Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը Տօնեց Իր Հիմնադրութեան 150-Ամեակը

$
0
0

ՍՕՍԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ

aub-00

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին (ՊԱՀ) աճը եւ զարգացումը տարիներու ընթացքին զայն հասցուցած է յատուկ հաստատութեան մը մակարդակին, որ ունեցած է իր անվիճելի ազդեցութիւնը ամբողջ տարածաշրջանին վրայ: ՊԱՀ-ը տուած է եւ դեռ կը շարունակէ տալ Լիբանանին, Արաբական աշխարհին եւ անկէ անդին ալ շրջանաւարտներ, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են գիտութեան, գրականութեան, առողջապահութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

Ըստ «Quaquarelli Symonds» (QS) միջազգային կազմակերպութեան, որ դասակարգած է ցանկը 2015-2016-ի այն փայլուն համալսարանաւարտներու, որոնք բարձր դիրքերու հասած են եւ կը մրցին բարձրագոյն յաջողութիւն ունեցող համալսարաններու հետ` ըստ աշխատանքի յաջողութեան եզրին, ՊԱՀ-ը 30-րդ դիրքը գրաւած է, իսկ արաբական աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի մէջ` առաջին: ՊԱՀ-ի 150-ամեակի տօնակատարութիւնը առիթ մըն է անդրադառնալու այս գերազանց եւ յատուկ համալսարանին պատմութեան եւ արժեւորելու անոր հսկայական յաջողութիւնները:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը հիմնուած է 3 դեկտեմբեր 1866-ին վարձու տան մը մէջ (Ռաս Պէյրութ շրջան) եւ կոչուած` Սուրիական բողոքական քոլեճ (Ս.Բ.Ք.): Աշակերտներու թիւը 18-ն էր, որոնցմէ միայն հինգը շրջանաւարտ կ՛ըլլայ 1870-ին, եւ անոնցմէ չորսը անմիջապէս կը նետուի ուսուցչական ասպարէզ, իսկ մէկն ալ կը միանայ բժշկական քոլեճին: Հոս տեղին է յիշել, որ սկզբնական տարիներուն միայն տղամարդիկ կ՛ընդունուէին, մինչեւ որ պահանջք զգացուեցաւ հիւանդանոցի մէջ վկայեալ խնամք տանողներու եւ այսպէսով 1905-ին կը հիմնուի «Հիւանդապահութեան դպրոցը», որ կու տայ իր առաջին հունձքը 1908-ին` երեք շրջանաւարտներով, երկուքը հայ` Ռոզա Գուլունճեան եւ Ովսաննա Մաքսուտեան եւ տեղացի մը, որոնք կը ստանան վկայագիրներ:

1920-ին իգական սեռը սկսաւ ընդունուիլ նաեւ երրորդ եւ չորրորդ դասարանները (ճիւնիոր, սինիըր) իսկ 1952-ին էր, որ համալսարանը լրիւ երկսեռ դարձաւ ներառեալ առաջին եւ երկրորդ (ֆրեշմէն եւ սոֆոմոր) դասարանները, միայն երկրաչափական կաճառն էր, որ իր դռները բացաւ իգական սեռին առջեւ` 1967-ին:

Այսօր իգական սեռը կը կազմէ ուսանողութեան կէսը եւ առանց խտրութեան կ՛ընդունուի որեւէ մասնագիտութեան մէջ: Բժշկական դպրոցը կը սկսի իր դասաւանդութիւններուն 1867-ին եւ իր առաջին հունձքը կու տայ 1871-ին` 6 բժիշկներով:

Ներկայ համալսարանի շրջափակը կը գնուի 1870-ին իր տեսարժան դիրքով Միջերկրականին վրայ եւ կամաց-կամաց նոր հողեր գնելով համալսարանը կ՛ընդարձակուի եւ կ՛ունենայ իր ներկայ տարածքը` շրջապատուած պարիսպով մը:

1891-ին կ՛ամբողջանայ «Չեփըլ»-ին շինութիւնը, ուր 66 տարիներ շարունակ օրական դրութեամբ ուսանողներ պարտադիր կերպով ներկայ կ՛ըլլան հոգեւոր դաստիարակութեան եւ եկեղեցական արարողութիւններու: Եօթանասունական թուականներուն «Չեփըլ»-ին անունը փոխուեցաւ «Էսեմպլի հոլ»-ի եւ շնորհիւ իր կատարելագործուած ագուստիքին եւ «Փայփ օրկըն»-ին, ան ներկայիս կը գործածուի նուագահանդէսներու, երգահանդէսներու, դասախօսութիւններու եւ համալսարանի ամավերջի հանդէսներուն համար:

Ապա, յաջորդաբար կը կառուցուին 1873-ին «Քոլեճ հոլ»-ը, 1873-ին հին բժշկական շէնքը, 1874-ին աստղադիտարանը, 1879-ին «Մարքանտ հաուս», 1897-ին «Կրին ֆիլտ» մարզադաշտը, 1900-ին` Հնագիտական թանգարանը: Ուսումնական յառաջդիմութեան կողքին շինարարութիւնը կը շարունակուի, ինչպէս «Վիժըն 2020» անունով, որ պիտի ամբողջանայ 2020-ին բոլոր արդի մասնագիտական բաժիններով եւ սարքաւորումով, նախկին բժշկական կեդրոնին տեղ: Ս.Բ.Ք.-ի շրջանաւարտից միութիւնը լոյս կ՛ընծայէ իր պարբերաթերթը` «Ալ Քուլիյա» անունով, 1910-ին:

Համաշխարհային Ա. պատերազմին (1915) բժիշկներ, հիւանդապահուհիներ եւ ուսանողներ մեծ բաժին կը բերեն հայերու եւ սուրիացիներու տրուած օգնութեան` Ամերիկեան կազմակերպութիւններու միջոցաւ: Հայ եւ տեղացի բժիշկներ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ զինուորագրուեցան, եւ անոնց մեծ մասը զոհ գնաց պատերազմին:

Ս.Բ.Ք.-ը իր բազմազան ուսումնական ծրագիրներով կ՛ամբողջացնէ «համալսարան»-ի պայմանները 1920-ին եւ կը կոչուի «Պէյրութի ամերիկեան համալսարան»:

150 տարիներու ընթացքին համալսարանին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են: 1923-ին Պայըրտ Տոճի նախագահութեան օրով համալսարանը պաշտօնապէս կը լքէ միսիոնարական նպատակները եւ քայլ կը պահէ ընդլայնելու հաստատութեան ուսանողութեան թիւը, դասաւանդութեան այլազան նիւթերն ու կաճառները: Բայց եւ այնպէս մինչեւ օրս հիմնադիրներուն տեսլականը յստակ կերպով կը ցոլայ համալսարանի հիմնական իտէալին մէջ` առաջնորդներ պատրաստել լուսաւորուած գիտութեամբ եւ ապագայի տեսլականով:

***

ՊԱՀ-ի հիմնադրութեան 150-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ այլազան ձեռնարկներ կազմակերպուեցան: 25 յունուար 2016-ը յատկանշական օր մը եղաւ ՊԱՀ-ի պատմութեան մէջ, այդ օրը նաւակատիքն էր տոքթ. Ֆատլօ Խուրիի` 16-րդ նախագահին, եւ 150-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան բացման: Բացման հանդիսութեան յաջորդեց համագումար մը` նիւթ ունենալով` «Բարձրագոյն ուսումը շրջանին մէջ: Միջազգայնացումը եւ անոր տեղական պատշաճութիւնը», որուն հետեւեցաւ «Կալա ընթրիք» մը` 800 հրաւիրեալներով: Մարտէն մինչեւ մայիս ամիսներուն տեղի ունեցան միջազգային համաժողովներ, ցուցահանդէսներ` արուեստագէտներու կողմէ, ՊԱՀ-ի հնագիտական պեղումները պատմութեան ընթացքին, լուսանկարիչ Մանուկի ամբողջական գործերը, Պլիս պողոտայի վրայ ՊԱՀ եւ շրջանի լուսանկարներու մնայուն ցուցահանդէս մայիսէն-դեկտեմբեր 2016, գիրքի շնորհահանդէս ՊԱՀ-ի հարիւրյիսուն տարիները, համաժողով` «Գիրքեր շարժումի մէջ», միջմշակութային ձեռնարկ մը:

Նուագահանդէսներ. Կի Մանուկեան եւ պատանի աստղեր կատարեցին Զաքի Նասիֆի գործերը, ՊԱՀ-ի երգչախումբի գարնանային ձեռնարկ, ժողովրդական պարերու փառատօն` «Ֆոլք տենս», ՊԱՀ-ի կանաչազարդ ծառերու եւ զանազան բոյսերու ցուցահանդէս` 4 մայիս 2016, որմէ ետք նախագահը համալսարանի ամբողջ շրջափակը հռչակեց «Բուսաբանական պարտէզ», քանի որ սկզբնական տարիներէն ի վեր ջանք տարուած է աշխարհի չորս ծագերէն ներածել ծառեր, թուփեր, այլազան մագլցող բոյսեր եւ հունտեր, այսպէսով ան լրացուցած է որակի ու քանակի միջազգային պայմանները սոյն անուանումին հասնելու համար: Թէեւ հռչակումը ուշ եղաւ, սակայն ՊԱՀ շրջափակը իր պարտէզներով շատ հարուստ բուսականութիւն կը հայթայթէ աշակերտներու, ուսանողներու եւ ուսուցիչներու, որոնք հետազօտութիւններ կ՛ընեն: Հոս տեղին է ըսել, որ բոլոր ծառերուն վրայ պիտակներ եւ ծանօթութիւններ զետեղուեցան:

6-8 յուլիսին տեղի ունեցաւ բոլոր շրջանաւարտներուն համար յատուկ ձեռնարկ մը` ՊԱՀ-ի 150-ամեակի տօնակատարութիւն, իսկ 8 յուլիսին ալ յատուկ վերահաւաք, ըստ ամէն տարուան սովորութեան, 2016-ի շրջանաւարտներուն:

150-ամեակի տօնակատարութիւնը իր լրումին հասաւ դեկտեմբերին «Լիր արքայ»-ի բեմադրութեամբ, նաեւ ՊԱՀ-ի հրատարակած գիրքերու մասնակցութեամբ` Արաբական գիրքերու տօնավաճառին, «Պիէլ»-ի մէջ 1-14 դեկտեմբեր 2016-ին: Յիշատակի դրոշմաթուղթի ներկայացումը ՊԱՀ-ի 150-րդ տարեդարձին առթիւ 3 դեկտեմբեր 2016: Հիմնադիրներու օրուան տօնակատարութիւն` 5 դեկտեմբեր 2016:

Նկարներու ցուցահանդէս, որ կը ներկայացնէ ՊԱՀ-ը պատերազմներու ընթացքին` 5-9 դեկտեմբեր 2016:

– Սուրիական բողոքական քոլեճը Համաշխարհային Ա. պատերազմին:

– Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը` Համաշխարհային Բ. պատերազմին:

ՊԱՀ-ի 150-րդ տարեդարձի վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն, 20 դեկտեմբեր 2016:

Համալսարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, վարչական կազմը եւ Շրջանաւարտից միութիւնը նաեւ յատուկ ծրագիրներ մշակած էին` յիշելով այն անձերը, որոնք համալսարանի կեանքին մէջ պատմութիւն կերտած էին: 150 անհատներու «Հիսթըրի մեյքըրզ» նկարները թէ՛ համալսարանին շրջափակին մէջ, եւ թէ ծովեզերեայ պողոտային վրայ զետեղուեցան ամբողջ տարին:

Իսկ համալսարանի Շրջանաւարտից միութիւնը (Ուըրլտ Ուայտ ալումնայ Էսոսիյէյշըն) իր կարգին 62.000 շրջանաւարտներէն ընտրած էր 150 անհատներ եւ զանոնք կոչած «150-րդ շրջանաւարտիցի բարձրագոյն անձնաւորութիւններ», որոնք ունեցած են կարեւոր ազդեցութիւն համալսարանին պատմութեան մէջ եւ կամ ալ կ՛անձնաւորեն համալսարանին արժէքները: Անոնց կարգին էր Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեանը:

Անոնց մասին անդրադարձ պիտի ըլլայ շրջանաւարտիցի կայքին վրայ եւ անոր պարբերաթերթին «Մէյն Կէյթ-»ին մէջ:

 

Օգտագործուած աղբիւրներ

– AUB’s 150th Anniversary (1866-1916), the MainGate, Winter 2016, vol.XIV.Numb. 2, p. 31-35.
– Building to Heal, The MainGate, Fall 2012, vol.XI, Numb.1, p.33-37.
– National Treasure, The MainGate, Winter 2015, Vol.XIII, Numb. 2, 7-9.
– Nadia Maria El Cheikh, Lina Choueiri, Bilal Orfali, One Hundred and Fifty Years, American University of Beirut Press, 2016, p. 1-9 and 63-81.

***

sossy-der-khatchadourian_11017

Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեան շրջանաւարտ է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն` 1965-ին, Պսակաւոր արուեստից վկայականով, իսկ 1978-ին` MPH: Տարիներ շարունակ անսակարկ նուիրումով ծառայած է որպէս Ամերիկեան հիւանդանոցին` նախ մանկական բաժնին մէջ, ապա, որպէս դասախօս մանուկներու առողջապահութեան գծով, հիւանդապահութեան դպրոցին մէջ:

Արժանացած է «Ֆլորանս Նայթինկէյլ» մրցանակին, լաւագոյն մայր (2001), լաւագոյն ուսուցիչ (2003), նուիրեալ անձ (2011), «Նըրսինկ փիլըր» (2012): Իր հիմնական ասպարէզի կողքին, անդամ է տեղական եւ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու, շրջանաւարտից միութիւններու, մաս կը կազմէ գաղութային կեանքին: Ներկայիս ան անդամ է «Գարակէօզեան» հաստատութեան (38 տարիներէ մինչեւ օրս), իսկ Հայկազեան համալսարանի Տեղական յանձնաժողովի անդամ եղած է 8 տարիներ: Հայկազեան համալսարանի «Պուք Քլապ»-ին, Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան Կրթական խորհուրդին փոխատենապետ է եւ կ՛ատենապետէ Կրթական համադրող յանձնախումբին:

Ան համալսարանի դասախօսական պաշտօնէն դադրեցաւ հոկտեմբեր 2009-ին, բայց չդադրեցաւ ուսանելէ եւ մայիս 2010-ին միացաւ համալսարանի նոր ծրագիրին «Երէցներու համալսարան» մինչեւ օրս եւ կը քաջալերէ իր երէց բարեկամները, որ անոնք ալ միանան այս դասընթացքներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>