Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նոր Տարուան Ընդառաջ

$
0
0

ՇՈՂԵՐ ԱՇԸԳԵԱՆ

«Արի՜, Նոր տարի»

Պիտի գայ ակամայ, նախորդներուն նման:

Պիտի գայ ու ոմանց համար գուցէ բերէ ինչ որ կը ցանկան:

Գուցէ ոմանց համար նախորդներէն աւելի բերէ բարիք ու բարօրութիւն:

Ամէն տարի աշխարհը տարեվերջի այս օրերուն հինին հրաժեշտ տալէ աւելի` փութաջան կերպով, մեծ յոյսերով ու նոր ակնկալիքներով կը  պատրաստուի դիմաւորելու Նոր տարին: Հայն ալ ունի իր ակնկալութիւնները Նոր տարիէն:

Հայուն իսկական Նոր տարին կու գայ այն ատեն` երբ սփիւռքը ալ ինքնութեան խարխափում չ՛ապրիր: Երբ հայու բոյլ-բոյլ միաձոյլ ներուժին առջեւ բարեկամը լուռ կը խոնարհի, իսկ կուռ ուժին   դիմաց թշնամին ծունկի կու գայ անխուսափելի  կերպով:

Երբ կը գիտակցինք, որ ո՛չ վարձկան մշակն ենք ասոր կամ անոր, ո՛չ վարձու աժան բանուորը եւ ոչ ալ հլու-հնազանդ կամակատարը:

Երբ միանգամընդմիշտ լռեն-լռեցուին  ժամանակավրէպ, բայց յաճախադէպ վերայառնող եւ օտարոտի ու անհարազատ հնչող պարտուողական յանկերգները` մտքի զառանցանք որպէս: Երբ «կաշառակերութիւն» բառը մնայ բառարանի մէջ,  եւ կենցաղէն դուրս «ուտել» բայը խոնարհուի միմիայն Շարայի որկորին եւ Շիրակի դաշտերուն առատութեան խորհրդանիշ որպէս:

Երբ ամէնէն բարձր կը հնչէ հայ մտածողին ձայնը ` հասու ու սրտցաւ, բոլորանուէր հնչեղութեամբ, խորունկ ակունքէ բխող, հեռահաս տարողութեամբ:

Եւ երբ մտաւորական մարդը կեանքէն հեռանայ` հիմնական լրատուութեան առաջին լուրը այդ գուժը ըլլայ, (չէ՞ որ մարդու կորուստն է անդարմանալի):

Երբ արցախեան շարժումէն քառօրեայ պատերազմ մահուան աչքերուն շեշտակի  նայելով  հայրենի տարածքներ ազատագրած, լուսապսակի  արժանացած մեր հերոսներուն, նահատակներուն  աչքերուն լոյսը, սրտին կրակը, լուռ կտակը, վահանով վերադարձածներու  անմնացորդ նուիրումը, կենդանի նահատակութիւնը, ու վաղուան հանդէպ անոնց անդաւաճան  լաւատես յոյսը վերջնական յաղթանակի համատարած արշալոյսի կը վերածենք:

Երբ, ուր ալ ըլլանք, ինչ որ ալ ընենք, զգանք սահման պահողի դիրքի բարձրութեան վրայ` զգաստ ու զգօն, եւ ունենանք հաւաքական ջլապինդ անզիջողութիւնը մեր իրաւունքներէն: Երբ ամէն  ասպարէզի ու մարզի մէջ հայու անունին կը ծափահարուի:

Երբ հայուն հանճարը, համբաւն ու հարստութիւնը այլեւս օտարին բաժին չդառնան, ու ամբողջութեամբ Հայաստանի բարգաւաճման  ու հայութեան զարգացման համար օգտագործուին:

Երբ վայրագ դրամատիրութեան համայնակուլ յորձանուտին դէմ թումբ բարձրացնենք`  հայրենական արտադրութեամբ ու արդարամտութեամբ:

Երբ ոչ թէ թերարժէք հոգեբանութեամբ, այլ   համահունչ ու յարիր մեր կերտուածքին,  հարուստ անցեալին ու արժանապատուութեան կը գնահատենք «եւրոպական չափանիշներ»-ը  եւ  ազգային արժէքային համակարգով կը կրթենք մեր սերունդները:

Երբ «Դրամ աշխատելու» նորահունչ կարգախօսով երկիրը շէնացնելու եւ երջանիկ ապրելու տենդը  ոգու սովի չառաջնորդէ, եւ մենք քաղցած չմնանք   ճոխ սեղաններուն առջեւ:

Երբ անհաւասարութիւնը օտարականի պէս կը լքէ  մեր հայրենի սահմանները ու արքունի նահապետի նման արդարութիւնը հաւասարատես կը մտնէ  ապարանք-բնակարաններէն մինչեւ յետին  երդիք:     Երբ մեր փոքրիկ պատմութիւններով մեր մեծ պատմութիւնը կը հիւսենք ու զայն կը յանձնենք պատմութեան:

Երբ իշխանութեան ամէն տեսակ` մականը ձեռքին ծառան կը դառնայ իր ժողովուրդին, իսկ քաղաքացին ինքզինք կը զգայ  գերիշխան  ու կ՛ապրի իշխանաւորի կեանքով:

Երբ աշխարհի բոլոր լեզուներով հայ հոգին կը ճառագայթէ, հայ մշակոյթը կը պանծացուի  ու հատուցման շեշադրումներով մեր  պահանջատիրութիւնը անդուլ կը հոլովուի:

Երբ նոր պահպանողականութիւնը կ՛աճի, ու աշխարհը դէպի աջ կը թեքի, քաջութիւնն ու իմաստութիւնը կ՛ունենանք մերժելու աջէն ու ձախէն  եկող ամէն ձեւի ծայրայեղութիւն:

Երբ հայրենի իրենց տան համեստ սեղանին շուրջ հացի նստած պապ, որդի, թոռնիկ ելլեն պարի ոչ թէ  իրենց վիրաւոր հոգիներու ցաւը պոռթկալու  զայրոյթէն մղուած, այլ իրենց ներաշխարհի տաք ալիքներուն գունեղութիւնը աշխարհին  շաղ տալու  համար: Երբ գաղթական հայը տուն վերադառնայ ու չերգէ «Կռունկ»` կարօտի աչքը հայրենի իր տան սեմին գամած:

Երբ «Եանկի» թէ այլ օտարանուն երազի փոխան,  մեր հայրենիքը իր զաւակներուն համար դառնայ   երգի ու կեանքի Երազի Երկիր` երջանիկ, շէնշող, հզօր ու բարօր:

Երբ կը հաւատանք մեր հին հաւատալիքներուն, թէ Նոր տարուան աղբիւրներէն ակնթարթ մը ոսկի է, որ կը վազէ, որպէսզի մեր գալիքի ոսկի ակնթարթները  խիզախութեամբ նուաճենք:

Երբ տօնելով անկախութեան յոբելենական ամեակ   կարենանք զայն կամրջել ակունքին,- նորը` հինին, ճիւղը` արմատին,  արմատը` արձակելի ընձիւղին-գիտակցելով, որ ուղեւորներն ենք  հինգհազարամեայ անկախութեան երթի, եւ  ներկայ Հայաստանի կորիզով մայիս 28-ին, սեպտեմբեր 21-ին նման պիտի ունենանք ու տօնախմբենք անկախութեան նոր տօներ:

Երբ կը հաւատանք Մհերի հեքիաթին, կ՛ընդունինք, որ Մհերի դրան առեղծուածը իմացական բանիւ լուծուած է եւ գործով` ապացուցելի…

Եւ հայուն իսկական Նոր տարին կու գայ այն ատեն`

Երբ Ձէնով Օհանի հուժկու ձայնով կը ձայնենք.

– Էհէ՜յ, մենք աշխարհի ամենատաք երկրի ամենաերջանիկ բնակիչներն ենք:

Այն ատեն Նոր տարին  կու գայ մեր ակնկալածին  պէս եւ կ՛ըլլայ մեր ակնկալութեան չափով ու կը բերէ ա՛յն, ինչ որ մենք կը ցանկանք: Այն ատեն իսկապէս իրաւունքը նուաճած կ՛ըլլանք Նոր տարին  դիմաւորելու կամային  ոճով.

– «Արի՛, Նո՛ր տարի, գալուստդ բարի»:

Հայուն հաւաքական կամքն ու ջանքը թող այնքան  հզօր ըլլան, որ կարենանք ժամանակին ու անոր մարտահրաւէրներուն դէմ դնել, անոնց ձեռնոց   նետել, եւ ոչ անոնք մեզի: Այն ատեն Նոր տարին, հայո՛ւ Նոր տարին կու գայ  կամայ-ոչ ակամայ:

Թող  հայուն այս նոր տարին այդպիսին ըլլայ:

Քեսապ, 28-12-2016

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>