Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Փարիզի մէջ պատահաբար գտնուած է Լէոնարտօ տա Վինչիի 15 միլիոն եւրօ արժող գծանկարը: «Թելեկրաֆ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ ֆրանսացի հանգստեան կոչուած բժիշկ մը, որ փափաք յայտնած է իր անունը անյայտ պահել, «Թաժան» աճուրդային տուն բերած է իր հօր պատկանող գծանկարներու տուփ մը:
Աճուրդային տան աշխատակից Թատի Փրաթ 15 գծանկարներուն մէջ նկատած է ծառին կապուած Ս. Սեպասթիենին պատկերը: Գծանկարը պատկերուած է յատուկ ջրաներկով:
Գիտնականները պարզած են, որ այդ գործը կը պատկանի Լէոնարտօ տա Վինչիի վրձինին եւ գծուած է 1482 եւ 1485 թուականներուն միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: