Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
ՀՄԸՄ-ի 98-Ամեակին Եւ Ծառայութեան Տարուան Զոյգ Առիթներով Յարգանքի Եւ Գնահատանքի Հանդիսութիւն
Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի 98-ամեակին եւ «Ծառայութեան տարուան» զոյգ առիթներով 17 դեկտեմբերին ՀՄԸՄ-ի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ յարգանքի եւ գնահատանքի հանդիսութիւն:
Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անունով Գէորգ Մաւեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղը, որպէս ամրապինդ ու անխոնջ կամքով աշխատող մասնաճիւղ, հաւաքուած է սոյն վայրին մէջ` փաստելու, որ հակառակ բոլոր դժուար պայմաններուն` միշտ պատրաստ պիտի մնայ իր առաքելութեան եւ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով բազում տարեդարձներ պիտի տօնէ` միութեան եւ հայ ազգին դրօշը միշտ բարձր պահելով:
Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անունով Մանուկ Քէօշկէրեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի 98 տարիները կը կազմեն կազմակերպումի, աշխատանքի, մաքառումի եւ ծրագրուած պատկառելի իրագործումներու շրջան մը: Ան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի պատմութեան, ի մասնաւորի` Հալէպի մասնաճիւղին տարած գործունէութեան, նշելով, որ Հալէպի ՀՄԸՄ-ը դարձաւ հայապահպանման առաջին միջնաբերդը, ազգային դարբնոցը` Հայ եկեղեցիին եւ հայ դպրոցին կողքին: Ան հանդիսացաւ հայ պատանիին ու երիտասարդին կազմաւորման մարզական, սկաուտական ու մարդակերտման մեծ դպրոց:
Քէօշկէրեան սոյն երեկոն համարեց յարգանքի օր` ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն, նուիրաբերող բոլոր վաստակաւոր ու համեստ ղեկավարներուն, վարչականներուն, մարզիչներուն, մարզիկներուն, սկաուտներուն եւ խմբապետներուն, որոնք հաւատաւոր ու յարատեւ ճիգերով սերունդներ պատրաստեցին իրենց լաւագոյնը տալով եւ միութեան առաքելութիւնը յառաջ տանելով:
Ան յայտնեց, որ Արամ Ա. վեհափառին հռչակած «Ծառայութեան տարուան» եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 98-ամեակին զոյգ առիթներով «Ծառայութեան տարուան» յուշանուէրով պիտի գնահատուին 50 տարիքը բոլորած եւ ՀՄԸՄ-ի շարքերէն ներս 25 տարիներու ծառայութիւն ունեցող վեթերանները: Առ այդ, 31 վեթերան քոյրեր եւ եղբայրներ պարգեւատրուեցան ծառայութեան յուշանուէրով:
Աւարտին թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան շնորհաւորեց ծառայութեան յուշանուէրով պարգեւատրուած ՀՄԸՄ-ականները եւ հաստատեց, որ 100-ամեակին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ՀՄԸՄ-ը պիտի մնայ գործող այն կազմակերպութիւնը, որ հայ ժողովուրդին, Հայաստանին եւ Սուրիոյ համար իր կեանքն ու վաստակը ամբողջանուէր կերպով պիտի տրամադրէ:
Պոլիս
«Լուսաւորիչ» Երգչախումբին Ամանորեայ Համերգը
3 յունուարին, աւանդութեան համաձայն, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն նուիրուած համերգ` մասնակցութեամբ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Լուսաւորիչ» երգչախումբին, խմբավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ժուլիա Դաւիթի:
Յայտագիրը կը բաղկանար փունջ մը հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերէ:
Յայտնենք, որ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը վերջին տարիներուն իր գործունէութեամբ վերելք մը կ՛ապրի եւ պարբերաբար հանդէս կու գայ քաղաքի ու արտասահմանի մէջ` զանազան յայտագիրներով:
Փարիզ
Շարլ Ազնաւուրին Շնորհուեցաւ «Նիքոս Կացոս-2016» Գրական Մրցանակ
20 դեկտեմբերին Գրականութեան միջերկրականեան կեդրոնը յայտարարեց, թէ «Նիքոս Կացոս-2016» գրական մրցանակը շնորհուած է Շարլ Ազնաւուրին` իր ստեղծագործական ամբողջական վաստակին համար (աւելի քան 800 երգ): Այս մրցանակը, որ հաստատուած է 2012-ին, նախապէս շնորհուած է ծանօթ այլ երգիչներու, ինչպէս` Սերժ Լամային եւ Կի Պէարին: Մրցանակը անուանուած է յոյն գերիրապաշտ վերջին բանաստեղծներէն մէկուն անունով եւ ամէն տարի կը շնորհուի երգերու եւ բանաստեղծութիւններու հեղինակներու:
Նանա Մուսքուրիին գլխաւորած դատակազմը յայտարարեց, որ մրցանակը շնորհուեցաւ 92-ամեայ Շարլ Ազնաւուրին` երգեր յօրինելու նոր ձեւ մը հնարած ըլլալուն համար:
Մրցանակը Ազնաւուրին յանձնուեցաւ Փարիզի մէջ Յունաստանի դեսպանատունէն ներս տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին:
Քանատա
Հանգուցեալ Սուրէն Եւ Արմինէ Մաղաքեաններ Մոնրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Կտակած Են 328.000 Տոլար
Երեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Մոնրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան փոխատենապետ Ռուբէն Աշգարեանի, գանձապահ Ճորճ Զատոյեանի եւ Արմինէ Մաղաքեանի կտակակատարներ Վիգէն Թիւֆենքճեանի եւ Հրայր ու Արա Աղճայեաններու միջեւ: Կտակակատարները հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն յանձնեցին Սուրէն եւ Արմինէ Մաղաքեաններուն Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ կտակած վերոյիշեալ գումարը, որով պիտի հիմնուի «Սուրէն եւ Արմինէ Մաղաքեան» կրթական հիմնադրամը:
Այս առթիւ, հոգաբարձութիւնը, նկատի ունենալով Արմինէ Մաղաքեանի տարիներու բազմավաստակ պատասխանատու պաշտօնը Կրթական գործադիր մարմինի գրասենեակէն ներս, որոշած է զայն վերանուանել «Կրթական գործադիր մարմինի «Արմինէ Մաղաքեան» գրասենեակ»:
Բարերար այս ամոլին` Սուրէն եւ Արմինէ Մաղաքեաններուն յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր համայնքի պատմութեան մէջ, յուսալով նաեւ, որ անոնց ցանած բարի սերմերը շուտով պտղաբերին:
Դասական Երաժշտութեան Համերգ` Հայաստանի Երեխաներու Աջակցութեան Համար
Նախաձեռնութեամբ «Աթքեն Արմինիըն» հիմնադրամին, 16 դեկտեմբերին Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ` Հայաստանի մանուկներու աջակցութեան համար:
Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Աթքեն Արմինիըն» հիմնադրամին ձեռնարկի կազմակերպման համար ընդգծելով, որ նման մշակութային ձեռնարկներու շնորհիւ` հիմնադրամը կրնայ Հայաստանի մանուկներուն երաժշտական կրթութիւն ստանալու նոր հնարաւորութիւններ տալ:
Միացեալ Նահանգներ
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ն 126.500 Տոլար Տրամադրած Է Զոհուած Զինուորներու Ընտանիքներուն
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք զոհուած 108 զինուորներու ընտանիքներուն համար կրցած է 126.500 տոլար օժանդակութիւն տրամադրել վերջին 8 ամիսներուն ընթացքին:
«Գերագոյն նուիրաբերումով իրենց կեանքը հայրենիքին զոհաբերած զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն երախտապարտ պիտի մնանք եւ որոշած ենք շարունակել այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը: Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք ապրիլէն ի վեր մեզի զօրավիգ կանգնեցան», կը յայտնէ «Մեր զինուորներուն կողքին» յանձնախումբի անդամ Դաւիթ Առաքելեան:
Նշեալ ժամանակամիջոցին, օժանդակութիւններ տրամադրուած են Հայաստանի 10 մարզերէն եւ Երեւանէն 82 զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն, իսկ Արցախի 7 մարզերէն` 26 ընտանիքներուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ն այժմ նախաձեռնած է համացանցային դրամահաւաքի միամսեայ նոր արշաւի մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 29 յունուար 2017, Բանակի օրը: Հաւաքուած գումարը պիտի տրամադրուի վիրաւոր զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներու կարիքներուն:
«Մեր զինուորներուն կողքին» յանձնախումբի ատենապետ Հուրի Մինոյեան կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ աշխուժ մասնակցութիւն բերէ դրամահաւաքի այս արշաւին, որ առիթ պիտի ընծայէ բոլորին` գործնապէս աջակցելու եւ քաջալերելու Արցախի սահմանները պաշտպանող մեր զինուորները:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի ջանքերով 2012-ին հաստատուած «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր աջակցելու համար այցելել www.withoursoldiers.com կայքը:
Սարոյեանի Անուան Ֆրեզնոյի Թանգարանը Պիտի Բացուի Սարոյեանի 110-րդ Տարեդարձին Օրը
Հռչակաւոր գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի Ֆրեզնոյի տունը տարի մը առաջ աճուրդով գնած «Մտաւորական զարթօնք» հիմնարկը որոշեց այդ տան մէջ հաստատուելիք տուն-թանգարանին` «Սարոյեան հաուս»-ին բացումը կատարել հեղինակին 110-րդ տարեդարձին օրը, այսինքն` 31 օգոստոս 2018-ին:
Հիմնարկի նախագահ եւ ծրագիրի նախաձեռնող Արթուր Ջանիբեկեան յայտնեց, որ ինք այս նպատակով կապեր հաստատած է «Փուլիզըր» գրականութեան մրցանակին արժանացած հեղինակի ազգականներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն հետ` շեշտելով, որ այս տուն-թանգարանը դասական թանգարան մը պիտի չըլլայ, այլ նորագոյն արհեստագիտութեան օգտագործումով այցելուներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի մօտէն ծանօթանալու հեղինակին եւ այն միջավայրին, ուր ան ապրած էր:
Յատուկ մրցանքի մը արդիւնքով թանգարանի ձեւաւորման պարտականութիւնը յանձնուած է Երեւան հաստատուած «Ստորակէտ» հիմնարկին, եւ արդէն իսկ Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանէն հարկաւոր արտօնագիրները ստացուած են նորոգութեան աշխատանքի սկսելու համար:
Կը ծրագրուի նաեւ թանգարանը վերածել անոր մասին ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի մը. արդէն իսկ աշխատանք կը տարուի հոն հաւաքելու Սարոյեանին հեղինակած կամ անոր մասին գրուած գիրքերը, ինչպէս նաեւ` լուսանկարներ, տեսանիւթեր, օրագրային էջեր, նամակներ, անոր գործերուն նախնական օրինակները, գծագրութիւններ, նկարչութիւններ եւ հեղինակին պատկանած այլ իրեր:
Նշենք, որ ներկայիս Սարոյեանի գրական ժառանգութեան նուիրուած հաւաքածոներ գոյութիւն ունին Սթենֆըրտի համալսարանին եւ Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուած` Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան հիմնարկին մէջ:
Այս ծրագիրին զուգահեռ, «Մտաւորական զարթօնք» հիմնարկը սկսած է պատրաստելու Սարոյեանի կեանքին եւ ստեղծագործութեանց նուիրուած համացանցային կայք մը` saroyanhouse.com հասցէով:
Սիրուն Երէցեան Կը Ստանայ «Արշիլ Կորքի» Շքանշանը
Վերջերս ամերիկահայ նշանաւոր գեղանկարչուհի եւ «Սիրուն տառեր» ստեղծագործութեան հեղինակ Սիրուն Երէցեան Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեանի ձեռամբ ստացաւ սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանը` հայկական մանրանկարչական արուեստին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին համար: Շքանշանի յանձնումը տեղի ունեցաւ արուեստագէտին հիմնադրած «Ռոսլին» ցուցադրասրահին մէջ:
Այս առիթով Սիրուն Երէցեանի որդին Հայաստանի հիւպատոսութեան նուիրած է իր մօր ստեղծագործութիւններէն մէկը:
Մանրանկարչուհի Սիրուն Երէցեան ծնած է 1951-ին, Պէյրութ: Ան ստացած է գեղանկարչութեան մասնագիտական կրթութիւն եւ հեղինակ է երեք հատորներու: Ան հեղինակն է «Սիրուն տառեր» գործին, որ հայոց այբուբենի գեղարուեստական նկարազարդումներով ներկայացում մըն է: Ան արժանացած է նաեւ «Սիրամարգէ տիկինը» կոչումին` իր արուեստին մէջ յաճախ սիրամարգներ նկարելուն համար:
Սիրուն Երէցեանի հայոց այբուբենի մանրանկարչական ձեւաւորումները բազմիցս ցուցադրուած են նշանաւոր ցուցասրահներու մէջ` արժանանալով գնահատանքի:
Լոս Անճելըսի «Վարդերու Շքերթ» Փառատօնին Հայկական Վարդասայլը Մրցանակի Կ՛արժանանայ
2 յունուարին Փասատինայի մէջ տեղի ունեցած ամէնամեայ «Վարդերու շքերթ» փառատօնին մօտաւորապէս 250 հազար տոլար արժած հայաստանցի նկարիչ Սեւադա Գրիգորեանի «Մանկութեան երազ» աշխատանքի հիման վրայ պատրաստուած հայկական վարդասայլը արժանացաւ «Փասթ փրեզիտընթ» մրցանակին` ծաղկային եւ ոչ ծաղկային նիւթերը ամէնէն նորարար մեթոտներով օգտագործած ըլլալուն համար:
Արցախեան թեմայով պատրաստուած հայկական վարդասայլի պատրաստութեան համար օգտագործուած էր 25 հազար հատ ճերմակ վարդ` Արարատ լեռը խորհրդանշող պատկերը ծածկելու համար, ինչպէս նաեւ 60-65 հազար զանազան գոյնի եւ տեսակի վարդեր ու ծաղիկներ` Արցախի հովատակի պատկերը զարդարելու համար:
Հոլանտա
Ալմելոյի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Կիրակնօրեայ Դպրոցին Մէջ Նշուեցաւ Ամանորն Ու Ս. Ծնունդը
25 դեկտեմբերին Ալմելոյի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կիրակնօրեայ դպրոցը ՀՄԸՄ-ի հետ միասին նշեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօները: Դպրոցի աշակերտները պատրաստած էին գեղեցիկ ներկայացում մը` Յիսուսի ծննդեան վերաբերեալ: Անոնք նաեւ մեկնաբանեցին երգեր, պարեր եւ ստացան նուէրներ Կաղանդ պապայէն: Ներկաները նաեւ հիւրասիրուեցան ՀՄԸՄ-ի տիկնանց միութեան պատրաստած համեղ ուտելիքներով: