Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Հայաստանի մէջ արկածային զբօսաշրջութեան զարգացման նպատակով պատրաստուած է քայլարշաւային 40 երթուղի: 12 դեկտեմբեր 2016-ին Ջերմուկի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւիրած խորհրդակցութեան ընթացքին Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Մկրտչեան նշած է, որ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման գերակայ ուղղութիւններէն մէկը հռչակուած` զբօսաշրջութեան մարզի զարգացման հարցերը: Կարէն Մկրտչեան նշած է զբօսաշրջութեան խթանման նպատակով իրականացուած նախաձեռնութիւններէն քանի մը հատը. «Այս տարուան կարեւոր արդիւնքներէն մէկն է շուկայադրումի նախաձեռնութիւններու շնորհիւ արաբական օդանաւային ընկերութիւններու թռիչքներու յաճախականութեան աճը դէպի Հայաստան: Այցագիրի ստացումի դիւրացման պարագային կ՛ակնկալենք մինչեւ ամէնօրեայ թռիչքներու ապահովում: «Էր Ֆրանս» օդանաւային ընկերութեան հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ աշխարհի վրայ 1,7 միլիոն ընթերցող ունեցող «Էր Ֆրանս Մակազին»-ը Հայաստանի 10 առաւելութիւններուն մասին ընդարձակ (18 էջ) յօդուածաշարք մը հրապարակած է` իր յաճախորդները ուղղորդելով դէպի մեր երկիր: Ինչպէս նաեւ պատրաստուած է www.armenia.travel կայքը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 դեկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Վայոց Ձորի մարզ: Անոր հրաւիրած խորհրդակցութեան ներկայացուած են զբօսաշրջութեան մարզի զարգացման ներուժը, նախաձեռնուելիք ծրագիրները, ինչպէս նաեւ` զբօսաշրջութեան զարգացման խոչընդոտներն ու խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղիները: