Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պատնէշներու Ետին Կանգնած Հերոսներու Ամանորը

$
0
0

hayrenik_11217

«Դժգոհ է այն երկիրը, որ կարիքն ունի հերոսներու»
Գերմանացի թատերագիր եւ բանաստեղծ ՊԵՐԹՈԼՏ ՊՐԵԽԹ (1898-1956)

Տարեվերջին կը կատարուին հաշուեյարդարներ, ու կը ներկայացուին տարուան ընթացքին կատարուած իրադարձութիւնները:

Զանազան բնագաւառներէ ներս կատարուած աշխատանքները կը նշուին. թէ՛ յաջողութիւնները եւ թէ՛ ձախողութիւնները: Եւ ըստ այնմ, տարեսկիզբին կը կատարուին մաղթանքներ եւ յառաջիկան ընկալելու առաջարկներ:

Բնականաբար շատ մելան կարելի է հոսեցնել անցնող տարուան մասին, որուն ընթացքն ալ, ըստ երեւոյթին, պիտի շարունակուի ո՛չ թէ միայն այս տարի, այլ յառաջիկայ տարիներուն եւս:

Քաղաքականութեան համաշխարհայնացած պայթուցիկ կացութիւնը զգացինք մեր մորթին վրայ, Սուրիոյ պատերազմի ահաւոր ու դժնդակ օրերուն: Յատկապէս Հալէպն է, որ ամիսներ շարունակ ռմբակոծուեցաւ, ցնցուեցաւ, մռայլեցաւ եւ գրեթէ կիսափուլ վիճակի մէջ մնալէ ետք, բաւական մը ինքզինք վերագտաւ:

Դաժան օրեր անցնելէ ետք, ի վերջոյ հալէպահայը կրցաւ տօնել իր Ամանորը` Նոր տարին ու Սուրբ Ծնունդը: Ամանոր մը, որուն կարիքն ունէր:

Սակայն շրջանը ցայսօր կը մնայ պայթուցիկ կացութեան մէջ` «մեծ»-երուն կիրարկած վատ խաղերուն պատճառով:

Դեռ շատ մանրամասնութիւններու մէջ կարելի է մտնել` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ մերձակայ շրջանները նկատի ունենալով, սկսելով անցեալ յուլիս 15-ին կատարուած Թուրքիոյ ձախողած պետական հարուածէն, պոլսահայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի եւ անոր պատկանած քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամներու հալածանքներէն մինչեւ «Սասնայ ծռեր»-ու շաբաթներ շարունակ կատարած արարքը` Երեւանի մէջ:

Այս բոլորէն աւելի, կը գերադասուին, պէտք է որ գերադասուին Արցախի հիմնահարցին շուրջ կատարուած անցեալ տարուան եղելութիւնները եւ այդ իսկ պատճառով, առանց այլեւայլի, այս ամանորը կը պատկանի պատնէշներու ետին կանգնած այդ անյայտ, համեստ ու հողին կառչած զինուորներուն:

Հակաքարոզչութենէ աւելի` ստախօսութիւն է խօսիլ զինադադարի մասին: Բազմիցս կը նշենք զինադուլի խախտման մասին, հաւանաբար ներկայացուած

ոճն ու ինքնին նախադասութիւնը պէտք է փոխել ու շրջանցել, եւ շատ աւելի իրապաշտ է տեղեկացնել, որ պատերազմի ճակատին վրայ քանի մը ժամով կամ օրով, համեմատաբար աւելի հանդարտութիւն կը տիրէ:

Այո՛, կատարուած իրադարձութիւնները նկատի ունենալով` կարելի չէ նկարագրել պատահածը` իբրեւ զինադուլի խախտում: Պատահածը պատերազմ է, մե՛րթ պաղ, մե՛րթ տաք ու սաստիկ, որուն ցայտուն օրինակը անցեալ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն էր:

Ամանորի այս օրերուն, իբրեւ հայորդի, կարելի չէ այլ բանի մասին մտածել: Այդ անծանօթ զինուորներուն կամ ինչպէս տեղայնական նկարագրումով` զինծառայողներուն տարին է, որ պէտք է նշել:

Շարքը երկար է սուրբ հողին համար զոհուած հերոսներուն անուններուն: Առանց բացառութեան պէտք է նշել զանոնք:

Անդրադառնալով Պրեխթի հաստատումին, մենք երբեք դժգոհ չենք: Շատ են մեր հերոսները:

Հետեւաբար` մոմ ու խունկ… ի յարգանս այս հերոսներուն:

Յունուար 2, 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>