Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Աւերակներու Մէջ

$
0
0

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

The_Baron_Hotel_the_oldest_hotel_in_the_northern_Syrian_city_of

Պէտք չէ զարմանալ նախ «Էւրենսել քիւլթիւր» (տիեզերական մշակոյթ) պարբերականին արգիլման համար, որովհետեւ համաշխարհային մշակոյթը ժիհատականներու եւ անոնց հետեւորդներուն գլխաւոր թիրախն է:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ անցեալները յայտարարեց, որ իր կողմէ Համաշխարհային մշակութային ժառանգութիւն ըլլալով` ճշդուած 65 վայրերէն 20-ը այցելել անկարելի է կամ` խիստ վտանգաւոր:

Այդ քսանին մաս կը կազմեն Հալէպի բերդն ու շրջակայքը եւ Ամիտայի Սուր թաղամասը (Տիգրանակերտ, Ա.), անոր անմիջական հարեւանութեամբ Հեւսելի պարտէզները:

Պատմական Հալէպը աւերողը ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ը, այլ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի հովանաւորած Նուսրան է:

Էրտողան Փութինի սիրոյն խնդրակատար եղաւ եւ Նուսրա հեռացաւ Հալէպէն` ապացուցելով Թուրքիոյ նախագահին հետ ունեցած կապը:

Սուրիոյ բազմամշակութային Գամիշլի քաղաքը սահմանակից է Թուրքիոյ պատմական Մծբին (Նուսայպին) քաղաքին, ուր հնագոյն ժամանակներուն հիմնուած էր Միջին Արեւելքի առաջին համալսարանը: 1915-ի կոտորածներէն փախչող հայեր, ասորիներ, քաղդէացիներ կամ եզիտիներ Գամիշլի ապաստանելով` նոր կեանք, բազմամշակութային նոր կենցաղ մը գոյացուցին, եւ տարածքը աւելի զարգացաւ` բաղդատմամբ Մծբնի:

Հիմա Մծբին գետնին հաւասարած է: Այժմ վտանգը ուղղուած է Աֆրինին, Արաբ Բունար ու Ռոժաւային:

Ամիտան բնորոշող Սուրը այլեւս գոյութիւն չունի: Սուրիոյ կործանած քաղաքներուն նման է նաեւ պատմական Ճիզիրը:

Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ին, Նուսրային ըրածները Թուրքիոյ մէջ պետութիւնն է, որ կ’ընէ:

2011-ի գարնան աճապարանքով այցելեցի Հալէպ եւ Տէր Զօր: Կը զգայի, որ եթէ այդ օր չերթամ, անգամ մըն ալ պիտի չկարենամ երթալ:

Նոյն տարուան աշնան, հայոց եկեղեցիի բացման ներկայ գտնուելէ ետք, շրջեցայ Սուր թաղամասը: Մթնշաղին այցելեցի բերդաքաղաքի բանտը: Կմախքներ յայտնաբերուած էին, ով գիտէ` ո՛ր կոտորածէն մնացած:

Մթնշաղին կը լուսանկարէի: Պոլիս վերադարձիս բերման ենթարկուեցայ:

Հալէպի մէջ «Պարոն» հիւրանոցն ալ մթնշաղին լուսանկարած էի:

Ի վերջոյ եկած էի իր մասին Սարգիս Վարպետէն այդքան շատ բան լսած «Պարոն» հիւրանոցը: Մթնշաղին կը մագլցէի հիւրանոցին աստիճանները, կը շրջէի կիսամութ նրբանցքներուն մէջ:

Սարգիս Վարպետէն լսած էի իր հօր` Ղազարոս Չերքեզեանի օգնութեամբ Արամ Անտոնեանի Մեսքենէի ճամբարէն դէպի Հալէպ փախուստը: Ապա Անտոնեան այս հիւրանոցի սենեակներէն մէկուն մէջ ստորագրած անցագիրով ապահովուած էր Չերքեզեաններու ընտանիքին Կիլիկիա վերադարձը: Ան ապա գրի առած էր բազմաթիւ վկայութիւններ այս հիւրանոցէն անցած մարդոց մասին: Որո՞նք չկային որ այդ ցանկին մէջ: Ճեմալ, Լիման Ֆոն Սանտերս, Մուսթաֆա Քեմալ փաշաներ: Հիւրանոցի սեփականատէր Մազլումեան եղբայրներ Ճեմալ փաշայի բարեխօսութեամբ փրկել փորձած էին օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխաններ Զօհրապն ու Վարդգէսը:

Հալէպ անգամ մը եւս կ՛ողողուէր գաղթականներու հոսքով: Մազլումեան եղբայրներ մեծ ջանք կը վատնէին Տէր Զօրի անապատին մէջ մահը սպասող իրենց ցեղակիցներուն օգնելու համար: Վերջապէս Մշոյ հրէշ Ապտուլհալիք Ռենտայի Հալէպի կուսակալ նշանակուելէ ետք իրենք ալ դժուարով յաջողեցան իրենց կեանքը փրկել:

Սեպտեմբերեան օր մը, երբ թուրք հրամանատարը յետին թողած կամուրջները եւ երկաթուղին ռմբակոծելով կը հեռանար «Պարոն» հիւրանոցէն, իրեն փոխարինելու կու գար անգլիական բանակի հրամանատար զօրավար Էլընպայ: Այդ միջոցին Անտոնեան, թարգմանիչի պաշտօնին զուգահեռ, կը շարունակէր փաստաթուղթներ հաւաքել: Եւ Մազլումեաններու հիւրանոցի բնակիչներէն մէկն ալ Նայիմ պէյ անուն օսմանեան պաշտօնեայ մըն էր:

Թալէաթ փաշա իր պաշտօնեաներուն, երբ պաշտօնական հեռագիրներ կ՛ուղարկէր, անդին իր ցանցին ալ կ՛ուղարկէր գաղտնագրուած հեռագիրներ, որոնք կ՛աւարտէին «կարդալէ ետք ոչնչացնել» հրահանգով: Կարգ մը պաշտօնեաներ չէին հնազանդեր այդ վերջին հրահանգին եւ «օր մը պէտք կ՛ըլլայ» խորհելով` կը պահէին այդ զոյգ մահիկներով հեռագիրները: Նայիմ պէյ այդ խմբակէն պաշտօնեայ մըն էր, քանի որ Շիւքրիւ Գայայի գլխաւորած «Գաղթականաց բաժին»-ին մաս կը կազմէր:

Այս բոլորը վերյիշելուս պատճառը երկու գիրքեր եղան: Առաջինը` «Արաս» հրատարակչատան լոյս ընծայած Ֆլաւիա Ամապիլ եւ Մարգօ Թոսաթթիի հեղինակած «Հալէպի Պարոնները», երկրորդը` «Իլեթիշիմ»-ի հրատարակած եւ պատմաբան Թաներ Աքչամին թուրք պաշտօնական տեսութեան անգամ մը եւս հարուածելուն առիթ ընձեռող «Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւնը եւ Թալէաթ փաշայի հեռագիրները» անուն ուսումնասիրութիւնը:

Պատմութեան պաշտօնական տեսութեան դէմ ուժգին հարուած մըն ալ նախապէս եկած էր դարձեալ Թաներ Աքչամի եւ Այհան Աքթարի կողմէ: Անոնք բացայայտած էին Տարտանելի պատերազմի ժամանակ օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայ, յոյն եւ հրեայ զինուորներու իրողութիւնը: Իրողութիւն մը, որ դիտումնաւոր կերպով կ՛անտեսուէր պատմագիրներու կողմէ: Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, բայց Չանաքքալէի (Կալիփոլի, Ա.) զինուորներու գոյութիւնը ջրելու համար շարժման անցած էր պատմաբան Հալիլ Պերքթայ: Իսկ հիմա Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւններէն անհանգստանալն ալ վիճակեցաւ Էթիեն Մահչուպեանին: Թերեւս անկողմնակալ ըլլալը փաստելու մարմաջ, թերեւս ալ` վախ: Ինչեւիցէ, ուրիշ վարկածներու մասին չխօսինք: Բայց կարեւոր եղածը ուրացումին դիմաց յստակ եւ պարզ կեցուածք որդեգրելն է:

Ոմանք կը կարծէին, որ յաջողած են «Կապոյտ գիրք»-ը արժեզրկել: Ահաւասիկ Արա Սարաֆեանի այդ գիրքը վերահրատարակելը շատ կարեւոր հարուած մըն էր ուրացման այդ փորձին դէմ: Այդ երեք հիմնական աղբիւրները արժեզրկելով` Ցեղասպանութեան իրողութիւնն ալ թաքցնել միտող Շիւքրիւ Էլեքտաղ որքան մեծ սարսափի մը մատնուած էր այդ հրատարակութեան պատճառով:

Վերադառնանք «Պարոն օթել»: Ֆայսալ Մեծն Սուրիոյ թագաւորութիւնը 1919-ին այստեղէն յայտարարած էր եւ կարճ ժամանակ անց ալ հարկադրուած էր երկիրը անգլիացիներէն փոխառած ֆրանսացիներուն յանձնելու: Իրականութեան մէջ այդ օրը Սուրիոյ պատերազմին ծագման օրը եղաւ:

Ժիհատականներուն հսկած տարածքը հազիւ 50 մեթր հեռաւորութիւն ունէր «Պարոն» հիւրանոցէն: Այժմ Ասատի զինուորներու յառաջընթացով սպառնալիքը քիչ մը նուազած կ՛երեւի: Հիւրանոցի յարատեւութիւնը ապահովող վերջին սերունդը կը ներկայացնէր Արմէն Մազլումեան, որ այս տարեսկզբին մահացաւ:

Ներկայիս անոր կինը` Ռուբինա Թաշճեան, կը շարունակէ հիւրանոցը բաց պահելու առաքելութիւնը: Մազլումեաններ հարիւր տարի առաջ հայ աքսորեալներուն տէր կը կանգնէին: Հիւրանոցը այսօր ալ հարազատ տունէն զրկուածներուն ապաստան ըլլալով` կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Մեզի կը մնայ մաղթել, որ «Պարոն» հիւրանոցը յաջողի նոր Սուրիոյ վերելքին ալ ականատես ըլլալ:

 «Ակօս»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>