Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ցաւակցագիր. Թորիկեան Ընտանիքին Եւ ՀՄԸՄ-ի Բոլոր Անդամներուն

$
0
0

Ցաւով ընդունեցինք մեծավաստակ եւ անձնուէր ՀՄԸՄ-ական Բիւզանդ Թորիկեանի մահուան լուրը: Իսկապէս կորսնցուցինք տիպար հայորդի մը, որուն յիշատակը վառ պիտի մնայ ՀՄԸՄ-ականներու եւ համայնքի զաւակներու սրտերուն մէջ` իբրեւ մատաղ սերունդը արժանավայել կերպով դաստիարակող եւ կրթող գործիչի:

Մեծ է լուսահոգի Բիւզանդ Թորիկեանի ներդրումը ՀՄԸՄ-ի թէ՛ մարզական, եւ թէ պատմագրութեան լուսաբանման, հանրահռչակման գործին մէջ. երկար տարիներ մաս կազմելով «Մարզիկ»-ի խմբագրական եւ վարչական կազմերուն, մաս կազմելով ՀՄԸՄ-ի համագաղութային բարձրագոյն մարմիններուն եւ բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով, անոր շնորհուած է ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանը: Անոր «Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան պատմութիւն խորագիրով քառահատոր աշխատութիւնը լաւագոյնս կ’արտացոլացնէ ՀՄԸՄ-ի կերտած պատմութիւնը մինչեւ մեր օրերը: Միութենական կեանքի մէջ 75 տարի գործունէութիւն ծաւալած Թորիկեան իր լուման ներդրած է նաեւ լիբանանեան մարզամշակութային կեանքի զարգացման մէջ եւ իրաւացիօրէն ան կը համարուի Լիբանանի աթլեթի ֆետերասիոնի հիմնադիրներէն մէկը:

Խորապէս կը ցաւակցիմ հանգուցեալի հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ՀՄԸՄ-ի ողջ անձնակազմին:

Խորին վշտակցութեամբ`
ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>