Շաբաթ, 7 յունուար 2017-ին ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան 5 միութիւններ Պնաշյիի մէջ հիւրը դարձան Ֆրենժիյէ ընտանիքին:
Արդարեւ, ՀՅԴ «Ա. Ջամալեան», «Զաւարեան», «Հրայր Դժոխք», «Գ. Չաւուշ» եւ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւններու անդամ 80 կրտսեր պատանիներ իրենց վարիչներուն, Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամներուն, ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէի եւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին ընկերակցութեամբ մեկնեցան Պնաշյի:
Ռիմա Ֆրենժիյէ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ լիճին շրջակայքը գտնուող ճաշարանին մէջ կազմակերպած իր հաւաքին, ճաշեց պատասխանատուներուն հետ ու Ամանորի նուէրներ բաժնեց ներկաներուն:
Լիբանանի պատանեկան միութիւններու կողմէ Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Սագօ Արապողլեան Ռիմա Ֆրենժիյէին յանձնեց հայկական ասեղնագործութեամբ պատկերուած խաչքար մը:
Նուէրներու փոխանակումէ ետք Ռ. Ֆրենժիյէ «Վանայ ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեանին տուաւ յատուկ հարցազրոյց մը, որ ուղղակի սփռուեցաւ «Վանայ ձայն»-էն:
Հաւաքի աւարտին ներկաները հատեցին ամանորի կարկանդակը եւ ներկայ գտնուեցան ի պատիւ իրենց կատարուած` շեփորախումբի ու ամանորի կերպարներու տողանցքին:
Յատկանշական էր, որ նկատի ունենալով տօնի ու հիւրերու պատկանելիութիւնը, Ռիմա Ֆրենժիյէ բծախնդրօրէն հսկած էր, որ ճաշարանի յարդարանքը ըլլար հայկական, հայերէն լեզուով տպուած բարի գալուստի մաղթանքով, կարկանդակի հայերէն շնորհաւորական խօսքով եւ նուռով ու ծիրանով յարդարուած ամաններով:
Հաւաքի աւարտին ներկաները տուն վերադարձան բարձր տրամադրութեամբ: