ՆՈՒՊԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ ծագած տագնապներուն եւ Հայաստանէն եղած արտագաղթին իբրեւ անմիջական անդրադարձ` տեղաշարժ արձանագրած հայութիւնը եւ այս հետեւանքներուն որպէս անմիջական իրողութիւն` որոշ գաղթօճախներու նօսրացումն ու նոր գաղութներու ձեւաւորումը նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն հայութիւնը ընդհանրապէս եւ նոր ձեւաւորուած գաղութները յատկապէս` հայապահպանման, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հետապնդման եւ Արցախի հարցի կարգաւորման առումով: Բնական է, որ այս մարտահրաւէրներուն առընթեր կը յառաջանան նոր ուժեր կամ կ’ընդարձակուին հիներ` այս մարտահրաւէրները դիմակայելու համար: Այս իրողութեան մէջ նկատելի կը դառնայ տեղաշարժ արձանագրողներուն հետ միասին եւ անոնց միջոցով հայկական կազմակերպութիւններու ընդարձակումը: Այս կազմակերպութիւններէն է նշանակալի աւանդ ունեցող պատմակերտ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Տարիներ շարունակ աւանդութիւն եղած է տարեվերջին հայրենիքի եւ սփիւռքի շատ մը երկիրներու` յատկապէս աւանդական սփիւռք համարուող գաղութներ ընդգրկող երկիրներուն մէջ նշել ՀՅԴ օրը:
Այսօր այս պատկառելի աւանդութիւնը նաեւ իրը նկատող եւ պարտաճանաչօրէն եւ պատշաճ կերպով նշող հայ գաղութներու շարքին է հոլանտահայութիւնը: Դաշնակցութեան Հոլանտայի ընտանիքը արդէն երկրորդ տարին է, որ կը նշէ Դաշնակցութեան տարեդարձը` մեծ հնչեղութեամբ եւ տարողութեամբ: Սակայն հետաքրքրական է գաղութին խանդավառութիւնը եւ մասնակցութիւնը այս մեծ աւանդ ունեցող կուսակցութեան տարեդարձի հանդիսութեան:
Հոլանտահայութեան ապակեդրոն բնակչութիւնը նկատի ունենալով` ուշագրաւ է այն իրողութիւնը, որ հեռաւոր քաղաքներէ ժամանածները մէկ հովանիի տակ կը հաւաքուին եւ միասնաբար կ’ունկնդրեն Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ հրամցուած, մէկ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն եւ ապագային նկատմամբ որդեգրած հայեցակարգերուն ու ծրագիրներուն մասին:
Այս իրողութեան վրայէն պէտք չէ արագ ձեւով անցնիլ: Բացատրութիւն մը տալու ճիգին մէջ պէտք է նկատել այն, որ այս աշխարհակեդրոն, բայց հայկականութենէ հեռու, անցեալին քրիստոնէութիւնը իրեն համար սեփականութիւն համարող, բայց այսօր քրիստոնէական արժէքներուն մեծ նշանակութիւն չտուող, արդիականացման ետեւէն վազող եւ միաժամանակ պարզ ընտանեկան յարաբերութիւնը եւ գուրգուրանքը կորսնցնող երկրի մը մէջ ապրող հայութիւնը եկած է ոգեշնչուելու հայկականութեամբ, ներշնչուելու իր անցեալով, բայց նաեւ` հպարտանալու իր ապագայով: Դաշնակցութեան տարեդարձին առիթով հաւաքուիլը եւ միասնաբար այս տօնը նշելը խորհրդանշանական է: Ասիկա առիթ է պատմութեան եւ անցեալի յիշողութիւնները թարմացնելու եւ պահ մը ապրելու ոգեղինացած էութեամբ, մեր հին ընկերներու, ՀՅԴ-ի հիմնադիրներու, Թուրքիոյ դէմ պայքար մղած ֆետայիներու, Սարդարապատը յաղթող եւ Հայաստանը կերտած ընկերներու, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պայքար տանող եւ այդ ճամբուն վրայ ինկած հերոսներու, Արցախի ազատագրման գոյապայքարի եւ հետագային ազատագրուած հողերուն հսկելու եւ պաշտպանելու ընթացքին իրենց արիւնը թափած, յանուն մեր ժողովուրդին նահատակուած մարտիկներու հետ: Արդ, ինչպէ՛ս օր մը չյատկացնել այս կուսակցութեան տարեդարձին: Ինչպէ՛ս չլծուիլ գործի` պատրաստելու այդ օրուան եւ այդ աշխատանքներէն հաճոյք չստանալ: Ինչպէ՛ս չփութալ Դաշնակցութեան տօնակատարութեան համար ճշդուած վայր` բազմահոծ ժողովուրդով:
ՀՅԴ-ին տարեդարձի տօնակատարութիւնը լաւագոյն միջոցն է արծարծելու հայութիւնը յուզող հարցերը եւ այդ հարցերուն լուծում տուող Դաշնակցութեան բանաձեւերը եւ այդ բանաձեւերու իրականացման մասին զեկոյցները: Հետեւաբար սա տօն է բոլոր հայերու համար, եւ այս տրամաբանութեամբ մեր ժողովուրդի տարբեր հատուածները կը փութան դէպի տօնակատարութեան սրահները. մասնակցութեան պայմանը դաշնակցական ըլլալը չէ, պայմանը ՀԱՅ ըլլալն է, պայման, որ դիւրին կը թուի ըլլալ, սակայն աշխարհակեդրոն այս շրջանին մէջ դիւրինը ձուլուիլն է, որուն դէմ նաեւ պայքար կը տանին Դաշնակցութեան տօնակատարութեան մասնակցող բոլոր հայորդիները: