Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հաւատքի Մարդը` Բիւզանդ Թորիկեան

$
0
0

(ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ
Գառնիկ Մկրտիչեանի Դամբանականը`
Բիւզանդ Թորիկեանի Մահուան Առիթով)

IMG-20161207-WA0058Դժուար է հաւատալ, որ Բիւզանդ Թորիկեանը ոչ եւս է:

Դժուար է ընդունիլ, որ ՀՄԸՄ-ական աթլեթ, վարչական, դաստիարակ եւ պատմագիր Բիւզանդ Թորիկեանը մեզի հետ պիտի չըլլայ այլեւս:

73 տարուան միութենական ծառայութենէ ետք, Բիւզանդ Թորիկեանը շատ պիտի փնտռենք միութենական իր արժանիքներով ու փորձառութեամբ:

Երեւոյթ էր մեր երէց եղբայրը, ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան եւ ապա  Կեդրոնական վարչութեան երկար տարիներու պատասխանատու անդամը: Իսկ երեւոյթները միշտ չէ, որ կը կրկնուին:

Բիւզանդ Թորիկեան իր գիտակից կեանքը ապրեցաւ ՀՄԸՄ-ին հետ, ՀՄԸՄ-ին համար: Ան հասակ առաւ ՀՄԸՄ-ի առաջին սերունդի ներկայացուցիչներու անմիջական շունչին տակ, գործակցեցաւ երկրորդ եւ երրորդ սերունդներուն հետ եւ, ահա, կեանքէն կը հեռանայ միութեան դրօշը միութեան չորրորդ սերունդին յանձնած ըլլալու խղճի հանգստութեամբ:

Չորս սերունդի հետ այս ծանօթութիւնը եւ գործակցութիւնը աննախընթաց երեւոյթ է ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ: Պատմութեան մէջ պատմութի՛ւն է ինքնին, որ այս պարագային գրուած է հաւատքով, համոզումով, անշահախնդիր աշխատանքով եւ յոգնութիւն չճանչցող մարդու կամքով:

Հաւատքի մարդ էր Բիւզանդ Թորիկեան:

Հայութեան հանդէպ իր հաւատքն էր, որ պատանի տարիքին զինք առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի շարքերը:

Հայ երիտասարդութեան հանդէպ հաւատքն էր, որ զինք նետեց մարզադաշտեր, ձմրան ցուրտին թէ ամրան տաքին, աթլեթի խաղեր կազմակերպելու, ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղեր յաջողցնելու համար:

Մեր հաւաքական ուժին հանդէպ հաւատքն էր, որ Բիւզանդ Թորիկեանը մղեց ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ հիմնելու Ժունիէի մէջ, ՀՄԸՄ-ական գործ կատարելու Պէյրութի մէջ ու ապա` ՀՄԸՄ-ի համագաղութային կառոյցի կազմակերպման եւ գլխաւորման աշխատանքին լծուելու աշխարհով մէկ:

Մեր անկատար իղձերուն հանդէպ հաւատքն էր, որ Բիւզանդ Թորիկեանը ՀՄԸՄ-ի գերագոյն պատասխանատուութեան վրայ պահեց 22 տարի շարունակ` իբրեւ ղեկավարող, համադրող եւ առաջնորդող դէմք: Մէկը, որ վայելեց բոլորին անսակարկ յարգանքը, սէրն ու ակնածանքը:

Եւ դեռ, հայ գիրի եւ գրականութեան հանդէպ հաւատքն էր, որ Բիւզանդ Թորիկեանին կեանքը տեւական ծառայութիւն մը դարձուց ՀՄԸՄ-ական մամուլին ընդհանրապէս եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին` յատկապէս: Գաղափարակա՛ն ծառայութիւն, կրթող ու դաստիարակող ծառայութիւն:

Այո՛, անսպառ հաւատքի մարդն էր Բիւզանդ Թորիկեան: Հաւատք մը, որ իր ներշնչումը կ’առնէր ՀՄԸՄ-ի շարքերէն, ՀՄԸՄ-ի ազգային-բարոյական արժէքներէն, անցեալէն ու ներկայէն, մէկ խօսքով` ՀՄԸՄ-ի պատմութենէն:

Ճիշդ այդ պատճառով ալ, հաւատքի մարդ ըլլալու բերումով, ան յատուկ սէր եւ կապուածութիւն ունեցաւ պատմութեան հանդէպ, ինչ որ զինք մղեց գրելու ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը եւ կորուստէ փրկելու ազգային հարստութիւն մը, որուն արժէքը անգնահատելի է:

Արդարեւ,

Բիւզանդ Թորիկեան գրե՛ց ու ապրեցուց ՀՄԸՄ-ի մեծերը, «Նահատակ ցեղի անմահները», բայց ինք, իր մեծութեամբ, մնաց պարզ ու խոնարհ: Երբեք խտրութիւն չդրաւ մեծ ու փոքր գործերուն միջեւ:

Բիւզանդ Թորիկեան գրե՛ց ու պատմեց ՀՄԸՄ-ի մեծագործութիւնները, յաջողութիւնները, բայց երբեք չխօսեցաւ իր կատարածին ու վաստակին մասին: Միշտ մնաց լուսարձակներէ եւ ծափահարութիւններէ հեռու:

Բիւզանդ Թորիկեան գրե՛ց ու միութենական արժէքներ լուսարձակի տակ առաւ` ինք մնայուն պաշտպանը ըլլալով այդ արժէքներու կիրարկման` համեստութեան, անշահախնդրութեան, եղբայրասիրութեան եւ հայրենասիրութեան:

Բիւզանդ Թորիկեան գրեց եւ անմահացուց

ՀՄԸՄ-ը` միշտ հաւատարիմ ծառան մնալով անմահներու այն սերունդին, որ այս միութիւնը կանգուն եւ հզօր պահեց 98 տարի:

Իսկապէս երեւոյթ էր Բիւզանդ Թորիկեան: ՀՄԸՄ-ի շրջուն համայնագիտարանն էր ան, պատմութեան շտեմարանը եւ արխիւներու հարուստ գանձարանը: 33 տարի առաջ ան կը գրէր իր նշանաւոր մէկ յօդուածը` «Ո՞վ պիտի գրէ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը» վերնագիրով: Այսօր, 33 տարի ետք, հարցումը կը վերադարձնենք մեր վաստակաշատ եղբօր` ըսելով, թէ քեզմէ ետք ո՞վ պիտի գրէ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը, սիրելի՛ Բիւզանդ Թորիկեան:

Յարգելի՛ սգակիրներ,

Հասած է հրաժեշտի դժուար պահը, երբ մեր վերջին յարգանքը ընծայելէ ետք` վարձքդ կատար պիտի ըսենք եղբօր մը, որուն բովանդակ կեանքը եղաւ անսակարկ ծառայութիւն, նուիրում եւ զոհաբերութիւն` ՀՄԸՄ-ին եւ այն բոլոր արժէքներուն, զորս ՀՄԸՄ-ը կը դաւանի:

Մենք հրաժեշտ կու տանք Բիւզանդ Թորիկեանին, սակայն ան հրաժեշտ չի տար մեզի: Իր յիշատակներով, պատգամներով եւ կենդանի օրինակով ան կը մնայ մեզի հետ, մեր մէջ` իբրեւ ուղեցոյց եւ առաջնորդ ՀՄԸՄ-ական իրաւ գործի, ՀՄԸՄ-ական տիպա՛ր մարդու:

Այս տխուր առիթով, յանուն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, կու գանք խոնարհելու Բիւզանդ Թորիկեանի անթառամ յիշատակին դիմաց եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք եղբօր ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ տասնամեակներու ընթացքին անոր գործակից եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը խոր կսկիծով կը սգայ անոր մեծ կորուստը եւ աշխարհասփիւռ իր 107 մասնաճիւղերուն համար կը յայտարարէ եօթնօրեայ սուգ:

Երթդ բարի՛, եղբա՛յր Բիւզանդ:

ՀՄԸՄ-ը միշտ պիտի յիշէ քեզ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>