Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Ապրելու Համար» (Հեղինակ` Համազասպ Տէր Խաչատուրեան)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Abrelou-hamar_11617Քիչ կը պատահի, որ գիրք մը իր առաջին էջէն քեզ առինքնէ, նոյնիսկ եթէ երբեք տուեալ հատորը ըլլայ յուշագրութիւն, ընդգրկէ սեփական կեանքի պատումներ կամ այսպէս ըսած` ապրուած կեանքի փորձառութիւն:

Սա չի նշանակեր, որ յուշագրութիւնը կորսնցուցած է իր հնչեղութիւնը,  դարձած է ժամանակավրէպ եւ զիջած այլ գրական սեռերու: Ո՛չ, երբեք:

Այլ հարց, որ ընթերցանութիւն հասկացութիւնը իր բովանդակ իմաստով արդէն տեղի տուած է նորօրեայ խեղճացած սովորութիւններու, սնամէջ մօտեցումներու դիմաց եւ կ՛ապրի հոգեվարքի դժխեմ ժամանակներ:

Ի դէպ, հազուադէպ են այն պահերը, երբ գիրքի մը ընթերցանութիւնը կը վերածուի պարտադրանքի, այսինքն` յափշտակութեամբ եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կարդալու մղումի, պարզապէս որովհետեւ գիրքին բովանդակած ու շօշափած նիւթերը ոչ  միայն գրողին կ՛առնչուին, այլեւ` ամբողջ հաւաքականութեան մը:

Այլ խօսքով, կարեւորելով հանդերձ որեւէ հատորի գեղարուեստական շունչի, գրական լեզուի, ոճի, թէ պատկերի յատկութիւնները, յուշագրութիւն մը, հակառակ իր անպաճոյճ լեզուին, երբ համեմուած է ազգային ու մարդկային շունչով ու որակով, երբ անոր էջերուն կ՛եռեւեփին իրաւ զգացումներու, անաղարտ ապրումներու եւ անասելի տառապանքի վկայակոչումներ, այդ ալ ամբողջ ազգի մը տարողութեամբ, ապա, տուեալ հատորին փոխանցած խորհուրդը իբրեւ գոյութենական պայքարի սրբազան արտայայտութիւն` կը թափանցէ ներաշխարհէդ ներս, կը գրաւէ մէկ անկիւնը եւ կը դառնայ անոր մասնիկը, ուր եւ ուժեղ կը հնչեն չարչարուած ազգի մը հառաչանքն ու անարդարութեան դէմ պոռթկալու բարձրագոռ ճիչը:

Փաստօրէն, նման հոգեվիճակի մը դէմյանդիման գտնուեցանք, երբ որոշեցինք ընթերցել սոյն հատորը, որուն աւելի քան 380 էջերը մեզի` յետնորդ սերունդներուս, կը պատգամեն ճանչնալ մարդակեր թուրքի հայատեաց բնազդը, քիւրտին վայրագ ու զազիր դիմագիծը եւ սեփական ժողովուրդի մը ապրած անասելի արհաւիրք-դժոխքը, բայց մանաւանդ` վերապրելու կամքը:

«Ապրելու համար» գիրքը խորքին մէջ մատեան մըն է, որ կոչուած է իր կարգին ապրեցնելու ազգ մը ամբողջ` հաւաքական յիշողութիւններու վերաջրդեղումով:

Հատորը թէեւ սեփական յուշագրութեամբ յագեցած էջեր կը բովանդակէ,  այդուհանդերձ անոր կիզակէտը Հայոց ցեղասպանութիւնն է, անոր ամենադաժան եւ ողբերգական եղելութիւններու ներկայացումով:

Արդ, գիրքին հեղինակ` Համազասպ Տէր Խաչատուրեան իր ծննդավայր Տարօն աշխարհի Խաշխալտաղ գիւղի մէկ հարազատ զաւակն ըլլալով, փորձած է լոյսին բերել հայ գիւղացիին, մշակին, հոգեւորականին, ուսուցիչին, ֆետայիին եւ բանուորին առօրեայ կեանքին առնչուող իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, յաճախ շեշտելով հայրենի բնութեան բուրմունքն ու գեղեցկութիւնը, կենդանական աշխարհի այլազանութիւնը, ազգային հաւաքական բարքերու, կենցաղակերպի, ազգագրական արժէքներու եւ հաւատալիքներու իւրայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ` մօտիկ անցեալի հայութեան դիմագրաւած բազում դժուարութիւնները:

Հարկ է խոստովանիլ, որ գիրքի ընթերցումին առընթեր, մտերմութիւն մը կը ստեղծուի գրողին եւ ընթերցողին միջեւ, որովհետեւ հեղինակը իր երեւակայութեան եւ յիշողութեան թափ տալով կը վերակենդանացնէ հայ գիւղին առանձնայատկութիւնը` անոր հայաբոյր մթնոլորտով` անոր շրջապատով:

Հեղինակը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ իր գիւղը, կու տայ բացատրութիւններ` հողագործի կատարած աշխատանքին, գործածած իրերուն եւ աշխարհագրական վայրերու մասին, կը նշէ անուններ` գիւղական միջավայրին առնչուող, քաջատեղեակ է բուսական աշխարհի այլազանութիւններն եւ անասնապահութեան ունեցած կարեւոր ներդրումէն, կը ներկայացնէ գիւղական խոհանոց համեղ ճաշացուցակը,  բացառիկ ու վառ յիշողութեամբ ընթերցողին կը փոխանցէ աւանդութիւններու եւ բանահիւսութիւններու գոհարներ:

Միւս կողմէ, թուրքին եաթաղանէն հրաշքով ազատած եւ ամբողջ ազգի մը արհաւիրքը տեսած ու ապրած գրողը, առանց վարանումի, մտքի ու հոգիի հաւասարակշռութեամբ մեզի կը պատմէ անպատմելիներն (սպանդ, խողխողում, մանուկներու հրկիզում) անգամ:

Յիշենք, որ հեղինակը, շնորհիւ իր մաքուր լեզուին, ոճին, հայրենի բնաշխարհին մասին անսպառ տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ`  գրական-պատմողական որոշակի բարեմասնութիւններու, կը յաջողի ներգրաւել ընթերցողը, որ իր կարգին անհամբեր կը սպասէ պատմութեան աւարտին:

Իրաւամբ, հեղինակը իր ժամանակին շունչն ու ոգին հանդիսանալով, կը վաւերագրէ ամէն ինչ որ սեփականութիւնն է Տարօն աշխարհին, Մշոյ դաշտին, Սուրբ Կարապետ վանքին, շեշտադրելով անոնց աշխարհագրական դիրքը, կլիմայական պայմանները, այդ հողին վրայ ապրած ժողովուրդի մը ամուր կամքին ու վերապրելու ոգիին իւրայատկութիւնը:

Զարմանալին այն է, որ հեղինակը, ապրելով հանդերձ թուրքի եաթաղանին արհաւիրքը, իր տողերուն մէջ զգալի կը դարձնէ երկու հիմնական յատկանիշեր` կեանքի հանդէպ լաւատեսութիւնն ու հողի հանդէպ պաշտամունքը:

Այս առումով ներշնչող են հեղինակի գործածած ենթախորագիրները, ինչպէս` «Մեր գիւղը», «Մեր տունը», «Մեր դպրոցը», «Մեր կողմերը» եւ այլն: Ան ո՛չ միայն կորուսեալ հողին տառապանքը կ՛ապրի, այլ նաեւ` մեր սրբազան հողերուն տիրութիւն ընելու ներքին մղումն ու երազը կը սնուցէ ամէն քայլափոխի` քաջ հաւատալով, որ հայութիւնը օր մը պիտի վերադառնայ հայրենի օճախ:

Աւելի՛ն. ընթերցողը հատորին մէջ կը հանդիպի էջերու եւ մտածումներու, որոնք թաթաւուն են այնպիսի յուզական աշխարհով, որ կարծես անոնք գրուած ըլլան այն խոր հաւատքով, որ վաղն իսկ հոն ենք` հայրենի հողին վրայ:

Հակառակ անոր որ եղեռնագործութեան ատեն գրողը հազիւ տասը տարեկան էր, ան հետագային, շնորհիւ իր յոյժ գնահատելի յիշողութեան, սպիտակ էջին կը յանձնէ այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք ազգային գանձարանին կը պատկանին` իբրեւ վաւերական տեղեկութիւններ:

Համազասպ Տէր Խաչատուրեան որդիական ջերմեռանդութեամբ լոյսին կը բերէ իր քահանայ հօր ազգային եւ կուսակցական գործունէութիւնը: Այս պարունակի մէջ, յաճախ կը յիշէ հայ ֆետայիներու պատկառելի անունները (Վարդան վարդապետ, Գոմսայ Իսօ, Հրայր Դժոխք, Ռուբէն, Ցրոնքցի Մուրատ եւ այլ բազում խնկելի անուններ), որոնք սերտ գործակիցներ եղած են քահանայ հօր եւ յաճախ ներկայութիւն եղած են հօրենական տան մէջ:

Հեղինակի ճաշակած կեանքի դառնութիւնները, ամբողջ գերդաստանի սպանդն ու որբութեան անասելի տառապանքը, հակառակ իր մօր ներկայութեան, արգելք չեն ըլլար երբեք որ ան աւելիով կառչի կեանքին, ազգային նուիրական արժէքներու ծառայութեամբ ապրի, ընտանիք կազմէ եւ ցոյց տայ հայու այն տեսակը, որ գիտէ շրջանցել կեանքի ամէն դժուարութիւն եւ կերտել  յաղթանակի պատուանդանը:

Տեղին է յիշել, որ հատորի բովանդակութեան կարգ մը բաժինները իրենց պատմագրական տուեալներով հարուստ տեղեկութիւն կը բովանդակեն, օրինակ` երբեմնի Տիգրանակերտի, Հալէպի, Արաբ բունարի մէջ ապրած հայ գաղթական ժողովուրդին առօրեայ կեանքի, ու յատկապէս Պէյրութի Հայաշէն թաղամասի կազմաւորման ու բարգաւաճման մասին:

Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի սոյն հատորը լաւագոյն ապացոյցն է անոր հոգատարի, եկեղեցաշէնի, աշխատասէր արհեստաւորի, մտաւորականի, յուշագիրի, լրագրողի, յօդուածագիրի, ուսումնասիրողի, գաղափարապաշտ կուսակցականի ու ազգային նուիրեալի կերպարին, որուն վաստակին  հայ սերունդներ երախտապարտ պիտի մնան:

Այս առիթով ինչպէս կարելի է չյիշեալ հեղինակի զաւակ եւ ժառանգորդ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի պատկառելի անունն ու վաստակը իբրեւ երկարամեայ մանկավարժ-ուսուցիչ, հայ գրականութեան, պատմութեան, լեզուին եւ մշակոյթին անխոնջ ծառայող, գիրքերու հեղինակ, բայց մանաւանդ` հայ մամուլի հաւաքածոներու մասնագէտ:

Հատորը բաղկացած է 391 էջէ, ունի գեղատիպ տպագրութիւն, պատկերազարդ է, տպուած է 2015-ին, լոյս տեսած է «Շիրակ» հրատարակչատունէն: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած եւ խմբագրած է Կարօ Յովհաննէսեան:

Աւարտին, հարկ է ընդգծել, որ Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի զաւակներուն այս նախաձեռնութիւնը` հատորի հրատարակութիւնը, արժանի է բոլորին յարգանքին:

14  դեկտեմբեր 2016

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>