Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ժողովրդավարութիւնը կը յաջողի, երբ ընկերութեան մէջ կը տիրէ պարկեշտութիւնը, այլապէս ան կը ծառայէ զանազան լծակներու օգտագործումով եսերու շահերուն:
Ժողովրդավարութիւնը, երբ պարկեշտութիւնը հասարակաց վերաբերում չէ, կը վերածուի կէսէն մէկ աւելիի տիրապետութեան, կէսէն մէկ պակասը կը դառնայ ընդդիմութիւն` միւս կէսը տապալելու մնայուն լարումով: Ճօճանակի օրօր:
Ժողովրդավարութիւնը իր իտէալական պատկերը կը կորսնցնէ եւ ծնունդ կու տայ անհատական կամ խմբակային իշխանութեան, երբ կը միջամտեն նիւթական, փառասիրական եւ անոնց կապուած դիրքապաշտական շահերը` անբարոյականացնելով ժողովրդավարութիւնը:
Ժողովրդավարութեան համար հիմնական եւ հիմնարար ժողովուրդի շահերը` եւ կարծիքը կ՛անտեսուին քուէարկութենէ մը անմիջապէս ետք, քուէներով ձեռք բերուած ներկայացուցչութիւնը կը դառնայ իշխանութիւն, տիրակալութիւն:
Յանուն ժողովուրդին ձեռք բերուած իշխանութիւնը կը դառնայ դասակարգային, ընտանեկան, խմբակային եւ ժառանգական, ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն: Կը բաւէ դիտել առարկայական եւ քննական հայեացքով:
Թեր եւ դէմ դիրքերու վրայ կը յաւերժանան անհատներ եւ ընտանիքներ` ներքին հերթափոխութեամբ, վերանորոգման խաբկանք ցուցադրելով: Խմբակներ կ՛ապրին ժողովուրդ ներկայացնելու արհեստով` առանց երբեք ուրիշ աշխատանք կատարելու:
Եւ յաւերժացողները բնականօրէն իրենք զիրենք կը շրջապատեն գործակատարներով, ծափահարողներով, անկարծիք փառասէրներով` միշտ վերանորոգուող մեծ եւ պզտիկ «Արեւ Ստալին»-ի մը լոյսէն բաժին ունենալու համար:
Զանգուածներն ալ չեն անդրադառնար, որ ժողովրդավարական խաղին մէջ իրենք պարզ ասպանդակի դերին կոչուած են, որպէսզի «Արեւ» մը ձիուն քամակը բարձրանայ: Եւ կը ստեղծուի «էսթեպլիշմընթ»-ը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը եւ Ֆրանսայի մնայուն դարձած ընտրապայքարները ցոյց կու տան, որ ժողովրդավարութիւնը ինքզինք փակուղի կը տանի: Անիկա դարձած է մեծանուններու եւ այդպէս կարծուածներու զբօսանքը: Եւ` ոչ միայն այդ երկիրներու:
Փոխանակ ըլլալու ժողովրդային ծառայութեան եւ կամքի արտայայտութիւն, ժողովրդավարութիւնը անհատական-խմբակային փառասիրութիւններու եւ շահերու կրկէս դարձած է, որ ամէն օր մեր տուներուն մէջ է` խուժելով հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանէն, որուն ետին հրմշտուկ կայ:
Աթէնքի հրապարակին համար (ակորա) նախատեսուած ժողովրդավարութիւնը շնչահատ է ճարտարագիտական յառաջդիմութեան, դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան, վասն հացի, ապահովութեան եւ աշխատանքի համար տեղի ունեցող զանգուածային տեղաշարժերուն պատճառով, որոնք ծնունդ կու տան քաղաքակրթական եւ մշակութային տագնապներու, որոնց սկիզբն է տակաւին, գալիքը` անորոշ:
Անհանգստութիւն կայ այն պատճառով, որ ժողովրդավարութիւնը դարձած է միջոց` ուսումնական, դրամատէր եւ կամ պարզապէս ճարպիկ դաւադրողներու ընտրանիի մը իշխանութեան հասնելու եւ հոն յաւերժանալու փառասիրութեան եւ շահախնդրութեան: Այս` ընտրական բեմադրութիւններու բոլոր մակարդակներուն: Այլ խօսքով, զանգուածը կը քուէարկէ մէկուն կամ միւսին, բայց մասնակից չէ իշխանութեան, իշխանութիւնը կը յանձնէ: Այդքա՛ն:
Անհատը կ՛օգտագործէ միակ ժողովրդավարական իրաւունքը` քուէն, կարծելով, որ ազատ է, բայց ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ հանրային կարծիք կազմելու գործիք լրատուամիջոցները կը հակակշռուին նոյն ընտրանին գոյացնող «արհեստավարժ» քաղաքագէտներու եւ ուսումնական «մասնագէտ» խմբակցութիւններուն կողմէ, որոնք կը մնան նոյն դիրքերուն վրայ, կ՛ըսուի` հերթափոխութեամբ (alternance):
Մեր փողոցի փականագործը, սափրիչը, ուսուցչուհին, տպագրիչը, ներկարարը, եւ այդպէս` զանգուածը, մասնակից չեն վիճարկումներուն, կողմնորոշումներուն եւ ճակատագրական ընտրանքներուն: Անոնք տուներու կամ սրճարաններու մէջ կրնան դժգոհիլ, բաժակ մը սուրճի կամ բաժակ մը գինիի շուրջ, կշիռքի մէկ նժարէն միւսը կրնան ցատքել քանի մը տարի ետք:
Այս ընտրանին խորքին մէջ շատ ալ տարբերութիւն չունի ի վերուստ ստացուած իրաւունքով թագաւորներէն (droit divin), քանի որ իրենց կողքին կը գործեն ամուսին, կին, քոյր, եղբայր, կամ պաշտօններու կը տիրանան: Հայաստան կ՛ըսեն ԽԾԲ (խնամի-ծանօթ-բարեկամ): Համոզուելու համար անխարդախ ակնոցով դիտեցէք ձեր շուրջը: Հարցը անհատական կացութիւններու չի վերաբերիր, այլ` շնչահատ դարձած ժողովրդավարական համակարգի: Մեր պարագային ալ, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
Այս երեւոյթը նոր չէ, Հռոմի քահանայապետները իրենց ընտանիքի անդամները, մօտիկները, կը նշանակէին հիւթալի պաշտօններու, հին եւ նոր իշխանաւորները, Նափոլէոն կամ նախագահներ, կը հետեւին նոյն ընթացքին: Ֆրանսական մամուլը կը հրապարակէ անուններ: Հայ մամուլը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, նման ցանկեր չի հրապարակեր, ծննդեան իրաւունքով ձեռք բերուած իրաւունքներու եւ դիրքերու մասին: Ընդունուած եզրը népotisme-ն է:
Ի տես այս պատկերին` հաւաքականութիւնները, երկիրները, մեր պարագային` սփիւռքներու համայնքները, կ՛աճեցնեն դժգոհութիւնը, հեռացումները, բազմապատկելով անտարբերներու համրանքը, որ կը գոյացնէ լուռ մեծամասնութիւնը: Լճացումներու պատճառները հեռուները փնտռելու կարիք չկայ, եթէ դադրինք ինքնագոհութիւնը յաջողութիւն համարելէ, հաւկուրութիւն, երբ ծառը կը ծածկէ անտառը: Փակ շրջանակներէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ դուրս գալ եւ լսել լուռ մեծամասնութիւնը, ղեկավարումը դարձնել թափանցիկ եւ ապագայակերտ` չբաւարարուելով կողմնապաշտական եւ ամբոխավարական խօսքի ճապկումներով եւ համհարզներով: Ժողովրդավարական իտէալը կանգնած է այս պատին առջեւ:
«Ծննդեան իրաւունքով» պաշտօնական աւազակութեան մասին կը խօսուի, բայց անոր դէմ պայքարելու համար հանրային կարծիքը անզօր է, եթէ դեռ լուսաբանուած ըլլայ: Օրին խանդավառուած էի, 2005-ին, ֆիլիփինցի քաղաքական գործիչ կնոջ մը նախաձեռնութեամբ, Միրեամ Տեֆանսոր Սանթիակօ, որ կ՛ուզէր օրէնքով վերջ տալ «քաղաքական ընտանիք»-ներու (dynasties politiques) իշխանութեան, առիթ տալու համար լաւագոյններու երեւումին: Ան կ՛ըսէր, որ ժողովուրդը կը տառապէր քաղաքական կեանքի մէջ կամ պաշտօններու վրայ կարգ մը անձերու երեւումէն, որ կ՛արդարացուի պարզապէս անով, որ «իրենց հայրը կամ մայրը իրենց քաղաքի մեծաւոր»-ն է, յիշեցնելով, որ «իւրաքանչիւր քաղաքի, գիւղի, քաղաքապետութեան կամ գաւառի մէջ, անխուսափելիօրէն կը գտնուի ընտանիք մը, որ մենաշնորհի կը վերածէ քաղաքական իշխանութիւնը»: Եւ ի հարկէ` ժողովրդավարական դիմակի տակ: Աւատապետական դրութիւնը կը շարունակուի նոր շպարով:
Ժողովրդավարութեան չարաշահումը, դեռ աւատապետական եւ նոյնիսկ զարգացած երկիրներու մէջ, նաեւ` կազմակերպութիւններու, ընթացիկ երեւոյթ է: Կը բաւէ կարդալ անուանացանկերը, պաշտօններու բաշխումի ցանկերը: Այս կացութիւնը հազուադէպօրէն կ՛անհանգստացնէ հայ ընկերային եւ քաղաքական կեանքը, լրատուամիջոցները: Մարդիկ կը խուսափին այս կարգի հարցեր արծարծելէ, որոնք անմիջականօրէն կ՛առնչուին ժողովրդավարութեան անխարդախ կենսագործման: Լռութեան հետեւանքը կ՛ըլլայ ճահճացումը:
Հազուադէպօրէն հայ մամուլը վերլուծական վերաբերում կը ցուցաբերէ այս հարցերուն: «Հայրենիք» թերթին մէջ, 9 յունուար 1992-ին, Յակոբ Կարապենց «Ժողովրդավարութեան դժուարին ծնունդը» խորագրին տակ կ՛անդրադառնայ այս հարցերուն` խօսելով վերանկախացած Հայաստանի կացութեան մասին: Կը գրէ.
«… Ժողովուրդը ինչ-որ վիպական ակնկալութիւններ ունի ժողովրդավարութիւնից, առանց ըմբռնելու, թէ ինչպիսի՛ լուրջ յանձնառութիւններ են անհրաժեշտ նրա պահպանման համար:
«Նորութիւն ասած չենք լինի, եթէ նշենք, որ ժողովրդավարութեան չորս գլխաւոր հուներն են` առաջին, երբ ժողովուրդը ուղղակիօրէն մասնակցում է քաղաքական որոշումների կայացմանը` մեծամասնութեան իշխանութեան իրաւունքով: Երկրորդ, երբ ժողովուրդը իր ընտրած ներկայացուցիչների միջոցով կառավարում է երկիրը: Երրորդ, երբ ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան ներքոյ սահմանադրութիւնը յարգելով հանդերձ, մեծամասնութեան որոշումը պաշտպանում է նաեւ փոքրամասնութեան իրաւունքը: Եւ չորրորդ, երբ վարչակարգը շեշտը դնում է քաղաքական եւ ընկերային համակարգի վրայ` ջանալով վերացնել նրանց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններն ու տարաձայնութիւնները»:
«Վերջին հաշուով ժողովրդավարութիւնը ամէն մի քաղաքացու պատասխանատուութիւնն է: Ժողովրդավարութիւնը վերուստ տրուած պարգեւ չէ, ոչ էլ` իշխող շրջանակների մենաշնորհը: Ժողովրդավարութեան համար կրթական մակարդակ է պէտք, քաղաքացիական դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ` մտածելու գիտակցութիւն: Ժողովրդավարութիւնը մաղ չէ, որ պատից վերցնես-մաղես ու պատից կախես: Այն ամէնօրեայ յարատեւ փորձ է ու փորձարկում, հետզհետէ աւելի յղկելու, աւելի բիւրեղացնելու քաղաքացիների իրաւունքների ու պարտաւորութիւնների ծիրը:*
Շարունակելով Յակոբ Կարապենցի միտքը` կրնանք ընդհանրացնել եւ ըսել, որ այդպէս է բոլոր խմբաւորումներու պարագային, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, ուր ընտրութիւն տեղի կ՛ունենայ: Այսինքն պէտք չէ բաւարարուիլ քուէարկութիւններու բեմադրուած զաւեշտներով` գիտնալով, որ ժողովրդավարութիւնը դիւրաթեք է, տկար, դիւրաւ ենթակայ աճպարարութիւններու:
Հակասութիւններու եւ անբաւարարութիւններու ակնարկելով` կը խօսի նաեւ Ժան-Ժաք Ռուսօ իր «Ընկերային ուխտը» գիրքին մէջ**: Կ՛ըսէ. «Եզրը ընդունելով իր ճշգրտութեամբ, երբեք գոյութիւն չէ ունեցած իրական ժողովրդավարութիւն»: Միտքը չի գար պահպանողական, կամ ինչպէս այժմ կ՛ըսենք` «աջակողմեան» մտածողէ մը, այլ` հաւասարութեան հաւատացող եւ Ֆրանսական մեծ յեղափոխութիւնը ներշնչող իմաստասէրէ մը, որ կը ջատագովէր ժողովուրդի գերիշխանութիւնը: Ան կ՛ըսէր նաեւ, նոյն գիրքին մէջ. «Կարելի չէ երեւակայել, որ ժողովուրդը տեւաբար հաւաքուած մնայ հանրային գործերով զբաղելու համար, եւ դիւրաւ կարելի չէ տեսնել, որ պիտի գիտնար այդ նպատակով յառաջացնել յանձնախումբեր` առանց փոխելու վարչութեան ձեւը: Այսինքն ստեղծուած են վարչական եւ ներկայացուցչական միջին օղակներ, որոնց վրայ կը կառուցուի իշխանութիւնը: Այլապէս անկառավարելի կ՛ըլլան հաւաքականութիւնները:
Բայց պարզ է նաեւ, որ իւրաքանչիւր փուլի մաղէն անցնելով` ժողովուրդը մաս առ մաս կը զիջի իր գերիշխանութենէն մասեր, հետեւաբար ժողովրդավարութիւնը իր սկզբունքային անկախութիւնը կը կորսնցնէ յաջորդական նուազուրդով: Երբեմն ալ ժողովրդավարութիւնը կը դառնայ շպար. յիշել խորհրդային օրերու «Ժողովրդական ժողովրդավարութիւնները»***:
Բայց արդար եւ իրատես պիտի ըլլանք, եթէ նայինք մեր շուրջ: Ժողովրդավարութեամբ յատկանշուող ներկայացուցչական դրութիւնը բռնագրաւուած է արհեստավարժներու կողմէ, որոնք ստեղծած են դասակարգ մը, բաղկացած` մարդոցմէ, որոնք մէկ դիրքէ միւսը կը փոխադրուին, կը կազմեն վարչամեքենային եւ զանազան ղեկավարումներու օղակները: Այս ձեւով ժողովրդավարութիւնը կը մտնէ ինքնաքանդումի ջրապտոյտին մէջ, քանի որ ծնունդ կու տայ ասպարէզի, ինչպէս սափրիչի, նպարավաճառի, ճարտարապետի: Եւ բնականօրէն մարդիկ կը խորհին, որ իրենք չեն ներկայացուած` ի տես ասպարէզային ներկայացուցչութեան, յաճախ նաեւ` ժառանգական եւ խմբակցական, որ անսահմանափակ ժամանակով կը ղեկավարէ:
Խաղին մէջ մասնակից չըլլալու զգացումը կամ գիտակցութիւնը կը յառաջացնէ ներկայացուած չըլլալու անհանգստութիւն, եւ ժողովրդավարութիւնը կ՛իյնայ իր հակասութեան մէջ:
Կարելի՞ է յաղթահարել հակասութիւնները:
Ինչպէ՞ս յաղթահարել հակասութիւնները:
Այս զոյգ հարցումներուն պատասխաններէն կախում ունի արդար եւ մարդկութեան ծառայող եւ անոր ճամբան լուսաւորելու կոչուած ցանկացուած ժողովրդավարութիւնը: Այսօր, այնպէս, ինչպէս որ ան գոյութիւն ունի, զանգուածները երազներով կ՛օրօրէ, խաբկանք է, կը ծառայէ իշխանութիւն եւ հզօրութիւն նուաճելու, վերջին հաշուով շատ ալ տարբեր չէ ի վերուստ տրուած իրաւունքով արքայական տոհմերու իշխանութենէն եւ աւատապետական դրութեամբ գործած շահագործումներէն:
Ազգային ժողովի մը կամ ծերակոյտի անդամները, եթէ «ոսկի հաւկիթ ալ պիտի ածեն», չորս, ութ կամ տասը տարիէն ածած պէտք է ըլլան: Այլ խօսքով, ընտրովի մարմիններու անդամները սահմանափակ ժամանակէ ետք վերջնականապէս պէտք է վերադառնան քաղաքային կեանքի, փոխանակ ցկեանս արհեստի վերածել են ժողովուրդին ներկայացուցչութիւնը` իրենք իրենց եւ շրջապատին ներշնչելով անփոխարինելիութեան առասպել:
Վերեւ յիշուած Միրեամ Տեֆանսոր Սանթիակօ ֆիլիփինցի կինը ուզած էր վերջ տալ նոյն դիրքերուն ընտանեկան յաջորդութեան գործող դրութեան, երբ հայր եւ որդի, քոյր եւ եղբայր, նոյն դիրքերուն վրայ կը գտնուին միաժամանակ եւ ժառանգութեամբ, անաշխատ հարստացման, ապահովութեան կամ փառքի համար:
Իրապէս անկախ, անաչառ եւ իրաւասու արդարադատութեան համակարգ մը պէտք է ըլլայ ժողովրդավարութիւնը աւերող նիւթական եւ բարոյական չարաշահումներուն վերջ տալու համար: Բոլոր մակարդակներու վրայ քուէով ընտրուած իւրաքանչիւր անհատի հարստացման պայմանները եւ աղբիւրները պէտք է դատական հաշուեքննութեան ենթարկել: Իրենց ամբողջ կեանքը պետական կամ քաղաքական գործի մէջ եղողներու հարստացումը, որ ժողովրդավարութեան անբարոյացումն է, պէտք է քննել, դատել, դիմակները վար առնել եւ վճռել:
Ճիշդ է Ուինսթոն Չըրչիլի դատումը, որ ժողովրդավարութիւնը կառավարման լաւ համակարգ մը չէ, բայց նուազագոյն չափով վատն է: Այդ նուազագոյն չափով վատը կարելի է բարելաւել ներկայացուցչական եւ ընտրական համակարգերը բարոյականացնելով:
Բարոյականացումը տօնական առիթներով ըսուած տիրացուի քարոզ չէ:
Անոր համար պէտք է յաճախել Մահաթմա Կանտիի դպրոցը: Մեր պարագային` յաճախելով նաեւ Սիմոն Զաւարեանի դպրոցը:
Միշտ կրկնելով իմաստասէրին ազնիւ եւ ազնուական խօսքը, որ «ուրիշին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»****:
Ժողովրդավարական խաղը տիկնիկային թատրոնի վիճակէն դուրս պէտք է բերել:
Իրաւ մտաւորականութեան եւ հայ հոգեհարազատ մտաւորականութեան այսօրուան դերը այս պէտք է ըլլայ:
Այդ ընելու համար պէտք է յիշել մեծ բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկոն, որ ըսած էր. «Կարմիր գլխարկ դրի իմ բառարանիս»*****:
19 դեկտեմբեր 2016, Նուազի-լը-Կրան
———–
* Յակոբ Կարապենց, «Մտորումներ», 2009, Արլինկթըն, Մասաչուսէց, Մ. Ն., էջ 43-44:
** Jean-Jacques Rousseau, «Le Contrat Social», 1762:
*** Démocraties populaires:
**** «Le droit d’autrui est mon devoir», René Le Senne
***** «J’ai mis un bonnet rouge à mon dictionnaire», Victor Hugo