Երէկ` չորեքշաբթի, 11 յունուար 2017-ին, «Արեւածաղիկ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քլարա Սֆէյրի «Ալ Քալեպ» մենապարային ելոյթը` յատուկ Լիբանանի մամլոյ ներկայացուցիչներուն: Մենապարը բաղկացած էր երեք բաժիններէ` նախաբան կամ ձեռքի շարժումներու ուսումնասիրութիւն, մասնատում եւ վերջաբան կամ վիճակ` մարմնին յանձնուելուն եւ հակակշիռ պահելուն միջեւ:
Յայտնենք, որ ներկայացումը արդիւնք է Քլարա Սֆէյրի երեք տարուան ուսումնասիրութեան` Միջերկրականի արեւելեան շրջաններու պարային շարժումներու ժառանգութեան վերաբերեալ: Քլարան արեւելեան պարին մօտեցած է որպէս շարժումային նիւթ` փորձելով հասկնալ անոնց գիտական եւ փիլիսոփայական արժեչափերը: Ան ուսումնասիրած է մարմինի ներաշխարհին եւ ժամանակակից միտքին մէջ շարժումներու լեզուին կազմուածքային զարգացումը: Իր ներկայացման մէջ Քլարան աշխատած է երկու պարուհիներու` Նապաուիյէ Մուսթաֆայի եւ Թահիա Քարիոքայի եգիպտական շարժապատկերներէն կարգ մը գործերու վրայ, մինչեւ 20-րդ դարու 50-ական թուականներու կիսուն:
Բացարձակ լռութեան մէջ թեթեւ լոյսի մը շողերուն տակ պարուհին սկսաւ մէկ առ մէկ պարային շարժումներուն ամբողջ ընթացքը ներկայացնել` անոնց սկիզբէն մինչեւ աւարտ: Առաջին հայեացքէն դիտողը դէմ յանդիման եկաւ շարժումներու կրկնութեան, բայց հետզհետէ յստակացաւ, որ շարժումները տարբեր դիտանկիւններէն սկսելու եւ աւարտելու փորձ մըն էր որ կ՛ընէր արհեստավարժ պարուհին: Լռութիւնը խզուեցաւ արեւելեան որոշ կշռութային նուագարաններու մեղեդիներով եւ պարուհիին շարժումները դարձան աւելի հաստատ ու կայուն: Ակնյայտ էր որոշ շարժումներու մէջ չափաւորութեան զգացողութիւն, իսկ ոմանց մէջ բոլորովին անկաշկանդ ու ազատ վերաբերումը:
Քլարա Սֆէյր իր արուեստի գործով յաջողեցաւ լռութեամբ բացայայտել ինքզինք, իր վերաբերումը ու դրեւորումը արեւելեան պարային շարժումներուն: Ուշագրաւ էր անոր կատարեալ ընկալումը արեւելեան պարի փուլերուն մարդկութեան զարգացման գործընթացին մէջ:
Յայտնենք, որ ելոյթը հանրութեան ներկայացուեցաւ 12 յունուարին, պիտի ներկայացուի նաեւ 13 յունուարին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Արեւածաղիկ» թատերասրահին մէջ, Թայունէ: