Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Քառօրեայ Պատերազմին Վիրաւորուած 4 Զինուորներ Նոր Տուներու Մէջ Դիմաւորեցին Ամանորը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Karorya_11417

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք «Թուֆէնկեան» բարեսիրական հիմնադրամը Արցախի մէջ կեանքի կոչեց վիրաւոր զինուորներու բնակարանային հարցին աջակցութեան ծրագիրը: Ըստ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանին, եղան բարերարներ, որոնք փափաք յայտնեցին օգնելու վիրաւոր զինուորներուն ընտանիքներուն:

«Ծրագիրի ծիրին մէջ վերանորոգում, կառուցում կամ նոր կը գնենք վիրաւոր զինուորի ընտանիքին համար: Առաջին տունը, որ հիանալի կերպով վերանորոգեցինք, Հատրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ է: Երկու տուն գնեցինք Մարտակերտի մէջ, մէկը` Մարտիրոսեան եղբայրներուն համար, իսկ միւսը` թալիշցի երիտասարդ սպայի ընտանիքին համար», ըսաւ Ր. Տուտագլեան:

Karorya1_11417

Տող գիւղի պայմանագրային զինուոր Վաչական Վարդազարեան` աջ ձեռքը մէջքին յենած, տուն տանող քանի մը աստիճանը հատ-հատ կը բարձրանայ: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Վաչական ծանրօրէն վիրաւորուած է: Իրմէ քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ պայթած ականի մը բեկորը ձախ թեւէն մտած աջ կողմէն ելած է` վնասելով թոքերը եւ թեթեւակիօրէն` սիրտն ու ողնաշարը:

«Յոյս չկար, որ կ՛ապրիմ: Չորս վիրահատութիւն կատարած են այստեղ եւ Երեւանի մէջ: Բժիշկը ըսած է, թէ դեռ երկու տարի ցաւեր պիտի ունենամ, պէտք է ցաւազրկիչներով դիմանամ մինչեւ մէջքիս վնասուած հատուածին ջիղերը վերականգնին», կը բացատրէ Վաչական:

Karorya2_11417

Վաչական ծնած է Գորիս, բայց աշխատած ու ապրած է Երեւանի մէջ, 2003 թուականին որոշած են Երեւանէն տեղափոխուիլ: Կնոջ հայրական գիւղը` Տող:

«Գիւղին մէջ բնական տուն չկար, մեր բարեկամներէն մէկը իր կիսաքանդ տունը տուաւ մեզի: Այս տարիներուն մեր ջանքերով, որքան որ կրցած ենք, վերանորոգած ենք», կ՛ըսէ Վաչականին կինը` Վեներան, աւելցնելով, որ չէր հաւատար, որ օր մը իրենք եւս բարեկարգ տուն կ՛ունենան:

Karorya3_11417

10 տարի զինուորական ծառայութենէն ետք Վաչական վերջերս զօրացրուած է: Սակայն անոր երկու որդիները տակաւին կը շարունակեն իրենց զինուորական ծառայութիւնը: Վարդազարեանները անհամբեր կը սպասեն կրտսեր որդիին զօրացրուելուն:

«Կրտսեր որդիս ժամկէտային զինուոր է: Յունուարին իր վերջին հերթապահութիւնը կը կատարէ սահմանագիծին վրայ եւ ամսուան վերջաւորութեան պիտի զօրացրուի: Իսկ աւագ որդիս աւելի քան 5 տարի է պայմանագրային զինուոր է», կ՛ըսէ ան:

Վաչական լաւատես է ու քիչ մը կազդուրուելէ ետք որոշած է վերադառնալ իր մարզիչութեան աշխատանքին: Ան նաեւ փափաք ունի Արցախի մէջ արեւելեան մարտարուեստներու իր դպրոցը հիմնել:

Karorya4_11417

Մարտակերտ շրջանէն Էրիկ եւ Էդուարդ Մարտիրոսեան եղբայրները ապրիլին, քանի մը օրերու տարբերութեամբ, վիրաւորուած են հակամարտութեան ընթացքին: Էդուարդ վիրաւորուած է բեկորով` դաստակէն, սակայն քանի մը ամիս կարճատեւ բուժումէ ետք կրկին վերադարձած է ծառայութեան:

«Էրիկին վնասուածքը աւելի լուրջ էր: Երկու ծունկերէն վիրաւորուած է փամփուշտէն: Մինչեւ օրս ձախ ոտքը չի կրնար բնական կերպով շարժել: Բուժումը տակաւին չէ աւարտած, բայց ինք եւս վերադարձած  է ծառայութեան», կ՛ըսէ Էդուարդ:

Մարտիրոսեաններուն ընտանիքը սեփական տուն չունէր, ծանօթներէն մէկուն տունը կ՛ապրէր:

Karorya5_11417

Էդուարդ ժպտալով կ՛ըսէ, որ «Թուֆէնկեան» հիմնադրամին նուիրած երկյարկանի տունը իրենց ընտանիքին առաջին ու միակ սեփականութիւնն է:

Մարտակերտի վարչակազմի ղեկավար Վլատիկ Խաչատրեան տղաներուն խոստացաւ վերանորոգման աշխատանքներու առնչուած բոլոր հարցերու լուծման օգտակար դառնալ:

Karorya6_11417

Չորս ընտանիքներու աջակցութիւնը տակաւին այս ծրագիրի սկիզբն է միայն: Ըստ Րաֆֆի Տուտագլեանին, ծրագիրը յաջողած է, հետեւաբար «Թուֆէնկեան»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդը որոշած է զայն վերածել շարունակական ծրագիրի: Աւելի՛ն` հիմնադրամը չի սահմանափակուիր միայն ապրիլեան պատերազմի վիրաւորներուն օգնելով: Անոնք հնարաւորութիւններ կը փնտռեն որպէսզի հետագային ծրագրին մէջ ընդգրկեն նաեւ ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ընթացքին վիրաւորուող վեթերաններու ընտանիքներուն:

Արդէն իսկ հերթական` 5-րդ տան բարեկարգման աշխատանքները գարնան պիտի սկսին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>