Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Մինչեւ Ժամը 10:00

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Հիւրասէր էր մայրս: Շա՜տ հիւրասէր:

Տան մէջ իր մասնաւոր անկիւնը ունէր: Պատի ժամացոյցը իր ետեւը գտնուելուն` ժամէն շատ գաղափար չէր ունենար, սակայն երեկոյեան, հազիւ ժամը 10:00 հնչած, ինքնաբերաբար կ’ուղղուէր դէպի անկողին քնանալու, բացի` երբ տունը այցելուներ ունենայինք, եւ անոնք ժամը 10:00-էն աւելի ուշ մեկնէին, քունը հաճոյքով կը զոհէր եւ մինչեւ հիւրերուն մեկնիլը` կը նստէր մեզ հետ:

Հիւրասէր էր մայրս: Շա՜տ հիւրասէր:

Այդ օրուան այցելուն սովորական հիւր մը չէր: Մեծ քրոջս մօտ ընկերուհին էր, որ Լիբանանէն քանի մը շաբթուան համար իր աղջկան այցի եկած էր Լոս Անճելըս: Առիթէն օգտուելով` քոյրս ընկերուհին ընթրիքի հրաւիրած էր, եւ համաձայնած էին, որ այդ օրը հիւրը մեր տունը գիշերէ: Երկար տարիներու կարօտ ունին. յիշատակներով լեցուն օրեր անցուցած են միասին մանկութենէն մինչեւ այն օրը, երբ մենք փոխադրուեցանք Լոս Անճելըս: Լաւ ու վատ օրեր տեսած են: Բոլորս ալ համտեսած ենք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դաժան օրերը, ապա մենք լքած ենք մեր ծննդավայրը եւ երկար տարիներ իրարու հետ կապը` կտրուած: Այսօրուան դիւրութիւնները չկային այդ օրերուն:

Քոյրս եւ իր ընկերուհին ուրախ են, սակայն ամէնաերջանիկը` մայրս է:

Մանկութեանս տարիներուն, երբ տակաւին Էշրեֆիէ կը բնակէինք մէկ սենեակնոց փոքր տնակի մը մէջ, Հալէպէն երբեմն հիւրեր կ’ունենայինք, որոնք մէկ կամ երկու շաբաթով մեր տունը կը մնային:

Մօրս խօսքերով`

– «Տուներնիս պզտիկ է, բայց սիրտերնիս` լայն»:

«Նեղ կ’ընէր, տեղ կ’ընէր»:

Ներկայիս սիրտերնիս լայն ըլլալուն հետ զուգահեռ, տուներնիս ալ լայն է:

Անհաշիւ են քանի մը օրով, նոյնիսկ շաբաթով մեր տունը մնացող հիւրերը:

Ամէնաերջանիկը մայրս էր:

Հիւրասէր էր: Շա՜տ հիւրասէր:

Լիբանանէն եկած քրոջս ընկերուհին սովորական հիւր մը չէ: Մեր տան հարազատ անդամը կարելի է սեպել: Անկեղծութիւն կայ քրոջս եւ իր միջեւ: Ընկերուհիներ ըլլալէ աւելին են: «Քոյրեր» են:

Մօրս քնանալու ժամը` 10:00-ը, շատոնց անցած է: Հաւանաբար յաջորդ առտուան ժամը 2:00-ի մօտ է…կամ քիչ մըն ալ աւելի:

Վերջապէս կ՛որոշեն քնանալ եւ հին յուշերու տոպրակը կրկին բանալ յաջորդ առաւօտ:

Մեր հիւրը, տան մօտ անդամը ըլլալով, շատ լաւ գիտէ կարգ մը սովորութիւններ, որ կը գործադրուին մեր տան մէջ: Լաւ գիտէ, որ մօրս անկողին երթալու ժամը 10:00-ն է, իսկ այդ օր մեծ ժամերը արդէն սկսած են պզտիկնալ…

– Կը ներես, մամա՛, քեզի մինչեւ այս ժամերը արթուն պահեցի, սակայն հաճելի էր:

Սիրելի մայրս ամէնաերջանիկն է: Նոյնիսկ ժամէն տեղեակ չէ:

– Հոգ մի՛ ըներ, աղջ՛կս, մենք մինչեւ ժամը 10:00-ը կը նստինք:

Կը խնդանք: Քրոջս ընկերուհին մերթ մօրս կը նայի, մերթ իր ետեւի պատի ժամացոյցին, որուն պզտիկ սլաքը…շատոնց հեռացած է 10:00-ին վրայէն:

Քանի՜ քանի՛ անգամներ գիշերելու հիւրեր մեծ հաճոյքով ընդունած ենք այդ տան մէջ:

Տարբեր նահանգներէ Լոս Անճելըս ժամանած իմ եւ պզտիկ քրոջս մանկութեան դասընկեր-դասընկերուհիները, եղբօրս կնոջ Լիբանանէն ժամանած քոյրերը կամ ազգականներ, մեծ քրոջս ընկերուհիները, իսկ եղբօրս զաւակներուն դասըկեր-դասընկերուհիները` գրեթէ ամէն շաբաթ:

Այդ տունը դարձած էր անպաշտօն «պանդոկ» մը:

Սիրելի հիւրեր ընդունող «պանդոկ» մը:

Տակաւին բոլորս միասին կը բնակէինք:

Տունէն առաջին հեռացողը եղայ ես, երբ հայ ընտանիք մը կազմելով` փոխադրուեցայ տարբեր տուն, որ շատ հեռու չէ «պանդոկ»-էն:

Տարիներ ետք, եղբօրս երկու զաւակները, նմանապէս կազմեցին իրենց հայկական բոյները եւ փոխադրուեցան դարձեալ ոչ շատ հեռու:

Անվերջ հիւրեր ընդունող տան մնայուն բնակիչները սկսան նուազիլ:

«Պանդոկ»-ի բնակիչներուն մէկ մասը, իւրաքանչիւրս ունեցանք մեր առանձին երդիկը: Հայկական օճախներ, սակայն չմոռցանք մեր մօրենական երդիկը:

Ամէն հինգշաբթի, սովորութենէ աւելի, կարծես աւանդութիւն դարձած էր, որ բոլորս հաւաքուին եւ միասին ընթրենք:

Գերերջանիկ էր մայրս` շրջապատուած իր զաւակներով, հարսերով, փեսայով ու թոռներով:

Նախքան ժամը 10:00 հնչելը, իւրաքանչիւրս կը մեկնէինք մեր տուները` լաւ գիտնալով, որ մեր սիրելի մայրը, պիտի զոհէ իր քունը ու նստի մեզ հետ մինչեւ մեր մեկնիլը:

Քանի մը տարի ետք հիւրասէր մայրս հեռացաւ այս աշխարհէն:

Մեկնեցաւ անվերադարձ: Հեռո՜ւ, շա՛տ հեռու:

Տասնեակ մը տարի ետք, արկածի մը պատճառով կորսնցուցի մեծ քոյրս, որմէ տասնեակ մը տարի ետք եղբօրս կինը հետեւեցաւ իրենց:

Այսօր այդ «պանդոկ»-ին մնայուն բնակիչներէն յաւերժ բացակայ են մայրս, մեծ քոյրս ու եղբօրս կինը:

Փոխադրուած են երկնքի արքայութեան մնայուն «Պանդոկ»:

Երկնքի արքայութեան մէջ վստահաբար հիւրասէր չէ սիրելի մայրս:

Չի փափաքիր հիւրեր ընդունիլ: Իր փափաքն է, որ ամէն մարդ մնայ իր սիրելիներուն հետ միատեղ, ողջ եւ առողջ:

Շատ լաւ գիտէ. ուշ կամ կանուխ, բոլորս պիտի համախմբուինք իր շուրջը: Առայժմ կը մերժէ հիւրեր ընդունիլ: Քաջ գիտէ թէ այդ տեղի այցելուները ժամանակաւոր չեն եւ ժամը 10:00-ը անցնելէ ետք պիտի չմեկնին:

Ներկայիս բնաւ հիւրասէր չէ մայրս:

Հոն չկայ պատէն կախուած ժամացոյց, որ ցոյց տայ, թէ ժամը 10:00-ը շատո՜նց անցած է.

Մեր ընտանեկան, նաեւ ընկերային մօտ շրջանակին մէջ, շատերուն ծանօթ է մօրս նշանաւոր խօսքը, որ տեսակ մը անեքթոտի կարգ անցած է:

«Մենք մինչեւ ժամը 10:00-ը կը նստինք»:

Մինչեւ օրս, երբ այցելութիւն մը ժամը 10:00-էն աւելի երկարի, յուզումով կը յիշենք մօրս նշանաւոր խօսքը:

«Մենք մինչեւ ժամը 10:00-ը կը նստինք»:

Լոս Անճելըս, 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>