Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Կ՛ուզէ՞ք 1000 Տարի Ապրիլ…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Շատ հին ժամանակներէն մարդիկ ամէն ճիգ ըրած են երկար ապրելու գաղտնիքը գտնելու: Գիտնականներու խումբ մը այժմ կ՛ըսէ, որ գերարդիական ճարտարագիտութեամբ մարդու կեանքի տեւողութիւնը մինչեւ 1000 տարի կ՛երկարաձգուի: Ներկայացուած գերարդիական արհեստագիտութիւնները  ապշեցուցիչ են:

 Ն.

Գիտնականներ

Կենսասառնարան. Կը կոչուի «Պիյօ ռոպոթ» սառնարան, որ ուտելիքը կը սառեցնէ բժշկական միջոցներով պատրաստուած եւ ճելոյի նմանող նիւթի մը մէջ: Սառնարանը դարակներ, բաժանմունքներ եւ դռներ չունի, դուք ուտելիքը ուղղակի այդ նիւթին մէջ կը դնէք:

Գերարագ «5 Ճի» համացանց` արեւային վահանակներով անօդաչուներ. Ատոր մշակումով կը զբաղի Կուկըլ ընկերութիւնը: Անօդաչուները տեսականօրէն համացանցի  ծառայութիւն կը մատուցեն 40 անգամ աւելի արագ, քան «4 Ճի» ցանցերու մէջ` երկվայրկեանի մը  ընթացքին  «ճեկապայթ» տուեալներ հաղորդելով:

«5 Տի» սկաւառակներ թերապայթ տուեալներու յաիտեան պահպանման համար. Գիտնականները ստեղծած են «5 Տի» սկաւառակ, որ 5 չափումով կ՛արձանագրէ տուեալները,  որոնք կը պահպանուին միլիառաւոր տարիներու ընթացքին: Ատիկա կրնայ պահպանել 360 «թերապայթ» տուեալներ եւ դիմանալ մինչեւ 1000 աստիճան ջերմաստիճանի:

Թթուածինի մասնիկներու ներարկում. Պոսթընի մանկական հիւանդանոցի գիտնականները ստեղծած են թթուածինով լեցուած մանր մասնիկներ, որոնք արեան մէջ ներարկելով` դուք կ’ապրիք, եթէ նոյնիսկ չէք կրնար շնչել:

Ընդծովեայ փոխադրամիջոցային փապուղիներ. Նորվեկիոյ մէջ ծրագրած են երկու ուղեգիծի համար բաւական ընդարձակ մեծ խողովակներու միջոցով ջուրին տակ 30 մեթր խորութեամբ կառուցել աշխարհի մէջ առաջին ընդծովեայ լողացող կամուրջները:

Գլանաձեւ ծալուող պատկերասփիւռներ. «Էլ.Ճի.» ընկերութիւնը ստեղծած է պատկերասփիւռի նախատիպ մը, որ կարելի է գլանաձեւ փաթթել, ինչպէս` թուղթը:

Ոսպնեակ` գերմարդկային տեսողութեան համար. Քանատացի բժիշկը  կը պատրաստուի փորձել արհեստական ոսպնեակներ,  որոնք ցաւ չպատճառող 8 վայրկեաննոց վիրահատութեան միջոցով 100 առ հարիւր  տեսողութիւնը 3 անգամ կը լաւացնեն:

Սրսկոց (սփրէյ)  հագուստ. Սպանացի ձեւագէտ Մանել Թորես ստեղծած է աշխարհի մէջ առաջին սրսկոց հագուստը: Դուք կրնաք սրսկոցով ծածկել ձեր մարմնի որեւէ  հատուածը, իսկ յետոյ հանել, լուալ եւ կրկին  «հագնիլ»:

Անվարորդ ինքնաշարժներ. 2020 թուականին պիտի յայտնուին շուրջ 10 միլիոն անվարորդ ինքնաշարժներ. այս ձեւով 2014 եւ 2030 թուականներու միջեւ մահացու դէպքերու քանակը 2500-ով պիտի կրճատուի:

Քաղաք` գմբեթի տակ. Տուպայի մէջ կ՛ընթանայ շինարարութիւնը առեւտուրի կեդրոնի մը, որ կը կոչուի «Աշխարհի մոլը»: Ատիկա ծածկուած է շարժական գմբեթով, որ կլիման կը վերահսկէ ներսէն եւ կ’ապահովէ օդափոխութիւնը:

Արհեստական տերեւներ. Գիտնականները մշակած են նոր արեգակնային տարրեր, որոնք  մթնոլորտին մէջ ածխաթթու կազը եւ արեւային ուժը վառելանիւթի կը վերափոխեն:

Կազմահիւթային (փլազմաթիք) դաշտ. Գիտնականները ստեղծած են այս տարրը, որ ինքնաշարժները կը պաշտպանէ դժբախտ արկածներէ եւ բախումներէ: «Պոյինկ»  ընկերութիւնը արտօնագրած է կազմահիւթային դաշտի ստեղծման ձեւը` արագ տաքցնելով օդը, որպէսզի հարուածային ալիքները արագ կլանեն:

Լողացող քաղաքներ. Ճարտարապետ Վինսենթ Քալեպան առաջարկած է «Լիլիփատ» կոչուող լողացող կենսոլորտային քաղաքը, ապագայ կլիմայական տեղահանուածներու համար, իբրեւ ծովու մակարդակի բարձրացման խնդիրի երկարաժամկէտ լուծում: Քաղաքը կրնայ 50 հազար մարդ ընդունիլ` օգտագործելով ուժանիւթի վերականգնող աղբիւրները:

Արհեստական մասերով միջատներ. Գիտնականները միջատներու համար կը ստեղծեն  արհեստական միջոցներ, որոնց շնորհիւ  կարելի է զանոնք կառավարել եւ ուղղել դժուարամատչելի վայրեր, որպէսզի գտնեն երկրաշարժերու եւ տարերային այլ աղէտներու զոհ դարձած մարդիկ:

Երազները տեսանկարե՞լ. Գիտնականները յաջողած են  «Եու-Թիւպ»-ի հոլովակները վերափոխել` յատուկ սարքով նկարելով մարդու ուղեղի տեսողական կեդրոնները: Ապագային արհեստագիտութիւնը բաւական պիտի յառաջդիմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ  երազները տեսանկարել:

Արտերկրային կեանքի որոնում. Չինաստանի մէջ  կ՛աւարտի շինարարութիւնը աշխարհի ամէնէն մեծ ՖԱՍՏ  աստղադիտարանին, որ ունի  ֆութպոլի 30 դաշտի մակերես ունեցող ցոլացուցիչ հայելի, որ կազմուած է արտաերկրային կեանքի դիտման 4450 վահանակներէ:

Իբրեւ նուէր` գիտնականները կը յայտարարեն մարդկային կեանքի տեւողութիւնը մինչեւ 1000 տարի երկարելու կարելիութեան մասին:

 

Մինչեւ Տարեվերջ Հայաստանի «4 Ճի»
Ցանցը Կ՛ընդգրկէ 22 Քաղաք

«Վիվասել» ընկերութիւնը կը շարունակէ ընդարձակել Հայաստանի մէջ իր առաջին եւ ամէնէն ընդարձակ «4 Ճի» ցանցը, որ սկսած է գործել 6 տարի առաջ` 2010-ին, Հայաստանը դասելով այն ժամանակ «4 Ճի» ցանցը ներդրած տասնեակի մը  հասնող, ճարտարագիտութեամբ զարգացած երկիրներու շարքին:

Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, բազմապատկուած  աշխատանքներու իրականացման եւ խոշոր ներդրումներու շնորհիւ, «Վիվասել» յաջողեցաւ «4 Ճի» ցանցը հասանելի դարձնել նաեւ Հայաստանի` մեծութեամբ երկրորդ եւ երրորդ քաղաքներուն` Գիւմրիի եւ Վանաձորի, ապա` Ծաղկաձորի, Վաղարշապատի, Դիլիջանի, Ջերմուկի եւ Արմաւիրի մէջ` ապահովելով «4 Ճի» ցանց, բնակելի տարածքներու 46,6 առ հարիւրին մէջ:

«4 Ճի» ցանցի ընդարձակման երրորդ փուլին, աշխատանքներ  իրականացուած են` Աբովեան, Աշտարակ, Եղվարդ, Արթիկ, Արտաշատ, Բերդ, Կապան, Մեղրի, Ագարակ, Եղէգնաձոր, Վայք, Ստեփանաւան, Սպիտակ քաղաքները եւս  ներառելու: Մինչեւ տարեվերջ «4 Ճի» ցանցը հասանելի պիտի դառնայ բնակչութեան 52,5  առ հարիւրին:

«Վեց տարի առաջ, առաջին անգամ Հայաստանի մէջ, Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.-ը ներդրաւ 4 Ճի./Էլ.Թի.Ի. ցանցը: Գերարագ այս ցանցը հասանելի էր աշխարհի միայն տասը երկիրներու մէջ: Ցանցի աստիճանական զարգացման շնորհիւ` մինչեւ այս տարուան  աւարտը «4 Ճի» ցանցը հասանելի պիտի դառնայ Հայաստանի արդէն 22 քաղաքներու մէջ: Ամբողջ աշխարհի մէջ «4 Ճի.» ցանցերու զարգացումը եւ տարատեսակ ծառայութիւններու տրամադրումը տնտեսական աշխուժութեան  խթանման եւ աճի կարեւոր գործօն կը հանդիսանան», ըսած է ՎիվաՍել- Էմ.Թի.Էս.-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

«4 Ճի.» ցանցը Հայաստանի զանազան քաղաքներուն հասանելի դարձնելը կը հետապնդէ ոչ միայն գործարար աշխուժ  կեդրոններուն մօտ ըլլալու նպատակ, այլեւ յստակ ռազմավարութիւն է` մայրաքաղաքի եւ շրջաններու  միջեւ արհեստագիտական անջրպետը վերացնելու:

 

 «Սամսոնկ Կալաքսի Էս 8»-ի
Վերջնական Տեսքի Նկարները

Samsung_11317

Համացանցին մէջ յայտնուած վերջին նկարները ցոյց կու տան, թէ ինչպիսին կրնայ ըլլալ «Սամսոնկ կալաքսի Էս 8»-ի վերջնական տեսքը: Նկարները հրապարակուած են վերջերս տարածուող լուրերու  ծիրին մէջ:

Հարաւքորէական ընկերութիւնը հրաժարած է սմարթֆոնի վրայ առկայ «Հոմ» ֆիզիքական կոճակէն եւ  կիրարկած է ծայրէ ծայր ձգուող պաստառի արհեստագիտութիւնը:

Սարքին վաճառքը պիտի սկսի ապրիլին: Կ՛ակնկալուի, որ «Սամսոնկ»-ի նոր արտադրութիւնը կը ներկայանայ ամբողջովին վերափոխուած տեսքով:

Ըստ չինական մատակարար ցանցի տուեալներուն, «Կալաքսի Էս 8»-ը երկու մոտելով պիտի ներկայանայ` 5,1 ինչ անկիւնագիծով կորացող պաստառով եւ 5,5 ինչ պաստառով:

 

«Հուաուէյ» Կը Ծրագրէ Արհեստական
Բանականութեամբ Հեռաձայններ Արտադրել

Սմարթֆոներու չինական մեծագոյն արտադրող «Հուաուէյ»-ը կը ծրագրէ նոր սարք (կաճեթ) ստեղծել` արհեստական բանականութեամբ արհեստագիտութեան կիրարկումով:

«Այս սարքերը իւրատեսակ «կամուրջ» կը դառնան թուային աշխարհի եւ մեզ շրջապատող իրականութեան միջեւ: Նման արհեստական բանականութեամբ հեռաձայնը պիտի ըլլայ բարձր արտադրողականութեամբ մարդամեքենայ, պարզապէս` առանց ձեռքերու եւ ոտքերու: Ան նոյնիսկ խելացի օգնական պիտի դառնայ մարդու համար», կ՛ըսէ ընկերութիւնը:

Արհեստական բանականութեամբ արհեստագիտութեան շնորհիւ` նոր սարքը  պիտի  մշակէ եւ ճանչնայ մեզ շրջապատող իրականութիւնը` առաջնորդուելով իրական ժամանակի մէջ որոշումներու կայացման համակարգով: Սենսըրային պաստառէն բացի, կը  ծրագրեն զայն սարքաւորել նաեւ օդային հաղորդիչներով:

 

 «Էյսըս» Ընկերութիւնը Ներկայացուցած Է
Ամէնէն Թեթեւ «Նոթպուք»-ը` 14 Ինչ Պաստառով

Թայուանի մէջ գործող «Էյսըս» ընկերութիւնը ներկայացուցած է «ԱՍՈՒՓՐՕ Պ9440 նոթպուքը», որ նման չափի ամէնէն թեթեւ սարքերէն է:

14 ինչ պաստառով օժտուած «նոթպուք»-ը կը կշռէ մէկ քիլոկրամէն քիչ մը աւելի: Կը նշուի, որ հակառակ նուրբ տեսքին եւ թեթեւ ծանրութեան` անիկա կը  համապատասխանէ «ՄԻԼ-ՍԹՏ 810Ճ»-ի չափանիշներուն եւ չի վնասուիր եթէ մեծ բարձրութենէն իյնայ: Ստեղնաշարին (քիպորտ) նոյնպէս ոչինչ կը պատահի, եթէ յայտնուի հեղուկի մէջ:

Առանց վերալիցքաւորման` սարքը կրնայ աշխատիլ մինչեւ 10 ժամ: Սարքը, որ կ՛արժէ 1000 տոլար, պիտի սկսի վաճառուիլ մայիսին:

 

Տնային Գործերը Ընող
«Քուրի» Մարդամեքենան

NG-ROBOT_11317

«Մէյֆիլտ ռոպոթիքս» սկսնակ ընկերութիւնը ներկայացուց տան օգտագործման համար նախատեսուած փոքր մարդամեքենան, որուն ստեղծման համար մասնագէտները աշխատած են 2 տարի:

«Քուրի» անուանուած նորոյթը տան կապուած գործերու կարգադրութիւնները կ՛ընէ: Անիւներով տեղաշարժուող օգնականը կը կառավարուի ձայնային հրահանգներու միջոցով:

Սարքը օժտուած է շողարձակով, լուսանկարչական սարքով, ինչպէս նաեւ` յատուկ ծրագիրով, որուն միջոցով կը կառավարէ տան մէջ գտնուող սմարթ սարքերը:

Մարդամեքենան, որ կ՛արժէ 700 տոլար, դէմքեր ճանչնալու ունակ է, եւ կրնայ դիւրութեամբ ճանչնալ տան անդամները:

Անոր իւրայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ «Քուրի»-ն ծնողներուն հաղորդագիր կ՛ուղարկէ, երբ անոնց երեխան կամ երեխաները դուրսէն տուն կը  վերադառնան:

 

Ֆարատէյ Ֆիւչըր Սկսած Է
Ընդունիլ Ապագայապաշտ
Իր Մոտելի Առաջին Պատուէրները

faraday-future_11317

Ամերիկեան «Ֆարատէյ Ֆիւչըր» ընկերութիւնը, որ մտադիր է մրցակցիլ ելեկտրական ինքնաշարժներու  արտադրութեամբ զբաղող «Թեսլա մոթըրզ»-ի հետ, պաշտօնապէս ներկայացուցած է իր առաջին մոտելը` 1050 ձիաուժ հզօրութեամբ ելեկտրական «Քրոսովըր»-ը:

Նորոյթը ստացած է «Էֆ.Էֆ. 91», եւ անոր նախնական պատուէրները արդէն կ՛ընդունուին, հակառակ անոր որ ինքնաշարժին գինը տակաւին չէ հրապարակուած: Սակայն յայտնի է, որ պատուէր տալու համար անհրաժեշտ է 5.000 տոլար վճարել:

Կը նշուի, որ ինքնաշարժը կրնայ մէկ լիցքաւորումով 700 քիլոմեթր տարածութիւն կտրել: «Քրոսովըր»-ի երկարութիւնը 5,2 մեթր է, լայնքը` 2,28 մեթր, բարձրութիւնը` 1,59 մեթր: Ատիկա 100 քմ ժամական արագութիւն կրնայ հաւաքել  2,39 երկվայրկեանի մէջ, որ կը գերազանցէ «Ֆերարի 488 Ճի.Թի.Պի.»-ի ցուցանիշը:

«Քրոսովըր»-ը օժտուած է գերձայնային տուիչներով, տեսախցիկներով, «ԼԻՏԱՐ» տեսողական հեռաչափով, ինքնակառավարման համակարգով, ինչպէս նաեւ` 4 ելեկտրական շարժիչներով, որոնց ընդհանուր հզօրութիւնը 1050 ձիաուժ է:

Ինքնաշարժը կրնայ առանձին տեղաշարժուիլ եւ  մօտենալ վարորդին, ինչպէս նաեւ` ճանչնալ անոր դէմքը:

Առաջին պատուիրատուները իրենց ինքնաշարժները կը ստանան 2018 թուականին:

 

«Քրայզլըր»
Հազարամեակի Սերունդը

thumbnail_Chrysler_11317

«Քրայզլըր» ընկերութիւնը «Փանասոնիք օթոմոթիվ էտուանստ ինճինիրինկ» ընկերութեան հետ ստեղծած է «փորթըլ» փոքր «վան»-ը:

«Սի.Ի.Էս.» սպառողական ցուցահանդէսին ներկայացուած նախատիպը նախատեսուած է 1980-1990-ական թուականներուն ծնած գնորդներու համար (հազարամեակի սերունդ):

Ելեկտրական մոտելը օժտուած է ինքնաշարժին մէջ  գտնուող անձերու ձայներն ու դիմագիծները ճանչնալու սարքով: Ինքնաշարժին ելեկտրական համակարգը  ունակ է ճանչնալու ուղեւորներէն իւրաքանչիւրը եւ որոշ յարմարութիւններ ստեղծելու` ըստ անոր  նախասիրութիւններուն, ինչպէս, օրինակ, ջերմաստիճանը, երաժշտութիւնը եւ այլն: Ինքնաշարժին մէջ տեղադրուած քամերան կարելի է օգտագործել ինքնանկար (սելֆի) ընելու համար:

Ինքնաշարժը կրնայ օգնել վարորդին եւ ուղեւորներուն` ծրագրելու երթուղին, կամ ճամբուն վրայ գտնուող որեւէ ճաշարան ընտրելու:

Ելեկտրական ինքնաշարժը մէկ լիցքաւորումով կրնայ 400 քիլոմեթր տարածութիւն ընթանալ: Յատուկ լիցքաւորման սարքի օգնութեամբ ընթացքը կարելի է երկարացնել 150 քիլոմեթրով, միայն 20 վայրկեանի մէջ:

 

1971-ի «Լամպորկինի»-ն
Կրկին Մրցուղիի Վրայ

lamborghini_11317

«Լամպորկինի» ընկերութիւնը ցուցադրեց տեսանիւթ մը , որուն մէջ 1971 թուականի արտադրութեան «Միուրա Էս.Վ.»-ի բարեփոխուած ինքնաշարժը կը սուրայ մրցուղիին վրայ:

«Միուրա»-ի վերականգնումով զբաղած է «Լամպորկինի» Փոլօ սթորիքօ ստորաբաժանումը, որ կը մասնագիտանայ  իտալական մակնիշի հին ինքնաշարժներու  սպասարկման եւ վերանորոգման գործին մէջ:

Ինքնաշարժի վերականգնման ընթացքին  մասնագէտները ամբողջութեամբ կազմած են  անոր ուժային համակարգը: Ի դէպ, որոշ մասեր անոնք ստիպուած եղած են պատրաստել ձեռքով:

1971 թուականին Ժընեւի ինքնաշարժներու ցուցադրութեան սրահին մէջ ներկայացուած երկու դուռով «Լամպորկինի»-ն օժտուած է 3,9 լիթր ծաւալով, Վ12 վառելանիւթային շարժիչով, որ 385 ձիաուժ ունի:

Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Մոթոր Էքսփրես», «Վըրճ», «Թերթ.էյ. էմ.», «Սինհուան» կայքեր


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>