Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Աղէտ Արտագաղթ-Հայրենալքման Եւ Ոչ Հայրենադարձութեան Հակազգային Ճապկումներ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երբ դեռ ազգի վերականգնման եւ միացման մասին հայրենասէրի միամտութեամբ կը խօսինք, կը բախինք թեւաթափ ընող միտքերու եւ կեցուածքներու:

Ազգի տեւականացման եւ զարգացման երաշխիքը հայրենիքն է, որ վերացական գաղափար մը չէ, այլ բնակուած հող-հայրենի է: Որպէսզի ան հայու հայրենիք ըլլայ, հոն պիտի ապրին հայրենատէր հայեր:

Հայրենատիրութիւնը հաւաքական պատասխանատուութիւն է: Բացականերով հայրենատիրութիւն չ’ըլլար, ինչպէս որ վարձկաններով հայրենիք չի պաշտպանուիր:

Դժբախտ դէպքերու պատճառով եթէ այդ հողին վրայ հայեր չբնակին, նոր բնակիչներ պիտի գան, իրենց ինքնութեամբ եւ կենցաղով, երկիրը պիտի զարգացնեն, տէր պիտի ըլլան, եւ այսօր Հայաստան կոչուող տարածքը, նոյնիսկ եթէ իր անունը պահէ, պիտի դադրի հայու հայրենիք ըլլալէ:

Այսքան պարզ ճշմարտութիւն համահայկական ազգային ըմբռնում չէ այսօր:

Ոչ ոք իրաւունք ունի այդ ըմբռնումին բացակայութեան պատճառը վերագրելու պատմական իրադարձութիւններուն, կամ` միայն ղեկավարութիւններու, պետութեան, իշխանաւորներու «ապիկարութեան»:

Հայրենատիրութիւնը նախ կ’ապրուի իր կեանքը իմաստաւորել գիտցող անձի լիարժէք գիտակցութեան մէջ, մարդ, որ կը մերժէ բուսական կեանքով բաւարարուիլ:

Մեր ժողովուրդը, ողջախոհութեամբ, այդ վերաբերումը սահմանած է` «Ուր հաց, հոն կաց» ամբոխային (ոչ ժողովրդական) (չ)իմաստութեամբ, որուն արդարացման համար եսասիրական, անհատապաշտական, անհարազատի ամէն կարգի պատճառ-պատրուակ կարելի է թուել, երբ հրաժարած կ’ըլլանք հայրենատիրութենէ, որ այսօր համազգային քաղաքական գործնական ընթացք չէ, praxis չէ: Կարծէք` ան միայն միւսին պարտականութիւնն է, ինչ որ պատասխանատուութենէ հեռու մնալու վատութիւն է:

Մեր դժուար պատմութեան ներկայ ճակատագրական պահուն հայրենատիրութեան ձախողութիւնը կը դրսեւորուի նոյն եւ զոյգ գործնական ընթացքը իրականացնող praxis-ի բացակայութեամբ. արտագաղթ-հայրենալքում եւ բացակայող հայրենադարձութիւն: Նոյնքա՛ն աղէտալի` իրենց եզրայանգումով:

Արտագաղթ-հայրենալքումը եւ հայրենադարձութենէ հրաժարումը արդարացնելու համար պատճառ-պատրուակներու ցանկը միշտ կարելի է կազմել, լսել, անցեալի եւ ներկայի արտագաղթող-հայրենալքողները, վստահ ըլլալով, որ ան երբեք ամբողջական պիտի չըլլայ. աշխատանքի չգոյութիւն, կենսամակարդակ, փտածութիւն, չարաշահումներ, անհաւասարութիւններ, բժշկական որակաւոր խնամքի թերիներ, երիտասարդներու համար հեռանկարի բացակայութիւն, արտասահմանի մէջ ձեռք բերուած կամ երազուած բարօրութիւն, ասպարէզի լայն հորիզոններ:

Բայց ի՞նչ է այդ բոլոր երազուած «բաներ»-ուն համար վճարուելիք եւ վճարուած գինը: Անոր կարելի է անդրադառնալ, երբ մեր «բուսական եսասիրութենէն» պահ մը հեռանանք եւ դիտենք մենք մեզ եւ մեր շրջապատը:

Արտագաղթ-հայրենալքում եւ հայրենադարձութեան բացակայութիւն` ազգի հաւաքական համրանքի կորստեան առաջնորդող գեղածիծաղ մայրուղիներն են, այս անգամ` ճառերը այնքա՜ն զարդարած «եաթաղան»-ի հեղած արիւնի պատկերներէն տարբեր, բայց` նոյն հասցէին տանող, ազգի մաշում եւ հուսկ անհետացում, ժամանակի գիծին վրայ, որ անյեղլիօրէն կ’աւերէ, եթէ դադրինք բաժակաճառային հաւկուրութենէ տառապելու մեր ինքնախաբէութենէն:

Ճամբու այս կամ այն հանգրուանին մեր ակամայ եւ առանց ուղղակի ճնշումներու վտանգուած ինքնութիւնը պիտի տժգունի, վերջնականապէս անհետանալէ առաջ` մեր ականջներուն մէջ ծափերով պիտի հնչեն հոգեպարար տարազներ, ըստ որոնց, աստ եւ անդ «օրինակելի կերպով մերուածներ» ենք (intégration exemplaire):

Դեռ ժամանակ մըն ալ անհատներ իրենց սնապարծութիւնը պիտի ջնարակեն «ծագումով հայեր»-ու տեղական-քաղաքական, մշակութային, գրական, արուեստի եւ գիտական յաջողութիւններով, որոնք ոչ մէկ ձեւով ներդրում պիտի ըլլան հայրենիքի եւ ազգի տոկալու, տեւելու եւ զարգանալու ընթացքին: Այդ սնապարծութիւնը երբեմն պիտի օգտագործեն անհատական-տեղական փառասիրութիւններ բաւարարելու համար:

Ինչպէ՞ս ազգը պիտի գոյատեւէ եթէ մեր ձուերը շարունակենք ածել այլ երկինքներու տակ:

Ամէն օր, որ կ’անցնի, մեր զոյգ եւ նոյն բացասականութիւնները արդարացնելու համար հայն ու իր հայրենիքը նկատի չունեցող փաստարկներ կը հնարուին, ներսը եւ դուրսը: Հայրենիքի վերականգնումին համար այնքա՜ն կարեւոր պատրաստուած ուժեր երբ կ’արտագաղթեն, անոնք ըլլան արուեստագէտներ եւ գիտնականներ, մեծ համալսարաններ կը յաճախեն եւ չեն վերադառնար, հայրենատիրութիւնը կը զրկեն սնուցիչ աւիշէ:

Այս նոր տեսակի արտագաղթողներն ալ կ’արդարացնեն իրենց լքման ընթացքը` առարկելով, որ սփիւռքէն եկած մասնագէտներ տէր դարձած են միջազգային լաւ վճարուած պաշտօններու եւ իրենց տեղ չկայ: Փոխանակ դրական գտնելու պատրաստութեան տէր վերադարձողներու ներկայութիւնը` այս նորատեսակ մրցակցութեան այլամերժութիւնը ոչ մէկ ձեւով օրինակելի կ’ըլլայ հայրենադարձութիւն ծաւալելու համար:

Հայաստան եւ սփիւռքներ իսկական ազգային գաղափարախօսութիւն պէտք է զարգացնել, հասցնել իւրաքանչիւրին, որպէսզի հայրենիքի վերականգնումը տօնական օրերու կամ համաժողով-խորհրդաժողովներու յուզիչ խօսքէն անդին անցնի: Հայրենատիրութեան քաղաքական անշրջանցելի գիտակցութեամբ հարկ է յանգիլ աղէտ արտագաղթ-հայրենալքման կասեցման եւ զբօսաշրջութիւն-բարեսիրութիւն խիղճ հանդարտեցնող անվաղորդայն իրարանցումները փոխարինուին զանգուածային հայրենադարձութեամբ:

Օտարացման եւ օտարման ախտը սիրողական կիսամիջոցներով չի դարմանուիր, ոչ ալ` դարմանելով դրացին, կամ հեռուն գտնուողը: Այդ ախտը հաւաքական է եւ ըստ այնմ պէտք է վերաբերիլ:

Հայ անհատի որպէս ազգի անդամի ինքնութեամբ տեւելու լաստն է հայրենատիրութիւնը,  եւ անով ազգի եւ հայու հայրենիքի անսեթեւեթ պաշտպանութիւնը: Այս` արտագաղթի տենդով վարակուած Հայաստան եւ բազմագոյն մաշող սփիւռքներ:

Ընել այնպէս, որպէսզի վերջին մոհիկանները չըսեն, թէ ուշ է եւ զէնքերը վար դնեն:

 

 

28 նոյեմբեր 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>