Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ակնարկ. Առաջին Այցելութեան Քաղաքական Մեկնաբանութիւնը

$
0
0

agnarg_11017

Լիբանանեան թնճուկներու հանգուցալուծման ցցուն դրսեւորումները իրաւամբ նկատուեցան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն ու վարչապետի նշանակումը: Պարզ է, որ շրջանային ուժերու կանաչ լոյսերը գործնապէս դեր ունեցան նման գործընթացներու արագացման առումով:

Հիմա պատահական չէ, որ հանրապետութեան նախագահը իր պաշտօնական առաջին այցելութիւնը կու տայ Սէուտական Արաբիա: Այցելութիւնը արդէն յարաբերութիւններու վերասերտացում կ՛ենթադրէ եւ որոշ ենթահողի նախապատրաստութիւն առկախուած հարցեր, կասեցուած համաձայնութիւններ վերագործարկելու առումով: Իսկ այցելութեան առաջին ըլլալը կը շեշտէ ռազմավարական կարեւորութիւնը թէ՛ այցելող եւ թէ՛ ընդունող երկրի ուղղութեամբ:

Հիմա երեւցող բաժինով ի՞նչ կ՛ակնկալուի Սէուտական Արաբիայէն: Նախ բանակի առկախուած օժանդակութեան վերսկսում. թէեւ եթէ ուզենք բանալ փակագիծերը, այս պարագային օժանդակութիւնը Փարիզի վրայով էր եւ ըստ յայտարարութեան լիբանանեան բանակին, բայց ըստ խորքի հիմնականին մէջ Ֆրանսային ուղղուած նիւթական օժանդակութեան մասին է խօսքը, նկատի ունենալով առաջին եւ երկրորդ ստացողներու կարգավիճակները այս հարցին մէջ:

Բնականաբար կ՛ակնկալուի նաեւ, որ որեւէ պաշտօնական արգելք փոխանցող յայտարարութիւն չհնչէ Ռիատէն` իրենց քաղաքացիներուն ապահովութեան համար Լիբանան չմեկնելու թելադրանքներ կատարող:

Յամենայն դէպս այս այցելութիւնը կը նպատակադրէ ներլիբանանեան կայունութիւն, միջհամայնքային փոխշահաւէտ համագործակցութիւն եւ նախապատրաստութիւն երկրորդ տարածաշրջանային գլխաւոր դեր խաղացող երկիր այցելութիւն: Նախագահ Աունի կողմէ կշռադատուած այս քայլը այս առումներով կ՛ունենայ դրական հետեւանքներ:

Քարիւղի գիներու կտրուկ անկման հետեւանքով Սէուտական Արաբիոյ ֆինանսական կայսրութեան միջոցները նախկին կարելիութիւնները չունին յայտնապէս: Աննկատ չեն նաեւ այն վերլուծումները, որոնք կրօնական ծայրայեղականութեան հոգեւոր սննդավայր կը նկատեն Սէուտական Արաբիան:

Կրօնական ծայրայեղականութեան հոգեւոր, նիւթական, ահաբեկչական միջավայրերու չէզոքացման առաջադրանքը այսօր վերածուած է միջազգային ընտանիքի առաջնային օրակարգ: Իսկ Ռիատը այս առումով, իբրեւ սիւննի աշխարհի կարեւորագոյն հոգեւոր-քաղաքական կեդրոն  դեր ունի կատարելիք` գործակցելով միջազգային համապատասխան կառոյցներու հետ:

Խորքին մէջ կրօնական քօղին տակ ահագնացած ահաբեկչութիւնը քարիւղի ճարտարարուեստին վրայ իշխելով հարուածած եղաւ նաեւ միեւնոյն կրօնին ծանրակշիռ կեդրոնը, որուն համակարգը հիմնուած էր քարիւղային պաշարներու վրայ: Նորօրեայ միջազգային ահաբեկչութեան տակաւ չէզոքացման առընթեր պիտի նկատուին նաեւ քարիւղի գիներու վերաբնականոնացման միտումներ, ինչ որ նաեւ նախ եւ առաջ դրականօրէն պիտի ազդէ Ծոցի երկիրներու ազդեցիկութեան բարձրացման:

Սիւննի զանգուածին տիրութիւն ընելու մրցակցութեան մէջ Ռիատի դերի համեմատական նուազեցումը դրական ազդեցութիւն կրնար ունենալ Անգարայի վրայ, որ այդ առաջադրանքը մնայունօրէն ունի` իսլամական աշխարհը միաբեւեռացնելու ցանկութեամբ:

Իրադրութիւնները փոխուելու միտումներ կը դրսեւորեն: Երկիրներու եւ պետութիւններու ազդեցութիւններու վերասահմանումներ կը կատարուին արագօրէն: Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու համեմատական բնականոնացումը անտեսանելի չի թուիր տարածաշրջանային դաշտին մէջ:

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին կողմէ ընտրուած առաջին պաշտօնական այցելութեան վայրը ամենայն հաւանականութեամբ այս նախադրեալները հաշուի առած է:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>