Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
«Տը Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Չինաստանի հարաւարեւելեան Հունան նահանգի Չզանցեացզէ ազգային անտառային բնայգիին մէջ կը նախատեսուի կառուցել կամուրջ մը, որ գործնականին մէջ անտեսանելի պիտի ըլլայ:
Կը նախատեսուի կամուրջը կառուցել հայելային չժանգոտող պողպատէ եւ ապակիէ: Ճարտարապետներուն մտայղացումով, կառուցուածքը բաղկացած պիտի ըլլայ երկու մակարդակներէ. վերի մակարդակին վրայ տեսանելի յատակ պիտի ըլլայ, իսկ վարին մակարդակին վրայ` ամբողջութեամբ թափանցիկ: Շինութիւնը շուրջ 5 միլիոն տոլար պիտի արժէ:
2016 թուականի մայիսին Չինաստանի մէջ կառուցուած էր աշխարհի ամէնէն երկար ապակիէ կամուրջը: Կամուրջին երկարութիւնը 393 մեթր է, իսկ լայնքը` վեց մեթր: Կառոյցը միաժամանակ կրնայ դիմանալ մինչեւ 800 մարդու ծանրութեան: