(Agencia Prensa Armenia).- Պուէնոս Այրես
Արժանթինահայ համայնքի հաստատութիւններու համագործակցութիւնը ունի երկար պատմութիւն: 27 դեկտեմբեր 2016-ին, սակայն, համայնքային քաղաքական, ընկերային, բարեսիրական, մարզական, կրօնական եւ մշակութային հաստատութիւնները սկիզբ դրին այդ համագործակցութիւնը կազմակերպական կառոյցի վերածելու գործընթացին: Այդ օր, ժամը 19:00-ին, Պուէնոս Այրեսի Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի, համայնքի ութ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ստորագրեցին Համայնքային հաստատութիւններու համակեցութեան, համագործակցութեան եւ համակարգումի ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ մը եւ հրաւիրեցին բոլոր հաստատութիւնները որդեգրելու անոր վեց կէտերը որպէս առաջին քայլ` մաս կազմելու համար նորաստեղծ կառոյցին:
Ինչպէս այդ քայլը նախաձեռնած հաստատութիւններու ներկայացուցիչները սրբազանի բացման խօսքէն եւ աղօթքէն ետք բացատրեցին ներկաներուն, նման մարմինի մը առաջացման անհրաժեշտութիւնը զգացուած է շատոնց, երկու նախընթացներ հիմք հանդիսացած են անոր գործնականացման քայլերուն սկիզբ տալու: Առաջինը` 2010 մայիսին հաստատութիւններու արագ եւ համատեղ հակազդեցութիւնն էր Թուրքիոյ օրուան վարչապետ Էրտողանի այցելութեան առիթով մայրաքաղաքի գլխաւոր պողոտաներէն մէկուն վրայ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման պաշտօնական արարողութիւնը ձախողեցնելու համար: Ի դէպ, երկրի թրքական դեսպանատան կողմէ անաղմուկ եւ ապօրինի կերպով պատրաստուած այս քայլին մասին միայն մէկ շաբաթ առաջ իմանալէ ետք համայնքային հաստատութիւնները կրցան համապատասխան քայլերով կասեցնել ծրագիրը, որուն պատճառով ալ Էրտողան ջնջեց իր պաշտօնական այցելութիւնը: Երկրորդը` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի ոգեկոչման գտած յաջողութիւնն է, որուն մէջ անհրաժեշտ է առանձնացնել Ֆրանչիսկոս պապին մատուցած սուրբ պատարագը Վատիկանի մէջ եւ անոր գտած միջազգային քաղաքական հնչեղութիւնը: Յիշեցնենք, որ նախքան Հռոմի պապ ընտրուիլը 13 մարտ 2013-ին, որպէս Պուէնոս Այրեսի Քարտենալ, Մարիօ Պերկոլիօ սերտ յարաբերութիւններ մշակած էր հայ համայնքին եւ մասնաւորաբար թեմի առաջնորդ սրբազանին հետ եւ բազմաթիւ առիթներով հրապարակային կերպով արտայայտուած էր ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Հարիւրերորդ տարելիցի համայնքային յանձնախումբի գործադիր խորհուրդի ոլորտին մէջն էր որ անցնող ամիսներուն քննարկումներ տեղի ունեցան յանձնախումբին աւելի մշտական դրոյթ տալու հարցին շուրջ: Այդ քննարկումները գործնական գետնի վրայ չդրուեցան աւելի շուտ տարուան ընթացքին պարզապէս որովհետեւ յանձնախումբը դէմ յանդիման եկաւ հաւաքական զօրաշարժի անակնկալ եւ շուտափոյթ անհրաժեշտութիւններու ինչպիսին էր ի մասնաւորի ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմը: Յանձնախումբի գործօն անդամներէն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ Ալպերթօ Ճերեճեանի անակնկալ մահը նաեւ իր անդրադարձը ունեցած էր գործընթացի դանդաղեցման վրայ: Սակայն, հոկտեմբերի աւարտին, գործադիր խորհուրդի նախաձեռնութեամբ առաջացաւ աշխատանքային յանձնախումբ մը բաղկացած հետեւեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կեդրոնական Վարչութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Արժանթինահայ Մշակութային Միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայաստան Հիմնադրամ եւ Արարատ Օթեակ: Յանձնախումբը հետեւողական նիստերու ընթացքին դրաւ աշխատանքային ծրագիր մը` իր ժամկէտներով:
Մանրամասնելով այդ ժամկէտներն ու նպատակադրուած կառոյցին բնոյթը` յանձնախումբին ներկայացուցիչները յստակացուցին, որ հիմնական համաձայնագրի ստորագրման ու ներկայացման պիտի յաջորդեն կառոյցին անուանակոչումը, աշխատանքային մեքանիզմի յառաջացումը եւ ընդհանուր կանոնագրութեան պատրաստութիւնը, որ նախատեսուած է յաջորդ երեք ամիսներուն, երբ հարաւային կիսագունդի ամառնային արձակուրդներու եղանակն է, որպէսզի վերամուտին` մարտ-ապրիլ 2017-ին, կառոյցը արդէն ամբողջականօրէն գործելու սկսի: Համայնքային ներկայացուցչութիւն ըլլալու յաւակնութիւն չկայ, ոչ ալ նման ծրագիր` անմիջական փուլին, յստակացուցին անոնք. թէեւ չի բացառուիր, որ ապագային կառոյցը վերաճի համայնքային ներկայացուցչութեան: Կառոյցը պիտի ձգտի հիմնականին մէջ աւելի կազմակերպուած ու արդիւնաւոր կերպով համակարգել հաստատութիւններու աշխատանքները` առանց արգելք հանդիսանալու, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր առաքելութիւնը յառաջ տանի: Կառոյցը, առաւել, միջոց պիտի ստեղծէ, որ համատեղ խնդիրներ վերածուին համայնքային օրակարգի եւ միասնական ճիգերով մտածուի համապատասխան լուծումներու մասին: Առ այդ, կառոյցը պիտի ըլլայ հորիզոնական, թափանցիկ, ժողովրդավար եւ անոր մաս պիտի կարենան կազմել բոլոր այն հաստատութիւնները, որոնք պաշտօնապէս կ’որդեգրեն հիմնական համաձայնագիրի վեց կէտերը, որպէս սկզբունք: Այդ փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի համայնքային բոլոր կազմակերպութիւններուն, ներառեալ` Պուէնոս Այրեսէն դուրս գտնուողներուն, ի մասնաւորի` Քորտոպա, Ռոսարիօ, Մար Տել Փլաթա, Միսիոնես եւ Նեուքեն, ուր կան հայկական հաստատութիւններ, առաջարկելով բոլորին` որդեգրելու այն:
Ներկաներու հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ տալէ ետք, կարդացուեցաւ նիստին ատենագրութիւնը` որպէս կառոյցի ստեղծման գործընթացի առաջին փուլի գործնականացում, եւ ութ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ առաջնորդ սրբազանը ստորագրեցին հիմնական համաձայնագիրի վեց կէտերը պարունակող փաստաթուղթը:
Նշենք, որ այդ փաստաթուղթին նախընթացը սկզբնական հինգ կէտերով առաջարկուած էր մայիս 2010-ին, երբ Աթաթուրքի կիսանդրիի տեղադրման ձախողեցման առիթով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կազմակերպեց յատուկ ընթրիք մը, որուն հրաւիրուեցան համայնքին բոլոր կազմակերպութիւնները եւ անոր աւարտին սեղանի վրայ դրուեցաւ համագործակցութեան ընդհանուր համաձայնագրի մը հինգ սկզբունքներու առաջարկը: Յաջորդ տարիներու ընթացքին տեղի ունեցան միջկազմակերպական երկկողմանի թէ բազմակողմանի բազմաթիւ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին զարգացաւ սոյն գաղափարը: ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ ուղեկից միութիւններու` ՀՕՄ, ՀՄԸՄ եւ Համազգային, մասնակցութեամբ կազմակերպուած տարածաշրջանային ղեկավարական պատրաստման սեմինարներէն մէկուն հրաւիրուած էր ներկայիս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը, որ ներկայացուցած էր Ֆրանսայի համայնքային կազմակերպական կառոյցի ստեղծումն ու աշխատանքային մեքանիզմը, որ նաեւ քննարկման առարկայ եղած էր: 2010 թուականը յատկանշուեցաւ նաեւ Պուէնոս Այրեսի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան բացումով եւ յաջորդ ամիսներուն թուրք-ազրպէյճանական համատեղ դիւանագիտութեան եւ հակահայ արշաւի շատ արագ մագլցումին, ինչ որ ընթացք տուաւ հայկական դիւանագիտութեան աշխուժացման եւ համայնքային կազմակերպութիւններու հետ աւելի սերտ համակարգումի անհրաժեշտութեան: Այս մարտահրաւէրներու շարքին պէտք է աւելցնել կիւլենական շարժման լուռ ներթափանցումն ու տարածումը Հարաւային Ամերիկայի եւ յատկապէս Արժանթինի մէջ, որուն ներքին ծալքերը երեւան հանեց Փապլօ Քենտիքեանի կատարած հրապարակագրական հետազննութիւնը, որ սպաներէն առանձին գիրքով մը լոյս տեսաւ 2014-ին եւ վերածուեցաւ լրագրողներու համար տեղեկատուական աղբիւրի: Համայնքի հաստատութիւններու եւ դեսպանատան սերտ համագործակցութիւնը, յատկապէս 2012-2014 տարիներուն, չէզոքացնելու համար թուրք-ազրպէյճանական բացայայտ թէ ոչ բացայայտ հակահայ արշաւը արագօրէն արդիւնաւորուեցաւ: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յուլիս 2014-ին տարածաշրջան կատարած այցելութեան յաջողութիւնը այդ համագործակցութեան ամէնէն ակնյայտ երեւոյթն է:
Արժանթինի մէջ հայկական կազմակերպուած համայնք գոյութիւն ունեցած է տակաւին 19-րդ դարու աւարտէն: 1983-ին ժողովրդավարութեան վերադարձէն ետք Հայ դատի աշխատանքները իրերայաջորդ յաջողութիւններ արձանագրեցին, անոնց կարգի ըլլալով` նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի Ցեղասպանութեան ճանաչումը 1987-ին, Ցեղասպանութեան օրէնքը 2006-ին, որ ուժի մէջ մտաւ յաջորդ տարուան սկիզբին, Նեսթոր Քիրչների նախագահութեան օրօք, եւ արժանթինեան ատեանի մը կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման նախընթացը` 2011-ին: Այսպիսով, Արժանթինը ցարդ աշխարհի մէջ բացառիկ այն երեւոյթն է, ուր Ցեղասպանութիւնը ճանաչում գտած է օրէնսդիր, գործադիր եւ արդարադատական իշխանութիւններուն կողմէ: Նման յառաջընթացի ամրագրման ու զարգացման, բայց նաեւ համայնքի դիմագրաւած մեծ մարտահրաւէրներու, որոնց շարքին` արդէն հասակ առնող չորրորդ հայ սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնն ու հայախօսութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ սփիւռքի այլ համայնքներու հետ մշտական կապը հիմնական պատճառներ են, որ համայնքը ձգտի կազմակերպական կուռ կառոյց մը ստեղծելու:
Ստորեւ կու տանք ստորագրուած փաստաթուղթին բովանդակութիւնը:
Համայնքային հաստատութիւններու համակեցութեան, համագործակցութեան եւ համակարգումի ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ
Ա.- Հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած 1915-1923 Ցեղասպանութեան հետեւանքներու բարոյական եւ նիւթական հատուցման պահանջատիրութիւն Թուրքիայէն` որպէս ոճիրին պատասխանատու Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ պետութիւն,
Բ.- Դատապարտում Հայոց ցեղասպանութեան լռեցման, մոռացման, հարցադրումի, ժխտումի, յարաբերականացման կամ նսեմացման ամէն փորձի,
Գ.- Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչում` որպէս հայ ժողովուրդի վերապրումի, զարգացման եւ արդար իրաւունքներու վերատիրացման գլխաւոր երաշխիք,
Դ.- Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութեան գնահատում` առանց ժխտելու այլ յարանուանութեանց ներդրումը, ոչ ալ` խղճի ազատութեան իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքը,
Ե.- Յարգանք` հանդէպ համայնքային բոլոր հաստատութիւններուն եւ հայապահպանման եւ ազգային արժէքներու զարգացման ու տարածման գործին մէջ անոնց ունեցած դերակատարութեան,
Զ.- Առաջնահերթութիւն հայեցի դաստիարակութեան` որպէս գլխաւոր գործօնի` ազգային ինքնութեան կազմաւորման, հարստացման եւ զարգացման եւ հետեւողական ու աշխուժ փոխյարաբերութեան երկրի ընկերային եւ մշակութային շրջապատին հետ: