Արցախի դատարկուած Թալիշ գիւղին ետեւի բլուրին մէջ փորուած խրամատները Համաշխարհային Ա. պատերազմը կը յիշեցնեն: Ամերիկահայ յայտնի գրող Քրիս Պոհճալեան «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին մէջ գրած է ապրիլեան պատերազմէն ետք Արցախ կատարած իր այցելութեան մասին:
«1 սեպտեմբերին երկինքը լազուրի պէս կապոյտ էր, 32 տարեկան հրամանատար Գեղամ Գրիգորեանը, կողքիս կանգնած, ցոյց կու տար հիւսիսարեւելեան կողմը գտնուող Ազրպէյճանը եւ կեցած տեղէն քիչ մը անդին` ականապատ դաշտն ու անվտանգ գօտին:
«Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, ուրեմն պէտք է նաեւ պատերազմի պատրաստ ըլլաս», ձեռքը ուսիս դնելով ըսաւ ան, կը գրէ յօդուածին հեղինակը:
Ապրիլին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած վայրագութիւնը նկարագրելով` Պոհճալեան կը գրէ, որ այդ օրերուն 400 բնակիչ ունեցող Թալիշ գիւղը այնքան ուժգին կերպով կը ռմբակոծուէր, որ գիւղացիները ստիպուած եղան իրենց տուները լքել եւ երկրի այլ վայրերուն մէջ ապաստան գտնել:
«Թալիշի մէջ ազրպէյճանական գրոհայինները քաղաքացիներ սպաննած ու դիակները պղծած էին, ինչպէս նաեւ գերեվարուած հայ զինուոր մը գլխատած էին: Այս բոլորը պատճառ դարձան, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ, Քալիֆորնիոյ ժողովրդավար ծերակուտական Պրետ Շերման կոչ ուղղէ` Ազրպէյճանի կողմէն պատերազմական յանցագործութիւններ կատարելու հրաման տալու վերաբերող հետաքննութիւն սկսելու», կը գրէ Պոհճալեան: Ըստ հեղինակին, այս տարի եւս որպէս ուխտաւոր գացած է Հայաստան, այդ երկիրը իր արեան մէջն է: Պոհճալեանի համաձայն, ինք կառչած է այն փաստին, որ Արցախը հայապատկան է ոչ միայն լոկ այն պատճառով, որ հայու արիւն կը կրէ, այլ` մեկնելով այն իրողութենէն, որ պատմութիւնը հայերուն կողմն է:
«Լեռնային Ղարաբաղ գտնուած օրերուս մարդոց հետ զրուցեցի ու հասկցայ, որ եթէ Ազրպէյճանը գրաւէ Արցախը, միայն այն ատեն անիկա Ազրպէյճանին մաս կը կազմէ: Հակառակ Ազրպէյճանի մեծութեան, ես չեմ պատկերացներ, որ երբեւէ այդպիսի բան կրնայ ըլլալ: Այս հողին վրայ հայերը դարերէ ի վեր կ՛ապրին: Հետեւաբար այդտեղի ժողովուրդը հաստատակամօրէն իր տան պաշտպանն է:
«Հայերուն համար ասիկա գոյութիւն պահելու կռիւ է: Մեր հայրենիքի մէկ հատուածի պաշտպանութեան կռիւն է: Այո՛, մենք Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Վանի, Անատոլիայի, Կիլիկիոյ եւ գրեթէ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ ցեղային մաքրագործման ենթարկուած ենք: Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին իւրաքանչիւր չորսէն երեքը ֆիզիքապէս ոչնչացուած է:
«Այդ իսկ պատճառով Լեռնային Ղարաբաղը երկրի վրայ մեր միակ գիծն է, որուն համար Անտոն Աբգարեանը ինքզինք առաջնագիծ նետած է, իսկ Գեղամ Գրիգորեանը իր զգեստը փոխարինած է զինուորական համազգեստով: Որքան որ ալ երկիրը փոքր ըլլայ, անիկա միշտ խրամատներուն համար բաւարար չափով զինուորներ ունի», կ՛եզրափակէ Քրիս Պոհճալեան: