Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Ոչ եւս է միշտ աշխուժ, կատակասէր, հայրենասէր, արուեստասէր, ծառայասէր, Մուսա Լերան ոգիով ապրող` Լեւոն Շամմասեանը:
Շատ հանդարտ, ինչպէս իր բնաւորութիւնն էր, մեկնեցաւ այս աշխարհէն` գրեթէ 90 տարեկանին: Ծերացաւ միայն տարիքով, հոգիով միշտ երիտասարդ մնաց:
Մեր միջեւ եղած աւելի քան 40 տարիներու տարիքային տարբերութիւնը, երբեք արգելք չեղաւ, որ ընկերներ ըլլանք, մտերիմներ եւ միշտ առիթ ստեղծենք բաժնեկցելու մեր մտահոգութիւնները:
Ինք տարեց մարդ էր: Շատ բան տեսած ու ապրած էր այս աշխարհին վրայ: Տէր էր շատ ընդարձակ ընդհանուր զարգացման եւ այլազան հետաքրքրութիւններու: Մեր միջավայրին մէջ աչքի զարնող ու փնտռուած անձնաւորութիւն էր` բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած:
Մոլի ընթերցող, արուեստի սիրահար` մանաւանդ գրականութեան եւ երաժշտութեան: Մեծ հետաքրքրութիւն ունէր դրոշմաթուղթերու գծով եւ կրցած էր իր կեանքի ընթացքին մեծարժէք հաւաքածոյ մը ունենալ: Կրնամ ըսել, որ իրեն համար անծանօթ մնացած շատ քիչ դրոշմաթուղթեր կային:
Բանաստեղծութեան սիրահար էր` մանաւանդ Թումանեանի եւ Չարենցի:
Վերջին շրջանին, երբ անկողին ինկած էր, դիմաւորեց զիս Չարենցի «Ես մի անուշ Հայաստանի»-ով: Զարմանալի յիշողութիւն ունէր. յաջորդաբար անգիր կրնար արտասանել բազմաթիւ քերթուածներ: Ունէր նաեւ գրելու շնորհ, գրած էր բանաստեղծութիւններ, որոնք չեն հրատարակուած: Գիրքի սիրահար էր նաեւ: Ժամանակի ընթացքին կրցած էր հսկայ գրադարան մը ունենալ` մեծաթիւ արժէքաւոր եւ հազուագիւտ հատորներով հարուստ: Ծառայասէր եւ հայրենասէր էր պրն. Շամմասեանը տասնեակ տարիներով ծառայած էր իր համայնքին թէ՛ որպէս Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ, թէ՛ նախ համայնքի եւ երկրորդական վարժարանի հոգաբարձու: Իր նուիրումը սակայն չէր սահմանափակուած միայն իր համայնքով, ան վաստակ ունի նաեւ Այնճարի ազգային կեանքին մէջ: Երկար տարիներ անդամ էր ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դատական մարմինին, որ կոչուած էր հայրենակիցներուն միջեւ ծագած հարցերուն բարւոք լուծում տալու:
Ժպիտը անպակաս էր իր դէմքէն: Սովոր էր միշտ անեկդոտներ պատմել եւ մարդոց ժպիտ պարգեւել: Անսպառ էին իր անեկդոտները, ամէն տեսակ ունկնդիրներու համար ունէր յարմար պատմութիւններ:
Բազմանդամ ընտանիքի հայր էր: Երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին կորսնցուց իր կողակիցը (հրթիռ ինկած էր Պէյրութի իր բնակարանը), փոխադրուեցաւ Այնճար եւ կառուցեց իր տունը` վերջնականապէս այս հայաւանին մէջ հաստատուելով: Իր կեանքի երկրորդ կէսը անցուց Ժագլինին հետ` որ մնաց իր սիրելի տիկինը մինչեւ իր մահը: Տիկին Ժագլինը իր ընկերակիցը դարձաւ կեանքի լաւ ու վատ բոլոր օրերու ընթացքին:
Վաղամեռիկ իր աղջկան յիշատակին, իրենց բարերարութեամբ հիմնական կերպով վերանորոգուեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ երիցատունը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 95-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ:
Կը սիրէր որսորդութիւնը, ամէն տարի անպայման Քեսապ պիտի երթար խոզի որսի…
Չկայ այլեւս միշտ ժպտուն Լեւոն Շամմասեանը: Մենք կորսնցուցինք զինք, ցաւալին այն է, որ այս տեսակ մարդու կորուստը շատ ծանր է, որովհետեւ իր տեղը պարապ կը մնայ: Որակ էր պրն. Շամմասեանը, մարդու այն տեսակէն, որ արժէք է իր ընկերութեան, իր համայնքին եւ իր ազգին համար:
Է՜, սիրելի պրն. Լեւոն: Լոյսի շող մը պակսեցաւ մեր կեանքէն: Միշտ պիտի փնտռենք քեզ:
31 դեկտեմբեր 2016