Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բակօ Սահակեան Այցելած Է Թալիշ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 31 դեկտեմբերին այցելած է Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղ, ուր ծանօթացած է իրականացուող աշխատանքներուն. ան նաեւ գտնուած է գիւղին մէջ կազմակերպուած ամանորեայ տօնական ձեռնարկին:
Նախագահ Սահակեան շնորհաւորած է բոլորը` տօներուն առիթով, մաղթելով ամենայն բարիք:
400 Աշակերտներ Եւ Արցախի Նախագահը Ստեփանակերտի Մէջ Մասնակցեցան Ամանորեան Ձեռնարկին
Արցախի Հանրապետութեան բոլոր շրջաններէն եւ մայրաքաղաքէն շուրջ 400 աշակերտներ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, գլխաւոր տօնածառին մօտ, մասնակից դարձան Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կազմակերպած Ս. Ծննդեան ամանորեայ տօնական ձեռնարկին, որուն ներկայ էր նաեւ հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան: Աշակերտներուն, անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն տօնը աւելի գեղեցկացուցին Ստեփանակերտի մշակոյթի տան եւ մանկապատանեկան ստեղծագործութիւններու կեդրոնի սաներն ու արուեստագէտները:
Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւա Ասրեան ողջունեց ներկաները` մաղթելով, որ հայոց աշխարհին մէջ խաղաղութիւն տիրէ: Ս. Ասրեան անդրադարձաւ նաեւ 2016 թուականի գարնան արձանագրուած պատերազմական իրադարձութիւններուն` նշելով, որ անոնք բացասական անդրադարձ չունեցան կրթական բնագաւառին վրայ: Բեմին վրայ ներկայացուեցաւ տարուան խորհրդանիշ կարմիր աքլորը` հաւաստիացնելով, որ այս տարին մեր ժողովուրդին համար խաղաղ ու առատաբեր պիտի ըլլայ, քանի որ սահմանին կանգնած է հայոց հզօր բանակը, իսկ այգիներուն ու արտերուն մէջ կ՛աշխատին հայ շինականն ու այգեպանը: Աքլորին միացան նաեւ փոքրիկներուն սիրած շարժապատկերներու հերոսները: Այնուհետեւ փոքրիկները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Ամանորի տէր` Կաղանդ պապուկը, եւ ուրախ երգն ու պարը տօնածառին շուրջ դարձան հրապարակին տէրը: Շուրջ մէկ ժամ տեւած ելոյթներէն ետք աշակերտները խումբ-խումբ կամ առանձին նկարուեցան երկրի նախագահին հետ:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը եւ այլ պաշտօնատար անձեր: Տօնակատարութեան մասնակցեցան նաեւ Քաշաթաղի Բերձոր շրջանի Վ. Թէքէեանի անուն թիւ 1 եւ Վ. Զատիկեանի անուան թիւ 2 միջնակարգ դպրոցներու աշակերտները` շրջանային վարչութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանի, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ մարմնակրթութեան, մշակոյթի բաժիններու ներկայացուցիչներուն եւ դպրոցներու ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ:
«Առաւօտ»-ի թղթակիցը զրուցեց աշակերտներուն եւ անոնց ուսուցիչներուն հետ. բոլորն ալ գոհունակութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն եւ երկրի նախագահին այդ օրը հարիւրաւոր մանուկներուն եւ մեծերուն համար գեղեցիկ օրի վերածելու համար: Տօնակատարութեան մասնակիցները տուն վերադարձան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ յատկացուած նուէրներով: Քաշաթաղցիները վերադարձին այցելեցին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցի, մոմեր վառեցին եւ «Տէրունական աղօթք»-ով Արցախ աշխարհին խաղաղութիւն, իսկ սահմանի զինուորներուն անփորձանք ծառայութիւն մաղթեցին:
Հայաստանի Մէջ 2016-ին Յայտնաբերուած Բացառիկ Ժայռապատկերին Տեղը Գաղտնի Կը Պահուի
2016 թուականը իմաստալից տարի էր հնաէաբաններուն, հնագէտներուն, քարանձաւագէտներուն համար: Նախորդ տարի բացայայտուեցան եւ լուսարձակի տակ առնուեցան շարք մը պեղումներու, յայտնագործութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներ, որոնք պատմական եւ հնագիտական առումով շատ կարեւոր էին ո՛չ միայն հայերուս, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար: Այս մասին կը գրէ Արմէն Վարդանեան:
2016 թուականին հնագէտները, քարանձաւագէտները խօսեցան նոր հետազօտութիւններու, ուսումնասիրութիւններու մասին` վերահաստատելով, որ Հայաստան այն եզակի երկիրներէն է, ուր հնագոյն աշխարհի պատմութիւնը խոր արմատներ ունի, եւ որ աշխարհագրական փոքր չափեր ունեցող այսօրուան Հայաստանը բաց ու ընդարձակ հնագիտական աղբիւր է ուսումնասիրողներուն համար: Սակայն պետական հոգածութեան բացակայութեան պատճառով ո՛չ միայն նոր բացայայտումները հողակոյտի կը վերածուին, այլ նաեւ` դեռ կանգուն մնացած պատմամշակութային արժէքները:
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսէօր, Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլեթ Պետրոսեան պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման մէջ թերացման պատասխանատու կը նկատէ թէ՛ պետութիւնը եւ թէ՛ սեփական մարզը: «Սեփականութեան նման հոգատարութիւն չեն ցուցաբերում: Հայաստանը միակ տարածքն է, որտեղ հայերը պատմական հնարաւորութիւն ունեն ձեւաւորելու քաղաքական եւ քաղաքացիական հանրոյթ, սակայն այդ գործընթացը տեղի չի ունենում», ըսած է հնագէտը եւ օրինակ բերած Իսրայէլը: «Պետութիւն, որը պայքարում է սեփական հողակտորի համար, որպէս սրբութիւն է վերաբերւում մշակութային արժէքներին, իսկ մեր պարագայում ոչնչացւում է», ցաւ յայտնած է ան:
Հոգածութեան պակասի մասին խօսած են նաեւ քարանձաւագէտները` անդրադառնալով աշխարհի մէջ բացառիկ նկատուող յայտնագործութեան մանրամասնութիւններուն: Քարանձաւագիտական կեդրոնի նախագահ Սամուէլ Շահինեան եւ հայ-իտալական քարանձաւագիտական միացեալ արշաւախումբի ղեկավար, քարանձաւագէտ Սմբատ Դաւթեան «Ռատիօլուր»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, խօսելով քարանձաւին մէջ յայտնաբերուած ժայռանկարին մասին, յայտնեց իտալացիներուն բնորոշումը` «ֆանթասթիքա»: «Առաջին անգամ հայաստանեան քարանձաւներից մէկում յայտնաբերուեց ժայռանկար, որն իր ոճով նման է սպանական Ալտամիրայի քարանձաւում առկայ ժայռանկարներին: Առայժմ ուսումնասիրութիւն չի արուել, բայց նախնական թուագրութեամբ պալէոլիթի շրջանի է` 10-12 հազար տարի», նշած է Դաւթեանը: Լրագրողը ուզած է գիտնալ, թէ ո՛ւր կը գտնուի գտածոն, սակայն Դաւթեան դիտել տուած է, որ ներկայիս այդ մէկը գաղտնի կը պահուի` ժայռապատկերը փրկելու մտավախութեամբ, քանի որ այսօր «պահպանուող» բազմաթիւ քարանձաւներն իսկ ոչնչացման եզրին են: Խօսքը 20-22 քարանձաւներու մասին է, իսկ առկայ շուրջ 10 հազար քարանձաւէն 100-ը կրնան օգտագործուիլ զբօսաշրջութեան նպատակներով: Որպէս օրինակ` ան յիշած է Մագիլի քարանձաւը, որուն մէջ առկայ պրոնզէ դարու շերտը վայրագօրէն ոչնչացուած է:
Քարանձաւագէտներու միութեան նախագահ Սամուէլ Շահինեան, իր կարգին, «Ռատիօլուր»-ին յայտնած է, որ քարանձաւներու պահպանութեան առումով պէտք է յստակ ռազմավարութիւն մշակուի, որովհետեւ մէկը պէտք է պատասխանատու ըլլայ. «Անանուն տէրեր չեն լինում», ընդգծած է ան:
Քարանձաւներէն բացի կան նաեւ այլ կարեւոր ուսումնասիրութիւններ:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեանը եւս իրենց կատարած պեղումներուն արդիւնքներուն մասին ըսած է, որ պատմութիւնը կը գրուի երկու աղբիւրներու հիման վրայ` գրաւոր եւ հնագիտական պեղումներու: Ամէնէն տպաւորիչ արդիւնքը Աւետիսեանը նկատած է Գեղարօտի պեղումներուն ընթացքին ձեռք բերուածը: Ան դիտել տուած է, որ հոն աշխատած է հայ-ամերիկեան արշաւախումբը, եւ հոնկէ յայտնաբերուած են Քրիստոսէ առաջ երրորդ հազարամեակի առաջին կէսի կառոյցներ, որոնք գերեզմանոցին մաս կազմած են եւ` ծիսական նշանակութիւն ունեցած:
2016 թուականին մեծածաւալ աշխատանքներ կատարուած են նաեւ «Սոլակ-1» հնավայրին մէջ, ուսումնասիրուած է եւ կ՛ուսումնասիրուի Վանի թագաւորութեան շրջանի արքայական կառոյցներուն բնորոշ յատակագիծով ամրոց-դղեակը, որ սակայն ոչ արքայական արհեստանոցներուն մէջ պատրաստուած նիւթերով հնավայր է: Պեղումներու փուլին մէջ է վիշապ քարակոթողներու ուսումնասիրութիւններու ծրագիրը, որ բացառիկ է անով, որ 3000 մեթրի վրայ կը կատարուին աշխատանքները, քանի որ, որպէս կանոն, հնագիտական յուշարձանները Կովկասի մէջ 2400 մեթրը չեն անցնիր:
Քարակոթող յայտնաբերուած է նաեւ Գառնի տաճարի տարածքին, ուր Վանի թագաւորները սեպագիր արձանագրութիւն ձգած են: Ասկէ կարելի է հետեւցնել, որ անոնք աւելի հին են, քան` Վանի թագաւորութեան շրջանը:
Թէյշեբաինի դամբարանադաշտին մէջ, կամ ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ` Կարմիր բլուրի մէջ, եւ Աղձքի մէջ իրականացուած բացառիկ հետազօտութեան շնորհիւ` յայտնաբերուած Թէյշեբաինի հայոց փոխարքայի պրոնզէ կերտուած ցլագլուխ կեռ մականը, իսկ երկրորդին պարագային` հայոց արքաներուն մասունքները:
Նշենք, որ Կարմիր բլուրի պեղումներուն ընթացքին գտնուած մականը եւ այլ իրեր հերքեցին ուրարտացիներուն անյայտ ծագում ունենալու պնդումները: «Ուրարտացին եղել է Արարատեան դաշտի բնիկը», հաստատած է Յակոբ Սիմոնեանը` աւելցնելով. «Խորապէս համոզուած եմ, որ Ուրարտուն դա հայկական կայսրութիւն է` իր բազմաշերտ բնակչութեամբ, որտեղ գերակշռողը եղել է հայկական տարրը»:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի Աջակցութեամբ Գնիշիկը Ապահովուած Է Շուրջօրեայ Ջրամատակարարումով
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի համագործակցութեամբ իրականացուող «Ջրամատակարարման բարելաւում» ծրագրի ծիրին մէջ Վայոց Ձորի Գնիշիկ գիւղը ամբողջութեամբ ապահովուած է շուրջօրեայ ջրամատակարարումով:
«Այս գիւղը միացեալ ծրագրի ընդգրկուածներէն մէկն է, ուր մենք փորձած ենք առկայ հարցերը լուծել քայլ առ քայլ: Մէկ տարի առաջ այստեղ կարգաւորուած է տարածքի լուսաւորութեան հարցը, այսօր արդէն` խմելու ջուրը: Գիւղական ենթակառուցուածքներու զարգացումը կ՛իրականացուի եւ կը մնայ մեր ուշադրութեան կեդրոնը: Այդ կարեւոր է ո՛չ միայն մեզի համար, իբրեւ պատասխանատու մօտեցում որդեգրած կազմակերպութիւն, այլեւ` բնակիչներու, համայնքներու եւ երկրին մէջ զարգացման թափ արձանագրելու համար: Ուրախ եմ տեսնելու նաեւ, որ մեր որդեգրած արժեհամակարգը օրինակ դարձած է այլ կազմակերպութիւններու համար», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի եւ «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ի գործակցութեան շնորհիւ` 2015-ին գիւղը ապահովուած է նաեւ «Էլ.Ի.Տի.» համակարգով գործող արտաքին լուսաւորութեամբ:
Հայաստանի Մշակութային Կեանքը Բաւական Աշխուժ Էր Նախորդ Տարի
Գայեանէ Դանիէլեան կը գրէ, որ 2016 թուականին Հայաստանի հոգեւոր-մշակութային մեծագոյն իրադարձութիւնը Հռոմի Ֆրանչեսկոս պապին Հայաստան կատարած այցելութիւնը կամ ուխտագնացութիւնն էր: Այդ փուլին Հայաստան տակաւին նոր կը սթափէր ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն, իսկ իր դիմաց ունէր յուլիսեան արիւնոտ իրադարձութիւնները:
Հռոմի պապը խաղաղութիւն, բարօրութիւն ու սէր կը քարոզէր իր եռօրեայ ուխագնացութեան ընթացքին, կ՛աղօթէր Աստուծոյ` ամբողջ մարդկութեան համար: «Այդ երեք օրերի ընթացքում իսկական ուրախութեան ու բարութեան մի զարմանալի զգացողութիւն էր կախուած օդի մէջ, մթնոլորտն ամբողջովին փոխուել էր, այնպէս` ինչպէս առատ ձիւն տեղալուց յետոյ», կը գրէ Գայեանէ Դանիէլեան:
Գրական ասպարէզին մէջ գրողներուն հիմնական մտահոգութիւնը շարունակած է ըլլալ այն, որ, թէեւ հրաշալի գիրքեր կը տպագրուին, բայց հասարակութիւնը այլեւս ընթերցող հասարակութիւն չէ, գիրք չի գներ: Բայց եւ այնպէս, գիրքերը կը գնուին: 2016 թուականին փոխուեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարարը: Շուրջ 10 տարի պաշտօնավարած Յասմիկ Պօղոսեանին յաջորդեց Արմէն Ամիրեանը, որ ըսաւ, թէ գրահրատարակչութեան առնչուած նոր նախագիծներ ունի:
2017-ին Հայաստանի մշակութային կեանքը շատ աշխուժ եղած է: Անընդմէջ ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են տարբեր թանգարաններու եւ ցուցասրահներու մէջ, դասական երաժշտութեան փառատօներ ու համերգներ կայացած են տարբեր համերգասրահներու մէջ, թատրոններն ալ թէ՛ թատրերգութիւններ բեմադրած են եւ թէ՛ մասնակից դարձած են թատերական փառատօներու:
Այս առումով յիշարժան է Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին վերաբացումը` շուրջ եռամեայ հիմնանորոգումէն ետք, նաեւ` Սունդուկեանի թատրոնի վերաբացումը: Իսկ օփերայի թատրոնն ալ ոչ միայն նոր տնօրէն ունեցաւ, այլ նաեւ` նոր գեղարուեստական ղեկավար: Նոր գեղարուեստական ղեկավար ունի նաեւ Համազգային թատրոնը: