ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
«Դուք ինչո՞ւ Ս. Ծննդեան տօնը 6 յունուարին կը նշէք», հարցումին անխուսափելիութեան կողքին, հայկական Ս. Ծնունդը այս տարի տեղական մակարդակով ունեցաւ խորհրդանշական անդրադարձ, նկատի ունենալով, որ լիբանանեան պատկերասփիւռի զանազան կայաններ յատուկ յայտագիրներով եւ գեղարուեստական յայտագիրներու սփռումով նշեցին այդ տօնը:
Սկսելու համար, լիբանանեան պատկերասփիւռի բոլոր կայանները իրենց յայտագիրներուն միջեւ եւ ծանուցումի դադարներուն ընթացքին օգտագործուող իբրեւ տեսարան որդեգրած էին «Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ», «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ» եւ հայկական սրբանկարներով պատրաստուած Ս. Ծննդեան շնորհաւորանք մը` մնայուն կերպով անդրադառնալու հայկական Ս. Ծնունդին:
Հասկնալի է անշուշտ կարգ մը կայաններու կողմէ շնորհաւոր եզրը վ-ով գրելու իրականութիւնը, նկատի ունենալով, որ անոնք դիմած կրնան ըլլալ համացանցի ծառայութեան եւ ստացած` այդ եզրին արեւելահայերէն տարբերակը:
Խթման գիշերը հետաքրքրական էր, որ տեղական պատկերասփիւռի գրեթէ բոլոր կայաններէն գիշերային լուրերու հաղորդումներուն ընթացքին խօսնակները կայանին անունով շնորհաւորեցին հայկական Ս. Ծնունդը` իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնելով լիբանանահայութեան:
Այս շրջագիծին մէջ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի լուրերու բաժանմունքի լրագրողներէն Ժոել Քոզէյլի նախաձեռնեց նաեւ, որ «Էմ. Թի. Վի.»
լուրերու հաղորդումին «Ռողըմ քըլ շի» կոչուող առաջին բաժինը յատկացուի հայկական Ս. Ծնունդին:
Այս բաժինով Քոզէյլի հայերէնով անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութիւնը դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ, պահպանեց իր ազգային եւ կրօնական սովորութիւններն ու աւանդութիւնները եւ զանոնք փոխանցեց սերունդէ սերունդ:
Ան անդրադարձաւ հայութեան կողմէ խթման գիշերուան ընթացքին հրամցուող յատուկ ճաշերուն եւ անուշեղէններուն` ընդգծելով հարազատներով եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ այդ տօնը նշելու սովորութիւնը:
Քոզէյլի ակնարկեց նաեւ հայկական եկեղեցիներուն մէջ 6 յունուարին մատուցուող Ս. Ծննդեան պատարագին եւ աւարտեց` ըսելով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս»:
Ժոել Քոզէյլի 2016-ին արցախեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերջին իրադարձութիւններուն մասին լրատուութիւն պատրաստելու նպատակով մեկնած էր Ստեփանակերտ եւ ուղղակի հաղորդումներ կատարած` Թալիշէն:
Իսկ 2012-ին ան պատրաստած է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մասին վաւերագրական յատուկ ժապաւէն մը:
«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի «Թահքիք» յայտագիրի անձնակազմը լծուած էր աւելի լուրջ աշխատանքի մը: Յայտագիրը պատրաստող Քլոտ Ապու Նատեր – Հինտի իր անձնակազմով ուղղուած էր Այնճար եւ յատուկ հաղորդում մը պատրաստած` Այնճարի, անոր կառուցման եւ գիւղաքաղաքին հայկական դիմագիծին մասին:
Մէկ ժամ տեւողութեամբ յայտագիրին ընդմէջէն կարելի եղաւ ծանօթացնել Այնճարի պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ` հայկական Ս. Ծնունդի աւանդութիւններն ու այդ առիթով պատրաստուած ճաշերն ու քաղցրեղէնները պատրաստելու սովորութիւնները պահպանելու Այնճարի յատկանիշները:
Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, Եսայի Հաւաթեանի եւ այնճարցի երիտասարդներուն, Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն ու ԼՕԽ-ի ընկերուհիներուն հետ հարցազրոյցներու ընդմէջէն պարզուեցան այս բոլորը:
Անձնակազմը մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը նկարահանում կատարած էր` ներկայ գտնուելով Ս. Ծննդեան պատարագին եւ բնակարանները շրջելով Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը աւետող եկեղեցւոյ դպրաց դասերուն հետ:
Յայտագիրին մէջ Այնճարի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն ներկայացման փակումը կատարուեցաւ Այնճարի ազգային շուրջպարով` իբրեւ խորհրդանիշ եւ ուժ` Մուսա Լերան հայութեան շառաւիղներուն գոյատեւումին:
«Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանը Ս. Ծնունդի օրուան զուգադիպող «Հսապաք աաննա» մրցում-խաղ յայտագիրը, որուն աւարտին գոյացած գումարը կը յատկացուի կարիքաւոր ընտանիքի մը, իր 8 մասնակիցները որոշած էր դարձնել տարբեր մարզերուն մէջ գործող լիբանանահայեր:
Շուրջ երկու ժամ տեւող այս յայտագիրին ընթացքին հնչեցին հայկական սովորութիւններուն, խորհրդանիշներուն, աւանդութիւններուն, լիբանանահայութեան կեանքին, ինչպէս նաեւ նշանաւոր հայերու եւ Հայաստանի նուիրուած հարցումներ ու տեղեկութիւններ:
Ողջունելի էր այս աշխատանքը, որ լուսարձակի տակ առած էր հայութեան առնչուող լայն տեղեկութիւնները:
Մրցում-խաղ յայտագիրին ընթացքին մատուցուեցաւ հայկական թերթանուշը, ինչպէս նաեւ` հայ երգն ու պարը:
Իսկ այդ յայտագիրին ընթացքին մասնակիցներուն հաւաքած գումարը նուիրուեցաւ կարիքաւոր հայ ընտանիքներու:
Խոցելի վիճակի մէջ գտնուող պետական պատկերասփիւռի «Թէ. Էլ.» կայանը իր կարգին ծրագրած էր հայկական Ս. Ծնունդին առիթով սփռել գեղարուեստական յայտագիր մը` հայկական հին պարերու ելոյթ մը:
«Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին սփռած էր «Պէյրութ չենց» փառատօնին ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերած Համազգայինի «Այգ» երգչախումբին Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած երգերու համերգը:
Բացի այս յայտագիրներէն, հայկական Ս. Ծնունդին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ Հալէպի մէջ մատուցուած, իսկ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած պատարագները 6 յունուարին ուղղակի սփռուեցան լիբանանեան վերոնշեալ պատկերասփիւռի կայաններուն, ինչպէս նաեւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ:
Լիբանանի մէջ պետական տօն նկատուող հայկական Ս. Ծնունդը վերջին տասնամեակին իբրեւ տօն որդեգրուեցաւ նաեւ մամլոյ սենտիքային կողմէ:
2017-ին արձանագրուած ուրախալի եւ գոհունակութիւն պատճառող այս իրավիճակը նաեւ հետաքրքրական է, նկատի ունենալով, որ նախորդ տարիներուն նման լայն անդրադարձ չէին արձանագրած պատկերասփիւռի տեղական կայանները:
Անշուշտ այս սիրտ լեցնող նախաձեռնութիւնները եւս ունին իրենց դրդապատճառները, որոնցմէ գլխաւորը պէտք է նկատել յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Սակայն հակառակ այս իրականութեան` լիբանանահայութեան կազմակերպուածութիւնը, իր ինքնութիւնը պահելու ջանքերը, իրաւունքները պաշտպանելու պայքարը, քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ մարզական ոլորտներուն մէջ անոր արձանագրած յաջողութիւնները եւ վերաորակաւորուելու պատրաստակամութիւն կարելի չէր ծածկել, հետեւաբար Ս. Ծնունդը եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին երկրին չորրորդ իշխանութեան նախաձեռնութեամբ դրսեւորուեցաւ ազգային աւանդներով լեցուն, սակայն շուքի տակ մնացած լիբանանահայութեան առօրեան:
Ի դէպ, սակայն, կար ցաւ պատճառող իրականութիւն մը, որ խիստ ընդվզեցուցիչ էր:
Հաւանաբար բոլորին համար տհաճ է տեսնել, որ այդքան յարգանք վայելող եւ արժանապատուութիւնը բարձր պահող լիբանանահայութեան զաւակները կարիքաւորի վիճակին մէջ ներկայացուեցան` ընդհանրապէս տօնական օրերուն ընթացքին, եւ ոչ միայն պատկերասփիւռի կայաններուն յայտագիրներուն ընդմէջէն:
Կը մաղթենք եւ կը յուսանք, որ գաղութը աւելի եւս հզօրանայ եւ ոչ մէկ կարիքաւոր լիբանանահայ մնայ: