ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Մամուլի հին սովորութիւն է տարուան վերջին օրերուն վերաքաղ մը ընել անցնող տարուան ընթացքին պատահած դէպքերը: Այս տարի, ափսոս որ այդ դէպքերը շա՜տ ծանր կշռեցին մեր երկրի ժողովուրդին վրայ: Յաճախակիօրէն ցնցուեցանք ահաբեկչական յարձակումներով, որոնք բազմաթիւ կեանքեր խլեցին: Թէեւ ահաբեկչական յարձակումները աշխարհի բոլոր երկիրներուն համար կրնան ի զօրու ըլլալ, սակայն մեր մօտ, նոյնինքն երկրի կառավարութիւնը արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր ծրագրած է իշխանութիւնը պահել բռնութեան անհամեմատ եղանակներով: Նախորդ տարիէն փոխանցուած բռնութեան հոսանք մը կը տիրէր ամբողջ երկրին մէջ: Բազմաթիւ լրագրողներ ձերբակալուած էին, խօսքի ազատութիւնը վերացած էր, եւ կառավարութիւնը այս բոլորը կը մերժէր կամ կ՛արդարացնէր միայն իրեն եւ իր համակիրներուն համար ընդունելի պատճառաբանութիւններով:
Իրականութեան մէջ մտահոգութեան աղբիւրը բոլորովի՛ն տարբեր էր: Անցեալ տարի, դեկտեմբեր 17 եւ 25 թուականներուն, գայթակղութեան շատ ծանր մեղադրանքներ ուղղուած էին նախագահ Էրտողանին, անոր ընտանեկան շրջանակներուն եւ նախարարներուն: Մեծ գումարներու հասնող զեղծարարութեամբ կը մեղադրուէին, բայց անոնք փոխանակ այս զեղծարարութեանց հաշիւը տալու` կը պնդէին, որ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի աղանդին կողմէ կառավարութեան դէմ ծրագրուած դաւադրութիւն մըն է եղածը: Այդ հանգրուանէն ետք երկիրը բոլորովին մատնուեցաւ ահաբեկչական միջավայրի, ուր ամբողջ տարուան ընթացքին դէմ առ դէմ մնացինք զանազան յարձակումներու հետ: Կառավարութիւնը իրապէս սարսափի մատնուած էր եւ իրեն դէմ եղած ամէն քննադատութիւն կը դիտէր փարանոյայի հոգեվիճակով:
11 յունուարին, Թուրքիոյ 89 համալսարաններու մէջ պաշտօնավարող 1128 ակադեմականներ, «Այս յանցագործութեան մասնակից չենք ըլլար» խորագիրով յայտարարութեամբ մը ասպարէզ կարդացին կառավարութեան: Այդ արտայայտութեամբ կը մատնանշուէր քրտաբնակ քաղաքներու մէջ պետութեան ուժերուն կիրարկած բռնութիւնը: Սակայն իշխանութիւնները, ինչպէս նախորդ անգամներուն ըրած էին, դէպքը ընդունեցին իբրեւ կառավարութեան դէմ ապստամբութիւն: Դատարանները անմիջապէս շարժման անցան, եւ կարճ ժամանակի մէջ ձերբակալուեցան այդ յայտարարութիւնը ստորագրած ակադեմականներէն ոմանք:
Հասարակութիւնը տակաւին չէր կրցած թափանցել այս պատահարը, երբ անմիջապէս յաջորդ օրը ռումբ մը պայթեցաւ քաղաքի զբօսաշրջութեան կեդրոններէն` Սուլթանահմետի հրապարակին վրայ, խլելով 10 կեանքեր: Յաջորդող ամիսներուն երկիրը յաճախակի կերպով թատերաբեմ դարձաւ ահաբեկչական զանազան գործողութիւններու:
17 փետրուարին եւ 13 մարտին Անգարայի մէջ մահապարտներու ձեռքով կայացած յարձակումները խլեցին 55 կեանքեր: Նման բնոյթի մէկ այլ յարձակում մը կատարուեցաւ այս անգամ Փերայի մէջ, որուն զոհ գացին 5 գերմանացի զբօսաշրջիկներ:
Ահաբեկչութիւնը իր ճիրաններուն մէջ առած էր Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու կողքին` աշխարհի զանազան երկիրներ: Արդարեւ, 20 մարտին, այս անգամ Պրիւքսէլն էր, որ 34 զոհեր կու տար, քաղաքի օդակայանի մուտքին կատարուած մահապարտի յարձակումի մը պատճառով:
Արտերկրի յարձակումները սահմաններ չէին ճանչնար եւ կ՛երկարէին ովկիանոսէն ալ հեռու: 12 յունիսին Օրլանտոյի մէջ գիշերային ակումբ մըն էր յարձակումին թիրախը, ուր զոհուեցան 50 երիտասարդներ:
28 յունիսին Պոլսոյ օդակայանին մէջ կատարուած յարձակումին արձագանգը եկաւ Ֆրանսայի Նիս քաղաքէն: Ահաբեկիչները նոր դրութիւններ կը կիրարկէին, եւ այս անգամ բեռնատար ինքնաշարժ մըն էր, որ արագօրէն կը մտնէր 14 յուլիսի տօնակատարութիւններուն համար հաւաքուած բազմութեան մէջ: Աշխարհը ճարահատ կը հետեւէր պատահածներուն, իսկ եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ կը պարզուէին աննախադէպ պատկերներ: Անվտանգութիւն հաստատելու համար պատերազմական զէնքերով զինուած ոստիկաններ կը շրջէին քաղաքներու կեդրոնները:
Ի դէմ այս բոլորին, Թուրքիա իր պատմութեան ամենամութ էջերէն մէկը կ՛ապրէր 15 յուլիսի գիշերը, երբ հրասայլեր փողոց կ՛իջնէին կառավարութիւնը տապալելու համար: Բարեբախտութիւն է, որ ժողովրդական դիմադրութիւնը կասեցուց այդ ապստամբութիւնը, բայց, ապա, ամբողջ երկրով ճաշակեցինք պետական ահաբեկչութեան ծանր հետեւանքները: Տասնեակ հազարաւոր ուսուցիչներ, բազմահազար դատաւոր եւ դատախազներ, բանակայիններ եւ ոստիկաններ հեռացուեցան իրենց պաշտօններէն: Կառավարութիւնը ստիպուեցաւ յանցագործներուն ներում շնորհելու, որպէսզի տեղ բացուի այս նոր ձերբակալուածներուն: Այսպիսով, նախագահ Էրտողանի մենատիրութիւնը վերածուեցաւ բռնատիրութեան` իրեն հետ բերելով նաեւ տնտեսական ծանր ճգնաժամ, որուն հետեւանքները պիտի քաղենք նաեւ յառաջիկայ տարիներուն: