան են Արամ Ա. կաթողիկոսին խորիմաստ խօսքերը. «Նազովրեցի Յիսուսին մէջ իր ծնունդով մարդացեալ Աստուած` կեանքի վերակոչեց մարդկային այն բոլոր արժէքներն ու արժանիքները, որոնք մարդուն մէջ աստուածաստեղծ մարդը կը յատկանշէին: Աստուած իր մարդեղացումով մարդը վերամարդացուց» («Հաւատքի առաքեալ», էջ 29):
Միով բանիւ, Աստուծոյ մարդեղացումով եւ յայտնութեամբ, Աստուած մարդը վերստին բարձրացուցած էր իր մարդկային բարձրութեան եւ անոր վերադարձուցած էր մարդկային կոչումը` իբրեւ Աստուծոյ գործակիցը:
Միւս կողմէ` Սուրիոյ հնգամեայ աննախադէպ պատերազմի անմիջական վաղորդայնին, տակաւ առ տակաւ դէպի խաղաղութիւն ընթացող այս յուսալից փուլին զուգադիպած Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուական պատմական այցելութիւնը նաեւ աննախընթաց ոգեւորութիւն ստեղծեց Հալէպի ողջ հայ համայնքի զաւակներուն մէջ, որոնք անհուն ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ ընդունեցին շնորհաբաշխ վեհին օրհնաբեր ներկայութիւնը` որպէս իրենց հովուապետն ու «ազգապետ»-ը, Սուրիոյ անպարագիծ հորիզոնին սեւեռած իրենց շեշտ նայուածքներով, ողջունելով ապահովական թէ քաղաքական կայունացման գործընթացի նախանշոյլներու փայլատակումը:
Հետեւաբար սուրիական արիւնալի ճգնաժամի մղձաւանջային առօրեան մասամբ թօթափած Հալէպի հայ համայնքի զաւակները հոգեւոր եւ ազգային փոխակերպումի օրեր ապրեցան: Ի լուր համայն աշխարհին, կարգ մը եկեղեցիներու լռած զանգերը կրկին ղօղանջեցին, եւ հալէպահայերը նախ իբրեւ վաւերական քրիստոնեաներ` իրենց ուխտը վերանորոգեցին Բեթղեհէմի ճամբով, որպէսզի հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ անկորնչելի ճշմարտութիւններուն զուգորդումով իրենց կեանքը ապրին եւ կոչումը իրագործեն իբրեւ Աստուծոյ որդիները, ինչպէս նաեւ «Հոս ենք եւ հոս պիտի մնանք…»-ի գիտակցական յղացքը վերածեցին իրողական ապրումի եւ անտեղիտալի համոզումի:
Համայնքի Վերակենսաւորում
Արամ Ա. Կ կաթողիկոսի խորասոյզ խօսքերով, «Քրիստոսի յարութենէն եկող պատգամը յստակ է` մի՛ վախնաք մահէն, կառչեցէ՛ք կեանքին, մի՛ վախնաք կեանքը սպաննել փորձող մարդերէն, անոնք չեն կրնար աստուածային ներգործութեամբ հզօրացած կեանքը սպաննել: Միայն նման կեանքով լեցուն քրիստոնեայ մարդը կրնայ յաղթել աշխարհին: Նայեցէ՛ք պատմութեան, այն անձերը ու ազգերը, որոնք աստուածատուր կեանքը հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ, յանձնառու ծառայութեամբ եւ գերագոյն արժէքներու ու երազներու համար պայքարելու հաւատքով ու կամքով արժեւորեցին, յաղթեցին աշխարհին…»: («Հ. Ա.», էջ 48)
Աւելի՛ն. այս վճռորոշ փուլին, դարաւոր թշնամին երբ տակաւին կը փորձէ Սուրիոյ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները խաւարի մէջ պահել, մենք որպէս լոյսի ժողովուրդ` դարձեալ մերժեցինք եւ կը մերժենք ընդունիլ պարտադրուած խաւարը, երբ` «Մեր ողջ պատմութիւնը եղած էր լոյսի առաքելութիւն` Լուսաւորիչի տառապանքով սրբացած, մերսուրբերուն աղօթքով ոգեղինացած, մեր նահատակներուն վկայութեամբ անմահացած…»: («Հ. Ա.», էջ 57)
Եւ դեռ, շնորհաբաշխ վեհը Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին տուած առանձնայատուկ այցելութեան (05/01/2017) գօտեպնդիչ տպաւորութիւններով յագեցած, ուր վսեմաշուք նախագահը որպէս սուրիացի տիպար քաղաքացիներու` մեծ դրուատիքով ու անպարփակ սիրով գնահատած էր Սուրիոյ հայ համայնքի զաւակներուն տածած անխախտ հաւատարմութիւնը եւ դրսեւորած անքակտելի կապուածութիւնը` հանդէպ սուրիական հայրենիքին, Արամ Ա. կաթողիկոս ազգաշէն սկզբունքներուն անշեղ թելադրողականութեամբ, վերոյիշեալ լուսացիր գնահատանքը նկատելով Սուրիոյ տագնապահար հայութեան նուիրուած անկորնչելի աւանդ մը, հրաւիրեց բոլորը անխտիր` պահպանելու ու առաւել հարստացնելու զայն, որպէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի հայ համայնքի վերակենսաւորման հիմնախարիսխ:
Պատմական համայնք մը, որ թէեւ ինքզինք փաստած էր ահաւոր ճգնաժամի ամէնէն դժխեմ օրերուն անգամ` առանց ինքզինքէն պարպուելու, բայց նաեւ` այսօր վերականգնումի սեմին կանգնած, պարտաւոր է բոլոր շերտաւորումներովն ու շեշտաւորումներովը իր կեանքի այլաբնոյթ տարածքներուն վերակենսաւորուած դիմագիծով հայելու դէպի սուրիական հայրենիքի աննուաճ երկնակամարն ու անձեռնմխելի սահմանները եւ պիրկ կամքով դիմագրաւելու նոր հանգրուանի մարտահրաւէրները:
Միասնակամութեան Ամրապնդում
Հայոց պատմութեան իսկ վկայութեամբ, հայ ժողովուրդը փառաւոր յաղթանակներ արձանագրած է, երբ անհատական, տեղայնական եւ հատուածական մօտեցումներէն անդին ու վեր նկատած է իր հաւաքական յոյզերն ու երազանքները, ձգտումներնու խոյանքները…
Արդարեւ, Արամ Ա. կաթողիկոս որպէս սիրոյ, հաւատքի ու միասնակամութեան առաքեալ, վերահաստատեց մեր ժողովուրդին զօրութեան աղբիւրը իր միութեան մէջ ըլլալու հիմնաւորուած իրողութիւնը, շեշտելով, որ իւրաքանչիւր հայու կեանքը հաւաքական հայութեան համար ընծայաբերելի կեանք է, ուր` «…Գոյութիւն չունին մենք եւ դուք, այլ միայն հաւաքական մենք…» («Հ.Ա.», էջ 111), մեր տարբերութիւնները վերածելով հարստացուցիչ գործօններու, եւ որպէս հաւատքի գիտակցական կեցուածք` մէ՛կ ազգի, մէ՛կ հայրենիքի, մէ՛կ եկեղեցւոյ լիարժէք բոլորակէն ներս ապրելով, գործելով ու պայքարելով, նաեւ` մենք զմեզ դիտելով մէ՛կ, անբաժան ու անբաժանելի ամբողջութեան մը շրջածիրէն ներս:
Անվերապահօրէն առաւելագոյնս տառապած Հալէպի հայ համայնքի զաւակները, ճիշդ է, որ սուրիական պատերազմի խիստ դժուարին օրերը դիմագրաւեցին իրենց օրինակելի միասնակամութեամբ` հոգեւոր ու աշխարհական ղեկավարութիւններու պարագային, առկայ կարելիութիւններու գերլարումով եւ ազնուագոյն զաւակներուն արեան գնով, սակայն այսօր կը գտնուին տարաբնոյթ ունոր հրամայականներու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց, զորս հարկ է դիմագրաւել ազգովին` աւելի պնդացած եւ զօրացած, առանց խոցելի բեւեռացումներու եւ հակասութիւններու, փոխադարձ վստահութեամբ ու յարգանքով, համայնքի իրավիճակին եւ տիրող պայմաններուն համապատասխան նպատակասլաց մտածելակերպով ու գործելակերպով, համախմբուած մեր մնայուն արժէքներուն`մեր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, ազգային-մշակութային-մարզական-միութենական կառոյցներուն եւ մեր նուիրական աւանդութիւններուն շուրջ:
Ամբողջական Վերականգնում
Արամ Ա. կաթողիկոս 06/01/2017 թուակիր վերականգնումի իր հայրապետական կոչը ուղղեց տագնապահար Հալէպէն` համայն հայութեան, որուն սկիզբը դիպուկ կերպով կը մատնանշէ. «Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումի խորհուրդով օծուն այս օրերուն, տագնապահար, բայց միշտ կանգուն Հալէպ քաղաքէն հայրական կոչ կ՛ուղղենք հայ ժողովուրդին` վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով իրենց հայեացքները դարձեալ սեւեռելու Սուրիոյ հայ համայնքին վրայ..», քիչ անդին շարունակելու համար. «Յարգանք Սուրիոյ մեր սիրելի Ժողովուրդին: Տագնապալից օրերուն Սուրիոյ հայութիւնը առանձին չմնաց: Մեր ազգը, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհի, օգնութեան ձեռք երկարեց Սուրիոյ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն… Մէ՛կ ազգի պատկանելիութեան գիտակցութենէն մղուած, մեր ազգի զաւակները իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտեցին տառապանքի մէջ գտնուող Սուրիոյ հայութեան: Պատի՛ւ մեր ազգին: Վերջին շաբաթներուն խաղաղութեան ծիածանը սկսած է կամար կապել Սուրիոյ երկնքին վերեւ… Ստեղծուած այս դրական մթնոլորտը Սուրիոյ հայութիւնը պէտք է մղէ վերանորոգ յոյսով ու ամուր վճռակամութեամբ լծուելու իր հաւաքական կեանքը վերականգնելու, վերակազմակերպելու ու վերաշխուժացնելու հրամայական աշխատանքին: Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը եւս հարկ է նկատել` համահայկական ճիգով իրագործելի անյետաձգելի առաջնահերթութիւն…»:
Եւ անշուշտ վեհափառ հայրապետը վերականգնումի կոչը եզրափակած է գործնական ուղենշային ցուցմունքերով եւ թելադրութիւններով:
Իր տեսակին մէջ եզակի եւ մեծապէս ուսանելի այս կոչը առաջին հերթին Սուրիոյ հայ համայնքը կը հրաւիրէ յետպատերազմեան նոյնքան դժուարին փուլի կենսագործման` աւելի քան երբեւէ վերակազմակերպուած եւ վերաշխուժացած կերպով:
Յստակ է, որ սուրիահայութեան ամբողջական վերականգնումի գործընթացը դիւրին չէ եւ չի կրնար ըլլալ, սակայն ինչոր ալ ըլլան տիրող պայմանները, առկայ խութերնու խարակները, Սուրիոյ հայ համայնքը կը գտնուի յաղթանակելու, նոյնիսկ անկարելին կարելի դարձնելու պատասխանատութեան դիմաց, մանաւանդ որ անօրինակ պատերազմին հետեւանքները շրջանցելու աշխատանքին մէջ «առանձին» չէ, վեհափառ հայրապետին իսկ յայտարարութեամբ` ողջ հայութիւնը ի Մայր Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի իրողապէս մասնակից է համայնքին վերականգնումի ճիգերուն ու աշխատանքներուն, որպէսզի Հալէպի հայ համայնքը մանաւանդ, շարունակէ աներեր կանգնիլ մայր գաղութի իր պատմական պատուանդանին վրայ, ամուր ու հզօր, մշտանորոգ շունչով ընթանալով դէպի վարդաշող այգաբացեր:
* * *
Այո՛, Արամ Ա. կաթողիկոսի պատմական այցելութիւնը այսօր թէեւ ժամանակագրական առումով անցեալին կը պատկանի, սակայն անոր շքեղ ճառագայթումները կը շարունակեն լուսաւորել սուրիահայութեան եւ յատկապէս Հալէպի հայ համայնքի զաւակներուն կեանքը, որոնք արդէն միասնաբար, որպէս մէ՛կ, անբաժան եւ անբաժանելի ամբողջութիւն` դարձած են լոյսի, յոյսի եւ յաւերժի անշեղ ճանապարհին ճանապարհորդները…
Հալէպ
09/01/2017