Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Տոքթ. Վարդ Շիկահեր – 90. Հիներէն Մեզի Փոխանցուած Մասունք Մը

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

vart-shigaher_11117Վարդ Շիկահե՜ր:

Հմայիչ եւ հայաշունչ անուն մը:

Ե՞րբ էր, որ ես առաջին անգամ ըլլալով լսեցի այս անունը: Ե՞րբ էր, որ առաջին անգամ ըլլալով բանաստեղծութիւն մը կամ գրական էջ մը կարդացի այս սիրուն ստորագրութեամբ:

Կ՛ենթադրեմ, որ պէտք է երթամ մինչեւ երեսուն տարի ետ, 80-ական թուականներու կէսերը, բանամ Հալէպի մէջ Հայկ Պարիկեանի կողմէ խմբագրուող «Գեղարդ» տարեգիրքին Գ. հատորը ու աչքերս սեւեռեմ 45-րդ էջով տրուած բարձրաթռիչ բանաստեղծութեան մը վրայ` «Իմ մեղր գինի, սուրբ լեզու»:

Ստորագրութիւն` Վարդ Շիկահեր: Պոլսաբնակ բանաստեղծ մը ու սրտաբան բժիշկ մը` միանգամայն:

Տարեգիրքը տեղ տուած էր նաեւ իր այս աշխատակիցին ամփոփ կենսագրութեան ու լուսանկարին, եւ լուսանկարէն կը ցոլար ի՛րապէս շիկահեր դէմք մը:

Իր առաջին իսկ տողերէն պաշտամունք մը, ուժեղ փարում մը, երկիւղած խնկարկում մըն էր այս բանաստեղծութիւնը հայոց լեզուին նկատմամբ.

Մրմունջներովն հեքիաթագեղ` քու նրբահիւս տաղերուդ
Սիրակարօտ իմ խոնջ հոգին` քանի՜ նուագ լիացաւ,
Ու քալեց յար` կարօտին հետ, քալեց սէրէ՛ն ալ առաջ,
Ընկրկեցաւ մերթ վիրաւոր, բայց չլքեցիր ճամբան,
Հակելով լուռ` ջինջ ջուրերուդ, սիրո՜յ աղբիւր իմ լեզու:

Ու եօթը տուներէ բաղկացեալ քերթուածը (զոր բանաստեղծը հետագային պիտի վերամշակէր ու զետեղէր իր «Բարի աստղի տակ» հատորին մէջ) կ՛աւարտէր սա՛պէս.

Մէ՛ն մի գիրդ` մշակոյթի անմար ջահին մեր դարաւոր
Փոքր ու մեծ բոցերն են բորբ, շողիւններո՜վ բազմերանգ.
Մայրագորով գրկիդ մէջ ջերմ իմ պապերը կը ննջեն,
Իսկ ապրողներն` կը զօրանան քու ծոցիդ մէջ կենեղուտ,
Ո՜վ իմ կրակ, իմ ափ մը հող, իմ մե՜ղր գինի, սո՜ւրբ լեզու:

Ահա այսպէ՛ս ապրեցաւ Վարդ Շիկահեր, լիացած` մեր լեզուով ու անկէ բխած բոլոր սրբութիւններով, զօրացած` անոր «կենեղուտ» (կենսալի) ծոցին մէջ, արբեցած` անոր բաժակէն ըմպուած մեղրածորան գինիով…

* * *

Վարդ Շիկահեր այս օրերուն կը բոլորէ իր 90-ամեակը: Ան ծնած է 26 դեկտեմբեր 1926-ին: Ալեփառ վաստակաւոր մը` թէ՛ գիտութեան մարզին մէջ, թէ՛ գրականութեան կալուածէն ներս` հաւասարապէս: Սերնդակիցն ու գրչեղբայրը պոլսահայ արդի գրականութեան երեւելի վերջին դէմքերուն` Զահրատին, Զարեհ Խրախունիին, Ռ. Հատտէճեանին, Արման Վարդանեանին, նաեւ ժամանակակիցը աւելի վաղ շրջաններէ եկող սիրելի ուրիշ անուններու` Յակոբ Մնձուրիի, Հայկանուշ Մարքի, Գուրգէն Թրենցի, Եդուարդ Սիմքէշեանի, Զոհականի եւ բազում այլոց:

Այս բոլոր անունները, ընդհանուր հայեացքով մը, դիտած եմ միշտ իբրեւ ծաղկուն ոստերը անկրկնելի սերունդի մը, որ անցեալ դարու 40-ական թուականներու վերջերը անկիւնադարձային շրջադարձ մը պիտի կատարէր պոլսահայ գրականութեան մէջ` վերստին շարժման անցընելով այն անիւը, որ տապարի հարուածի մը տակ կանգ առեր էր 1915-ին…

Ինչպէ՞ս կազմաւորուեցաւ, ինչպէ՞ս թրծուեցաւ այս հիանալի սերունդը:

