Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Սերունդի Մը Կորուստը

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

puzant_11417Այո՛, Բիւզանդ Թորիկեանի մահով պահ մը բոլորս զգացինք, որ տերեւաթափի վերջին տերեւները կը տեսնենք: Թէեւ ծառը կը մնայ, սակայն տերեւները չկան ալ, եւ կը սպասուի նոր գարնան, որպէսզի վերածաղկի:

Բիւզանդ Թորիկեան կը մարմնաւորէ սերունդ մը, որուն մէջ միութենական հասկացողութիւնը այնքան խոր եւ արմատ ունէր, որ անոնք անանձնական եւ նուիրումով օրինակելի տիպարներ դարձած էին սփիւռքի իրականութեան մէջ:

Համազգայինը, ՀՄԸՄ-ը, ԼՕԽ-ը այն կառոյցներն են, որոնք տասնեակ տարիներ սերունդներ պատրաստեցին: Հայաստանը սիրեցին առանց տեսնելու եւ շնչելու: Եռագոյնը պահեցին առանց վարանելու: Անկախութեան տեսիլքով առյաւէտ հեռացան, սակայն ջահը բարձր պահեցին:

ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը կորսնցուց իր միութեան պատմաբանը: Աշխատանք մը, զոր կատարեց տարիներ շարունակ եւ բծախնդիր ու մանրամասնութեամբ պատրաստեց միութեան պատմութիւնը: Միութենական իմաստով եղաւ հանդարտաբարոյ եւ սկզբունքային: Մարդկային իմաստով` բոլորին կողմէ յարգուած:

Ա՛յս սերունդի օրինակով մեծցանք մենք: Ա՛յս սերունդի շուքին տակ հասակ նետեցինք: Անձնապէս ՀՄԸՄ-ական չեմ եղած, սակայն ինծի համար այս սերունդը յարգելի է, եւ մենք բոլորս երախտապարտ պէտք է մնանք անոնց եւ նոյն ոգիով շարունակենք:

Այսօր, մեր օրերուն դժբախտաբար ունինք նիւթականացած եւ մակերեսային երեւոյթներով տարուող եւ Դիմատետրի, նկատուելու եւ երեւնալու մոլութիւններով գերեվարուած սերունդ մը, որ քիչ մը մեծերէն օրինակ առնելով վստահաբար պիտի ազնուանայ:

Հանդուրժողութեան եւ բարձր ոգիի տէր մնալու պակասը կը զգանք: Բան մը, որ այդ սերունդը սորվեցուցած էր մեզի:

Ժամանակը փոխուած է, ժամանակին հետ մարդիկ ալ սկսած են փոխուիլ: Նուիրումի եւ անանձնական զոհաբերութեան, հանդուրժողութեան եւ հաւաքական աշխատելու վերաորակաւորման դասընթացք մը պէտք է կարծես, որպէսզի յարգած ըլլանք այս սերունդի յիշատակը, որպէսզի քիչ մը աւելի միութենականանանք  եւ քիչ մը աւելի…

Վարձքդ կատար:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>