Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Նամակ Երկրէն. Ընդամէնը Կամք Է Պէտք

$
0
0

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ յանկարծ յիշեցի, որ ինքնաշարժիս գոյքահարկը չեմ վճարած, եւ եթէ վճարումները անմիջապէս չկատարեմ, տոյժերու եւ տուգանքներու կրնամ ենթարկուիլ: Ոստիկանութեան եւ կառավարական գրասենեակներու հետ հարցեր լուծելու գաղափարն իսկ քուն փախցնելու չափ սարսափելի էր ինծի համար, ուստի որոշեցի անմիջապէս, Նոր տարուան աշխատանքային առաջին իսկ օրը, նոյնիսկ` հանապազօրեայ հացէն հրաժարելով, երթալ եւ կատարել անհրաժեշտ մուծումները:

Առաջին գործս եղաւ ինքնաշարժիս մէջէն վերցնել սեփականութեան քարտը, Հայաստանի մէջ ծանօթ` «տեխպասպորտ» անունով: Սարսափս գագաթնակէտին հասաւ, երբ կէս ժամ ինքնաշարժս տակնուվրայ ընելէ ետք անդրադարձայ, որ տեխպասպորտը կորսնցուցած եմ եւ նոյնիսկ իրաւունք չունիմ առանց այդ քարտին ինքնաշարժ վարելու…

«Ա՜յ քեզ փորձանք, այս ի՞նչ վատ նոր տարուան սկիզբ էր, սա արդէն լաւ նշան չէ՛», մտածեցի եւ հեռաձայնեցի այսօրինակ հարցերու գիտակ վարորդին, իմ նախկին աշխատակիցներէս` Վլադին:

«Շե՛ֆ ջան, դա էդքան էլ մեծ պրոբլեմ չի, անձնագիրդ վերցնում, գնում ես աւտոների գրանցման կենտրոն, մի քիչ փող ես մուծում, եւ տեխպասպորտը նոյն օրը տալիս են», բացատրեց Վլադը:

«Չէ՛, չէ՛, չեղաւ, Վլա՛դ, այդ գրասենեակներուն հետ չեմ ուզեր գործ ունենալ…Այլ լուծում չունի՞նք», լեղապատառ հարցուցի ես: Պատասխանը, ի հարկէ, «ո՛չ» էր, անձամբ պէտք էր երթայի այնտեղ եւ լուծէի այս հարցը:

Տարիներ առաջ այցելած էի ինքնաշարժներու գրանցման կեդրոնը եւ ամբողջ օր մը տառապած էի այնտեղ` մէկ գրասենեակէն միւսը վազելով, դիմումնագիրներ լեցնելով, քաոսային հերթերու մէջ ասոր-անոր հրել-հրմշտկելով: Չէի ուզեր դարձեալ նոյն ճակատագիրին ենթարկուիլ…Ինքնաշարժս առանց տեխպասպորտի վարելու եւ մեծ տուգանքներ վճարելու անհեթեթ գաղափարը պահ մը նոյնիսկ աւելի ընդունելի, աւելի գրաւիչ թուեցաւ ինծի:

«Շե՛ֆ ջան, անկեղծ եմ ասում, էդքան էլ մտահոգուելու կարիք չկայ, արդէն քանի տարի ա էդ հարցերը ձեր պատկերացրածից աւելի հեշտ են լուծւում», ըսաւ Վլադ` փորձելով հանգստացնել զիս: «Եթէ ուզում էք, ես էլ կը գամ ձեր հետ եւ կ՛օգնեմ, որ ամէն ինչ շուտ աւարտուի», աւելցուց ան:

Անմիջապէս համաձայնեցայ: Ճարպիկ երիտասարդ մըն էր Վլադ եւ, հակառակ իր փոքր տարիքին, նմանօրինակ հարցերու մէջ բաւական փորձառութիւն ձեռք ձգած է: Գոնէ ես այդպէս կը տեսնէի, իսկ ինք` «նորմալ» կը համարէր կառավարական կամ պաշտօնական գրասենեակներու մէջ հեշտութեամբ հարցեր լուծելու իր հմտութիւնը:

Յաջորդ առաւօտ կազմ ու պատրաստ էի` անձնագիրով եւ քիչ մը կանխիկ գումարով զինուած: Վլադ իր ինքնաշարժով հասաւ ճշդուած ժամուն ու միասին ուղղուեցանք դէպի ինքնաշարժներու գրանցման կեդրոն:

Մնացածը` յաջորդ նամակով:

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>