Կ՛ենթադրեմ, որ անոր հիմնական հնոցը Հայ Դպրոցն էր: Կեդրոնական մը, Էսայեան մը, Մխիթարեան մը, Տատեան մը, Պէզազեան մը, Սուլթանեան մը, Սահակեան-Նունեան մը, Արամեան-Ունճեան մը (բոլորն ալ` պոլսահայ դպրոցներու անուններ) կրցեր էին տասնամեակներու երկայնքին, յատկապէս` մինչեւ 70-ական թուականներ, ջամբել հայեցի այնպիսի հիմնաւոր կրթութիւն մը, որ ինքնաբերաբար կոփած կ՛ըլլար իրենց լեզուին, մշակութային արժէքներուն ու տոհմիկ ինքնութեան գիտակից տարրեր: Լա՛ւ հայեր:

Պիտի ուզէի այս առթիւ առանձնացնել Վիեննական Մխիթարեան հայրերու Պոլսոյ երկրորդական վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ է Վարդ Շիկահեր, 1944-ին: Բանկալթը թաղամասի խորհրդանիշներէն մին է այս դպրոցը (հիմնուած է 1825-ին ու կը գոյատեւէ առ այսօր): Դարաւոր կրթօճախ մը, որուն հայաշունչ մթնոլորտին մէջ, մա՛նաւանդ` 30-ական ու 40-ական թուականներուն, հասակ պիտի նետէին եւ ուռճանային այնպիսի տղաք, որոնք`

– Տոկուն ու հիմնարար հայերէնի մը պիտի տիրապետէին:

– Դպրոցական շրջանին իւրացուած հայերէնը հետզհետէ զարգացնելով` զայն պիտի հասցնէին կատարելութեան:

– Յառաջապահ մշակները պիտի դառնային պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան:

– Պիտի ծառայէին պոլսահայ մամուլին` որակ ու այլազանութիւն շահեցնելով անոր, բայց նաեւ` ապահովելով անոր յարատեւութիւնն ու գոյերթը տասնամեակներ շարունակ:

– Շա՛տ բան պիտի շահեցնէին նաեւ սփիւռքահայ մեր ընդհանուր գրականութեան, չափածոյի մէջ` գագաթային բարձունքներ նուաճելով, իսկ արձակի մէջ ալ նո՛ր երանգներով փառաւորելով մեր վէպը, պատմուածքն ու թատրերգութիւնը:

– Հանրային բեմերու վրայ եւս անոնք հայաբարբառ խօսքի փնտռուած աւետաբերներ պիտի դառնային: Բազմաթիւ առիթներով թէ՛ պիտի ոգեկոչէին մեր պատմութեան ու մշակոյթի անցեալի մեծերը, թէ՛ ալ մենտոր պիտի դառնային իրենց շուրջիններուն:

– Եւ տակաւին, անոնցմէ շատեր պիտի փարէին կրթական ասպարէզին` կիրքով ու գաղափարական համոզումով, անմոռանալի անուններ թողլով սա կամ նա վարժարանի պատմութեան յուշամատեանին մէջ…

Անուննե՞ր: Մինաս Թէօլէօլեան, Վարուժան Աճեմեան, Արայ Կարմիրեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Ռոպեր Հատտէճեան, Օննիկ Ֆըչըճեան, Գեղամ Սեւան, Վարդ Շիկահեր, Արամ Գամպուրեան, Արման Վարդանեան, Յակոբ Խաչիկեան, Արսէն Ճանեան, Խորէն Մանաւեան, Արթօ Պէրպէրեան, նոյնիսկ` Արա Կիւլեր (որ է՜ր երբեմն` հայերէն պատմուածքներ կը գրէր…):

Բոլո՛րն ալ երբեմնի սաներ միեւնոյն դպրոցին` Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանին:

* * *

Վերեւ յիշատակուած գրչի սպասաւորներու պատկառելի հոյլին մէջ Վարդ Շիկահեր կ՛առանձնանայ քանի մը իւրայատուկ արժանիքներով.

Ա) Ան Բժիշկ Մըն Է Ամէն Բանէ Առաջ

Այսինքն` գիտութեան սպասաւոր մը:

1951-ին Պոլսոյ  համալսարանէն ստանալէ ետք իր բժշկական վկայականը, Վ. Շիկահեր մասնագիտացեր է սրտաբանութեան եւ ներքին հիւանդութեանց ճիւղերուն մէջ: Եւ այդ թուականէն սկսեալ, ամբողջ վաթսուն տարի, բոլորանուէր ձեւով ծառայեր է իբրեւ բժիշկ` գոհացում եւ երջանկութիւն գտնելով իր այս ասպարէզին մէջ: Ան եղեր է Գարեգին պատրիարք Խաչատուրեանին անձնական բժիշկը:

Բժիշկի իր հանգամանքը, միախառնուած` հայերէն գրելու ու հայերէնով արտայայտուելու իր վաղեմի վարժութեան, մղած է զինք հակելու պատմա-բժշկական ուսումնասիրութեան մը վրայ, որուն  արդիւնքը եղած է 1975-ին լոյս տեսած  իր «Կիսադարեան պատմութիւն թրքահայ բժշկութեան (1923-1975)» հատորը:

Բայց միայն այսքան չէ: Տոքթ. Շիկահեր 50-ական թուականներէն սկսեալ պարբերաբար գրիչը ձեռք առեր է` սեւեռելու տառապեալ հիւանդներու ցաւն ու տագնապը, պատկերներ տալու անոնց վշտահար ու խռովեալ հոգեվիճակէն: Յուզաթաթաւ պատմուածքներ են ասոնք, դժբախտաբար` թիւով սահմանափակ, որոնք տեղ գտած են հեղինակին «Թառէ թառ» ժողովածուին մէջ (2008), եւ որոնք շատ կը յիշեցնեն նահատակ բժիշկ-գրող Ռուբէն Սեւակի «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր»-ը:

Շիկահեր, աւելի ուշ, բժշկական կամ մերձբժշկական նիւթերու շուրջ գրած է հայերէն մեծաթիւ յօդուածներ` մերթ ակադեմական-գիտական պարունակով, մերթ ալ սիրուն ու ժողովրդային քրոնիկներու ձեւով, որոնք տարիներու երկայնքին զարդարեր են «Մարմարա» օրաթերթին էջերը: Այս քրոնիկները հետագային մէկտեղուած են «Նոյն արեւուն տակ» խորագիրը կրող ու 576 էջանի ծաւալուն հատորի մը մէջ (1996), զոր անվարա՛ն իբրեւ «բարձի գիրք» կրնանք թելադրել բոլոր անոնց, որոնք քուն մտնելէ առաջ կը սիրեն պուտ մը գիտելիք ու գրականութիւն ըմպել ճաշակաւոր էջերէ…

Բ) Ան Հայերէնաւանդ Ուսուցիչ Մը Եղած Է Տասնամեակներ Շարունակ

Գիտեմ, որ արտասահմանի հայ զանգուածները պիտի դժուարանան ըմբռնելու այս համատեղելիութիւնը. թէ՛ բժիշկ, թէ՛ հայերէնաւանդ ուսուցի՞չ:

Այո՛: Վարդ Շիկահեր հայ սփիւռքի տարածքին այն հազուագիւտ մտաւորականն է, որ բժիշկի իր սպիտակ գոգնոցին զուգահեռ, երջանկօրէն ու պատուո՛վ կրեր է հայ ուսուցիչի կոչումը:

Պատկերացուցէ՜ք… Լման 36 տարի ան հայոց լեզու, գրաբար եւ հայ գրականութիւն դասաւանդած է Պոլսոյ Էսայեան, Մխիթարեան եւ Մէրամէթճեան վարժարաններու վերին կարգերուն մէջ:

Այսպիսի արտասովոր պաշտօնավարութիւն մը ան կրնա՞ր յանձն առնել, եթէ արտակարգ սիրով մը փարած չըլլար մեր մշակոյթին ու գրականութեան, եթէ չունենար այն զօրաւոր ու անդիմադրելի կիրքը, որ զինք կը մղէ մեր տոհմիկ գանձարանին արժէքները փոխանցելու փթթող նոր սերունդներուն, զանոնք խմորելու` Մեսրոպի եւ անոր հին ու նոր հետեւորդներուն ստեղծագործութիւններով…

Ես գիտեմ, թէ Վարդ Շիկահեր միակը չէ, որ իր անձին մէջ կրցած է ձուլել բժիշկի ու հայերէնաւանդ ուսուցիչի զոյգ դիմագծութիւնները: Պոլսահայութիւնը, մօտիկ անցեալին, ունեցե՛ր է նմանօրինակ այլ դէմքեր ալ: Օրինակ` ատամնաբուժ տոքթ. Վարդան Կոմիկեան մը, ատամնաբուժ տոքթ. Վերժին Տէօշէմէճեան մը (որ հայերէնի դասագիրքեր ալ պատրաստած է), տոքթ. Շահնուր եւ տոքթ. Պերճ Շահէն եղբայրները, աւելի հիներէն` տոքթ. Գաբրիէլ Գըրըքճեան մը, որոնք բոլորն ալ հայ լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած են Էսայեան, Ազգ. Կեդրոնական, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան, Մէրամէթճեան վարժարաններուն կամ Ս. Խաչ դպրեվանքին մէջ: Դեռ կրնանք յիշել անունները տոքթ. Խոսրով Պարթեւեանի ու տոքթ. Պաղտասար Մանուէլեանի, որոնք հայերէնով տարրաբանութիւն ու կենսաբանութիւն կամ իմաստասիրութիւն ու հոգեբանութիւն աւանդած են պոլսահայ դպրոցներու մէջ:

Այսպիսի երեւոյթ կրնա՞նք մատնացոյց ընել սփիւռքեան այլ գաղութի մը մէջ:

Ի դէպ, Շիկահերը դէպի ուսուցչական ասպարէզ մղողը կը հանդիսանայ Մխիթարեանի իր մեծանուն ուսուցիչներէն Ստեփան Կուրտիկեանը: Ա՛ն է, որ առիթով մը տեսչարան կը կանչէ Շիկահերը (որ դեռ ուսանող էր լիսէի բաժնին ու մի՛շտ` դասարանին առաջինը) եւ խօսքն ուղղելով տնօրէն Կարապետ Քիւրքճեանին` կ՛ըսէ.

– Քիւրքճեա՛ն էֆենտի, երբ Շիկահերը լիսէն աւարտէ, առէ՛ք ուսուցչական կազմին մէջ. հայերէն աւանդելու առիթ ընծայեցէք այս տղուն: Գոհ կը մնաք: Ընդունակ է կատարելու այս պարտականութիւնը:

– Այդպէ՛ս մտադիր եմ արդէն, Կուրտիկեա՛ն էֆենտի,- կը պատասխանէ տնօրէնը:

Ու այսպէս, 1944-ին, հազիւ աւարտած Մխիթարեանի լիսէն, Շիկահեր կ՛ընդգրկէ ուսուցչական ասպարէզը` պաշտօնի վրայ մնալով մինչեւ 1981:

Գ) Ան Դասական Տիպի Հայ Բանաստեղծն Է

Շիկահերի բանաստեղծական առաջին գործերը ե՞րբ եւ ո՞ւր հրատարակուած են, կ՛անգիտանամ: Հաւանաբար պոլսահայ պարբերական մամուլի էջերուն մէջ ցրուած ըլլալու են անոնք, 50-ականներէն սկսեալ:

Իր քերթողական անդրանիկ ժողովածուն սակայն, որ կը կոչուի «Լուսայգ», տպուած է բաւական ուշ` 1989-ին, երբ Շիկահերի սերնդակիցներէն Զահրատ արդէն իսկ ունէր հրատարակուած 5 քերթողագիրքեր, իսկ Զարեհ Խրախունի` 9:

Գրադարանիս մէջ գուրգուրանքով կը պահեմ «Լուսայգ»-էն օրինակ մը, զոր հեղինակը իմ անունին ձօնագրեր էր «ջերմագին զգացումներով», երբ առաջին անգամ Պոլիս այցելեր էի 2000 թուականին ու վաղեմի բարեկամի մը պէս թօթուեր էի իր հայրական ձեռքը:

Եթէ ակնարկ մը նետենք 200 էջանի այս հատորին բովանդակութեան վրայ, նախ պիտի անդրադառնանք, որ այնտեղ երեւցող բանաստեղծութիւնները, բոլորն ալ, նշում մը ունին իրենց ստեղծումի թուականին մասին: Եւ այդ նշումները յստակ գաղափար մը կու տան մեզի, թէ Շիկահեր ե՛րբ սկսած է դարպասել մուսաները… Արդարեւ, իր հնագոյն յօրինումները կու գան 50-ականներէն, բայց աւելի յաճախակի կը դառնան անոնք 60-ականներէն սկսեալ:

Եթէ ընթերցողը քիչ-շատ ծանօթ է հանրապետական շրջանի պոլսահայ բանաստեղծութեան նկարագրին ու կը ճանչնայ այն նոր ԴՊՐՈՑԸ, որուն ռահվիրաներն էին Ճանճիկեան մը, Հայկազուն Գալուստեան մը կամ Ա. Շաւարշ մը, եւ որուն գագաթային բարձրարժէք դէմքերը հանդիսացան հետագային Զահրատ եւ Խրախունի, շատ պիտի զարմանայ, երբ կարդալ փորձէ Շիկահերի քերթողութիւնը: Որովհետեւ Շիկահեր կը գտնուի իր գրչակիցներէն բոլորովին ա՛յլ բեւեռի մը վրայ: Նմանութեան ո՛չ մէկ եզր, խորքի ու ձեւի ո՛չ մէկ հանգիտութիւն` ընդմէջ Շիկահերի եւ Վոսփորի ափերուն ստեղծագործած միւս բանաստեղծներու պատկառելի խումբին, ի բաց առեալ այն մեծ ու անպարագիծ սէրէն, որ բոլորը բերած ու համախմբած է հայ գրականութեան բագինին շուրջ…

vart-shigaher_11117f

Շիկահեր ի սկզբանէ նախընտրած է մնալ դասականութեան շաւիղին վրայ: Իր չափածոյ բոլոր գործերը` «Լուսայգ»-էն սկսեալ մինչեւ յաջորդները, «Բարի աստղի տակ»-ը (1999), «Թառէ թառ»-ը (2008) ու «Սպիտակ ամպեր»-ը (2010), դասական գեղապաշտ բանաստեղծն է, որ կը քանդակեն, կը կերպաւորեն շիթ առ շիթ: Շիկահեր տեւաբար ապրելով ու ստեղծագործելով հանդերձ Պոլսոյ մէջ (ուր զօրաւոր ու գրեթէ անդիմադրելի եղած է յորձանքը նորատարազ յեղաշրջող արդի քերթողութեան), մնացեր է աւանդականին պահապանը, հինէն ժառանգուած գրական բարքերուն կամ համոզումներուն վերջին պահակը: Օրինակ, ի տարբերութիւն իր անուանի գրչեղբայրներուն, ան բնաւ չէ յօժարած հրաժարիլ կէտադրութեան նշաններէն, ընդհանրապէս չէ ուզած հեռանալ չափի ու յանգի դասական կանոններէն, միշտ նախանձախնդիր եղած է գլխագրով սկսելու իր բանաստեղծութիւններուն մէն մի տողը… Շիկահերի այս պահպանողականութիւնը պատճառ է յաճախ, որ ան «դուրս» մնայ (կամ դուրս ձգուի) պոլսահայ ժամանակակից քերթողներու երամէն: Ֆրանսաբնակ կրթական գործիչ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան: Օրինակ, Շիկահերին տեղ տուած չէ իր «Պոլսահայ նոր բանաստեղծութիւնը» վերլուծական գիրքին մէջ (1998):

Շիկահեր վարպետ մըն է նաեւ քառեակներու: Լման հատոր մը լեցնելու չափ քառեակներ գրած է ան եւ զանոնք լոյս ընծայած` 1993-ին, «Չորս տող միայն» վերնագրով: Ահա՛ երկու նմուշ.

Թերթիկներ

Օրացոյցէն մինչ կը պակսին թերթիկներ մէ՛կ-մէ՛կ լռին,
Չենք նկատեր մենք շատ անգամ թա՛փը անոնց խզումին,
Կը մեղկանան հոգիներ մեր, օրօրումով մ՛անտարբեր,
Մինչեւ օր մը, գայ կարգն ահա` տարւոյն վերջին թղթիկին:

Դարձի Տոմսակ

Անկշռելի անհունէն երբ մեզ աշխա՛րհ կ՛ուղարկէ,
Երթի՛ տոմսակն է միայն, զոր Նա մեզի կը յանձնէ,
Մինչդեռ տոմսակը դարձի` ի պահ դրուած է Ի՛ր քով,
Հասցէներուն` մեր մէկ-մէկ, ե՞րբ կը ղրկէ, յայտնի չէ՛:

Պարունակութեամբ եւս Շիկահերի քերթողութիւնը չ՛անջատուիր դասականութեան ծիրէն:

Ընդհանրապէս քնարերգակ է Շիկահեր, մերթ մարդերգակ ու բնութենասէր, երբեմն նոյնիսկ հովուերգակ, տեղ-տեղ ալ` հայերգութեան շեփորահար: Իր բառամթերքը աներեւակայելիօրէն ճոխ է, հարուստ եւ գունագեղ, նախաեղեռնեան շրջանի մեծերու լեզուն յիշեցնող: Մեր ոսկեղնիկին ամբողջ գանձարանը ծանօթ է իրեն, եւ ան առիթ չի փախցներ այդ գանձատան գեղօրները (իմա` հայոց լեզուի բառագանձը) շռայլօրէն օգտագործելու իր չափածոյ թէ արձակ գրութիւններուն մէջ: Ասիկա կրնա՞յ ընկալումի դժուարութիւններ յառաջացնել իրենց մայրենին լաւ չիմացող սերունդներուն մօտ, որոնք ջախջախիչ մեծամասնութիւն մը կը կազմեն սփիւռքի մէջ: Անկասկա՛ծ: Բայց Շիկահեր կարծէք չտեսնել կը ձեւացնէ այդ պարագան: Եւ ընդհակառակն, հայոց լեզուի բառարանին պարունակութեա՛մբ իսկ չի գոհանար, այլ այնքա՜ն դիւրութեամբ կը կերտէ նոր բառեր ալ` այս մարզին մէջ ձեռք մեկնելով բանաստեղծ Խրախունիին…

Ի մի բան, արեւմտահայերէնի վերջին քրմապետներէն, վերջին լիակատար գիտակներէն մին է տոքթ. Վարդ Շիկահեր: Որքա՜ն ճիշդ բնորոշած է Ռ. Հատտէճեան` առիթով մը գրելով. «Շիկահերի բանաստեղծութիւնները ամէն բանէ առաջ մեր մեծասքանչին մատուցուած մէկ-մէկ պատարագ են: Իր բանաստեղծութիւնը մէկն է այն վերջին բերդերէն, որոնց մէջ ապաստան կը գտնէ մեր սքանչելի լեզուն` ինքզինք պաշտպանելու համար եկող-գացող արշաւախումբերու ոտից կոխան ըլլալու վտանգին դէմ»:

Եկէ՛ք` միասնաբար սա սքանչելի տողերը կարդանք իր գրչէն: Ձեր ուշադրութիւնը սեւեռեցէք բանաստեղծին օգտագործած գեղեցիկ բառերուն, գիւտաւոր տպաւորիչ պատկերներուն, քերթուածին ամբողջ երկայնքին` ախորժելի երաժշտականութեան, բայց նաեւ` յուզումի եւ տոհմիկ ապրումներու կայլակներուն վրայ, որոնք միասնաբար ստեղծեր են բանաստեղծական գոհար մը, եզակի «ջրերգութիւն» մը.

Ջրերգ

Ջո՜ւր հեղուլ
Շաւղին վրայ` հեռո՜ւ մեկնող ճամբորդին,
Բարի երթի մաղթանքով մը կաթոգին:

Ջո՜ւր ցանել
Ակօ՜ս, ակօ՜ս ցանքի հետքով շրջշրջուն
Թեւաբուսել կեանքի դողը` սերմերուն:

Ջո՜ւր ցնցղել
Ծառ ու ծաղկին, պարտէզներուն` ամէն տան,
Ցօղայօդել` խաչանշան անդաստան:

Ջո՜ւր սրսկել
Խոնջ, դալկահար հոգիներու դէմքերուն,
Շա՜ղ գալ հեզիկ` զանոնք տեսնել սթափուն:

Ջո՜ւր զեղուլ
Պանդուխտներու յոգնասպառ ոտքերուն`
Ոտնլուայ վեհ խորհուրդին սեւեռուն:

Ջո՜ւր մաղել
Տեղալ անձրեւ` երաշտ հողն ընել բերրի,
Վարարել յոյսն` բերք սպասող մշակի:

Ջո՜ւր բերել
Ականակիտ աղբիւրներէն լուսածին,
Սիրագորով` թրջել հացը աղքատին:

Ջո՜ւր ցանցնել
Վարդաջրել` Վարդավառի խնծիղով
Յիշե՜լ, պահե՜լ աւանդութիւնն հոգեթով:

Դ) Ան Կրօնաբոյր Ապրումներու Մշտարթուն Յուշարարն Է

Բոլորիս ծանօթ է պոլսահայութեան աւանդական եկեղեցասիրութիւնը: Իւրաքանչիւր պոլսահայ, եթէ հասակ առեր է իր թաղին եկեղեցիին ու դպրոցին շուքին տակ, արդէն եկեղեցասէր մըն է ի բնէ:

Պոլսահայ մեր մտաւորականներն ալ, առաւել կամ նուազ համեմատութեամբ, Հայ եկեղեցւոյ աշխարհական պատգամաբերներն են: Յիշենք գէթ բանաստեղծ Խրախունիի «Տօնակարգ» հատորը (1973), որուն բովանդակութիւնը ծայրէ ի ծայր ներշնչուած էր մեր եկեղեցական տօներուն տեսանելի ու անտեսանելի խորհուրդներէն, կամ Ռ. Հատտէճեանի «Յուշատետր» շարքէն` «Սրբալոյս միւռոնը եւ կրակարանը» (2002), որ հանդիսարանն է հայ եկեղեցասէր մտաւորականի մը ջինջ ապրումներուն:

Վարդ Շիկահեր քիչ մը աւելի՛ն է այս բոլորէն: Ան ամէն տեղ ու ամէն առիթով կրօնաբոյր պատգամ մը, կրօնաշունչ ապրում մը փոխանցելու պատրաստակամ գրիչն է միշտ: Այնքան նախանձախնդիր է ան իր այս բարի դիտաւորութեան մէջ, որ Ճրագալոյց մը, Ս. Ծնունդ մը, Ծաղկազարդ մը, Զատիկ մը կամ հոգեգալուստ մը չ՛անցնիր, առանց որ Շիկահեր յօդուած մը կամ բանաստեղծութիւն մը չձօնէ ատոնց պոլսահայ մամուլի սիւնակներուն մէջ:

Բայց չկարծուի, թէ միայն եկեղեցական տօներն են, որ սեւեռումի առարկայ կը դառնան իր գրչին տակ: Ան նո՛յնքան ջերմեռանդութեամբ կը մօտենայ նաեւ այն միւս` «աշխարհիկ» տօներուն, որոնց մէջ ինք միշտ տեսած է տոհմիկ բարքերու կամ բարոյական սկզբունքներու յարատեւման ազդակ մը: Ասիկա կը բխի ծայրայեղօրէն աւանդապահ ու գիտակից հայ մտաւորականի իր շեշտուած նկարագրէն: Օրինակ, Մայրերու տօնը, Հայրերու տօնը, Ուսուցչաց տօնը, Կաղանդը, դպրոցներու վերամուտը, սա կամ նա հայկական հիմնարկին տարեդարձը կը յուզէ ու կը խանդավառէ զինք խորապէս: Ու Վարդ Շիկահեր, այսպէս, իր ոսկի գրիչը ձեռք կ՛առնէ տուրք տալու համար մեր հին ու նոր արժէքներուն` կամրջում մը կատարելու մեր անցեալին ու ներկային միջեւ, շարունակ փսփսալով իր սիրելի ընթերցողներուն ականջն ի վար, թէ ԱՆՑԵԱԼԸ մի՛շտ կողմնացոյց պէտք է պահեն իրենց ապագայ օրերուն համար: Նմանօրինակ բարոյախօսական ու կրօնաշունչ դիտարկումներու շտեմարան մըն է Շիկահերի «Իմացումներ ու ապրումներ» հատորը (2006), որ իր իւրայատուկ բովանդակութեան զուգահեռ, ուշադրութիւն կը գրաւէ նաեւ իբրեւ խօսուն վկայարանը հեղինակին վճիտ ու բարձրաթռիչ արձակին:

– Ուրկէ՞` այս շեշտուած կրօնասիրութիւնը,- հարց պիտի տան շատ-շատեր:

Պատասխանը յստակ է ու մեկին. ընտանեկան միջավայրէ՛ն: Վարդ Շիկահեր զաւակն է… քահանայ հօր մը:

Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի հետ կատարուած շահեկան հարցազրոյցի մը մէջ («Անվերջակէտ զրոյց մեր գրականութեան երախտաւորներուն հետ», 2013), Շիկահեր կը պատմէ.

– Հոգեւորականի մը զաւակն ըլլալը հաւատքի եւ եկեղեցասիրութեան մթնոլորտ մը ստեղծած է ընտանեկան մեր երդիքին տակ: Իսկ ես, մեզի ներշնչուած այդ զգացումներու ազդեցութեան տակ, միջոց մը ունեցած եմ քահանայական կոչման եւ առաքելութեան նուիրուելու նախասիրութիւնը:

Հին սերունդի երեւելի մէկ ներկայացուցիչն եղած է Շիկահերին հայրը` Թովմա Ա. քհնյ. Շիկահերը (1896, Պարտիզակ, 1954, Պոլիս): Հոգեւորական գործիչ, երկարամեայ ուսուցիչ եւ գրչի սպասաւոր` միանգամայն:

Վարդ Շիկահեր, որուն մանկութիւնը սկզբնապէս անցեր է երբեմնի հայաբնակ Պէշիկթաշ թաղին մէջ` տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ յարակից Մաքրուհեան վարժարանի շուքին տակ, շա՛տ բան սորվերու ժառանգեր է իր քահանայ հօրմէն: Գրաբարի վարժութիւնը, օրինակ, մէկն է անոնցմէ: Եւ Շիկահեր գրաբար հայերէնի վերջին մասնագէտներէն մին է սփիւռքի մէջ: Իր հմտութեան շօշափելի արգասիքն է Հայ եկեղեցւոյ «Պատարագամատոյց»-ին գրաբարէ աշխարհաբարի վերածումը, որ առանձին գրքոյկով մը լոյս ընծայուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան կողմէ, 1999-ին:

* * *

Տանս գրադարանին մէջ քով-քովի շարած եմ Վարդ Շիկահերի ստորագրութիւնը կրող հատորները, թիւով` շուրջ տասը: Այդ գիրքերը ձեռք կ՛առնեմ ատենը հեղ մը` թերթատելու ու հոսկէ-հոնկէ շահեկան ընթերցումներ կատարելու համար, կամ ալ` կարօտով վերյիշելու այն երջանիկ հանդիպումները, զորս կ՛ունենայի իրեն հետ, ամէն անգամ, երբ Պոլիս «ուխտի» երթայի…

Անցեալները, երբ անդրադարձայ, որ 90-ամեակն էր հեղինակին, դա՛րձեալ գրադարանէս վար քաշեցի իր այն երկու հատորները, զորս ամէնէն շատ սիրած եմ, եւ զորս կարդալու հաճոյքն ապրած եմ քանի՜ քանի՛ անգամներ, վերանորոգ յափշտակութեամբ:

vart-shigaher1_11117Անոնցմէ առաջինը կը կոչուի «Մխիթարեանի պարտէզէն»: Տպուած է Վիեննա, Մխիթարեան մայրավանքի տպարանը (1992): Այս գիրքը երախտագէտ աշակերտի մը տուրքն է իր ուսուցիչներուն: Շիկահեր դրուագներ կամ մանրավէպեր կը պատմէ այստեղ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի իր համբաւաւոր ուսուցիչներուն մասին, կը գծէ կրթական ու դաստիարակչական այն եզակի մթնոլորտը, որուն մէջ հասակ առին ինք ու իր սերնդակիցները:

Պատկառելի ուսուցիչներու ինչպիսի՜ հոյլ մը կը տողանցէ մեր առջեւ. Գրիգորիս վրդ. Մանեան,  Հմայեակ ծ. վրդ. Համբարեան, Պետրոս վրդ. Տէր Պօղոսեան, Սարգիս վրդ. Բարոյեան, տնօրէն Կարապետ Քիւրքճեան, Համբարձում Յարութիւնեան (բանաստեղծ Զոհական), Ստեփան Կուրտիկեան, Արմենակ Աբրիկեան (Աբիկ հոճա), Հրանդ Օրմանեան, Ժոզեֆ Մաքսուտեան… Շիկահեր դուրս կը բերէ այս անունները պատմութեան գերեզմանէն: Իսկ մենք հարց կու տանք շուարուն.

– Պատմութիւնը ինչո՞ւ չէ վերստեղծած այս դէմքերուն նմանակները…

Երկրորդ գիրքը, զոր խորհրդանիշ մը կը նկատեմ շիկահերեան ստեղծագործութեան, կը կրէ շատ իմաստալից վերնագիր մը` «Հերկ ու բերք»: Հաստափոր ու ծաւալուն ժողովածու մըն է այս, 450 էջանի, եւ զոր կարելի է նկատել հայագիտական համայնագիտարան մը: Հեղինակը այստեղ մէկտեղեր է մեր գրական ու մտաւորական աշխարհէն ինչ-ինչ դէմքեր` սկսելով Մաշտոցէն ու հերթաբար կանգ առնելով Կոլոտ պատրիարքի, պատուելի Տէրոյենցի, Յակոբ Մարթայեանի, Եդ. Սիմքէշեանի, Խրախունիի, Հատտէճեանի, Քասիմի, Պարոնեանի, Մեծարենցի, Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքի, Ստեփանոս արք. Յովակիմեանի, տոքթ. Պաղտասար Մանուէլեանի եւ բազմաթիւ ուրիշ անուններու առջեւ` վերլուծելով անոնց գրական վաստակը սեղմ այլ դիպուկ նշումներով:

Շիկահեր առիթ չի փախցներ շահեկան յուշեր ալ պատմելու իր ժամանակակիցներէն: Անոնցմէ մէկը Մնձուրին է: Մեր գաւառի գրականութեան երեւելի դէմքը` գիւղագիր Յակոբ Մնձուրին:

Օրերէն օր մը, 1958-ին, Մնձուրի այցելութիւն մը կու տայ Շիկահերի դարմանատունը եւ կը խնդրէ, որ գրագիրի պաշտօն մը տրուի իրեն Պէյօղլու թաղամասի եկեղեցական շրջանակին մէջ:

Շիկահեր (այդ շրջանին` Պէյօղլուի Թաղային խորհուրդի անդամ) յարմարաւէտ կարգադրութիւն մը կատարելով` Մնձուրիին համար կ՛ապահովէ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դիւանապետի պաշտօնը: Պէտք էր տեսնե՜լ ծերունազարդ Մնձուրիին կարգապահ փարումը իր գործին. բծախնդրօրէն պատրաստուած հաշուետոմարներ եւ կանոնաւոր արձանագրութիւններ:

Բայց թաղականներէն ոմանք դժգոհութիւններ ունէին, կը տրտնջային: Ըստ անոնց, Մնձուրին դադարի պահերուն երբեմն… կը մրափէր:

Շիկահեր կը պատասխանէ այդ քրթմնջիւններուն.

– Թողո՛ւնք, որ Մնձուրին առնէ այդ կարճ մրափը, որպէսզի ան սթա՛փ մտքով ընծայէ մեզի մեր գաւառիկ գրականութեան ընտիր պատմուածքները:

Արդարեւ, Մնձուրի, իր պարապոյ ժամերուն, թուղթերու տրցակ մը ի ձեռին, շարունակ գրի կ՛առնէր նոր պատմուածքներ:

Շիկահեր կը պատմէ.

– Ամէն անգամ, երբ Էսայեան կրթարան կու գայի դասաւանդութեան (Էսայեան վարժարանը, ուր կը պաշտօնավարէր Շիկահեր, կը գտնուի Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ, Լ. Շ.), իր մօտ կ՛ըլլայի: Կը հետաքրքրուէր այդ օրուան դասի նիւթով: Կը հրճուէր, երբ նիւթը յատուկ էր գաւառիկ գրականութեան: Կը յիշէի, որ Թլկատինցիէն եւ Համաստեղէն ետք, ի՛նք կը կազմէր նիւթն ու առանցքը քանի մը դասի յաջորդաբար, թէ կը կարդայի ուսանողուհիներուն նմուշներ` իր խատուտիկ պատմուածքներէն, շորոր հէքիաթներէն, ինչպէս` «Մեր մայրերը», «Սուրբ Գէորգ» եւ այլն: Այս վերջնոյն աւարտին` «Հոռոմ չե՞ս, քենէ ալ բարի՞ք կու գայ» եզրափակումն յիշելով` կը խնդայինք…

Ահա՛ այսպէս, Վարդ Շիկահեր մասունքներ կը բերէ մեզի հիներէն:

Բայց ինք ալ թանկագին մասունք մը չէ՞ միթէ` հիներէն մեզի փոխանցուած…

Գորովով կ՛ողջունենք իր ծննդեան 90-ամեակի այս փառաւոր հանգրուանը: Կը համբուրենք իր ձեռքը:

Հալէպ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>