Մակար, ի Գաղիա
Ինչո՞ւ Կեդրոնականցի Արմենակ հայկական թերթի աշխատակից չէ եղած: Նոյնիսկ երբ համացանցը չկար, ան ազգին եւ համայնքին վերաբերող ամէն դէպքէ եւ դիպուածէ տեղեակ կ’ըլլար: Դէպք եւ դիպուած իրեն կը հանդիպին:
Ձմրան ուրբաթ: Պատուհանէն կ’որսայի երբեմն յայտնուող արեւու ճառագայթ մը: Քիչ ետք երեկոն պիտի հասնէր եւ հեռատեսիլի պատուհանին առջեւ նստած` երկար գիշերուան ձանձրոյթը պիտի յաղթահարէինք:
Դրան զանգը հնչեց: Նամակաբաշխը միայն կը թակէ թոշակառուներու դուռը: Մենք բախտ ունինք մեզ չմոռցող Կեդրոնականցի Արմենակին պէս բարեկամ մը ունենալու: Ան իր տեսածն ու լսածը կը բաժնէ մեզի հետ:
Ուրախացանք: Տուն մտաւ նոր շունչ:
Արմենակ ներածական չի սիրեր: Ըսելիքը կ’ըսէ, ապա կը յիշէ ուրիշ բաներ: Այս պատճառով ալ թերթի լաւ ոճով աշխատակից կրնար ըլլալ: Հազիւ նստած.
– Գիտէինք, ո՞վ չի գիտեր, որ պսակ կամ թաղում դասակարգ ունի: Այդ մասին կը վկայեն սգակիրները, նաեւ` երգեցիկ դպիրներու եւ եկեղեցականներու համրանքը, ներկայ նուիրապետական կարգը,- ըսաւ Արմենակ:
«Ուրկէ՞ կու գաս» հարցնելու ժամանակ չունեցայ: Ինք շարունակեց.
– Յուղարկաւորութենէ կու գամ: Եկեղեցիին բոլոր լոյսերը վառած էին, անցքին վրայ ծաղիկները քալելու տեղ չէին ձգած, ձախ թեւին վրայ կիներու սեւ հագուստի տպաւորիչ ցուցահանդէս էր: Մուտքին, հրաւիրուած սրբազանը հարցուց ինծի, թէ ինչպիսի մէկն էր հանգուցեալը: Ըսի, թէ ամուսնացած էր եւ զաւակներ ունէր: Պատշաճ շքեղ յուղարկաւորութեան, հոգեւորականը վակներեան օփերայի մենակատարի պէս աւետեց, որ` «հանգուցեալը ընտանիքի հայր էր» եւ ասեղնագործեց «լաւ հայրեր»-ու մասին ածականներ եւ վերադիրներ:
– Լաւ ըրած է, լաւ հայրերու եւ լաւ մայրերու մասին պէտք է խօսիլ,- տեղաւորեցի, որպէսզի Արմենակ շունչ առնէ:
Մեծ թղթակից Արմենակ ոչ միայն շունչ չառաւ, այլ պարզապէս լռեց: Հարցուցի.
– Յետո՞յ…
– Մեզմէ բաժնուող վարժապետին եւ խմբագիրին համար ոչ ոք օփերայի երգիչ չի դառնար: Գերեզմանատունէն ետք վերադարձողներուն աւանդական լեղի սուրճ մը կը հրամցուի: Մենք արժանացանք արեւելեան ճաշարանէ մը ապսպրուած համադամներ եւ փորը լեցուած գառնուկ ճաշակելու, որոնք ցաւը մոռցուցին: Արքայութեան դուռը ծաղիկներով եւ յորդող սեղաններով կը բացուի` ըսելով «ընտանիքի լաւ հայր», քանի որ սրբազանը ինք կը թակէ եդեմի դուռը:
– Արմենա՛կ, կը զարմանա՞ս: Երկինքի տակ նորութիւն չկայ: Հեռու քաղաքի մը քահանան հարուստ եւ օտարացած ծուխերու ցանկը ունէր, անոնք, աւանդաբար, ամէն տնօրհնէքի, դեղին ոսկի կու տային: Քահանան վախճանեցաւ, այդ ցանկը չկտակեց: Իրեն հետ տարաւ դեղին ոսկիներու ծորակը եւ «ծագումով հայեր»-ու ծուխն ու մուխը:
Մակարուհին սուրճ բերաւ: Խոհանոցէն հետեւած էր զրոյցին եւ հարցուց.
– «Իմրիկ հելվա» հրամցուցի՞ն:
– Ի՜նչ «հելվա»: Երբ քսակը փքուի, հազիւ «ծագում» կը մնայ: Ալպոմի կամ համացանցի վրայ չի դրուիր,- ըսաւ Արմենակ, երբ բաժակը շրթներուն կը տանէր:
29 դեկտեմբեր 2016