ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Աֆղան Վարձկաններ
Ազերիական Բանակին Մէջ
Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ Ազրպէյճանի կողմէ ամբողջական շրջափակումի ենթարկուած էին եւ կը դիմագրաւէին 1993-1994-ի խստաշունչ ձմեռը:
Երեւանի ելեկտրակայանը, իրեն ընձեռուած պայմաններուն եւ միջոցներուն ամբողջական օգտագործումով, կրնար 610 մեկաուաթ ելեկտրուժ արտադրող ելեկտրակայանին կարողութեան հազիւ տասը առ հարիւրը օգտագործել: Ելեկտրակայանին շարժակներուն եօթը խումբերէն միայն մէկը կ՛աշխատէր:
Ելեկտրակայանը բնական կազ կը ստանար խողովակէ մը, որ Հայաստան կը հասնէր միակ հայթայթիչ Թուրքմենիստանէն: Անիկա կ՛անցնէր Իւզպեքիստանէն, Ղազախստանէն, Հիւսիսային կովկասեան շրջաններէն եւ Վրաստանէն: Սակայն Վրաստանէն Հայաստան կտրող բաժինը յաճախ կ՛ականահարուէր դաւադիր ձեռքերու կողմէ:
Նախապէս, կազատար խողովակը կը գտնուէր Խորհրդային Միութեան տարածքին հաստատուած կազատար խողովակներու ցանցին աշխատանքներուն հսկող վերահսկիչ մարմինի ամբողջական հսկողութեան տակ: Սակայն Խորհրդային Միութեան քայքայումով, իւրաքանչիւր հանրապետութիւն իր սահմաններուն մէջ գտնուող բաժինին վրայ հակակշիռ հաստատեց եւ սկսաւ օգտուիլ բնական կազէն, այն հիմնաւորումով, որ ինք իրաւունք ունի իր բաժինը ստանալու, որովհետեւ կազատար խողովակը իր հողերէն կ՛անցնի: Հետեւաբար, Հայաստանի ստանալիք կազի օրական քանակը ոչ մէկ ձեւով երաշխաւորուեցաւ:
Երեւանի ելեկտրակայանը չէր կրնար ապահովել քաղաքին բոլոր շրջաններուն ելեկտրականութիւնը, եւ ձմրան օրերուն մարդիկ կը մնային ամբողջական խաւարի մէջ: Կարգ մը շրջաններ ելեկտրականութիւն չէին ունենար շաբաթներով: Ոչ ոք գիտէր, թէ ելեկտրականութեան հոսանքը երբ պիտի տրուէր կամ ընդհատուէր: Ամէն բան ձգուած էր պատահականութեան եւ բախտի:
Նոյնիսկ կէս գիշերին, երբ ելեկտրական հոսանք ստացուէր, երեւանցիք գործի կը լծուէին: Լուացքի մեքենաները կը բանէին եւ տանտիկինները ճաշ կ՛եփէին: Հեռաձայն ընողներ ալ կ՛ըլլային, որովհետեւ հեռաձայնի կեդրոնները արձակուրդի մէջ կը գտնուէին երբ ելեկտրականութեան հոսանքը դադրէր:
Ցերեկը, երբ անակնկալօրէն ելեկտրականութեան հոսանքը դադրէր, թրէօլեպիւսները կանգ կ՛առնէին: Ուղեւորները կը ստիպուէին իջնել եւ գետնին փակած «հրէշ»-ը հրել: Եթէ թրէօլեպիւսը կանգ առած ըլլար բոլորակի մը վերեւ, նուազագոյն աշխատանքով կարելի կ՛ըլլար զայն շարժել:
Յետմիջօրէին Երեւան կը թաղուէր ամբողջական մթութեան մէջ: Առեւտրականներ հապճեպօրէն պենզին եւ մազութ կը վաճառէին կողմնակի փողոցներու մէջ: Վաճառուած մազութին մէջ յաճախ ջուր խառնուած կ՛ըլլար եւ զայն օգտագործող բնակիչները կը գանգատէին, թէ մեծ զոհողութիւններով գնուած մազութը լաւ չէր վառեր:
Խաւարը ընդհանուր էր: Մարդիկ լուսարձակի աղօտ լոյսով կը քալէին հասնելու համար իրենց բնակարանը, մինչ ամայի փողոցներուն մէջ հազուադէպօրէն կ՛անցնէին ինքնաշարժներ, որոնց լոյսէն ակնթարթային պահ մը քով-քովի շարուած շէնքերը կը լուսաւորուէին: Փողոցներուն անկիւնները հաստատուած փոքր ճաշարաններուն առջեւ հայկական խորոված կը պատրաստուէր եւ մութին մէջ մօտակայ շէնքերու բնակիչներէն խումբեր կը կազմուէին կրակին շուրջ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ ճարտարարուեստի մարզը կը ստանար արտադրուած ելեկտրուժին առիւծի բաժինը, բազմաթիւ գործարաններ փակած էին իրենց դուռերը եւ աշխատաւորները տուն ճամբած:
Հայաստան սուր կարիքը ունէր շաքարի եւ ալիւրի ներածման, սակայն օդի ճամբով փոխադրական ծախսերը սուղ էին, իսկ գնացքի միակ ուղին, որ Վրաստանէն կ՛անցնէր, վտանգուած էր շրջանին մէջ տեղի ունեցող զինեալ բախումներուն պատճառով:
Իշխանութիւնները գործնապէս ի վիճակի չէին լուծելու ջեռուցման ծանր հոգը: Մաֆիան սանձարձակ կը գործէր եւ իշխանութիւնները այս կամ այն ձեւով անպատիժ կը ձգէին, կամ անկարող էին պայքարելու եւ նոյնիսկ կը հովանաւորէին անպաշտպան ժողովուրդին դէմ գործուող չարաշահումները: Վառելանիւթը յանկարծ շուկայէն կ՛անհետանար, որպէսզի յաջորդ օր անհաւատալի բարձր գինով ողողէր նոյն շուկան:
Հայաստան վերածուած էր հին ռուբլիի աղբանոցի, ուր ժողովուրդին խնայողութեան վերջին երաշխիքները կ՛արժեզրկուէին ու կը թափուէին:
Բնակչութեան արտագաղթը լայն ծաւալ ստացած էր. Հայաստանէն հեռանալով մարդիկ իրենք զիրենք փրկուած կը նկատէին խաւար ձմրան մագիլներէն, կիսաքաղց կամ սոված գոյութեան հեռանկարէն եւ անպաշտպան ոտնակոխ ըլլալու վտանգէն:
Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, օրին անդրադառնալով երկրի տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի պայմաններուն, նկատել տուաւ, որ ամսական թոշակով կարելի էր 70 քիլոկրամ հաց գնել: Նուազագոյն աշխատավարձքով կարելի էր հաց ապահովել եւ պետութեան պարտքն էր գոնէ ատիկա ապահովել:
***
Ստեփանակերտ, երկարատեւ ռմբակոծումներու պատճառով մեծ վնասներու ենթարկուած էր: 270-էն աւելի պետական շէնքեր կիսաքանդ վիճակի մէջ էին: Լրիւ կամ մասնակի աւերուած էին 708 անհատական բնակարաններ: Փողոցները եւ ճանապարհները եւս չէին դիմացած ռմբակոծումներուն եւ անմխիթար վիճակի մէջ էին: Մութ փողոցներուն մէջ, երբ ամէնուն մօտ զէնք կար, անցանկալի երեւոյթներ կը պատահէին:
Արցախի իշխանութիւնները սեփական բնակարաններու վերականգնման համար 60 միլիոն ռուբլիի վարկ տրամադրեցին, որ պայմանագիրով կը տրուէր բնակիչներուն, քսան տարուան ընթացքին մարելու պայմանով: Աստիճանաբար լուծուեցաւ նաեւ ջրամատակարարման հարցը: Իշխանութիւնները ժողովուրդին տրամադրեցին նաեւ ալիւր եւ շաքար:
Բաւական դժուար էր հացի խնդիրը: Ստեփանակերտի հացի գործարանը կարելի չէր գործարկել, նախ որովհետեւ այնտեղ եղած սարքաւորումները 1947 թուականէն էին, երկար ժամանակ անգործութեան հետեւանքով շարքէն ընդհանրապէս դուրս եկած էին, եւ որ ամէնէն կարեւորն էր` վառելիք չկար:
***
«Ազդակ»-ի 11 դեկտեմբեր 1993-ի թիւով եւ «Երբ հաստատումը կու գայ ամերիկացի խորհրդարանականէ մը…» խորագիրով նշմարով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ ամերիկացի խորհրդարանի անդամներէն Հենրի Ուաքսմէն նամակ մը յղած էր արտաքին գործոց նախարար Ուորըն Քրիսթաֆըրի եւ անկէ պահանջած` որ ամերիկեան կառավարութիւնը աշխատանք տանի, Ազրպէյճանէն հեռացնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ կռիւներուն մասնակցող շուրջ հազար աֆղան վարձկաններ: Ուաքսմէն կ՛ընէր ուշագրաւ բացայայտում մը. «Ձայնս կը միացնեմ կարգ մը պաշտօնակիցներուս պահանջին», ինչ որ կը նշանակէր, թէ այլ երեսփոխաններ եւս իմացած էին աֆղան վարձկաններու ներկայութեան լուրը եւ դատապարտած զայն: Ուաքսմէն նաեւ կը պահանջէր, որ «Ուաշինկթըն եւ միջազգային ընտանիքը» միջամտեն, ի խնդիր աֆղան վարձկաններու հեռացման:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ ամերիկացի երեսփոխանին պահանջները երկար մեկնաբանութեան չեն կարօտիր, թէեւ անոնք կը բացայայտեն ազերիական դաւադիր արարքներուն ծալքերը: Կար նաեւ անոր չափ ու անկէ աւելի կարեւորը: Միջազգային լրատու աղբիւրներ եւ մանաւանդ ՄԱԿ-ի շրջանակները ոչ մէկ ձեւով արձագանգած էին ազերիներու կողքին աֆղան վարձկաններու ներկայութեան իրականութեան, որուն մասին հաստատումը չէր գար հայկական աղբիւրէ, ինչ որ արտաքին աշխարհին կողմէ կրնար դիտուիլ իբրեւ կողմնակալ եւ քարոզչական նիւթ, այլ` ամերիկացի խորհրդարանականներէ:
Մահսէրէճեան կը յիշէր ազերիական այն զրպարտութիւնները, ըստ որոնց` հայկական ուժերո՛ւն շարքին կային վարձկաններ եւ սակայն, այդ զրպարտութիւնը հերքուեցաւ նոյնինքն ազերի պատասխանատուի մը կողմէ:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիան նեղացնել չուզող Ուաշինկթըն նոյն մօտեցումը կ՛որդեգրէ քարիւղով հարուստ Ազրպէյճանին նկատմամբ:
***
Իսկ «Ազդակ»-ի 30 դեկտեմբեր 1993-ի թիւով եւ «Քապուլի խոստովանութենէն ետք» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Աֆղանիստանի տագնապը մեզ չի կրնար անտարբեր ձգել, երբ Ազրպէյճանի մէջ աֆղան վարձկաններու ներկայութիւնը կը բացայայտուի նոյնինքն Քապուլի ձայնասփիւռին կողմէ:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան գանգատ ներկայացուց Աֆղանիստանի իշխանութիւններուն, անոնց նկատողութեան յանձնելով, որ «թերեւս առանց ձեր գիտակցութեան եւ հաւանութեան», աֆղան վարձկաններ Ազրպէյճանի մէջ կը մասնակցին հակահայ յարձակումներու: Միջազգային ընտանիքը դարձեալ լռութիւն կը պահէր, երբ Քապուլի ձայնասփիւռը, ի՜նչ փոյթ որ ներքին մրցակցութիւններէ մղում առնելով, չէր ծածկեր որ ազերիները իրենց կողքին ունին աֆղան զինեալներ, «որոնք վճարում կը ստանան» Արցախի վրայ յարձակումներուն մասնակցելու համար:
Մահսէրէճեան կը նշէր, որ այս հաստատումը չէր կրնար անտարբեր ձգել միջազգային ընտանիքին որեւէ անդամը, որ իսկապէս նախանձախնդիր է Արցախ-Ազրպէյճան տագնապին խաղաղ լուծման: Ազրպէյճան չէր կրնար խուսափիլ գլխաւոր ամբաստանեալի աթոռէն, երբ այլ ժողովուրդներու կրօնական զգացումները շահագործելով, վարձկաններ ձեռք կը ձգէ, հրահրելու համար պատերազմ մը, որուն դադրեցման համար շրջանային եւ միջազգային կողմեր ահագին ճիգ ի գործ կը դնէին:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ մերկ իրականութիւնը այն էր, որ Ազրպէյճան աֆղան վարձկաններ կ՛օգտագործէր. այս ճշմարտութիւնը «հայկական քարոզչութիւն» չէր, այլ նոյնինքն Քապուլէն եկած հաստատում: Կը մնար մէկ բան. զսպել ու պատժել Ազրպէյճանը:
***
Ազերիական բանակը 1993-ի դեկտեմբերի վերջին օրերուն լայնածիր յարձակողականի ձեռնարկեց Արցախի արեւելեան ճակատին վրայ եւ փորձեց ճեղքել Մարտակերտ-Ասկերան-Մարտունի գիծին պաշտպանողականը: Ազերիները առաջին գիծի վրայ յառաջ նետեցին աֆղան վարձկաններ, գնդակահարելով հայկական պաշտպանողական գիծին հարուածներէն խոյս տուող եւ նահանջող զինուորները:
Հակառակ իրենց տուած մարդկային եւ զինական ծանր կորուստներուն, ազերիական բանակը, որ կազմակերպուած գունդերով կը յառաջանար, իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց:
Ազերիական հրետանին ռմբակոծեց նաեւ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանները, խլելով նաեւ բազմաթիւ քաղաքային զոհեր եւ վիրաւորներ:
Ազերիական յարձակողականը շարունակուեցաւ Աղտամի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Քելբաջարի շրջաններու ուղղութեամբ: Ազերիական ուժերը փորձեցին ճեղքել Մարտակերտի եւ Ասկերանի պաշտպանութեան գիծերը, սակայն Արցախի պաշտպան ուժերը յաջողեցան կասեցնել քանի մը առանցքներու վրայ տեղի ունեցող յառաջխաղացքը:
Բախումներուն հաշուեկշիռը ծանր էր. հայկական ուժերն ու քաղաքային բնակչութիւնը տուին մօտաւորապէս հարիւր զոհ, իսկ ազերի նախայարձակ ուժերուն կորուստներուն թիւը կը հասնէր հազարի:
Ազերիական հրետանին սաստկօրէն ռմբակոծեց նաեւ Հայաստանի Իջեւան եւ Նոյեմբերեան շրջանները. թիրախները միայն սահմանային գիւղերը չէին, այլ նաեւ` շրջանային կեդրոններ:
Ազերիական ուժերը յաջողեցան գրաւել Մարտակերտի շրջանի հիւսիսային Մատաղիս գիւղը եւ մօտակայ կարգ մը բարձունքներ: Ցամաքային ուժերը առաջին յարձակումներով չյաջողեցան ճեղքել հայկական պաշտպանութեան դիրքերը, հետեւաբար թշնամին գործի լծեց նաեւ օդանաւեր:
***
Ազերի բանակին կողմէ շղթայազերծուած լայնածիր յարձակումը 1994-ի յունուարի առաջին օրերուն ընդհանուր առմամբ սանձուեցաւ Արցախի պաշտպան հայկական ուժերուն կողմէ, որոնք մէկէ աւելի առանցքներու վրայ յաջողեցան ազատագրել ազերիական առաջին յարձակումին ընթացքին գրաւուած դիրքերը: Արցախի հողերուն պաշտպանութիւնը եւ դիրքերու ազատագրումը արեան գին «գանձեց» հայկական ուժերէն, սակայն նաեւ շատ սուղ արժեց նախայարձակ ազերիներուն:
Արցախի ամբողջ արեւելեան, հիւսիսային եւ հարաւային ճակատներուն վրայ մարտերը կը շարունակուէին սաստկօրէն եւ հակառակ իր կրած ծանր կորուստներուն ազերի բանակը չէր հրաժարեր հայկական պաշտպանութեան դիրքերէն անդին թափանցելու իր փորձերէն:
Ազերիական ուժերը սկսան կիրարկել նոր մարտավարութիւն մը. անոնք մեծաթիւ գունդերով իրերայաջորդ յարձակումներ գործեցին հայկական դիրքերուն վրայ, ի գին մեծ կորուստներու: Քանի մը օրուան բախումներուն ընթացքին ազերիական ուժերը տուին մօտաւորապէս երեք հազար սպաննուած եւ կորսնցուցին ծանր զէնքեր: Անոնք յառաջխաղացք արձանագրեցին հիւսիսային` Մարտակերտի եւ հարաւային` Ֆիզուլիի գօտիներուն մէջ: Մատաղիսի գրաւումէն ետք, ազերիական յառաջխաղացքը կասեցուեցաւ հայ ազատամարտիկներուն կողմէ: Հարաւի մէջ եւս, ազերիական ուժերը կասեցուեցան Հորատիզը գրաւելէ ետք: Հայկական ուժերը եւս տուին մեծ թիւով նահատակներ:
Ազերիները աֆղան վարձկաններ կ՛օգտագործէին ու անոնց վստահած էին նաեւ հայկական ուժերուն հարուածներուն տակ նահանջող ու դասալիք եղող ազերի զինուորները գնդակահարելու պարտականութիւնը:
Արցախի պաշտպան ուժերը յունուար 11-ին յաջողեցան կասեցնել ազերիական յարձակումը եւ ձախողութեան մատնեցին զայն, թէեւ բախումները կը շարունակուէին ռազմաճակատի հիւսիսային, հիւսիս-արեւմտեան եւ հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ:
Արցախի պաշտպան ուժերը յաջողեցան շրջել դէպքերու ընթացքը: Անոնք հակայարձակումի անցան հարաւի եւ հիւսիսի առանցքներուն վրայ եւ կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրեցին: Արցախեան ուժերը ազատագրեցին Մարտակերտի շրջանի հիւսիս-արեւելեան գօտին:
Հարաւային ճակատին վրայ, արցախեան ուժերը ոչ միայն կասեցուցին դէպի Ֆիզուլի եւ Հատրութ ազերիական յառաջխաղացքը, այլ հակայարձակումի անցնելով, իրանեան սահմանին վրայ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող Հորատիզ աւանէն ետ մղեցին ազերիական ուժերը:
Նախայարձակ ազերիական բանակին կորուստներուն եւ վնասներուն պատկերը ծանր էր: Արցախի մարտիկներուն վնասները անհամեմատօրէն սահմանափակ էին, իսկ նահատակներուն փաղանգը ստուար էր:
Ազրպէյճանական բանակը նեղ դրութեան մատնուեցաւ եւ յաջորդող օրերուն փորձեց յեղաշրջել դէպքերու ընթացքը:
Ազերիական օդանաւեր փորձեցին ռմբակոծել Ստեփանակերտը, սակայն ետ մղուեցան առանց իրենց թիրախներուն հասնելու: Ազերիական երեք «Միկ 24»-եր եւ երկու «Սու 25»-եր փորձեցին խզել Արցախի օդային տարածքը: Հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերու հակաօդային հրետանին վար առաւ «Միկ 24» մը, որ ինկաւ Մարտունիի շրջանի Կուրոպատկինօ գիւղին մօտերը: